Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

32. ՍԻՄՈՆ ԵՐԵՄԵԱՆԻՆ

5 մարտ, 1906, Կանտ

Սիրելի վարդապետ

Վեր[ապատուելի] Հայր Ս. Երեմեան,

Երկար լռեցի։ Եւ հիմա, որ կը գրեմ՝ բնազդական քաղցր ուժ մըն է զիս մղողը։ Միթէ կարելի՞ է մտածել, որ երեք ամսուան այն սիրալիր եւ բարերար կենակցութիւնը՝ պիտի կրնայի այսպէս դիւրաւ մատնել ժամանակի թեւերուն։

Արդ՝ ժամն է, այլեւս յիշատակներու վերակոչումով բաւական հասուն եւ բոցավառ, եւ ես, ինչպէս թէ դէմդիմաց՝ զձեզ կ՚ողջունեմ, նախ իբրեւ սիրելի բարեկամ եւ յետոյ կը համբուրեմ Ձեր սուրբ աջը՝ իբրեւ հօր մը, որ չզլացաւ ձեռքէն եկածը ընելու ապագայիս բարելաւութեանը համար…։

Ես, եթէ ոչ բոլորովին, մասամբ կ՚անգիտանամ, թէ ի՛նչ մրրիկ յուզեց ձեր վիճակը. ինչո՛ւ թողուցիք պաշտօնը եւ մանաւանդ ինչո՛ւ կը բնակիք Բատուա, ի՛նչ նպատակով։ Եթէ բան մը կրնամ ընել՝ այն է, մաղթել (այս բառը Ձեզ համար իբր ֆորմիւլ չեմ գործածեր), մաղթել աւելի երջանիկ օրեր եւ աւելի յաղթական Ձեր սկզբունքներուն մէջ, որոնց դէմ դժբախտաբար եղջիւր ցցողներ չեն պակսիր։

Գալով իմ կացութեանս, որչափ որ կարենամ համառօտ կը բացատրեմ Ձեզ՝ գիտնալով, որ այսօր կը հետաքրքրուիք զայն գիտնալու, քանի որ օր մը անոր բարելաւութեանը համար մտածեցիք։

Հիմա գուցէ զարմանաք, երբ ըսեմ, թէ Կան[տ] կը գտնուիմ, մինչդեռ միասին համախոհ էինք Լոզան երթալուս վրայ։

Մեծաւորը այսպէս ուզեց՝ Կանտը ա՛լ աւելի կաթոլիկ գտնելով (բայց այդ ինծի հարցուցէք). եւ ես չընդդիմացայ բոլորովին այն փափուկ ժամանակներուն՝ տեղի չտալու համար դժկամութիւններու, որոնց մէջ երազներուս գայթումը կարծես կկոցուած բիբերով կը սաստէր կամշոտութիւնս։

Արդ՝ հոս հանգիստ եմ, կը յաճախեմ գրականութեան եւ իմաստասիրական ճիւղերուն եւ կը գտնեմ զարգացման գրեթէ ամէն պայման։ Վարժապետներս կը համակրին զիս՝ կարծեմ հայ ըլլալուս պատճառաւ։ Քաղաքիս կեանքը բաւական սուղ է, բայց Մեծաւորը իր ուղարկումներուն մէջ գոհացուցիչ կը հանդիսանայ։ Եթէ մեծ վիշտ մ՚ունիմ՝ հոս հայութիւն չըլլալն է։ Այս մասին մտասուզումի մէջ եմ, եկող տարի ապահով եմ, որ ճար մը պիտի գտնամ։

Ձեզ կ՚ուղարկեմ նմուշ մը «Սարսուռներէն» ընդունեցէք այդ փոքրիկ նուէրս, որ շնորհակալութիւններուս մէկ փոքր բաբախումն է միայն։ Այդ հատորիկը չեղաւ՝ ինչ որ պէտք էր ըլլալ, բայց այդ մասին ալ չեմ մտածեր եւ ոչ ալ անոր վերաբերեալ փափաքներուս վիժած դիակը պիտի օրօրել ուզեմ։ Ամէն պարագային դարձեալ ես Ձեզ երախտապարտ եմ։ Մաղթելով Ձեզ քաջողջութիւն եւ յաջողութիւն Ձեր ձեռնարկներուն մէջ, կը մնամ սիրալիր ողջիւններով

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան