Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

46. ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻՆ

[10-15 մայիս, 1906, Կանտ]

Սիրելի եղբայրակից իմ պ[արոն] Վ. Թէքէեան,

Երկու ամիս առաջ Ձեր գրածի պատասխան ուղարկած եմ նամակ մը երեք քերթուածներով «Շիրակի» համար. ուղարկած եմ նաեւ օրինակ մը «Սարսուռներէն». աննշան ձօն։ Արդեօք ստացա՞ծ էք զանոնք։ Եթէ Ձեր զբաղումները արգելք չեն ըլլար, պիտի խնդրէի այդ մասին երկտող մը գրէիք։

Եթէ երբեք առիթ ունենաք պարոն Արփիարը տեսնելու՝ սիրալիր ողջոյններս իրեն։ «Շիրակը» ժամանակ մը դադրած էր արդէն. յուսամ, թէ կայուն կարգադրութեամբ կը շարունակուի. կը մաղթեմ յաջողութիւններ իր գեղեցիկ եւ բեղուն էջերուն։

Ձեռքի ջերմ սեղմումներ՝ անձնուէր զգացումներով՝
Դ. [Վարուժան]