Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

49. ԳՐԻԳՈՐ ՉՊՈՒԳՔԵԱՐԵԱՆԻՆ

4 յունիս, 1906, Թերնեզէն, Հոլանդիա

Սիրելի Հայրիկ,

Անշուշտ նամակս ստացած էք. սպասեցէք նոր հասցէի։ Դասերնիս կը լրանայ. գեղէն աղուոր ճամբայ մը ըրինք դէպ Հոլանդիա։ Երկիրը գեղեցիկ է, բայց մշուշոտ. եւ է՛ն նոր բանը իրենց զգեստներն են, ուստի Ձեզի կը ղրկեմ երկու տեսակ զգեստ, որպէսզի գաղափար մ՚ունենաք թէ՛ մարդոց եւ թէ կանանց հագածին։

Այսպէս ուրախութեանց ժամանակ միշտ Ձեզ կը յիշեմ։ Գուցէ 10 օրէն Վենետիկ կ՚երթամ. Մեծաւորէն նամակի կը սպասեմ։ Ձեզ երկար կեանք մաղթելով՝ կը մնամ համբոյներով, խոնարհ որդի 

Ձեր Դանիէլ