Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

66. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

25-26 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ

Սիրելի մեծ Հայր,

Հ[այր] Քերոբէ վարդապետի քարտն Ձեր կողմանէ ստացած եմ. շնորհակալութիւն։ Անորոշ վիճակիս յոյս կը ներշնչէ. չեմ տարակուսիր, թէ կարելի եղածին չափ փութով կը մարմնաւորէք զայն (ինչպէս ըսած եմ ալ) կէս մը պարտքով եւ կէս մը ապառիկով անցուցի այս ամիսը։ Ովսաննա՜։

Համբուրելով Ձեր սուրբ աջը
կը մնամ խոնարհ
Դ. Վարուժան