Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

67. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՔԱՍԳԱՆՏԻԼԵԱՆԻՆ

28 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ

Սիրելի Հայր Արիստ. վարդապետ Քասգանտիլեան,

Այսօր կ՚իմանամ թէ տեսուչը Հայր Ստ. Սարեան պաշտօնէն հեռացած է եւ Դուք այժմ Վարչութեան գլուխն էք։ Վերջերս տեղի ունեցած վարժարանին զաղփաղփուն վիճակը նոյն դրութեան մէջ դրած էր զիս, քանի որ իբր ուսանող գոյութիւնս անոր հետ անմիջական կերպով յարակից է։ Ամբողջ ամիս մըն է ահա ո՛չ դեկտեմբերի 100 ֆրանք տակաւին ամսավճարս ուղարկուած է եւ ո՛չ իսկ համալսարանի 250 ֆրանք տարեկան վճարումը, որուն մասին տեսուչին գրած էի, եւ ինք խոստացած էր մաս առ մաս ուղարկելով՝ տարուան վերջերը այդ հաշիւը փակել։ Բայց ինչ որ ներկայիս զիս տարտամ եւ այս անծանօթ երկրին մէջ գրեթէ վտանգաւոր վիճակի կ՚ենթարկէ՝ դեկտեմբերի ամսավճարիս յապաղումն է. 50 ֆրանքի պարտք ըրած եմ եւ գրեթէ 50 ֆրանքի՝ ապառիկ։ Տեսուչը մինչեւ ցարդ ինձ կը գրէր, թէ տխուր պատահարներու պատճառով համբերեմ մի քիչ. բայց ահա՜ ամիսն ելաւ, եւ յանկարծ կը լսեմ թէ մեկներ է. ու ես դեռ կը համբերեմ։ Արդեօք գէթ նամակներս Ձեզ չյանձնե՞ց, որպէսզի վիճակս փութով բարելաւէք, չեմ գիտեր. եթէ կարեւոր կը դատէք, կարող եմ Ձեզ ուղարկել թէ՛ իր նամակները, թէ՛ իմիններս։

Միայն թէ, սիրելի Հայր, ՇՈՒՏՈՎ կարգադրէիք՝ հանելով զիս այս ցաւալի դրութէնէս։

Ես ուրախ եմ, որ առիթը կ՚ունենամ Ձեզ երկրորդ անգամ տեսուչս կոչելու եւ յուսամ, թէ չեմ սխալած, քանի որ այսպէս ինձ կը տեղեկացնեն։

Եւ այս նամակս, պիտի բաղձայի, որ փոխանակ խնդրագիր մ՚ըլլալու՝ շնորհաւորագիր մ՚ըլլար. դիպուածը տարբեր նիւթեց. ներողութիւն։

Կը շնորհաւորեմ ամանորը եւ մաղթելով քաջողջութիւն՝ կը մնամ    

Ձերդ խոնարհ
. Վարուժան]

Յ. Գ. Որչա՜փ կարելի է ՇՈՒՏՈՎ, սիրելի Հայր, այս անգամ թէ՛ ապրուստս վտանգի մէջ է եւ թէ՛ մտատանջութիւններս արգելք կ՚ըլլան դասերուս.

Նոյն

Հասցէս է՝

Daniel Tchiboukkear

Rue Belgrade 63, Gand