Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

109. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

13 մարտ., 1908, Կանտ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Նոր բան մը չունիմ։ Մտքիս մէջ քանի մը քերթողական ծրագիրներ կան, զոր երգելու համար ազատ ժամանակ մը միայն կարեւոր է ինծի։ Ապրիլը ընդհանրապէս իմ բարեգութ ամիսս եղած է. տեսնենք։ Ոտանաւորը, զոր կը ներփակեմ այս ամառ Իտալիա գրած եմ։ Չըլլայ որ կարծէք, թէ ամուսնացած եմ. նաեւ մի համարիք. թէ այդ քերթուածը բոլորովին մտացածին է։ Իմ՝ կեանքէ ընտրած կտորներս ապահով եղէք, որ միշտ ապրուած են, գէթ մասամբ. եթէ ոչ՝ չեմ գրեր, կամ չեմ կրնար գրել։ Ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ անոր հաւնիք։

Bhartrihari-ին երեսագիրը կու տամ։ Իր սիրայիններուն մէջ ես կարծեմ մեր Քուչակին վրձինը կայ՝ զգայնոտութեան եւ պատկերներու յանդգնութեան տեսակէտով։

Les stances de Bhartrihari, trad. Par Paul Regnaud, Ernest Leroux Editeur [1].

Միշտ Ձերդ սիրով՝ Դ. Վարուժան

Յ. Գ. Քանի մը գրավաճառներու գրած եմ՝ «Ջարդի» մասին, եւ դեռ պատասխան չեմ ստացած.

Նոյն



[1] Բարտրիհարիի քերթուածները. թարգմ. Պոլ Ռենոյի, հրատարակիչ Էռնեստ Լըրու: