Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

130. ԳԱՌՆԻԿ ԳԼԸՃԵԱՆԻՆ

15 փետրուար, 1909, Կանտ

Սիրելի Գ[առնիկ],

Հայրենասիրական քերթուածներս մի՛ զարմանար դեռ միակ հատորով մը հրատարակուած չըլլալուն։ Ժողովուրդին մտերիմ բանաստեղծը ըլլալու համար դրամ պէտք է. «աղքատները երգ չունին»։

Ես հանգիստ եմ եւ սաստիկ զբաղած համալսարանական աշխատութիւններով։ Եթէ այս անգամ առիթ ունենամ Զուեցերիայէն անցնելու, անգամ մը անպատճառ կը հանդիպիմ Լոզան։

Դանիէլ Վարուժան