Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

143. ԳԱՌՆԻԿ ԳԸԼՃԵԱՆԻՆ

27 յուլիս [9 օգոստոս], 1909, [Կ. Պոլիս]

Սիրելի Գառնիկ,

Յուսամ, թէ քարտս քեզ Աղեքսանդրիա պիտի գտնէ։ Ես ապահով հասայ. բայց ոչ մէկ յոյսերս իրականացան, քանզի [1 անընթ. ] սկսած եմ բեռ ըլլալ։

Գառնիկ, եթէ ապահով հասած ես տեղդ, փութացուր, արդէն իմ գրելս աւելորդ է, երբ գիտեմ նկարագիրդ, որ հակառակն է Զամարի նկարագրին։ Նաւը մէկ-երկու հոգի եկած էին։ Յաջող պահու մը կը սպասեմ՝ գրագէտները այցելելու համար, վասնզի երկու օր է տկարութիւն մը կայ վրաս եւ ստիպուած եմ տանը (խրճիթը որ է ըսել) մնալ, կարծեմ օդի փոփոխութիւնն է, որ մէջս ջերմին [1 անընթ. ] կը պատրաստէ։ Ինչ որ է, դեռ քեզ երկար կը գրեմ այցելութիւններես վերջ եւ կը խօսիմ մեր գրագէտներուն վրայ։ Նշանը քեզ կը բարեւէ։

Հասցէս Երանոսիին է։ Գառնիկ փութա՛…

Միշտ սիրով՝
Դ. Վարուժան