Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

154. ԱՐԱՔՍԻ ԹԱՇՃԵԱՆԻՆ

14 յուլիս, 1910, աստ

Իմ հզօր եւ քաղցր Արաքսի,

Այսօր նամակդ ստացայ։ Եւ համոզուեցայ, որ դու չես փոխուած եւ այդպէս յեղյեղուկ մտքի տէր մէկը չես։

Այս քանի մը օրս դժոխային տառապանքներ կրած եմ, երբ ուզեցին ինծի համոզել. թէ արդէն Արաքսին խօսակցութիւններ ունեցած է ծանօթ պարոնին հետ եւ իր խօսքը տուած։ Վերջապէս նամակդ եկաւ վերջ դնել թէ՛ զրպարտութիւններուն եւ թէ այն վէրքին, որ սրտիս մէջ ժամէ ժամ կը լայննար։

Նամակդ՝ որքան սիրով զեղուն, այնքան էլ յուսահատական էր։ Չէ՛, սիրելիս, պէտք չես վհատիր-ուժեղ բռնէ սիրտդ եւ կամքդ։ Ես արդէն կը գործեմ կոր, հանգիստ եղիր։ Վալիին դիմելը սխալ միջոց մըն է։ Այն պաշտօնական մարդ մը, որքան որ իրաւ զիս կը սիրէ, սակայն թէ՛ իր միջամտութիւնը մեզի անպատուաբեր կ՚ըլլայ եւ թէ մեծ արդիւնք մըն ալ չունանար։ Միակ միջոցը սկսած ենք ծրագրել. միայն թէ դու քու ինկած դերիդ մէջ անվեհեր, քաջ, ճարտար եւ պաղարիւն գտնուիս։

Այդ միակ միջոցն է փախուստը, միւս բոլոր օրինական միջոցները ի դերեւ ելած են հօրդ քով ու քու մօտաւոր ազգականներուդ քով. որ քեզ ուզած են այդ երիտասարդին տալով՝ շահեր ապահովել։ Նախ ըսէ. 1) հաւա՞ն ես փախչելու, 2) միջոցներ ունի՞ս։ Կ՚իմանանք, որ ձեր պարտեզէն դուռ մը ունիք, որ փողոցին վրայ կը բացուի. գիշեր մը (յետոյ ժամը կ՚որոշենք), այդ տեղ կրնա՞ս գալ եւ սպասել, որ քեզ մէկը (ես կամ ուրիշ մը) փոխադրէ կառքի մը մէջ, եւ մենք կ՚երթանք արդէն՝ ուր որ ծրագրուած է եւ հոն կը պսակուինք։ Ահա միակ միջոցը, ամէն ինչ անօգուտ է ասկէ զատ, զի ծնողքդ ողորմելի խորհողներ են, մեր ոճրագործները եւ ուրիշներուն շահերուն գործիչները, որոնք կարծես քեզ երդուեր են ծախել։ Խորհէ, վճռէ. իմ կողմէս ջանքեր չի խնայուիր գործը լաւ կազմակերպելու համար։ Նամակներդ, մանաւանդ այս վերջինդ, որոշ ըլլայ եւ ամենայն ապահովութեամբ ինծի ղրկուի։ Այժմ այսչափ։ Համբուրելով արցունքոտ աչքերդ, համբուրելով սիրտդ, որ ինծի համար համայն տիեզերքին արեւն է եւ միայն ոմանց համար չնչին ծախու քսակ մը։ Յաղթանակը մերն է, զինուէ ամբողջ ջղերովդ միշտ քուկդ։

Դ. Վարուժան