Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

167. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

28 փետր., 1911, Սուազ

Դերենիկ ջան,

Զբաղումներուս պատճառաւ կարճ պիտի գրեմ։ Նամակդ ընդունած եմ։ Նախ խիստ շնորհակալ պիտի ըլլամ Guido Reni-ին գլուխգործոցին համար, որ այսօր մեր գլխուն վրայ մտերմական սենեակին մէջ իր լուսասփիւռ արշաւը կը կատարէ։ Ըսեր ես, թէ պարբերական մը պիտի հրատարակես։ Սքանչելի՜ ձեռնարկ, մանաւանդ երբ ան պիտի պարունակէ իտալական վրձինին հրաշագործութիւնները։ Կը ներփակեմ քերթուած մը. եւ կը մաղթեմ, որ անիկա երկրորդ թիւին արժանանայ արդէն առաջինը հրատարակուած ըլլալով եւ շնորհաւորելի։ Ես այստեղ 10-ի չափ բաժանորդ կը գտնեմ՝ առանց խոստանալու, վասնզի միջավայրը ապերախտ է գրականութեան հանդէպ։

Ուսուցչի պաշտօնս կը շարունակեմ։ Ամառը շատ հաւանական է Պոլիս երթամ։ Հոս ասպարէզ չիկայ, մինչդեռ տանը հոգը ամբողջ վրաս ծանրացած է։ Հայրս չունի, ու ես քիչ ժամանակէն կ՚ունենամ արիւնի ծաղիկ մը։ Ահա քեզի բանաստեղծութիւն, գլուխս քերթողական արշալոյսին մէջ թաթխուած է, մինչդեռ մինչեւ մէջքս ընկղմած եմ իրական կեանքի հոգերուն ճահճին մէջ։

Մնաս բարով, ազնիւդ իմ, մէկ ըսեմ՝ տասն հասկցիր, տասն ըսէ՝ մէկ հասկնամ, զի ծարաւ եմ ես քեզմով։

Միշտ սրտիդ եղբայրը
Դ. Վարուժան