Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

185. ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻՆ

21 օգոստ., 1913, Պոլիս

Ազնիւ տիկին,

Ասկէ առաջ կիրակի օր մը Սկիւտար Ձեզի հանդիպիլ ուզեցի, դժբախտաբար տունը չէիք, եւ ես իմ յարգանքներս յայտնեցի Ձեր մօր եւ համակրութիւնս՝ Ձեր փոխանորդին, հուր ու կեծեկ Հրանտին։

Կ՚ուզէի Ձեզ տեսնել նախ՝ պարզապէս բարեկամական եւ մտաւոր քաղցր ժամանց մը վայելելու համար, երկրորդ՝ «Նաւասարդին» խոստացուած վիպակը խնդրելու համար Ձեզմէ։ Այս օրերս Սկիւտար պիտի չկրնամ անցնիլ, ուստի պիտի խնդրէի, որ սոյն վիպակը ինծի փութացնէիք՝ ըլլայ «Ազատամարտի», ըլլայ նամակիս հասցէով՝ Ուսումնարան։

Յուսամ պիտի չուզէք մերժել, ծանօթ ըլլալով Ձեր քաղցր հոգիին եւ բոլորանուէր եւ ոսկի գրիչին։

Խորին յարգանքներով եւ համակրութեամբ
Դանիէլ Վարուժան