Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

190. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

[Յունուար, 1914], Բերա

Յարաշխատ Թէոդիկ,

Ստացայ «Տարեցոյցդ». այդ թանկագին նուէրիդ համար կը յայտնեմ շնորհակալութիւնս ու հիացումս։ Երբ ձմրան իրիկունները նստիմ ակութիս մօտ, մրափող կատուիս քովիկը՝ անոր էջերը թղթատելը վստահ եղիր, որ գերազանց հաճոյք մը պիտի ըլլայ ինծի։ Կը շնորհաւորեմ քեզ եւ տիկինը, յանուն ամանորի եւ իր ծրարուած բարիքներուն։

Ձերդ Դանիէլ Վարուժան