Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

193. ՄԻՀՐԱՆ ՉՈՒԽԱՃԵԱՆԻՆ

9/22 օգոստոս, 1914, [աստ]

Ազնուաշուք Միհրան էֆ[էնտի] Չուխաճեան,
քարտուղար Ուսումնական խորհրդոյ

Ազնուաշուք տէր,

Ստացայ Ձեր գրութիւնը, որով կը յանձնարարէք ինծի հայ աշխարհիկ լեզուի թեթեւ քննութենէ մը անցնել պր. Միհրան Էմիրզէ երիտասարդը։

Ձեր առաջարկը սիրով կատարելէ վերջ՝ սոյն երիտասարդին հայ աշխարհաբարի մէջ ունեցած կարողութիւնը բաւական սահմանափակ գտայ. ընթերցանութիւնը ճիշդ է՝ առանց փայլուն ըլլալու, ուղղագրութեան մէջ վնաս չունի, բառագիտական կարողութիւնը միջակ է, իսկ քերականութիւն եւ քերակ[անական] լուծում գրեթէ չի գիտեր. թերեւս ստորին դասարանի մանուկներուն յաջողի օգտակար ըլլալ։ Ահա իմ գոյացուցած համոզումս։

Մնամ յարգանօք՝
Դ. Վարուժան