Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁՄԵՌ ՕՐ

Կը ձիւնէ՜ դուրսն անդադար…

 

Մութ սենեակիս անդունդին մէջ որբացած՝

Ցաւերու գորշ ժպիտն աչքիս՝ կը նայիմ…

Ի՞նչ կայ դէմըս - Դատարկութի՞ւն թէ Աստուած.

Եւ ի՞նչ կու գայ Վաղուան հետ…   վա՞րդ թէ շիրիմ…

 

Ձիւնաթաթաւ լուսամուտին կը տանիմ

Թշուառութիւնը ճակատիս տենդահար,

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ չի՛ գար Հոգին մըտերիմ

Որ հոգիիս պուտ մը հաւատք պիտի տար…

 

Կը ձիւնէ՜ դուրսն անդադար… ։