Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐԵԼՔ

Հասա՜յ, հասա՜յ, հոգիիս հետ,

Ոսկի դուռներն անհունին,

Մտածումներս կը տժգունին,

Կ՚ըլլան յոյզե՛րս իսկ անհետ…

 

Այս ի՛նչ գիշեր է տարօրէն…

Այս ի՛նչ երկինք ու աստղեր…

Կարծես մարմինս եմ ալ թաղեր

Ու կը փախչի՛մ դաշտերէն…

 

Կը ծընրադրե՛մ քեզի, ո՜վ Սէր,

Դու՛ն բերիր զիս մինչեւ հոս.

Առաջ անդու՜նդն էր ու քաոս.

Հիմա աստղե՜ր ու աստղե՜ր… ։