Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՈԲԷՆ

Կոյս մը, Շոբէ՛ն, դաշնակի վրայ,

Վսեմ թախիծդ հիմա զարկաւ,

Ու հոգիս դե՜ռ կ՚երազանայ…

Դուն մարդը Լո՜յս կ՚ընես, իրաւ…

 

Կոյսը կու լար յոյզով մ՚անհուն,

Երբ մօտեցայ՝ չլըսեց   զիս.

Ու պզտիկ դողն իր մատներուն

Կ՚ըսեր թե լո՛կ կ՚ուզէր հոգիս… ։