Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՄՈԶԱՅԻ ՇԻՒՂԸ

I

Միմոզայի շիւղ մ՚էր բերեր

Երէկ գիշեր,

Ու բարձիս վրայ դըրեր էր զայն

Գաղտուկ, անձայն...

II

Ուշ գիշերին՝ երազ տեսայ...

Լերան մը վրայ,

Ծառի մը տակ միմոզայի

Լուռ կու լայի...

 

Պզտիկ աստղ մը, տակաւ-տակաւ,

Վրաս իջաւ...

Բռընկեցա՜ւ ծառը մեկէն

Իր ճիւղերէն...

 

Ես չփախայ. - Օձապըտոյտ

Բոցն էր կապո՜յտ...

Ու կ՚երգէին երկինքներէն

Աստղերն ամէն...

 

Օ հըրդե՜հն այդ միսերուս քով...

Ի՜նչ հեշտանքով

Փունջերն այրող միմոզայի

Կը գըրկէի...

III

Կը գըրկէի... երբ որ յանկարծ՝

Այդ բոցարծարծ

Ծառը խընդաց... - Ի՜նչ հրաշք, Տէ՛ր,

Իմ սիրա՜ծս էր...

 

Իմ սիրածս էր, խօ՜լ աչքերով,

Սէրէն գինով...

Մինչ կը խընդար՝ աստղե՜ր բերնին

Կը վառէին...

 

Կը վառէին լոյսով մ՚այնքա՛ն

Անըրջական՝

Որ ձիւն մարմինն իր կը թրթռա՜ր

Իբրեւ քընար...

 

Բայց գըրկեցի զայն երբ ուժգին

Իմ որբ կուրծքին՝

Ոտքերուս տակ յանկարծ մոխի՛ր

Եղաւ կարմիր...

VI

Պիտի բերէ ան այս գիշեր

Նո՛ր ծաղիկներ...

Ահ, ձեռքերն իր հետք կը կըրե՞ն

Այն մոխիրէն... ։