ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՀայ ՄատենագրութեանԹուանշային Գրադարան
Ծունկերուդ վրայ
Քընանա՜մ նորէն.
Հոգիս կը վախնայ
Այս մու՜թ գիշերէն։
Թոյլ տուր որ մոռնամ,
Թէ մահը կու գայ
Ալ վերջին անգամ։
Երգէ՜, սիրական,
Դեւե՜ր կ՚երեւան
Գիշերին խորէն... ։
*
Մատներովդ աղուոր
Ճակատըս շոյէ,
Հոն խոհ մ՚ամէն օր
Հոգիս կը ծիւրէ։
Բայց ա՛յնքան վերէն
Սեւեռէ ինծի,
Որ հոգիս նորէն,
Նորէ՛ն թեւածի՜... ։
Չունե՞ք հաշիւ` գրանցուէք