Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՅՆ ՏՂԱՆ

Երբ կը խորհիմ այն տղային...

Դէմք մը դեղին՝

Որուն վրայ մահուան Օձերն արդէն իջիր՝

(Թախիծ մը սեւ, Լռութիւններ, Ժպիտներ)

Կը սողային...

 

Երբ կը խորհի՜մ այն տղային...

Մահուան Օձերն ահաւո՜ր են.

Անոնք՝ յամըր՝ մարդուն սըրտէն

Կը խըմեն

Աստեղաշիթ աւազաններն անոր Յոյսին։

 

Երբ կը խորհի՜մ, երբ կը խորհի՜մ ան տղային...

Տըգեղ աչքեր, կանանչ-մըթին՝

Որոնց ետին

Կը զգաս թէ կայ

Բան մը որ քե՜զ կը հեկեկայ...

 

Ցուրտ, անարցունք

Աչքեր՝ ցաւի՜

Միշտ ծարաւի,

Խորո՜ւնկ, խորո՜ւնկ... ։

 

Ահ, թէեւ Թո՛ւրք մըն էր ան՝

Զինք սիրեցի ես սըրտակցի մը նըման։

 

Իմ եղեւնէս քիչ մը անդին

Կը տանէր ան դէմքն իր դեղին՝

Երազանքին զայն յանձնելու

Ամէն առտու։

 

Կը նըստէր լուռ, մըտամոլոր,

Աչքը՝ հողին.

Մերթ կը հազար - հա՜զը պղտոր՝

Որ մարդերունն է մո՜ւթ, դեղին։

 

Չէինք խօսեր.

Կը վախնայինք.

Բառերն արդէն չէին բաւեր...

Բարեւէն ետք՝ դէպի երկինք

Կը նայէինք...

 

Օր մը միայն,

-Այդ օր խիստ շատ կը հազար ան -,

Իր եղեւնէն դարձաւ ինծի

Ու ժպտեցաւ երկա՜ր, երկա՜ր,

Այնպէս անոյշ ու մըտացի...

 

Որոշեցի իրեն երթալ

Յաջորդ առտուն,

Դեղին մարդոց համբոյրը տալ

Իր մութ, տգեղ աչուըներուն...

Բայց ա՛լ չեկաւ.

Օրերն անցան, բայց ա՛լ չեկաւ։

 

Ես այն ատեն մտածեցի իր ժպիտին

-Այնպէս երկա՜ր ու մըտացի-

Ու քրիստոնեայ արտասուքի շիթ մը մեկին

Իր եղեւնի՜ն տակ թողուցի... ։

 

ՍԿԻՒՏԱՐ 1922