Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՊՐԻԼԻ ԳԻՇԵՐ

Աւերակոյտ ու մեռելնե՜ր ամէն դի...

Ի՜նչ փոյթ, ահա վարդերն աղուոր կը բացուին.

Կեանքն է նորէ՜ն հեշտին, ի՜նչ փոյթ...

Նորէն բոսոր արշալոյսներն

Եւ աղջիկներն իրիկնանոյշ՝

Կը հեղեղեն

Հոգիներու մէջ կիսափուլ՝

Սէր ու գինի ու ճառագայթ... ։

 

Աւերակոյտ ու մեռելնե՜ր...

Բայց կ՚ըսեն թէ՝

Արիւնայեղց դաշտերուն մէջ

Դիակներուն քովն ի վեր՝

Մեծ շուշաններ յանկարծօրէն

Կը փթթին... ։

 

Կիսաթաղ գանկ մը կնոջ,

Գիշերին մէջ,

Կզակովն իր անճոռնի՝

Աստղերէն ցօղ կը խմէ... ։

 

Ներբանիս տակ ճռընչեց...

Կարծես հոգի՜ մ՚ունէր դեռ...

Կեանքին մէջ

Թերեւս աղջիկ մ՚էր աղու...

 

Արդեօք որչա՜փ կը սիրէր ան գինովնալ,

Այսպէս Ապրիլ գիշերներ՝

Լելակներէն, շրթներէն...

 

Արդեօք ինչպէ՜ս երկիւղած,

Իր կուսական խցիկին մէջը ծունկի՝

Մոմին լոյսով կ՚աղօթէր...

 

Ներբանիս տակ ճռընչեց...

Կարծես արցունք մ՚ունէր դեռ... ։

 

Ի՜նչ փոյթ։

Պէտք է կոխել ու անցնի՜լ,

Պէտք է մոռնա՜լ...

Պէտք է խենթի պէս խնդա՜լ...

Պէտք է թողուլ որ ժամանակն ալեւոր

Օր մը գրէ՝

Մատուըներովն իր բորբոս՝

Մահավճիռն երկնաբնակ Դահիճին... ։

 

Հիմա, հեռո՜ւն,

Ահա ջրվէ՜ժն ապրիլի ջինջ աստղերուն... ։