Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՈԲԷՆ...

Հեռուն, Շոբէն կը նուագեն...

Ու եղեւինները, սենեակիս մօտ,

Խենթ, յուսահատ սիրահարներու պէս,

Իրարու կը փաթթուին... ։

 

Ծովը՝ Փոթորիկին տակ, նմանէր է ան

Վիթխարի գերեզմանատան.

Կոհակներն իր անհամար՝

Ճերմակ ու բիւր շիրիմներու...

 

Ա՜հ, վերջալոյսի կրակներուն տակ,

Ի՜նչ ահաւոր են

Սա շիրիմներն այսպէս ծովափ արշաւող...

 

Հեռուն, Շոբէն կը նուագեն...

 

Ի՜նչ գանձեր ունիս, Տե՛ր,

Գունատ մահամերձին համար իսկ...

Բայց կեա՜նքը...

 

Հեռուն, Շոբէն կը նուագեն...

Խունկի հոտ մը՝ սենեակէս ներս...

Ա՜հ, մայրս է.

Ասանկ իրիկունով,

Իրա՜ւ,

Պէտք է խորհիլ քիչ մը

Մեռելներուն...

 

Հեռուն Շոբէն կը նուագեն...

Հէ՜ք. ծերո՜ւկ մայրս...

Ամէն իրիկուն, երբ ասանկ փոթորիկ ըլլայ,

Ու կոհակները խելայեղ դէպի ափ վազեն,

Ամէն իրիկուն, երբ երեւինները նմանին

Սէ՜ր աղերսող պատանիներու,

Իմ մայրս՝ խունկով՝

Իր մեռած տղուն հոգին կը փնտռէ...

 

Քսա՜ն տարու էր, հպա՛րտ ու շքե՜ղ՝

Ինչպէս լերան ապառաժ.

Առտու մը, երբ վարդերը կը բացուէին,

Ան գոցուեցաւ...

 

Հեռուն Շոբե՜ն կը նուագեն...

 

Աղջիկ մը կ՚անցնի պատուհանիս մօտէն,

Փոթորիկին դէմ կը քալէ, երազն աչքերուն։

Կեա՜նքը...

Վերջալոյսին տակ՝

Ծաղկած նշենի եւ կարծես.

Ինծի կը նայի ու կը տրտմի.

Ինչո՞ւ...

 

Գնա՜ց...

Եղեւինները հիմա անոյշ սիրահարներու պէս

Մեղմ կը շշընջեն...

Իրա՜ւ, ծաղկած նշենի էր կարծես...

 

Հեռուն Շոբէ՜ն կը նուագեն... ։

 

ՓՐԻՆՔԻՓՕ 1924