Օրագրութեան էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ (1916-1918)

19......

Ստամոքսիս անհանգստութիւնը անհանդուրժելի դարձած է. քիչ մը բան չեմ կրնար ուտել։ Սրտիս ցաւն ալ նորէն սաստկացած է, և այս պայմաններուն մէջ, ամէն օր պէտք է ութ ժամ թալիմ ընել։

Առտուն, սրտիս նեղութենէն, իրարու վրայ քանի մը սիկարէթ ծխեցի. քիչ մնաց որ նուաղէի. թուփի մը քով նըստայ ու լացի։

Չէի գիտեր թէ մարմինը այս աստիճան կրնայ տառապեցնել հոգին։ Հիւանդութեանս ազդեցութիւնը սկսած է ահռելի համեմատութիւններ առնել. միակ նորմալ զգացում մը կամ մտածում մը ունենալու ընդունակութիւնը կորսնցուցած եմ։ Չեմ կրնար լուրջ և տրամաբանական խորհրդածութեան ենթարկել գործունէութիւնս։ Մանաւանդ՝ որոշում մը տալու ատեն, տղու մը պէս կը դեդեւիմ։ Ժամ մը առաջ տուած որոշումիս վրայ կը ծիծաղիմ ու բոլորովին հակառակ ուղղութեամբ կը գործեմ։ Ասոր համար ե որ անհանդուրժելի սկեպտիկութիւն մը ստացած է հոգիս ինքնիրեն հանդէպ։ Կասկածով ու վարանումով կը հետեւիմ բոլոր դատողութիւններուս ու եզրակացութիւններուս։ Մինչեւ հո՞ս պէտք էր իյնայի։ Մե՜ղք հէք հոգիիս։

Ինչպէ՞ս կ՚ըղձամ անդորրութեան։ Օ՜հ, իմ խաղաղ օրերուս, հին քաղցր գիշերներու տեսիլները մղձաւանջի պէս կ՚անցնին աչքերուս առջեւէն, ու տժգոյն լուսնոտի մը պէս կը յառիմ անոնց։ Ի՜նչ օրեր... ։ Կարգաւ կը տեսնեմ բոլորը - ամենահին մանկութիւնս, երբ կարճ, կապոյտ գոգնոցով մանկապարտէզ կ՚երթայի ու տեօն-տեօն պապաճիկ կը խաղայի ընկերներուս հետ. աւելի յետոյ, լուրջ եւ խելաց պատանիի հրաշալի օրերս, երբ հազիւ մէկ ոտքս դրած կեանքի սեմին, ամէն բան շքեղ կը տեսնէի։ Յետոյ, իմաստուն խորհրդածութիւններու և տարտամ յոյզերու զարթոնքի շրջանը, երբ բոլոր հորիզոնները բաց էին առջեւս, եւ ազատ էի, ազա՜տ... ։ Ինչպէ՜ս կը վայելէի վերջալոյսները, երկնքին գիշերային խորութիւնը, ձիւնը, ծառերուն սարսուռը։ Այնքան տարուած եմ Կրաձիէլլայի և Ժիւլիէթի տեսիլներով, որ օրերով չեմ կրցած ճաշել։ Շատ անգամ, ամառ գիշերներ, պատահած է որ կէս գիշերէն աւելի ուշ, վերմակս նետած ու մեկնած եմ տունէն՝ առանց աղմուկի, ժամերով երթալ կենալու համար ծառի մը տակ, գլուխս կարօտագին հակած ու քաղցր, անբացատրելի տենչանքներով սիրտս լեցուն։

Օ՜հ, Սիհունի երկայնքին՝ իրիկնային թափառումներս, հիւանդանոցի կեանքս, հոն, ֆրանսական ցած, խարխուլ տնակին խորը, ուր անցուցի կազդուրումի օրերս։ Վալանդին... ։

Յետոյ, Լիբանանի մայրիները, վարդերը, մանաւանդ սպիտակ յասմիկները։ Արաբական բացօդեայ սրճարանը, ուր ամէն առաւօտ կ՚երթայի՝ հովանոցաձեւ ուռենիիս տակ Հայնէ կարդալու... ։

Իրաւ, ի՞նչ եմ ես. երբեմն էութեանս խորերէն սարսուռ մը կ՚անցնի ու կը ցնցէ բոլոր ջիղերս։ Ո՞ւր եկած եմ։ Ո՞վ բերաւ զիս հոս։ Ինչու՞... ։

Անցեալ իրիկուն, թալիմէ դարձին, կ՚երեւակայէի որ երկնային հզօր էակ մը յանկարծ իջնէր մեր երկրագունդին վրայ ու լուրջ տնօրինութիւններ ընէր. օրինակի համար, ինծի պէս հոգիներուն ըսէր - Դուք ազատ էք՝ ըստ կամս դէպի գերեզման յառաջանալու կամ ետ դառնալու ձեր օրօրոցը... ։ Առաջին պարագային, ձեր առջեւ պիտի ըլլայ անծանօթ ու երկարատեւ ապագան, իր բոլորը կարելի երջանկութիւններովն ու տառապանքներովը. իսկ երկրորդ պարագային՝ ձեր ծանօթ անցեալը, որուն բոլոր շրջանները պիտի վերապրիք, հետզհետէ պզտիկնալով, մինչեւ որ հասնիք ձեր օրրանը, այն ատեն, խաղաղօրէն ձեր աչքերը պիտի փակէք... ։

Յանկարծ, Ահմէտ չաւուշին բիրտ ձայնը հնչեց ականջիս մէջ.

-Ամէ՛ն մարդ իր հրացանը մաքրէ, կօշիկները հանէ եւ իր խովուշը երթայ, սպասէ... ։

 

Չորեքշաբթի գիշեր

Շատ գէշ օդ մը կար այսօր։ Հիւանդ եմ ըսելով՝ մարզանքի չգացի։ Հիւանդներուն հետ պզտիկ հիւանդանոցը գացի քննուելու։ Հոն, դեղին վրանի մը տակ, երեք ժամէն աւելի սպասեցինք։ Ծանր հիւանդներ կային մեզի հետ։ Մարդ կը մխիթարուի ու կարծես խորհրդաւոր ոյժ մը կը ստանայ յանկարծ,, երբ այս խեղճ, հիւծած զինուորներուն վիճակը տեսնէ։ Շատեր, վրանին տակ մտնելուն պէս, գետինը ցեխին վրայ ինկած քնացան, ոտքի վրայ կենալու ճար չունենալով։ Մէկը կար մանաւանդ, գրեթէ պատանի մը, վրան գլուխը պատռտած, որ ընկերոջը ոտքին տակ դրած էր գլուխը եւ այնպէս քնացած։ Ինչ հոյակա՜պ համակերպում, կաթիլ մը ըմբոստացում չկայ աչքերնուն խորը. գլուխնին ծռած, տքալով կը տանին իրենց ճակատագիրը։ Միջոց մը դուրս ելայ, հսկող օնպաշիին աչքէն սըպրդելով։ Դուրսը կը ձիւնէր. վայրի վարդենիի մը մէկ վտիտ շիւղը՝ պզտիկ, կաս-կարմիր վարդ մը ունէր։ Խորհեցայ որ փրցնեմ եւ իբրեւ յիշատակ սենեակս տանիմ, բայց իսկոյն դատապարտեցի եսասիրութիւնս։ Չէ՞ր կրնար ըլլայ որ այդ վարդը, այդ տխուր երդիքին տակ ոգեվարող մահամերձի մը հայրենաբաղձութիւնը գգուելու սահմանուած ըլլար այդ օրը։ Իրաւ ալ, աղտոտ պատուհաններուն ետեւէն, ճերմակ գտակներդրած գլուխներ կ՚երեւային։ Գացի վրանին խորը, անկիւն մը կծկըտեցայ ու երկար ատեն ծխեցի։ Շատ մսեցայ։ Վերջապէս բժիշկը եկաւ։ Ինչպէս կ՚ատե՛մ զինք։ Քանի՜ անգամ է որ իր երեւոյթը զզուանքով կը լեցնէ հոգիս։ Մարդ ի՛նչպէս այդ աստիճան անփոյթ կրնայ ըլլայ այդքան տառապանքի առջեւ։ Այս անգամ գոնժե չտուաւ ինծի։ Խե՛րը անիծեմ։

Ալ զզուեցայ ստամոքսիս caprice-ներէն. օրերով բան չեմ կերած, եւ դեռ անհանգիստ է։ Այս գիշեր փառաւորապէս ճաշեցի ու շիշ մը գարեջուր եւ երկու գաւաթ գոնեագ խմեցի, ինչու որ շատ կը մսէի։ Հիմա սոսկալի անհանգիստ եմ ու այրող ծարաւ մը կը զգամ, բայց je men fiche

Երէկ գիշեր, սեւ անծանօթ կատու մը սոսկալի բարկացուց զիս։ Հիմա կը ժպտիմ հէք անասունին ըրածին վրայ, բայց այն ատեն կատղած էի։ Հազիւ թէ անկողին մտեր, աղէկ մը ծածկուեր ու սկսեր էի տաքնալ, երբ կատուի մը ողբագին մլաւիւնը հասաւ վերմակիս տակ։ Նախ կարեւորութիւն չտուի։ Այդ ցուրտին ո՛վ պիտի շարժէր տեղէն։ Արդէն յոգնած ու անհանգիստ էի. բայց հետզհետէ այնքան աղերսող թոն մը տուաւ իր ձայնին, որ չդիմացայ ու գլուխս վեր առի։ Մութին մէջ բան մը չէր տեսնուէր, բայց ձայնին ուղղութենէն հասկցայ թէ պատուհանին դուրսի կողմը կը գտնուէր։ Ահագին զոհողութիւն էր ելլել, ու երբ վերմակս նետեցի եւ դուրսի ցուրտը զգացի, զղջացի ու նորէն պառկիլ խորհեցայ. բայց հէք կենդանին կը շարունակէր պաղատիլ։ Կ՚երեւի թէ դուրսի ծառին ճիւղերուն վրայէն կրցած էր այդքան բարձրը ելլել ու մութիւն մէջ ամէն ճամբայ կորսնցնելով՝ եկեր բանտարկուեր էր պատուհանին մէջ։

Պատուհանը բացի ու ներս առի. յետոյ, սենեակիս դուռը բացի որ դուրս ելլէ. բայց, փոխանակ իմ հրաւէրիս պատասխանելու, գնաց կորսուեցաւ սենեակիս մէկ անկիւնը։ Այն ատեն սկսաւ տրամը։ Մէկ ձեռքս բռնած պզտիկ յամբարս, միւսին մէջ խոզանակ մը սեղմած, փնտռտուքի սկսայ. - փի՛ստ, փի՛ստ... - մահճակալին տակ, ֆօթէօյներուն տակ, վարագոյրներուն ետեւ չկա՜ր։ Ցուրտէն կը դողայի, գիշարանոցով, ոտքերս բոպիկ։

Վերջապէս, ծակէ մը դուրս սպրդեցաւ ու սենեակէն դուրս ելաւ։ Դուռը գոցեցի ու պառկեցայ, հազար անգամ զղջալով կատարած վեհանձնութեանս համար։ Մեծ բեռէ մը ազատուողի գոհունակութիւնով՝ աչքերս գոցեցի։ Յանկարծ բան մը սկսաւ շարժիլ վերմակիս վրայ, ոտքերուս կողմը։ Նորէն կատուն էր։ Այն ատեն, զայրոյթս սահման չունեցաւ։ Սենեակիս դուռը աղէկ չէի գոցեր, ու նորէն ներս եկեր էր։ Մութին մէջ խարխափելով ելայ լամբարս փնտռելու, որ ձեռքէս ինկաւ ու շիշը կոտրեցաւ։ Մութին մէջ աննկարագրելի էր գիրքիս թօհաֆութիւնը։ Ինչպէ՜ս կարելի պիտի ըլլար առանց լոյսի դուրս հանել այդ գիշերային ոգին։ - Փի՛ստ, փի՛ստ...

Բաց ձգուած դուռը հովէն կը շարժէր ու կարծես կը հեգնէր ապիկարութիւնս։ Ի վերջոյ տեղի տուի ու գացի զայրոյթս թաղելու պաղած վերմակիս տակ, միտքս դնելով առաւօտուն առաջին գործս ընել՝ աղուոր հարուած մը փակցնել խայտառակ կենդանիին։ Այդ նպատակով, խոզանակը մօտս, աթոռի մը վրայ դրի։

Առաւօտուն, երբ արթնցայ, մահճակալիս վրայ էր նորէն գիշերային հիւրս, ոտքերուս կողմը խաղաղօրէն պառկած։ Առաջին շարժումներուս հետ ինքն ալ արթնցած՝ կասկածոտ երեւոյթով մը երեսս կը նայէր։ Սեփ-սեւ, մաքուր կատու մըն էր։

Քովս առի ու սիրեցի։

Երէկ, մայրամուտի միջոցին, աղօթքի բուռն յոյզեր ունեցայ նորէն, ինչ որ նշանն է ծայրայեղ յուսահատութեանս։ Ամէն անգամ որ ա՛լ սպառած զգամ ինքզինքս, գրեթէ անգիտակից մղումով մը կը փարիմ անծանօթ, գերիեր ուժի գաղափարին։ Միշտ այսպէս եղած է, նոյնիսկ սա վերջին երկու տարուան մէջ, ուր սկետպիկութիւնս ու բարոյական ինքնալքումս անդունդ մը բացած են հոգիիս մէջ ու թաղած նախկին բանաստեղծութեանս ստեղծած բոլոր պատկերները։ Բանտին մէջ եւ այլուր, ամէն անգամ որ, յուսահատական մաքառումէ մը վերջ, ինքզինքս ձգած եմ բախտին առջեւ։

Չեմ հանդարտիր, չեմ մխիթարուիր այդ փարումով, բայց տեսակ մը տարտամ հեռապատկեր, հեռաւոր անմերձենալի կարելիութիւն մը կը լուսաձգուի յոգնած բիբերուս առջեւ։ - «Ահ, եթէ կայ»... կը խորհիմ, ու պատահած է որ այս ստուերոտ մտածումը արցունքով թրջէ աչքերս։

Իրա՜ւ, եթէ կայ...

Առաջ, երբ այնքան տղայ էի դեռ, առանց լուրջ մտածումի, երբ ամբողջ օրերս կ՚անցնէի երազով ու աննպատակ թափառումներով։ Քու խորհուրդդ կ՚իջնէր հոգիիս մէջ, անսահման քաղցրութիւն մը տալով կեանքիս։ Ինչպէ՜ս կ՚երթայի, երբ մայրամուտ ըլլար, աղօթելու Ս. Խաչի Աստուածածնայ պատկերին առջեւ։ Այն ատեն, այսքան չէի կարօտեր Քու ներկայութեանդ, սրտիս բանաստեղծութիւնը բաւ էր ինծի։ Հիմա, հիմա՜, իջի՛ր մէջս և լոյսովդ լուսաւորէ զիս։

Ինքնաբուխ հաւատքի պակասիս համար յանցաւո՞ր եմ մի թէ այս հիւանդ ջիղերովս, եւ այս գիշերին մէջէն ի՞նչպէս յառիմ Քու լոյսերուդ։ Ո՞ւր ես, ու՞ր պէտք է փնտռել քեզ։ Կը զգամ թէ սրտէս զատ ոչ մէկ տեղ պէտք է դարձնեմ նայուածքոս՝ Քեզ տեսնելու համար, բայց սիրտս, օ՜հ, թափուր եւ աւերակ սիրտս... ։

Ինչո՞ւ փշրեցիր զինք այսպէս, այսքան յեղակարծ, դեռ ոչինչ ճանչցած։ Վիզիս վրայ՝ անյուսութեան շղթաները։ Ի՞նչ ընեմ, Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ։ Առ հոգւոյս մէջէն անստուգութեան ու սկեպտիկութեան այս ամպը, վերադարձո՛ւր նախկին անդորրութիւնս, նախկին ուժերս, ու տես թէ արժանի չե՞մ արարչագործութեանդ մէջ դեռ տեւելու։

Այս կեանք չէ... Եթէ դատապարտած ես զիս այսպէս շարունակելու օրերս, այսպէս քալելու անծայր խաւարի մէջէն, առանց նայուածքի, գինովի խարխափումներով, գերագոյն ըմբոստացում մը պիտի փոթորկի օր մը մտածումներուս մէջ, ու ես խենթի մը պէս պիտի վազեմ մեռած քաղցր եղբօրս խաչին տակ իմ փոսս փորելու... ։ Մտածել թէ քսաներեք տարեկան եմ, եւ արդէն իսկ վերջին յոյսերս ու հաւատքս կորսնցուցած։ Ինչու՞ այսպես եղաւ։ Հոգիս անսահման զարմացում մըն է, եւ աչքերուս մէջ անդադար այդ յիմարական հարցումը... «ինչու՞... »։

Հոգեկան հաճոյքներու նոյնիսկ տարտամ զգայութիւնը առնուած է ինձմէ։ Գարուն է, օդը սկսած է հեշտալի բուրումներով լեցուիլ. ամէն կողմ զարթօնքի սարսուռը կայ, աղուոր ու ժպտուն արեւին տակ կը քալեմ անտարբեր։ Զով ու թարմ մթնոլորտը զոր կը շնչեմ իրիկնամուտի թափառումներուս՝ դառնութեան հեղեղ մը կը ներմուծէ թոքերուս մէջ։ Ծովուն քովէն կը քալեմ ու ծովուն չեմ նայիր, բա՛ն չեմ հասկնար։ Երէկ գիշեր, երբ անկողին մտայ, տեսայ թէ քովս գտնուող պատուհանին վարագոյրը բաց էր, իսկոյն գոցեցի զայն բարկութեամբ, աստղերը չտեսնելու համար։

Նորէն դառնօրէն լացի՝ Ս. ին մէկ հին նամակը կարդալով։ Միակ Քաղցր զբաղում է այս, ժամերով կը նստիմ անշարժ, ապուշ ապուշ ասդին անդին նայելով, ծխելով։ Մէկէն, հին անոյշ օրերէն յիշատակ մը կու գայ միտքս, բոլոր յուզումներս կ՚արթննան եւ աչքերս արցունքով կը լեցնեն։ Այն ատեն, կը կծկտիմ անկիւնս, պաթանիես կը քաշեմ մինչեւ ականջներս, ու գլուխս տուած քովս գտնուող փայտէ սիւնին, կը թաղուիմ երազանքին մէջ։ Ա՛յ մոռացումի վայրկեաններ են։ Ոչ մէկ ձայն կը հասնի ինծի։ Ու կը սկսիմ մեղմ ձայնով, գլուխըս միշտ տուած փայտէ սիւնին, երգել հին, սիրուած երգ մը - «Կուժն առայ, ելայ սարը»... ։ Հեռաւոր, անծանօթ գիւղ մը, ուրկէ հայ գեղջուկ աղջիկ մը կը մեկնի մթնշաղին, կուժը ուսին, դէպի սարը, աղբիւրէն ջուր բերելու, եւ ճամբան կ՚երգէ. - «Կուժն առայ, ելայ սարը... »։

Երեսս կը ծածկուի տաք տաք արցունքի կաթիլներով, հեշտա՜նք։ Գրպանէս կը հանեմ Ս. ին նամակը, կը կարդամ եւ աչքերս կը գոցեմ քնանալու համար։

Փոթորկոտ գիշեր։ Անքուն կը հսկեմ թիթեղէ լամբարի մը լոյսին տակ. քուն չունիմ, անվերջ կը ծխեմ... Միջոց մը՝ տասնապետը լամբարը տարաւ՝ նոր եկող զինուորցուներու քաբօթ  հանելու։ Մութին մէջ մնալուս պէս, աչքերս գոցուեցան, գլուխս տուի պատին ու ծխեցի, ծխեցի։ Ալէմտաղիի լուսնկայ գիշերներ, կէս-գիշերուան պտոյտներս անտառին մէջ. Իճլալը, քաղցր թրքուհին, իր սեւ վայրագ աչքերով, մազերը թափած ուսերէն վար։ Այն ձորը, ջուրի այն ձայնը՝ որ կու գար հեռուէն, երբ առաւօտ մը նստաւ մօտս, մեծ մայրիին տակ...

Եւ իմ սէրս. իմ լա՜յն, անսահմա՜ն սէրս, Քաղցր աղջիկ։ Իրա՜ւ, երազ չէ. որոշ կը յիշեմ իր նայուածքը, հրաժեշտի այն գիշերը՝ լիալուսնին մէջ. այն գիշեր, երբ նուագէն վերջ լացաւ ինծի՛, ինծի՛, համար։ Քա՜ղցր աղջիկ։ Օ՜, եթէ քու մազերէդ թել մը ունենայի հիմա գգուելու համար։

Շուրջս կը խռկան բոլորը, հանդարտ հանդարտ։ Պզտիկ սենեակի մը մէջ քսան հոգի ենք։

Փոթորիկը կը սաստկանայ, սոսկալի ցուրտ կայ այս գիշեր։ Հիմա լէօպէթէն դարձող զինուորը ըսաւ թէ կը ձիւնէ։

Մշուշին մէջ լողացող այն լեռները, այն աստղալի գիշերին մէջ...

Էհ, պառկիմ, քնանամ։

 

Երեքշաբթի

Այս առաւօտ ինքզինքս առողջ ու զօրաւոր կը զգամ, հակառակ գէշ անցուցած գիշերի մը։ Սոսկալի ցուրտ էր գիշերը. ժամը 4էն յետոյ կրցայ քնանալ։ Կը դողայի ցուրտէն, ելայ նստայ, տեսայ թէ տասնապետս՝ Նուրէատին Պէյն ալ նստած կը ծխէր։ Քիչ մը հաց փրցուցի թայինէս, կերայ եւ սկսայ ծխել։ Տասնապետը քիչ ետք կանչուեցաւ մուալլիմներու սենեակէն։

Տխուր ժպիտով մը վերադարձաւ և ըսաւ թէ, իբր պատիժ, մուալլիմներուն մանկալը պիտի վառեմ։ Երէկ իրիկուն, հանգիստի ատեն, նստած գիրք կը կարդայի մեր փոքրիկ խովուշին մէջ. յանկարծ դուրսի խովուշէն մէկը ըսաւ թէ դուրսը կը ձիւնէր։ Ուզեցի տեսնել։ Մեր խովուշը պատուհան չունի. դուրս ելայ. մոռցեր էի գլուխս ծածկել։ Այդ միջոցին, տգէտ մուալլիմ մը՝ դուրսի կարգ մը տգէտները գլուխը հաւաքած կը խօսակցէր. չբարեւեցին, բայց առանց ոեւէ orriere - pensee ունենալու. պարզապէս միտքս չեկաւ։ Դեռ պէտք եղածին չափ լաւ մեքենայ չեմ եղած։ Հէք աղեկը առնուէր է եւ առտուն կանուխ, անկողինէն ելլելուն պէս, առաջին մտածումը եղեր է զիս փիւշման ընել տալ։ Սակայն տես որ հրաշալի էր յանձնարարածը. արդէն կը մսէի, աղուոր մը տաքցայ։ Լամբարին ամբողջ կազը լեցուցի իր տուած չոր փայտերուն վրայ եւ դուրսը, մթնշաղին մէջ, առտուան աղուոր աստղերուն տակ հիանալի մը ապրեցայ։ Օդը թէեւ ցուրտ բայց անամպ ու մաքուր է։ Հիմա թեթեւ մարզանքի պիտի ելլենք։

 

Ուրբաթ գիշեր

Հրաշալի տրամադրութիւն. անսպառ ուժի զգացում. երա՜զ՝ հին յիշատակներու խառնուած. - Ալէմտաղիի գիշերները իրենց ամբողջ քաղցրութիւնովը կը չարչարեն զիս այս գիշեր։ Նէ՜։ Մայրամուտի ստուերներուն մէջ անոր ժպիտը, աւազանին քով։ Իրա՜ւ, ի՞նչ ըրի ես, չեմ գիտեր, այդ իրիկուն՝ երբ ինծի նայեցաւ ու ձեռքին մարգարտածաղիկը ինծի երկարեց...

- Կամա՛ց, ջուրին մէջ չիյնայ - ըսի, ծաղիկը առնելով։ Իր ժպիտին չկրցայ պատասխանել. աչքերս վար առի՝ ջուրին. ու չեմ գիտեր որչափ ատեն լուռ մնացի։ Ի՞նչ եղաւ յետոյ։ Ի՞նչ անցաւ մինչեւ այն վայրկեանը, երբ նորէն ինքզինքս գտայ խումբին մէջ, ու ան դիմացս ծառի մը տակ նստած։ Չեմ յիշեր, բան մը չեմ յիշեր։ Անցա՜ւ։ Օհ, մինչեւ ու՞ր կրնայի ելել այդ նայուածքին հետ։ Իրա՜ւ, եթէ փոխանակ ջուրին դարձնելու աչքերս, յամառէի այդ նայուածքին խորը ընկղմիլ... խո՜րը, խո՜րը... մինչեւ յատա՞կը... անհունութեա՞ն մէջ... ։

Դուրսը տասնապետը կը կարդայ լեօպեթի սպասողներուն և առաւօտուն խառաւանայի գացողներուն անունները։ Իմ անունս ալ կարդաց հարկաւ՝ մէկ կամ միւս խումբին մէջ։

 

Հարպիյե, 1916

Խորունկ յուզում մը ունեցայ քիչ առաջ, պարտէզին մէջ։ Նորէն գացեր էի թափառելու՝ բանտի վերածուած խըշլային շուրջը, ուր ամէն օր, օրուան ո՛եւէ պահուն, ամէն տեսակէ բազմութիւն մը հաւաքուած կ՚ըլլայ։ Անոնք կու գան իրենց բանտարկեալները տեսնելու և ճերմակեղէն, ուտելիք տալու անոնց։ Բանտարկեալներուն մեծ մասը քրիստոնեայ փախստականներէ բաղկացած է՝ Հայ, Յոյն։ Իսկ վարը սպասող ամբոխին աչքի զարնող տարրը մայրերն են։ Պէտք է տեսնել հայ մայրերուն վիճակը։ Հոս գալէս ի վեր, ամէն իրիկուն կ՚երթամ մարզավայրին մէջտեղը գտնուող աղբիւրին մօտ, ուր քանի մը ուռենիներ կան. անոնցմէ մէկուն տակ կը կենամ և կը դիտեմ այդ մութ ամբոխը։ Արդէն բանտին շէնքը շատ մօտ է աղբիւրին, այնպէս որ՝ դժուար չէ իմ ուռիէս բոլոր սպասողները տեսնել։ Բայց շատ անգամ անոնք կու գան աղբիւրէն ջուր խմելու. այդ ատեն, անոնց հոգին կ՚երեւայ իր ամբողջ մերկութեամբ։ Գրեթէ խօսք չունին։ Կը հառաչեն միայն։ Արդէն, ընդհանրապէս առանձին կ՚ըլլան, ծրար մը իրենց թեւին տակ, երբեմն սակայն մանուկի մը ձեռքէն բռնած։

Այս իրիկուն նորէն գացեր էի աղբիւրին քով։ Շատեր եկան ջուր խմելու, եւ գացին՝ առանց զիս իմ սովորական յուզումի շրջանակէս դուրս հանելու։ Կը նայէի իրենց ու «մե՜ղք» կ՚ըսէի, յետոյ անդին կը դառնայի, ուրիշներ տեսնելու։

Դասարան մտնելու ատեններն էր, երբ երկու կիներ մօտեցան աղբիւրին։ Ճերմակ մազերով, մեղմ նայուածով պառաւ կին մը եւ դեռատի աղջիկ մը, տգեղ ու տժգոյն, որ փոքրիկ աղջկան մը ձեռքէն բռնած էր։ Ահագին ճիգեր ըրի կարենալ լսելու համար անոնց խօսակցութիւնը, ինչու որ կը խօսէին իրենք իրենց մէջ, գլուխնին ծռած, բայց անկարելի եղաւ. այնքան մեղմ ձայնով կը խօսէին, մինչեւ որ իմ ուռիիս քովէն անցան։

-Այդ մարդուն վրայ հաւատք չունիմ ես. - կ՚ըսէր երիտասարդ աղջիկը։ - Աչքը մեր դրամին է. ազատողը՝ մինչեւ հիմա կ՚ազատէր։

-Աղջիկ, հայրդ կ՚ըսէ քի՝ անիկա ուզէ նէ կ՚ընէ, շատ մարդ ունի եղեր,

Եւ անցան. ա՛լ ուրիշ բան չիմացայ։ Դեռ չէին խմած իրենց ջուրը, երբ յանկարծ, անդիէն, բանտին պատուհաններէն ահագին ժխոր մը բարձրացաւ։ Բանտարկեալներ, դիւահարներու պէս, մէկ ուղղութիւնով կը վազէին, իրար հրելով ու ահաբեկած։

Սպայ մը, ձեռքը ահագին բիր մը առած, անոնց ետեւէն ինկած էր ու անխնայ կը հարուածէր աջ ու ձախ, զայրոյթի աներեւակայելի նոպայի մը անձնատուր։

-Ամէ՛ն մարդ իր խավուշը, - կը պոռար, գէր հսկայ բանտապահ մը, որուն հրէշի դէմքը կը տեսնէի կոտրած պատուհանէ մը, եւ որ նոյնքան զարհուրած արտայայտութիւն մը ունէր։

Բանտարկեալներէն ոմանք վայրկեան մը դուրս ելած էին իրենց մութ սրահներէն, իրիկնամուտի զովութիւնը շնչելու, իրենց ցամքած թոքերով. եւ սպան, անցնելու ատեն, տեսած էր անոնց այդ վայելքը... Ա՛յդ էր բոլորը։

Քաղցր լուսաւոր գիշեր մըն է դուրսը. արտօնութիւն առի օգնականէն, որ անոյշ տղայ մըն է, բարի աչքերով, ու գացի սիկարէթ մը ծխելու ուռենիիս տակ։ Ալէմտաղիի գիշերներուն պէս անդորր գիշեր մըն է. քիչ մը խաղաղութիւն իջաւ հոգիիս մէջ։ Քաղցր աստղերուն նայելով՝ հին օրերու վրայ մտածեցի։

Այսօր հազար տեսակ տրամադրութիւններ ունեցայ, տանտանելով հոգեկան այս կամ այն վաճակներուն միջեւ։ Ժամ մը առաջ սոսկալիօրէն գէշ վիճակի մը մէջ էի. գլուխս սաստիկ կը ցաւէր. բայց հիմա որ միջակ տրամադրութիւն մը ունիմ, ոչ գէշ ոչ աղէկ, կ՚ուզեմ գրել, մանաւանդ որ գիշերային դասը սկսաւ։

Հարցումները կը տեղան խեղճ տղոցը գլխուն. ինչ հառաչողնե՜ր կան շուրջս։ Վա՜յ ինծի, եթէ դասատուներէն մէկը տեսնէ զիս այսպէս գրելու զբաղած։ Ճիշդ ալ դասախօսին դիմացը նստած եմ, առաջին կարգին վրայ։

Քանի՞ օր անցաւ։ Ինծի այնպէս կու գայ թէ շատ օրերէ ի վեր հոս եմ. մինչդեռ ճիշդ 24 ժամ անցած է դեռ։

Իրիկուն մը, կամաց մը փախայ հեռաւոր դռնէ մը ու ժամ մը թափառեցայ ասդին անդին։ Ս. ին փողոցէն անցայ երկու անգամ. բոլոր պատուհանները մութ էին. ոչ մէկ լոյս կը վառէր ներսը։ Վայրկեան մը երեւակայեցի որ հոն ըլլար ու զիս ընդունէր մութ սենեակի մը մէջ, և առանցին խօսէինք։ Խե՜ղճ աղջիկ։

Անշուշտ աւելի ազնուական ձեւ մըն է հանդուրժել այս բոլոր տառապանքին, քան թէ վերջ մը տալ այս բոլորին, ա՛լ չըլլալու խաղաղութեան համար։ Վերջ ի վերջոյ, ի՞նչ է։ Անհուն վատութիւն մը։ Թունաւորել արիւնը և աչքերը փակել... Ա՛յնքան հեշտ է։ Եւ պարտականութիւննե՞րը... չունի՞մ։ Ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք որ զիս կը սիրեն։ Պէտք է ապրի՞լ դեռ։ Պէտք է գլուխը ծռել եւ քալել։ Քաջութի՜ւն։ Այնքան նայուածքներ սեւեռուած են վրադ... ։ (Բնագիրը ֆրանսերէն է)։

ՊԷտք է ցրուել մտքին ուժերը՝ ամէն տեսածիդ ու լսածիդ վրայ։ Ամէն վայրկեան հազարաւոր տպաւորութիւններ մեզ կը պաշարեն։ Պէտք է մեր ուշադրութիւնը տանք կամ մերժենք։ Հոս խորհրդածութեան նիւթ մը կայ։ Պէտք է մտածել թէ ի՛նչ ընելու է։ (Բնագիրը ֆրանսերէն)։

Նորէն հին, զարհուրելի տրտմութիւնը կը սեղմէ զիս այս իրիկուն իր երկաթներուն մէջ։ Երբ այսպէս ըլլամ, ա՛լ մարդու երես չեմ կրնար նայիլ. յանկարծ մինակ ու բաժնուած կը զգամ ինքզինքս բոլորէն, տիեզերքը մէկ կողմ, ու ես ուրիշ կողմ, իսկ մեր միջեւ՝ անդունդը։

Ձմրան ցուրտերը սկսան։ Նոյեմբերի մութ գիշերները՝ երբ հովը կու լայ ու կաթիլ մը ուրախութիւն չի ձգեր սրտիս մէջ։ Ահ, ատեն մը նոյնիսկ այս հովը կը սիրէի. այս, մանաւանդ ա՛յս հովը։ Կը փնտռէի զայն ամէն իրիկուն, ուսանողի յոգնութիւններէն դարձիս, երբ կ՚երթայի աննպատակ քալելու, ճակատս բարձր, կուրծքս դուրս, հոգեկան ու ֆիզիքական կորովով լեցուն։

Լրջօրէն մտածած եմ, շատ անգամ, իմ ուժերուս ցամքումին պատճառներուն վրայ. բայց երբեք կարող եղած չեմ որոշ բացատրութիւններ գտնել։ Շատ բաներ կարելի է ըսել, բայց ամէնքը՝ տարտամօրէն։

Իրա՜ւ, ի՞նչ է այս երեւոյթը։ Ի՞նչու այսպէս եմ ես, այսպէս ընկճուած, այսքան այլանդակօրէն անմարդկային։ Որոշ է սակայն թէ իմ նորալ վիճակիս մէջ չեմ գտնուիր. գոնէ այդ յստակ համոզումը ունիմ։ Հիւանդ եմ, ատիկա կարելի չէ ժխտել։ Անշուշտ մեծ դեր ունեցած եմ ես ինքս այս հիւանդութեան մէջ, այլ մեծագոյն դերը կատարած են այս քանի մը տարիներու դէպքերը, որոնք առած ու չարչարած են զիս իրենց մէջ, ինչպէս ծովը կ՚առնէ ու կը խեղդէ խեղճ թըռչուն մը։

Եւ սակայն, սկիզբէն արդն՝ լաւ հիմերու վրայ հաստատուած չէ իմ անձս։ Անորոշ, անկապակից, տարտամ դաստիարակութիւն մը ստացած եմ. զանազան դպրոցներու մէջ՝ զանազան բաներ սորված եմ. եւ առանց սկզբունքի, դիպուածը զիս առած ու նետած է կեանքին մէջ։ Ճիշտ այն միջոցին, երբ պատանեկան բանաստեղծականութիւնս կը հրդեհէր հոգիս, երբ ուրիշ ոչինչ կարող էի ընել բայց եթէ վերջալոյսները դիտել եւ աչքերս գոցել երազելու համար, հարկադրուած եմ (միշտ դիպուածով) ձգել իմ վերջալոյսներս ու երազներս՝ երթալ կեանքը ապրելու համար։ Նախ բան չեմ հասկցած, շւարած մնացած եմ, բայց հոգիիս բանաստեղծութիւնը տեսակ մը հանպարտ անտարբերութիւն տուած է ինծի, որով, կրցած եմ բաւական ատեն՝ ամէն բան տանիլ, առանց հոգ ընելու, առանց նոյնիսկ զգալու թէ որքա՜ն՝ խարխուլ հողի վրայ էի կեցած. հող մը՝ որ օր մը կրնար փլչիլ ու գոցել խանդավառ աչքերուս առջեւ ամէն հորիզոն։

Այս բանը յանկարծական կերպով մը չեկաւ, այլ կամաց կամաց. հետզհետէ սկսայ կորսնցնել հոգիիս թեթեւութիւնը, զգացի թէ ծանրութիւն մը կար ուսերուս վրայ, անախորժ բեռ մը՝ զոր տանիլ հարկադրուած էի անծանօթ ուղղութիւնով մը։ Աչքերս կը յոգնէին՝ տեսնելու համար ըրած ճիգէս։

Ինծի խաղաղութիւն պիտի տրուի, երբ իմ հոգիիս համար ձեւուած սկզբունքները հասնին ինծի։ Դեռ ծանօթ չեն անոնք... ։ Ուրեմն, պարտականութիւն չունի՞մ։ Պէ՞տք է դադրիմ։ Ճի՛շդ... անոնց պիտի հասնի՛մ։ Հակառակ անձրեւոտ օդին, գիշերուան ճաշէն ետք նորէն գացի թափառելու իմ մութ փողոցներուս մէջ, եւ հրաշալի գիւտ մը ըրի։ Երբ Ս. ին փողոցէն անցայ, քովնտի մութ գռիհ մը նշմարեցի, երկու կողմէն դեղին պատերով շրջապատուած։ Քայլերս ուղղեցի դէպի հոն, առանց գիտնալու թէ դէպի ո՛ւր պիտի տանէր։ Բաւական քալելէ յետոյ, պատերէն մէկը յանկարծ վերջ գտաւ, եւ առջեւս տեսայ ընդարձակ տարածութիւն մը, որուն մէկ անկիւնէն պզտիկ սրճատուն մը կ՚երեւէր։ Հրաշալի հորիզոն մը կայ այնտեղ։ Ժամանակ չունենալուս համար, չկրցայ սրճարան մտնել, բայց մտադիր եմ, ասկէ յետոյ, գիշերային փախուստի քաղցր վայրկեաններս հոն անցընել։ Նշանաւոր գիւտ է այս։ Ինչպէ՞ս կը հրճուիմ, երբ կ՚երեւակայեմ վաղը երեկոյեան մայրամուտին հոն անցընելիք պահս, պզտիկ պատուհանի մը տակ, քարէ սեղանի մը շուրջ նստած, ինքզինքս տուած ծխելու երանութեան։ Կը յիշեմ թէ Ս. ն օր մը իր մէկ նամակին մէջ ժամադրութիւն տուած էր ինծի այդ դեղին պատերուն տակ, ու ես յիմարօրէն մերժած էի։

Դեռ լոյս չի վառիր գիշերները՝ անոնց յարկաբաժնին մէջ։

Բաւական հիւանդ եմ այսօր։ Գլուխս խիստ ծանրացած է ու կը ցաւի։ Կը հրճուիմ, երբ կը մտածեմ աւելի ծանրօրէն հիւանդանալու կարելիութեան վրայ։ հիւանդութիւնն է միակ բանը որ կրնայ ազատել զիս հոսկէ։ Մինչեւ որ լա՛ւ մը չհիւանդանամ, թոյլ պիտի չտան որ երթամ քիչ մը արեւին տակ ապրիմ։ Մտադիր եմ այս շաբաթ լուրջ գործունէութեան մը սկսիլ՝ conge մը ձեռք ձգելու համար։ Պէտք է սկսիլ դարձեալ բոլոր յիմարական բաները ընելու։

Pour passer le temps gui ne se passe pas

Ա՜խ, եթէ կարենայի ծունկի գայ ու աղօթել... ։ Շատ գիշեր, երբ ընդոստ կ՚արթննամ ու յոգնած աչքերս բանալով ինքզինքս առանձին կը գտնեմ խովուշին մէջ, այս մտածումը կ՚ունենամ, որ աչքէս արցունք կը բերէ... ։ Աղօթե՜լ... ։

Այսօր հիւանդներուն հետ հիւանդանոց գացի քննուելու համար։ Երբ հիւանդանոցին դռնէն ներս մտանք, պզտիկ աղտոտ սենեակ մը ցոյց տուին մեզի, ուր պիտի սպասէինք, մինչեւ որ քննող բժիշկը գար։ Միջոց մը, երբ բոլոր հիւանդները զբաղած էին ծխելով եւ խօսելով, կամաց մը դուրս ելայ այդ սենեակէն ու գացի քարէ երկար նրբանցքին մէկ ամայի ծայրը շրջիլ։ Հակառակ հիւանդանոցին ամէն կողմը տիրող ժխորին և իրարանցումին, ոչ մէկ շարժում կար հոն։ Քանի մը խեղճ զինուորներ նստած էին ուտեստի պարկերու վրայ, եւ ատեն ատեն՝ տարիքոտ հիւանդապահուհի մը կ՚ելլէր կ՚իջնէր մեծ սանդուխէն։ Սիկարէթ մը վառեցի ու սկսայ ծխել։

Յանկարծ երկու զինուորներ երեւցան սանդուխին վերի կողմը որ մթութեան մէջ էր։ Պատգարակ մը կը բերէին վար։

Սանդուխէն իջան ու երբ մտան նրբանցքը՝ դէպի աջ դարձան ու գոց դուռի մը առջեւ կանգ առին։ Երբ քովերնին հասայ, արդէն գետինը դրած էին պատգարակը։ Զարմանալի եւ հրէշային էր այդ երկու մարդկային էակներուն անտարբերութիւնը. մէկը շուրջ դէմքով մը կը կատակէր, իսկ միւսը՝ առանց խօսելու կը խնդար։ Այնքան զզուանք զգացի իրենց հանդէպ որ նախ չուզեցի որեւէ բան հարցնել իրենց, բայց հետաքրքրութիւնս այնքան զօրաւոր էր որ, վերջապէս, կատակողին հարցուցի.

- Վիրաւո՞ր է։

- Ո՛չ, - պատասխանեց եւ իսկոյն նոր կատակ մը ըրաւ, անա՛նկ թուրքերէնով մը՝ ուրկէ մէ՛կ բառ չկրցայ հասկնալ։

Հիւանդ ըլլալու է՝ խորհեցայ եւ կռնակս դարձնելով վեր սկսայ ծխել ու դէպի մեծ դուռը քալել։ Քիչ մը հեռացած էի, երբ անդիէն փաթթոցաւոր մարդ մը, հոճա մը, դուռնէ մը դուրս ելաւ եւ հանդարտ քայլերով սկսաւ մեր կողմը գալ։ Կեցայ ու կռնակս պատին տալով շարունակեցի ծխել։ Հոճան անցաւ առանց երեսս նայելու ու երբ հասաւ այն անցքը ուր երկու զինուորները տարած էին իրենց պատգարակը, դարձաւ ու անյայտ եղաւ։ Սիկարէթս նետեցի ու ես ալ գացի հոն։ Զինուորներէն միայն մէկը մնացեր էր - անխօս խնդացողը։ Հոճան գրպանէն բանալի մը հանեց ու գոց դուռ մը բացաւ։ Մութ, քարէ բակ մը՝ ուրկէ անդին կ՚երեւար դատարկ սենեակ մը։ Երբ բանալին լաւ մը տեղաւորեց գրպանին մէջ, հոճան ասդին դարձաւ ու զինուորին ըսաւ.

-Ո՞ւր է ընկերդ։

-Չեմ գիտեր։

-Ո՞ւր գնաց (հայհոյութիւն մը), հայրի՞կս պիտի տանի ասիկա։

Զինուորը վազեց ընկերը փնտռելու։

Երբ հոճային հետ առանձին մնացինք, հոճան երեսս նայեցաւ ու ժպտեցաւ։ Յետոյ, երբ տեսաւ թէ ժպիտին չեմ պատասխաներ, անտարբեր ու հեգնոտ արտայայտութիւն մը առաւ, խորունկ գրպանէն հանեց ծխատուփը, սիկարէթ մը պլորեց, վառեց ու երկու քայլ առնելով մօտեցաւ պատգարակին։ Հակեցաւ ու վերցուց ճերմակ ծածկոյթին մէկ ծայրը։ Դեղին ոտքեր, կմախացած սրունքներ՝ որոնք իրարմէ քիչ մը զատելով մէջէն թուղթի մեծ թերթ մը հանեց, աչքերուն մօտեցնելով կարդաց. - Շապան օղլու Մուսթաֆա, Նիյտե, թեվելլիւտ իւչ եիւղ տոքուզ։ - Նորէն գոցեց ծածկոյթը եւ իր տգեղ պեխերուն տակէն մըրթմրթաց. - Նիյտէցի, քսաներկու տարեկան է եղեր։

Դռնէն ներս մտնելով, քարէ բակէն անցաւ ու մտաւ դատարկ սենեակը։ Նոյն միջոցին երկու զինուորները եկան, մէկ թափով վերցուցին պատգարակը ու տարին միեւնոյն սենեակը։ Դէմքը չկրցայ տեսնել խեղճ նիյտէցի զինուորին, բայց որչա՞փ օրհնեցի իր հոգին, երբ զզուանքի, ատելութեան բուռն զգացումներու տեղ յանկարծ զգացի գերագոյն անդորրութիւն մը ու կրցայ նորէն քաղցրօրէն ժպտիլ, ինչպէս սովոր եմ ընել՝ իւրաքանչիւր անգամ որ, երկարատեւ չարչարանքէ մը ետք, մահուան սպիտակութիւնը կ՚երեւայ աչքերուս։

Երկրորդ սիկարէթ մը վառեցի եւ գացի անկիւն մը կծկտեցայ։ Երկար ատեն ենթարկուած մնացի հոգիի միեւնոյն տրամադրութեան։ ... Կիրակի առաւօտ

Վերջին ծայր ապուշցած եմ. ինչ որ կը զգամ, ինչ որ կը գրեմ այս էջերուն վրայ, երբեք չեն համապատասխաներ իմ առողջ Եսիս։ Ես չեմ գրեր ասոնք, այլ՝ իմ վատասերած մէկ մասս. իմ տժգոյն մատերս միայն կը շարժին, հոգին լուռ է ու կը սպասէ արեւոտ վայրկեանի մը, որ սակայն չի գար։ Ե՞րբ պիտի տեսնեմ իմ երկինքս։

Երէկ գիշեր, մինչեւ առաւօտ գլուխս ցաւեցաւ, ակռաներս ցաւեցան, աչքերս կոտտացին։ Մինչեւ վերջը ուզեցի պահել հոգեկան ոյժս, ջանալով մտածել թէ այդ ցաւերը որեւէ յարաբերութիւն չունէին ինծի հետ, եւ թէ՝ առաւօտեան արեւին հետ պիտի վերագտնէի անդորրութիւնս։ Պէտք է խոստովանիլ թէ սոսկալի բան է մարմնական տառապանքը. ակռաներուս ցաւը այնքան շատցաւ որ գլուխս ձեռքերուս մէջ առի ու լացի։ Միջոց մը ուզեցի ծխել, բայց հսկող զինուորը թոյլ չտուաւ.

Աղօթելու թուլացումներ սկսած եմ ունենալ այս օրերս, բայց երբեք գոհ չեմ այս վիճակէս։ Ի՞նչ տեսակ մէկը ըլլալու է այս Աստուածը, որուն պիտի ուղղեմ իմ յուսահատութեան աղօթքներս, ընդունելու համար զանոնք։ Կ՚ատեմ ինքզինքս, երբ այսպէս՝ վատ զինուորի մը նման՝ պաղատող աչքերով, կ՚իյնամ ճակատագրիս ոտքը։ Օ՜հ, անդորր հողակոյտի մը երանութիւնը։

Մտաւորական կեանքս կազմող տարրերն են. - 1) Ակռայի ցաւ։ 2) Աչքերու յոգնածութիւն. - 3) Նիքոթինի ազդեցութիւն. 4) օդի եւ լոյսի նուազութենէն առաջ եկած շնչահեղձութեան զգայութիւն. 5) Հիւանդանալու մարմաջ՝ ազատելու համար զինուորութենէ. 6) Տարտամ, անբացատրելի հայրենաբաղձութիւններ։

Այս բոլորը բնական կերպով կը տանին մտածումներս դէպի... ջնջում։

 

... Կիրակի իրիկուն

Երէկ գիշերուան սպառնալիքէն ետք, կարելի չէր այս իրիկուն փախչիլ. եւ իրա՛ւ ալ լրջօրէն որոշեր էի, երէկ գիշեր, այլեւս վաղ անցնիլ այդ յիմարութենէն, բայց այս գիշեր փախայ նորէն։

Ինչ զուա՜րթ բազմութիւն մը կար Շիտակ ճամբուն վրայ, որքան լո՜յս, ժխո՜ր։ Ամէն մարդ ուժգնօրէն փարած է կեանքին, ամէն մարդ կը վայելէ իր օրը։ Օ՜, ես ուրախ եմ որ այդպէս է։

Գլուխս կաշած անցայ լոյսերուն մէջէն, վայրկեան մը առաջ հասնելու համար իմ քաղցր սրճարանս։ Ճամբան մէկը քաշեց թեւէս, դարձայ. Մէլէմէթճեանն էր, այն՝ որուն համար թոքախտաւոր է կ՚ըսէին, որուն հայրը, մայրը, քոյրը թոքախտէ մեռած են։ Բայց ահա ան առողջ կը պատի ամէն իրիկուն, Շիտակին վրայ, պաշ-չաւուշի եբոլեդները ուսը։ Ուզեց ինծի ընկերանայ, բայց ես չուզեցի, եւ սուտ մը խօսելով՝ օձիքս ազատեցի իրմէ։

Ս. ենց յարկաբաժնին մէջ այս իրիկուն լոյս կար։ Տարտամօրէն կը յուսայի այդ։ Բայց ոչ իսկ ստուեր մը՝ պատուհաններուն ետեւ։ Ես իմ սրճարանս գացի, բայց չկրցայ ներս մտնել։ Ծերունի Յոյներ նստած թուղթ կը խաղային ու բարձրաձայն կը վիճէին։ Առանց անդորրութիւնս կորսնցնելու, գացի հանդիպակաց պատին վրայ նստայ ու սիկարէթս վառեցի։ Իմ սիրած վերջալոյսներէս մէկն էր, երազային ամպերով։

Վերադարձիս՝ երկու կարեւոր դէպքեր պատահեցան, որոնք բաւական յուզում պատճառեցին ինծի, իմ անզգայ դարձած ջիղերուս։ Նախ, երբ գեղին պատերէն դուրս կ՚ելլէի, մտնելու համար լայն փողոցին մէջ, քանի մը կիներ նշմարեցի Ս. ենց տան դրան առջեւ։ Չկրցայ նայիլ. անանկ որ՝ վստահ չեմ թէ ան ալ հո՞ն էր, բայց կիներէն մէկը, որ քիչ մը սեկուսի կեցած էր, երազողի երեւոյթով, ա՛ն ըլլայ թուեցաւ ինծի։ Վերջին ծայր հանդարտ քայլերով անցայ, ձեռքերս մխրճած՝ վերարկուիս խորունկ գրպաններուն մէջ, օձիքը քաշած մինչեւ ականջներս։ Երբ բաւական հեռացայ, ամէն հպարտութիւն ու վարանում մէկդի դնելով՝ ետեւս դարձայ, բայց գործը գործէն անցեր էր. մտեր էի ծառերու սահմանին մէջ, ուրկէ անկարելի էր բան մը տեսնել։

Մինչեւ վարժարան՝ առանց դէպքի ու մտածումի գացի, Պարտէզին առջեւէն կ՚անցնէի, երբ յանկարծ լոյսերուն մէջէն դէմս ցցուեցան դպրոցին օնպաշիներէն երեքը։ Անմիջապէս, դէմքս խոժոռեց եւ անդին դարձայ։ Չեմ գիտեր թէ ճանչցա՞ն զիս։ Հիմա, շունչս կտրած հասած եմ դասարան եւ ամէն վայրկեան կը սպասեմ որ մէկը գայ՝ տնօրէնին սենեակը տանելու զիս։

 

... Ժամը 11

Մինչեւ հիմա յայտնի չեղաւ իրիկունը դուրսը տեսնուած ըլլալս, բայց դեռ մինչեւ վաղը կասկածելի է։ Գիշերային դասի միջոցին, տնօրէնութենէն երկայն թուղթ մը եկաւ, որուն վրայ ընդհանուր կարգապահութեան մասին շատ մը յօդուածներ կային։ Յոտնկայս ունկնդրեցինք զանոնք։ Սիրտս թըբ ըրաւ, երբ սկսաւ կարդալ վերջընթեր յօդուածը, որ կը վերաբերէր վարժարանին սահմաններէն դուրս ելլողներուն մասին ձեռք առնուելիք միջոցներուն։ Ա՛լ փախչիլ չ՚ըլլար։ Խենթութիւն չ՚ուզեր։ Թէեւ, գո՛րծը գիտէ։

Սուլիչ։ Ննջելու պահն է։

 

... Երկուշաբթի գիշեր

Հակառակ ամէն բանի, նորէն փախայ այս իրիկուն, բայց բոլորովին նոր ճամբէ մը։ Պարզապէս վիպային արկածախընդրութիւններ են ըրածներս, տեսնենք վերջը ո՛ւր պիտի երթայ։ Ճաշէն անմիջապէս ետք, մեծ վերարկուս հագայ ու գացի ճամբայ փնտռելու։ Ամայի անկիւնի մը մէջ անծանօթ դուռ մը գտայ, որուն առջեւ սպասող պահակ զինուորը թոյլ չտուաւ որ անցնիմ։ Առանց յուսահատելու կեցայ եւ խօսքի բռնուեցայ՝ քաղցր գեղջուկ զինուորին հետ. հայրենաբաղձութեան զգացումները արթնցնելով՝ տեսակ մը թուլութիւն առաջ բերի մէջը, ու երբ ամէնէն վերջը, գեղեցիկ սիկարէթ մը տուի ձեռքը, դուռը կամացուկ մը բացաւ, պատուիրելով որ չուշանամ, ինչու որ կէս ժամէն իր տեղը ուրիշ մը պիտի գար։

Դուրս ելայ, ու, քանի մը վայրկեան դիրքերը ուսումնասիրելէ ետք, շիտակ ուզեցայ դէպի տաճկական մութ գերեզմանոցը, որ խըշլային ճնշդ դէմը կը տարածէ իր հսկայ սեվլիներուն մթութիւնը։ Քանի մը վայրկեան ալ այդ ստուերներուն մէջ։ անցուցի, յետոյ, երբ ամէն բան չափեցի, հանդարտ քայլերս ուղղեցի դէպի քիչ մը հեռուն երեւցող մեծ հիւանդանոցը, ուրկէ անդին կը գտնուին Նշան-թաշի տուները։ Գնչուներու թիթեղէ խրճիթներուն առջեւէն անցայ, նեղ աղտոտ գռիհներէ։ Վերջապէս, բաւական յոգնութիւններէ յետոյ, ինքզինքս նետեցի թրամուելի փողոցը։ Ինչու՞ կ՚ընեմ այս բոլորը՝ չեմ գիտեր։ Որեւէ լուրջ պատճառ չունիմ, ու կաթիլ մը խորհրդածութիւն չեմ ուզեր դնել այս բոլոր խենթութիւններուն մէջ։

Ս. ենց փողոցէն անցայ, բայց չկրցայ անոնց պատուհաններուն նայիլ։ Արդեօք տեսա՞ւ զիս։ Իմ ամայի փողոցս չգացի, որովհետեւ ժամանակը ուշ էր։ Վերադարձիս չկրցայ Ս. ին փողոցէն անցնիլ, ու ետեւի հեռաւոր փողոցներէն անցնելուս համար ստիպուեցայ վազել։ Շատ յոգնեցայ։ Ինչու՞ այս բոլորը։

Այսօր, կէսօրէն ետք, Սէլիմ Պէյէն քննութիւն մը ունեցանք։ Այնպիսի դէմքով մը դասարան մտաւ, որ կռահեցի թէ բան մը պիտի պատահէր։ Իր սովորական հանդարտ քայլերովը գնաց նստաւ սեղանին առջեւ, քանի մը վայրկեան լուռ մնաց, յօնքերը խոժոռելով ու ծուռ ծուռ նայելով դասարանին չորս անկիւններուն։ Յանկարծ, հոգի առնողի ձայնով մը ըսաւ.

-Թուղթ, գրիչ պատրաստեցէք. տեսնենք ի՛նչ սորվեր էք մինչեւ հիմա։

Այս մարդուն հանդէպ սոսկալի ատելութիւն մը ունիմ. անհանդուրժելի ինքնավստահութիւն մը ունի. ա՛յնպէս մը կ՚արտասանէ բառերը, որ կարծես թէ տիեզերքին ճակատագիրը իր բերնէն ելած խօսքերէն կախում ունի։

-Հիմա գրեցէ՛ք տեսնեմ։

Եւ սկսաւ հարցումները տալ։ Հակառակ պաղարիւնութիւնս պահելու համար ըրած ճիգերուս, սիրտս թըբ թըբ սկսաւ զարնել։ Իսկոյն վերարկուիս օձիքը վեր դարձուցի եւ սկսայ հազալ։ Որոշեր էի քննութեան աւարտելուն սպասել եւ ուսանողներուն հոսանքին խառնուելով ներկայացնել իմ պարապ թուղթըս ու կծիկը դնել։ Բայց, հազիւ թէ քանի մը վայրկեան անցած էր, երբ հրաման ըրաւ օգնականին որ շրջի դասարանին չորս կողմը եւ բոլոր աշակերտներուն թուղթերուն վրայ նշան մը դնէ, որպէսզի խարդախութիւն ընել կարելի չըլլայ։ Երբ ինծի եկաւ կարգը, ըսի որ հիւանդ եմ ու միտք չունիմ գրելու։ Իմաց տրուեցաւ այս ըսածս, ու կանչուեցայ։ Մարդուկը կլոր զերօ մը դրաւ՝ պարապ թուղթիս վրայ փայլող անունիս տակ, ու դուրս գլայ։ Կրնայ ըլլալ որ, որպէս պարզ զինուոր, հեռաւոր տեղ մը ղրկեն զիս, իբրեւ ծոյլ Հայ մը՝ որ տէրութեան հացը կ՚ուտէ եւ չ՚աշխատիր։ Հեռաւոր լեռներու վրայ քար կոտրելու։

Ճաշէն ետք դուրս չելայ։ Ոչ թէ կը վախնայի, այլ պարզապէս քալելու տրամադրութիւն չունէի։ Եթէ երէկ իրիկուն անցնիլս տեսաւ, այս երեկոյ կը սպասէ... ։ Խեղճ, քա՜ղցր աղջիկ։ Եթէ գիտնայիր թէ ո՛վ է այն տղան, որուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ու համակրանք ես ունեցեր... ։

Իրիկնամուտին, ծառայ մը եկաւ, իմացուց մօրս եկած ըլլալը։ Պարտէզը, անկիւն մը կեցած կը ծխէի։ Երբ դուրս գացի, խեղճ մայրիկս, պզտիկ քառակուսի պահականոցին առջեւ, երազողի դիրքով կեցած կը սպասէր։ Ա՜խ, եթէ մինակ ըլլայի իմ այս խաւարիս մէջ, որքա՜ն դիւրին պիտի ըլլար ամէն բան... ։ Այդ միջոցին ա՛յնքան տխուր եւ ընկճուած էի որ խիստ կերպով խօսեցայ հետը, մինչդեռ հէք կինը ինծի համար ժամերով սպասեր էր հիւանդանոցին մէջ, բժիշկներուն պաղատելու համար։ Միջոց մը ա՛յնքան ջղայնոտեցայ որ՝ «հա՛յտէ, ալ գնա», ըսի ու կռնակս դարձնելով պարտէզ գացի։ Բայց կը սիրեմ մայրս։ Իրեն հանէպ ունեցած սէրս միակ զգացումս է որ պարագաներէ ազդուիլ չի գիտեր։ Ամէնէն լուրջ մտածումս է մայրս, երբ մահուան վրայ կը խորհիմ։ Մայրիկս՝ ինծի համար սգաւո՞ր... այս պատկերը անջընջելի մղձաւանջի մը պէս կ՚իջնէ գիտակցութեանս եւ ինծի կը պարտադրէ ժամերով յառիլ իրեն։ Հէ՜ք մայրս... գերեզմանիս վրայ...

Այս գիշեր, խովուշին մէջ, երբ բոլոր զինուորները քընանան, մահճակալիս վրայ ծունկի պիտի գամ ու աղօթեմ։ Ա՜խ, անգամ մը որ ՔԵԶ տեսնեմ... ։

Նոյն միօրինակ, անգոյն կեանքը։ Ամէն ինչ կը հանգի շուրջս։ Ատենօք գէթ փոքրիկ յոյսեր ունէի. դեռ կարող էի երազել։

Այս գիշեր նորէն փախայ դպրոցէն ու գացի իմ սիրական ամայի փողոցիս բարձր պատին նստելու։ Այնքան մութ էր, ու ես այնքան կը մսէի։ Երկար մտիկ ըրի անսահման աղմուկը ժխորալի գիշերուան։ Ոչ մէկ աստղ՝ երկնքին։ (Բնագիրը ֆրանսերէն)։

Այս գիշեր, յուսահատութիւնս սահման չունի, այսքան մութ օր մը ունեցած չէի դեռ։ Սեւ ձեռք մը մազերէս բռնած կը քաշէ զիս խաւարէ խաւար։ Ի՞նչ ըրած եմ ես, Տէ՜ր։ Այսքան տանջուելու համար պէտք էր որ բան մը ըրած ըլլայի. մինչդեռ, երէկ դեռ քաղցր պատանի մըն էի, անմեղութեամբու բանաստեղծութեամբ լեցուն։ Կարծեմ հիմնական քայքայում մը ունեցայ այս իրիկուն։ Կը զգամ թէ բան մը փլաւ մէջս։ Օ՜հ, վերջին սիւները՝ որոնք արդէն կը դողային հովերուն տակ։

Չկա՞յ քաղցր էակ մը որ գայ այս գիշեր իմ աչքերուս մէջ նայելու։ Ինչպէս կ՚ուզեմ փարի՜լ... թեւերովս փաթթուիլ կարեկից մէկու մը ու պաղատիլ... ։

Հակառակ մտածումներուս յանկարծական պղտորումին, կորսնցուցած չեմ ինքզինքս կշռադատելու կարողութիւնը։ Լայնօրէն կը քննեմ բոլոր պայմանները, բոլոր մասնաւոր պարագաները որոնք միացած այսպէս կ՚անդամալուծեն հոգիս։ Ու կը գտնեմ թէ բազմաթիւ ֆիզիքական պատճառներ կան, բայց խորքը հոգիիս անբուժելի հիւանդութիւնն է. ծանրօրէն հիւանդ եմ։ Շատ ջանացի բոլորովին նիւթական ու միջավայրային պատճառներու վերագրել՝ ինչ որ ախտ կը թուի ինծի, բայց ոչ։ Երեք տարիէ ի վեր հոգիս սկսած է սարսիլ ճակատագրիս թունաւոր շունչին տակ, ու հիմա ա՛լ վերջին գերանները կ՚իյնան իրարու ետեւէ։ Ժամ առ ժամ, ճիշդ երեք տարի անցած է այն իրիկունէն ի վեր, երբ առաջին անգամ մեռնելու գաղափարը ունեցայ, ու հայելիիս մէջ երկար ատեն հիւանդ աչքրս դիտելէ ետք, գաւաթ մը թոյն խմեցի։ Այն իրիկուն թոյլ չտուին որ խաղաղօրէն մեռնէի, ու փրկեցին զիս։ Ի՞նչ շահեցայ։ Ոչինչ։ Ունեցածս ալ կորսնցուցի։ Կը յիշեմ այն րոպէն, երբ անհուն յուզումով՝ թոյնի գաւաթը կը դիտէի սեղանիս վրայ։ Այդ րոպէի դիրքիս մէջ տեսակ մը խորունկ բանաստեղծութիւն կը գտնէի։ Հիմա անզգայ մըն եմ։

Սրտիս ցաւը այս օրերս շատցած է եւ շատ կը նեղէ զիս։ Ամէն վայրկեան գիտակցութեանս մեջ ներկայ է սրտիս հիւանդ ըլլալուն գաղափարը, եւ ասիկա կարծեմ կարեւոր դեր մը ունի յուսահատութեանս մէջ։ Ուրիշ պարագայ մըն է մըտքիս աստիճանական տկարացումը։ Առաջուան ոյժը եւ յստակութիւնը չունին խորհրդածութիւններս ու յիշողութիւնս։ Մանաւանդ՝ վերացումի թռիչքային ընդունակութիւնը կը թուի առ յաւէտ առնուած ըլլալ հոգիէս. ունեցած բոլոր հոգեկան պրկումներուս սոփեստային հանգամանք ունեցող anormal վիճակներ են, որոնք որեւէ սփոփանք չեն ըլլար ինծի. մանաւանդ որ՝ ոգեւորութեան այդ հազուագիւտ վայրկեաններուն կը յաջորդեն ընդարմացումի օրեր, երբ ամէն շարժում կը դադրի մէջս, ու աչքերս կը մութնան։

Զինուորական խնդիրները միակ պատճառներն են մտքիս ու թերեւս ալ սրտիս տկարացումին։ Կը յիշեմ այն զարհուրելի վիճակները որոնք կը յաջորդէին conge մը առնելու համար ըրած արուեստական ճիգերուս, որոնցմով մարմինս կամովին կը հիւանդացնէի։ Այն անքուն մնացած գիշերներս։ Սիկառները, դեղերը ու անորոշ յիմարական սպասումները հիւանդանոցներու նրբանցքներուն մէջ։ Շատ անգամ, օրերով, անկարող կ՚ըլլայի որեւէ վճիտ մտածում ունենալու։ Յետոյ, բանտի այն օրերս... ։ Այն փոշին՝ որ աչքերս կը կուրցնէր, ապականութիւնը, մթութիւնը եւ նոյն սպասողական վիճակը։ Աղէկ որ խելագարած չեմ մինչեւ հիմա։ Ա՜հ, երանի թէ... ։ ...

Հանդարտ օր մըն էր։ Գրեթէ ամբողջ ժամանակը կարդալով անցուցի։ Ես իմ վրայ խորհելու շատ ատեն չունեցայ, անանկ որ ուրիշ օրերէ նուազ մելամաղձոտ էի թերեւս։

Որոշ է թէ «պարագաները» մեծ դեր ունին մեր կեանքին մէջ, եւ ազդեցութեան կարեւոր բաժին մը՝ նկարագրի կազմութեան վրայ։ Երբեմն պարագաները ինքնակոչ են, առանց մեր գիտակցութեան կու գան կը մտնեն մեր գոյութեան շրջանակին մէջ ու յամառօրէն կը պարտադրեն ինքզինքնին մեր գործունէութեան։ Դժբախտ կողմն է այդ մեր ճակատագրին։ Բայց որքա՜ն յաճախ կրնանք ենթարկել զանոնք մեր կամքին, մեր գիտակից ընտրութեանը։ Կրնանք լրջօրէն եւ մեր տրամադրելի իմաստութիւնովը քննել զանոնք ու պատշաճեցնել մեր նկարագրին, մեր ձգտումներուն։

Անարդարանալի թուլութիւնով մը ձգած եմ որ պարագաները իրենց բոլոր քմահաճոյքներով գերակշիռ ձայն ունենան կեանքիս մէջ։ Կամքս լսած ու արտայայտուած է լոկ կրաւորական ձեւով, ուր ընտրութիւնը՝ դիւրի՛ն եւ պայքարը քիչ եղած է։ Թերեւս մինչեւ այսօր եղած չէ վայրկեան մը ուր ապրած ըլլամ իմ բոլոր անձնականութիւնովս, ուժերուս բովանդակ խորութիւնովը։ Իրա՜ւ, մարդ ի՛նչ կատարելութեան կրնայ հասնիլ, եթէ գիտակցութեան առաջին զարթումին հետ սկսի ապրիլ իր ամբողջ հոգիովը։

Կը մտածեմ թէ՝ վայրագ յոռետեսութեան այս մշուշներուն տեղ՝ թերեւս ուրի՛շ բան մը պիտի ունենայի հիմա շուրջըս, եթէ աւելի կանուխ ճանչցած ըլլայի «ճիգ»ին հոյակապ արժէքը։ Տգիտութեան մէջ քնացեր եմ, ու հիմա պէտք է ժողվել այս բոլոր խլեակները ու նորէ՛ն սկսիլ։ ...

Գուզկունճուքի նաւամատոյցը Բ. ին հանդիպեցայ, բախտախնդիր մը՝ որուն կեանքը այս պատերազմական շրջանին մէջ տարօրինակ բան մը դարձած է։ 3-4 ամիսը անգամ մը կը տեսնեմ զինք, եւ իւրաքանչիւր տեսնելուս՝ այդ ամիսներուն մէջ անցուցած իր կեանքը պատմել կու տամ։ Միշտ հետաքրքրական է այս տղան, միշտ զարմացնող բան մը ունի իր մէջ, երբեմն նոյնիսկ յուզող։

Երազկոտ դիրքով մը կեցեր էր տոմսակ առնելու տեղին մօտ, անթացուպերէն մէկուն յենած. իսկոյն պատմել տուի իր նոր արկածները։ Մինչեւ կամուրջ՝ լարուած ուշադրութիւնով մտիկ ըրի զինք։ Անհամար բաներ պատմեց. կը խորհիմ մէկ քանին նորավէպի նիւթ ընել։

Քանի մը ամիս առաջ կը յաջողի, անլուր յոգնութիւններէ յետոյ, վերջապէս մտնել Պոլսոյ կողմի նամակատունը. յոյսով ու եռանդով գործի կը սկսի, առաւօտուն կանուխ կ՚երթայ պաշտօնին գլուխը կ՚անցնի, իրիկունը ուշ ատեն Սկիւտար՝ իր պզտիկ սենեակը դառնալու համար։ Քսանըեօթը օր այսպէս կ՚աշխատի ու վերջին օրերը կը ստիպուի պզտիկ պարտքեր ընել, իր պզտիկ ծախքերը հոգալու համար։ 28րդ օրը, նամակատունը կը հեռաձայնուի նախարարութեան կողմէ, թէ Պալքանեան գիծը ամբողջովին յատկացուած է միմիայն զինուորական փոխադրութեան. հետեւաբար՝ նոր առնուած բոլոր պաշտօնեաները կը ճամբուին, ընդ որս խեղճ կաղը՝ որ գրպանը 70 փարայ ունի եղեր, երբ նամակատան դռնէն դուրս կ՚ելլէ։

Յետոյ՝ շատ աւելի ընդարձակ ու հետաքրքրական դրուագներ։

Մինչեւ իրիկուն առանձին էի տունը։ Առաւօտուն, ամէնքը մեկնեցան։ Մայրս՝ Առնաուտ -գիւղ տուն փնտռելու։ Քոյրերըս՝ վարժարան։ Հայրս՝ գործի։ Բոլորը իրենց զբաղումը ունին։ Պիտի դառնան յոգնած, իրենց օրը գործածած։

Դժբախտ եմ։ Այս բառը չի բաւեր հոգեկան դրութիւնս բացատրելու համար։ Ամբողջ էութիւնովս անձնատուր եղած եմ անյուսութեան։ Թեւերս կը բանամ ու դառնութիւնը կը գրկեմ։ Ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան ուսերուս չոքած կը տեսնեմ դատարկութիւնը, եւ աչքերուս դիմաց մահը՝ ահաւոր ու հեգնական։

Ինչու՞ կ՚ապրիմ դեռ. այսքան փլուզումներէ ետք, ինչու՞ վերջապէս չեմ փլչիր։

Անցեալ օր, այրած տունի մը աւերակներուն մօտէն կ՚անցնէի. ամբողջ տունը այրեր էր։ Գիտէի այդ տունը, կանանչ ներկով, սիրուն, բարեձեւ տուն մըն էր, ուր խաղաղ ընտանիք մը կ՚ապրէր։ Ջրհորի մը սեւցած քարին վրայ դրած ոտքս, դիտեցի այդ բոլորը։ Քառակուսի տարածութեան մը վրայ՝ անճանաչելի դարձած նիւերու կոյտեր։ Ամբողջ աւերակը կազմուած էր մոխիրէ, սեւ քարերէ ու գալարուած, ժանգոտած երկաթներէ։ Ոչինչ՝ որ կեանքը յիշեցնէր։ Ոչ մէկ հետք՝ տարիներով հոն ապրած խաղաղ ու երջանիկ ընտանիքէն։ Եւ սակայն, մէկ ծայրը, քովի անվնաս մնացած տունին յենած կը կանգնէր այրած տունին քարէ ծխնելոյզը, կէս մը փլած, բոլորովին այլափոխուած քարերով։ Բաներ կան որոնք զզուանք առաջ կը բերեն միշտ, նայուածքդ կը դարձնես ու կ՚անցնիս. ուրիշներ կը կառչին բիբերուդ՝ հոգիիդ մինչեւ խորը իջնող պատկերով. կը կենաս, կը յառիս սարսափով։ Քանի յառիս, այնքան կը մեծնայ յուզումդ, շրթներդ կարծես կը մրմնջեն։ «Ի՜նչ տգեղ է, ի՜նչ տխուր»։ - Երբ կոյր մը անցնի, գաւազանը մայթին զարնելով ու փողոցէ փողոց տանելով իր մեռած աչքերուն արհաւիրքը, երբ դագաղ մը անցնի՝ մահուան ցուրտ գոյնը դիակին երեսին... կը յառիս անոնց, ու շրթներդ կ՚ըսեն... «Ի՜նչ տգեղ է, ի՜նչ տխուր... ահաւոր... »։

Աւերակ ծխնելոյզին իւրաքանչիւր քարը նայուածք մը ունենալ կը թուէր ինծի՝ լքումի, անյուսութեան նայուածք մը։ Ամբողջ ծխնելոյզը կը նայէր աչքերուս, իբրեւ թէ գիտակից էր իր շուրջի աւերակներուն խորհուրդին։ Գիտէր թէ ՈՉԸՆՉՈՒԹԵԱՆ յիշատակարան մըն էր ինք։ Ունայնութիւն։

Յանկարծ, ժպիտ մը ունեցայ ու շարունակեցի պտոյտըս... ։ Այդ ծխնելոյզը... հոգիս... ։

 

... Ուրբաթ երեկոյ

Նորէն դառն տրամադրութիւններու մէջ ինկած եմ։ Դըժընդակ ու անգութ տարտամութեան մէջ կը լողամ, թեւերըս տարածած։ Ոչինչ ունիմ հիմա հաստատուն, չփլչող, ինչ որ ձեռքս կ՚առնեմ՝ կը հալի, իսկ ինչ որ մնայ, երբ աչքերովսնայիմ, այնքան տգեղ է։

Օ՜հ, եթէ շուրջս բան մը ըլլար, ինձմէ դուրս, ո՛րեւէ բան, հոգ չէ թէ ի՜նչ, որուն կարեկայի փարիլ... ։

Անցեալ օր, իրիկնամուտին, գերեզմանատուն գացի, Վահագնին հողակոյտին մօտ, դեղին պատի մը վրայ, անանուխի թուփ մը տեսայ, վերէն վար թափած, մանիշակագոյն պզտիկ ծաղիկներով։ Շիւղ մը փրցուցի եւ սենեակս բերի։ Այնքա՜ն սիրեցի զայն... ։ Հետեւեալ առաւօտուն, դեռ չլուացուած, փնտռեցի շիւղս։ Խե՜ղճ.... ։ Բառարանի մը աղտոտ էջերուն մէջ ձգեր էի զայն, եւ անճանաչելի դարձեր էին հէք պզտիկ ծաղիկները։ Երբեմն կը մոռնամ այսպէս ջուրի մէջ դնելու... ։ Եւ սակայն, օր մը այս ալիքը պիտի տանի զիս։ Ու դեռ կուրծքիս վրայ ոչինչ սեղմած եմ։

Ալ չեմ կրնար հեռուները նայիլ. աչքերս վաղուց յոգնած են։ Այնքան տառապած են իմ աչքերը։ Յիմար անբանի մը պէս, լոյսէ եւ իտէալէ զուրկ նայուածքս պիտի պտտցնեմ գռիհէ գռիհ, իրէ իր... Օհ, գոնէ կո՜յր ըլլայի... ։

Ի՞նչ եղաւ իմ հոգիիս - երբեմն կը հարցնեմ։ Երբեմն լրջօրէն կը մտածեմ, բայց բան չեմ հասկնար։ Ուրիշներու վրայ շփոթութեան, կասկածի հետքն իսկ չեմ նշմարեր։ Դեռ չտեսայ մէկը որ յօնքերը պռստէր ու քանի մը րոպէ գէթ մէկ ուղղութիւնով սեւեռէր իր նայուածքը։ Ինչու՞ ես... ։

Մտածել թէ՝ ամէնէն մութ պատահարներուն գտնուած եմ։ Անցեալ տարի, գարնան գեղեցիկ իրիկուն մը, ներկայ գտնուեցայ 19 տարեկան աղջկան մը յուղարկաւորութեան։ Չէի ճանչնար զինք կեանքի մէջ։ Կոչնակին ձայնովը եկեղեցի գացեր էի ու հոն գտեր դագաղը։ Երբ թաղման արարողութիւնները աւարտեցան, ժամկոչը հակեցաւ դագաղին վրայ ու պատանքը բացաւ։ Ա՜խ այդ դէմքը... ։ Քողը ինկաւ, աչքերս կուրցնող քողը, եւ ես տեսայ ամէն բան, ակնթարթի մը մէջ... բոլոր լոյսերը եւ բոլոր ստուերները... ։

Յետոյ, գերեզմանատան մէջ։ Երբ ժամկոչը կոշտ ձեռքերով հողի խոշոր կտոր մը դրաւ հէք աղջկան տժգոյն շրթունքներուն վրայ...

Վայրագ ընդվզումս տարի հանդարտեցնելու ծառի մը տակ, Հրանտին հողակոյտին մօտ։ Յուղարկաւորները դուրս կ՚ելլէին մեծ դռնէն՝ հանդարտ ծխելով։ Վերջին Աւետարանը կարդացող քահանան, ծանօթի մը ականջին հակած, բարձրաձայն կը խնդար։

Օ՜հ, ես ի՛նչ պիտի ընեմ այս կեանքին մէջ, այսքան օտարական, այսքան ուժէ զուրկ։ Թռչո՛ւն մը իսկ չի կրնար այսքան ատեն տատանիլ օդին մէջ, հովերուն դէմ, ի վերջոյ իր բոյնը կը մտնէ... ։ Բոյն... ։

Երբեմն, կէս գիշերէն ետք, կ՚արթննամ յանկարծ եւ գրեթէ ատելութիւնով մտիկ կ՚ընեմ, մութին մէջ, յոգնած հայրիկս քունի ձայնը։ Հէ՜ք, հայրս, ինչպէ՜ս կը դատապարտեմ զինք երբեմն՝ իր անմեղ ժպիտներուն, պզտիկ ուրախութիւններուն համար իսկ։ Եւ սակայն, կը սիրեմ զիրենք։ Մանաւանդ մայրս։ Անդորր հողակոյտի մը կարօտը կը հալի իսկոյն հոգիիս մէջ, երբ աչքերուս գծուի մօրս պատկերը... լացող աչքերով, վիշտէն ծերացած... ։

Չէ՜, չէ՜, եթէ նոյնիսկ խելագարիմ, գերագոյն գալարումով մը պիտի յիշեմ այս որոշումս... իմ աչքերս պիտի գոցեմ, երբ անոնցինը փակուած ըլլայ ա՛լ...

Բան մը կայ որ շատ կը զարմացնէ զիս. ի՞նչպէս, առանց յայտնելու տառապանքս, կը քալեմ դեռ՝ դատարկութեան այս բեռը ուսիս։ Մարդ չի գիտեր դեռ. ո՛չ մէկը կը ճանչնայ զիս. ո՛չ մէկ նայուածք իմ աչքերուս գաղտնիքը գիտէ։ Անծանօթ մուրացիկի մը պէս կը շրջիմ, օձիքիս ծայրերը վեր դարձուցած ու ակնարկս պահած բոլորէն։ Ամայի ճամբաներու անյոյսաղքատն եմ ես. ոչ ոք իմ ձեռքիս մէջ պիտի դնէ գթութեան լուման։

Ու պիտի չուզէի արդէն։ Ես ինքս ընտրած եմ իմ մենութեան եւ ճգնումի այս ուղին։ Այս տժգոյն վերարկուն նախընտրած եմ բոլոր վերարկուներէն։ Օ՜հ, պիտի չուզէի լքել քաղցր ժպիտը հպարտ տրտմութեան, որով կը ժպտիմ իրիկունը, ծառի մը տակ, երբ արեւը կ՚երթայ։

Ա՛ստղ մը չծագեցաւ... աստղ մը՝ որ ինծի՛ համար ըլլար, ի՛մ աստղս, որուն լոյսը ի՛մ բիբերուս մէջ միայն պատկեր ու խորհուրդ ըլլար։ Կ՚ըսեն թէ տիեզերքը այնքան անհուն է, որ աստղեր կան որոնց լոյսը դեռ հասած չէ մեր երկրագունդին։ Թերեւս իրիկուն մը տեսնենք զայն։ Դեռ կը սիրեմ մտքիս այս խաղալիկը հին օրերու։ Պատանեկան քաղցր օրերուս, անսահման հիացում ու խանդաղատանք եմ ունեցեր անոր համար։ Քա՜ղցր օրեր, երբ տղայ էի դեռ անմեղ աչքերով։

Ինչպէ՜ս կը ծիծաղիմ հիմա այն ատենուան հոգերուս համար։ Կը կարծէի թէ մեծ բաներ էին ունեցած վիշտերս։ Ինչպէ՜ս կը փնտռեմ հիմա այն օրերը... այն մութ յուսահատութիւնները, քաղցր, անբացատրելի մելամաղձոտութիւնը՝ զոր կը տանէի մայրիէ մայրի, մինակութենէ մինակութիւն։ Երբեմն, անհունօրէն տխուր, կու գայի սենեակս, սեղանիս առջեւ կը նստէի ու գլուխս ձեռքերուս մէջ առած, թախծանօք հայելիիս մէջ կը նայէի։ Օ՜, տժգուներ էի, աչքերս հիւանդ էին, տե՜նդ, տե՜նդ։ Տխուր բան էր կեանքը, պիտի ուզէի մեռնիլ... ։ Վայրկեան մը յետոյ, հրեշտակային ժպիտ մը կը փայլէր բիբերուս խորը, եւ անսահման կարօտով մը աչքերս գոցած, շրթունքներըս կը մօտեցնէի հայելիին մէջ երեւցող իմ շրթունքներուս։

Մե՜ղք իմ աչքերուս... ։

Հոս իմ գիշերս ամէն գիշերէ աւելի շուտ կը հասնի, ինչու որ սենեակս արեւմուտքի երկինքէն շատ հեռու է, և մեծ վայրի ծառերու ճիւղերը միակ լուսամուտիս վրայ կը թափեն իրենց սեւութիւնը։ Դեռ արեւը չգացած, սպասարկու քաղցր զինուոր մը կու գայ ելեկտրական կոճակը կը դարձնէ... ։

 

Չորեքշաբթի...

Ամբողջ օրը մեքենական գործունէութեան մէջ էի. թուղթերս տարի պէտք եղած պաշտօնատունը, ուր, ժամերով սպասելէ ետք, իմացայ տրուած վճիռը։ Շնորհիւ ազնիւ երիտասարդի մը ջանքերուն, Կիւմիւչ Սուի հիւանդանոցը կը գրկուիմ, ուր որեւէ աշխատանք պիտի տան ինծի։ Վաղը պիտի ներկայանամ բժշկապետին։ Կը կարծես թէ որեւէ գործունէութիւն բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենայ վրաս։ Պէտք է որ զբաղիմ ու մոռնամ ինքզինքս։

 

Հինգշաբթի

Այսօր չգացի հիւանդանոց։ Բժշկապետին ուղղուած յանձնարարականներովս զինուած պիտի երթամ վաղը կամ Շաբաթ։

Մինչեւ ցերեկ՝ անշարժ նստայ պատուհանի մը առջեւ։ Կէսօրէ ետք քնացայ։ Ֆիզիքական տկարութիւն մը կը զգամ, անդամներուս վրայ տեսակ մը ծանրութիւն կայ, ու հոգիս լեցուած է անհասկնալի վախով մը։ Ի՞նչ կայ արդեօք։ Երէկ իրիկուն այնքան աղէկ էի եւ յոյսերով լեցուած։ ...

Մահը մեծագոյն դժբախտութիւնն է։ Երանի այն հոգիին որ իր աստղը տեսած է։

Կիրակի...

Ոչ մակընթացութիւն, ոչ տեղատուութիւն։ Հանդարտութիւն։ Հոգիս կը քնանայ դեռ։ Հակառակ բուռն փափաքիս, դեռ չեմ արթննար այս ահաւոր քունէն... ։ Ո՞ւր եկեր ընկղմեր եմ, Աստուա՛ծ իմ։

Քաղցր, երազային օդ։ Այնքան խաղաղութիւն կար ծաղկող ծառերուն ու Վոսփորի ջուրերուն վրայ, որ պահ մը երազանքի անձնատուր եղայ նորէն։ Արեւին տակ, երկար ատեն նստայ եւ Աստուածաշունչ կարդացի։

...

Մինչեւ իրիկուն կատարեալ անշարժութեան մէջ անցուցի։ Իրիկուան դէմ քանի մը նամակներ գրեցի ու թեթեւ մարզանք մը ըրի. յետոյ պահ մը թերասը կեցայ՝ վերջալոյսը դիտելու։ Անօրինակ խաղաղութիւն մը կը գտնեմ հիմա գարնանամուտի այս երազուն մայրամուտներուն մէջ։ Երբ մութնալ սկսաւ, կարճ պտոյտ մը ըրի հոսանքին կողմը։ Հոգիիս քայքայումը նորէն շատ յստակ գոյներով պատկերացաւ աչքերուս։ Ի՜նչ հակապատկեր՝ այդ քաղցր երեկոյեան եւ իմ միջեւ։ Վոսփորի ջուրերը հեշտագին կը սրսփային՝ մարմրող բիւր երանգներով... կը մտածէի դագաղներու զորս կը տանին խաղաղ իրիկնամուտի մը մէջ։

Մէթէրլինկ կարդացի, բայց ոչ մէկ ազդեցութիւն ըրաւ վրաս։ Իր տողերը հեգնել կը թուէին վիշտս։ Իրա՞ւ, կարելի՞ է դեռ այդ տեսակ աշխարհ մը։ Ատանկ հոգիներ կա՞ն մշուշներէն դուրս։ Սաստիկ կը մսիմ այսօր։ Եւ հակառակ ատոր՝ ցուրտ ու դատարկ սենեակներու մէջ կ՚ուզեմ թափառիլ, լուռ, անխօս։

Արդէն սկսած եմ ես իմ վրայ նայիլ իբրեւ ստուերի մը։ Չէ՞ որ երկար ատենէ ի վեր իրականութիւնը կորսնցուցած եմ։ Պիտի ուզէի նոյնիսկ անունս փոխել. պիտի ուզէի որ կոպիտ անուն մը տային ինծի։ Նոյն պատանին եմ հիմա՝ քաղցր, անմեղուկ աչքերով այն անարատ հոգին՝ որ իրիկունները կ՚երթար ծառի մը տակ եթերային երաժշտութիւններ ունկնդրելու։

Որու՞ պիտի ըսեմ իմ ցաւս։ Երբեմն, փողոցին մէջ, կը պատահի որ աչքերս հանդիպին զոյգ մը աչքերու, որոնք ժըպտագին կը յառին դէմքիս մելամաղձութեանը. իսկոյն կը խոժոռեմ դէմքս ու վար կը նայիմ, ինչու որ կը սարսափիմ՝ երբ կը տեսնեմ ինծի ուղղուած կարեկցութեան արտայայտութիւն մը. բայց երբ կը հեռանամ, գլուխս ետ կը դարձնեմ ու կ՚ըսեմ ինքնիրենս. «Երանի թէ աչքերովս ըսէի իրեն եւ այնպէս անցնէի»։

Իրա՜ւ, որու՞ պիտի ըսեմ այս ցաւկ։ Հոգի՛ն... ։

... Հակառակ սաստիկ ցուրտին, թերասը նստայ ու ոտքերս երկաթ ձողերուն վայ հանած՝ ժամերով Համլէդ կարդացի։

Անցեալ օր, հին դիրքերու մէջէն գտայ զայն, Համլէդի հայերէն թարգմանութիւնը։ Բաւական յաջող թարգմանուած է, ու էեւ բնագրին առնական ու վայրագ գեղեցկութենէն շատ բան կորսուած է, բայց դարձեալ հզօր ազդեցութիւն մը ըրաւ վրաս։ Կը խորհիմ թէ այս դիրքը կը ներդաշնակի հոգեըան ծայրայեղ վիճակներու հետ միայն։ Այդ անաշխարհային քերթուածը՝ անօրմալ հոգիներու համար միայն գրուած է։ Կեանքի հասարակ մակարդակէն փարսախներով վեր կամ փարսախներով վար գտնուողները միայն կարդալու են զայն. բոլոր յուսահատ և մութ հոգիները, սիրահարները, կեանքը անիծողները, կեանքը օրհնողները, փոթորկող, գալարուող, սաւառնող հոգիները։

Ի՞նչ պիտի ընեն ինծի պէս հոգիները, որոնք երկնքին եւ երկրին միջեւ կը տատանին։ Որոնք ո՛չ կրնան իջնել ու համակերպիլ երկրային գռեհկութիւններուն, ոչ ալ բաւական ոյժ ունին՝ իրենց ամայի եւ ցուրտ բարձրութենէն թռչելու աւելի վեր... հո՜ն կը մնան, անսիւն, չլմորած, մինչեւ որ՝ ցնորքի մշուշներով ծանրաբեռնուած՝ դիւային քրքիջներով թաւալին... «The rest is silence»։

... Ժամերէ ի վեր առանձին եմ մեծ ու թափուր սենեակին մէջ, ուր արեւի ճառագայթ մը չի թափանցեր օրուան որեւէ պահուն։ Վիհը երթալով կը լայննայ, վիհը՝ որ կ՚անջատէ զիս ամէն բանէ։ Ի՜նչ աղէկ կը պատշաճիմ հիմա կրօնական խօլ նւիրումի մը. մե՜ղք որ այս ալ կարելի չէ։ Ամայի բարձունքի մը վրայ, ապառաժի մը տակ փորուած նկուղի մը մէջ, գիշեր ցերեկ ծունկի վրայ աղօթել։

Պէյրութէն վերադարձիս, խաղաղ աստղազարդ գիշերներուն, թերասը լոնկ-շեզի մը վրայ ընկողմանած, կ՚երազէի. կ՚երազէի՝ մինչ շոգենաւը յամրօրէն կ՚անցնէր ամայի, անմարդաբնակ կարծուած կղզիներու առջեւէն։ Երբեմն, յանկարծ լոյս մը կ՚երեւէր բարձունքի մը վրայ, որուն կարօտագին կը յառէի, երանի տալով հոն բնակող հոգիին։ Բայց հիմա ա՛յդ իսկ կարելի չէ։ Վայրկեաններ կ՚ըլլան որ լուսնոտի չափ կը տժգունիմ հոգիիս թափուրութեանը անդրադառնալով յանկարծ։ Կը վախնամ ես ինձմէ։ Կը վախնամ ամէն բանէ։ Մինակ կարելիութիւն մը կայ հիմա... ։

Բոլոր մտածումներս անկապակից են։ Ժամը 5ին եւ ժամը 12-ին ունեցած մտածումներուս միջեւ անդունդ մը կայ։ Տարօրինակ է որ հիմա իսկ, այս ծայրայեղ ինքնալքումին մէջ իսկ, դեռ յոյսի պահեր կ՚ունենամ, թէեւ իսկոյն կը հեգնեմ։

Ցուրտ վերջալոյս։ Խաղաղ անյուսութիւն մը կը կախուի բոլոր ամպերէն։

Կը սառիմ ցուրտին, բայց վար պիտի չերթամ։ Սաստիկ ատելութիւն մը կը զգամ ես ինծի հանդէպ, երբ յանկարծ կը գիտակցիմ թէ վառարանին քով նստած եմ, ոտքերս կախած ու անշարժ։ Քանի օր է դուրս չեմ ելլեր. ի՞նչ հարկ։

Անցեալ օր, երբ հոսանքին կողմը կը պատէի, թրամուել մը անցաւ, ու նոյն պահուն, ելեկտրական թելերուն նայելով, ահաւոր գաղափար մը ունեցայ։ Կարելի է ակնթարթի մը մէջ... ։

Հրաշալի օդ։ Ա՛լ գարնան օրերը կը սկսին։ Գինովցնող անդորրութիւն մը կը ծորի երկինքէն. ամէն կողմ կանաչութիւն ու ծաղիկ... կեա՜նք։

Դառնօրէն կը ժպտիմ։ Հոգիիս աւելի պիտի յարմարէին, կը խորհիմ, աշնան օրերը, իրենց սեւ լրջութիւնով։ Ի՜նչ օգուտ ինծի այս փթթումը։ Արեւուն տաքուկ շողերը թունալի հեգնանքով մը կ՚իջնեն վրաս։ Ո՛չ գգուանք, ո՛չ զուարթութիւն կ՚ակնկալեմ, ոչինչ։ Միայն՝ թող հանդարտ ձգեն զիս։ Օհ, անյոյս հոգիներուն գերագոյն իրաւունքն է այդ։ Անկախ ըլլալ կ՚ուզեմ ու շղթաներով կապուած եմ։ Ամէն անգամ որ ցաւիս հետ անկիւն մը քաշուիմ՝ վճռական խորհրդածութիւն մը ընելու, հազար տեսակ հոգեր ու մտածումներ կու գան, կը պաշարեն միտքս. այն ատեն՝ խորհրդածութիւնս կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը ու կ՚ըլլայ խաղալիկ մը անկապ ու զիրար հերքող գաղափարներու։ Ու ոչ մէկ եզրակացութիւն։ Իրականութիւնը տակաւ կը լքէ զիս, ու տարտամութիւնը կ՚աճի, ցնորքը թեւեր կը բանայ։

... Ի՜նչ երջանիկ մարդիկ են այս յոյն ձկնորսները։ Մինչեւ իրիկուն իրենց պոռչտուքներովը լեցուն է տուներնիս։ Շատ անգամ կը դիտեմ զիրենք. իրենց աշխատանքը, հանդարտու միօրինակ, առտուն մթնշաղին կը սկսի, իրիկուան մթնշաղին աւարտելու համար։ Քանի կը նայիմ պատուհանէս, կը տեսնեմ զիրենք զբաղած՝ իրենց մերկ ու զօրաւոր բազուկներովը՝ ուռկանը քաշելու։ Ծերեր ու մանուկներ ալ կան անոնց մէջ, բոլորը կայտառ, կարմիր այտերով ու շողացող աչքերով։ Մասնաւոր հաճոյքով կը դիտեմ զիրենք, երբ ժամերով աշխատելէ ետք, իրենց աղտոտ ժաքէթները ուսերնուն կ՚առնեն ու ծովեզերքի քարերուն վրայ կը նստին՝ պատառ մը հաց ուտելու։ Այս բոլոր մարդիկը հոգի մը կը կրեն։ Ի՜նչ դիւային խառնուրդ է մարդկային ընկերութիւնը։

... Աւելի դիւրին է լեռներ տապալել ու ովկիանոսներու ջուրերը տեղափոխել՝ քան հոգիէ մը կորզել իր բնոյթը։

... Խաղաղ, աստղալի գիշեր։ Եթերային մշուշ մը կը գրկէ Վոսփորը ու դիմացի եզերքները, որոնք երազային տեսիլներու փոխակերպուած են։ Կաթիլ մը հով չկայ։ Աչքերս գոց, գիշերային այս անդորրութիւնը կ՚ըմպեմ։ Գինով եմ... ։

Ժամերով քալեցի վերջալոյսի երկնքին տակ։ Անհունութեան մէջ կորսուած հետք մըն եմ։

... Երէկ իրիկուան վերջալոյսին տպաւորութիւնը դեռ կը տեւէ հոգիիս մէջ։ Ամէն վայրկեան անհունութենէն շրջապատուած եմ. ի՛նչ որ ալ ընեմ, ի՛նչ որ ալ մտածեմ, ի՛նչ որ ալ պատահի շուրջս, այս նեղ, զզուելի շրջանակիս մէջ, միշտ հոն է անիկա, անյեղլի, գերիվեր, ահաւոր... Անոր ամբաւ լռութիւնը կը ծածանի ամէն վայրկեան իմ հէք գործերուս և խորհուրդներուս վրայ։ Ի՜նչ հեգնանք։ Շլմորած մանրէ մըն եմ, որուն համար՝ գերագոյն կարելիութիւնը կլոր տերեւ մըն է միայն։