Օրագրութեան էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՕՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. - Օրագրութեան այս եջերը կ՚ընդգրկեն երեք տարբեր շրջաններ Մ. Զարիֆեանի կեանքէն. -

ա) Զինուորական ծառայութեան տարիներ, թրքական բանակին մէջ.

բ) Պաշտօնավարութիւն անգլիական բանակին մէջ, որպէս թարգման.

գ) Պոլսոյ Պէրպէրեան Վարժարանին մէջ ուսուցչութեան օրերէն մինչեւ իր մահը երկարող տարիներ, առաւելաբար մտերիմ ապրումներու սեւեռումով։

Օրը օրին կատարուած արձանագրութիւններ են բոլորն ալ։ Հեղինակը երբեք մտադրութիւն չէ ունեցած օր մը հրատարակութեան տալու այս էջերը։ Մէկէ աւելի անգամներ փորձուած է նոյնիսկ փճացնելու զանոնք։

Օրագրութիւնները յաճախ չունին թուական, տարեթիւ կամ ամիսի անուն։ Այստեղ կը տրուին անոնք՝ համապատասխան խմբաւորումներով ու մօտաւոր թուականներու յիշատակութեամբ։