Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս... ԻՆ [1]

1

Շաբաթ... Սիրելի Սերպի,

Հիմա ստացայ նամակդ. իրաւունք ունիս, սիրելիս։ Ինչպէս երէկ ըսի, ըրէ ի՛նչ որ յարմար տեսնես։ Ալ որեւէ բողոք պիտի չընեմ, հաւատա։ Եթէ ես քու տեղդ ըլլայի, բոլորովին տարբեր բան կ՚ընէի, բայց ամէն մարդ իր նկարագրին համաձայն կը շարժի, այնպէս չէ՞։ Արդէն, այնքան ալ մեծ բան մը չէ եղածը. նոյնիսկ, թերեւս չտրտմեցնէ իսկ զիս։ Կարեւորը ա՛յն է որ կը պաշտեմ քեզ, ու դուն ալ կը սիրես զիս։ Ահա գտայ իրական բառերը, այնպէս չէ՞

Առաջ չէի գիտեր թէ այսքան սկեպտիկ էի, բայց քեզի հանդէպ ունեցած սէրս ինձ ճանչցնել տուաւ նկարագրիս այս գիծը։ Հակառակ ամէն բանի, դեռ պզտիկ կասկած մը կը յամենայ հոգւոյս մէջ, չեմ գիտեր ինչու։ Կը վստահեցնեմ քեզ, իմ սիրելի Սերպիս, թէ ատիկա կը յայտնէ քեզի համար ունեցած փարումիս խորութիւնը։ Մէկէ աւելի կիներ ըսին ինծի թէ զիս կը սիրեն, կը պաշտեն. անմիջապէս հաւատացի, որովհետեւ չէի սիրեր զիրենք։ Պէտք չունէի կասկածելու, տանջուելու։ Բայց քու պարագադ բոլորովին ուրիշ է։ Ասով ըսել չեմ ուզեր թէ չեմ հաւատար քեզի. ո՛չ, գիտեմ հարկաւ թէ շահ չունիս զիս խաբերէ... եւ սակայն... ։

Երէկ պէտք չէի գալ կղզի եւ մտադրութիւն ալ չունէի գալու։ Չեմ գիտեր ինչպէս եւ ինչո՛ւ եկայ։ Քեզի քանի մը տող գրելէ ետք, անկողնիս վրայ երկարեցայ, քնանալու համար քիչ մը։ Շատ յոգնած էի։ Աչքերս գոցած էի եւ քնանալու վրայ էի, երբ նաւը սուլեց իր ամբողջ ուժովը, յուսահատ մարդու մը նման։ Աչքերս բացի եւ յանկարծ մեծ փափաք մը ունեցայ նաւուն մէջ ցատկելու և քեզի գալու։ Կը տեսնես թէ ի՜նչ silly եմ։ Արդէն երէկ երեկոյ արժանի եղայ այդ ածականին՝ քու բերնէդ. ըսիր՝ «Dont be silly»... բայց այնքան դժուար է չըլլալ... ։

Նաւը կու գայ, հոնկէ կը շարունակեմ։

Ահա նաւուն մէջն եմ։ Չփախցնելու համար՝ ա՛յնքան արագ վազեցի որ հիմա հեւասպառ եմ։

 

2

Ստիպուած եմ նամակիդ պատասխանել, հակառակ տուած որոշումիս։ Վերջին նամակդ այն տեսակ մտածումներ արթընցուց մէջս որ հարկ է քեզի նամակ մը եւս գրել, քանի մը բացատրութիւններ տալու համար։

Սերպի, ունեցած բարեկամներուս մէջ թերեւս միա՛կն ես դուն որուն հետ կրնամ անկեղծ ըլլալ։ Ամբողջ արժանիքդ հոգ է արդէն։ Այս անգամ պիտի գրեմ քեզի ինչ որ մտածած եմ շատ երկար ատենէ ի վեր, մանաւանդ այս նամակդ ստանալէս վերջ։

Մինչեւ հիմա քեզի հանդէպ ունեցած «mysterieux» ընթացքիս պատճառը կ՚ուզեմ ըսել այսօր։ Կը խոստովանիմ թէ իրաւունքդ է հասկնալ այդ բանը, ինչու որ հիմա կը գիտակցիմ թէ սովորական բարեկամութենէ մը գերիվեր կապերով կապուած ես ինծի։ Գիտե՞ս թէ ինչու երկար ատեն դադրած եմ գրելէ քեզի, անպատասխան թողելով բազմաթիւ նամակներդ, խուսափելով քեզ տեսնելէ։

Սերպի, ես ինձմէ կը վախնամ։

Թերեւս պիտի չհասկնաս թէ ինչ ըսել է ասիկա։ Բացատրեմ. - պատանութեան առաջին օրերէս իսկ, տարօրինակ հոգի մը ունեցած եմ, իմ բոլոր մտածումներովս ու զգացումներովս՝  բոլորովին տարբեր բան եղած եմ շուրջիններէս. ատոր համար է որ միշտ տեսակ մը վայրի կեանք ապրած եմ, ամէն տեսակ ընկերութիւններէ խուսափելով։

Մինչեւ համաշխարհային պատերազմին սկիզբը այսպէս տեւած է։ Եւ սակայն, այդ ատենուան հոգեկան վիճակիս մէջ որեւէ հիւանդագին բան չկար։ Քեզի հետ ունեցած բարեկամութիւնս ՝ զինուորական այս սարսափելի աղէտին հետ զուգադիպեցաւ։ Գիտես թէ քեզ ճանչցած օրս իսկ զինուոր էի։ Երբեմն կը մտածեմ որ՝ եթէ տարբեր պայմաններու տակ ճանչցած ըլլայի քեզ, որքա՜ն տարբեր արդիւնք կրնար ունենալ այն քաղցր մտերմութիւնը որ մեր հոգիներուն մէջ բոյն դրաւ՝ միայն երեք տարուան բարեկամութեան մը միջոցին։

Այս զինուորութիւնը զիս դժբախտացուց։ Սկիզբները, Սերպի, լաւ տոկացի, բայց հետզհետէ սպառեցաւ բարոյական կորովս, մինչեւ որ հասայ ջղային կատարեալ «paralysie»ի մը... ։

(Շարունակութիւնը կորսուած։ - ԽՄԲ)

 

3

Չորեքշաբթի

Երէկ դեռ չէի ստացած նամակդ, որով գացի քեզ տեսնել, ինչպէս որոշած էինք։ Եւ դուն չեկար... ։ Չես գիտեր ի՜նչ յուսահատութիւն տիրեց ինծի, երբ մինչեւ ժայռերը գացի եւ հոն չգտայ քեզ։ Եթէ տենդ չունենայի, աւելի հանդարտօրէն պիտի խորհրդածէի. բայց կարող չէի տիրապետել մտածումներուս. ամենախենթ բաները մտածեցի։ Նախ մտածեցի որ թերեւս հիւանդ էիր. յետոյ թէ՝ հաւանաբար վէճ ունեցար մամայիդ հետ։ Յետոյ... բայց չէ, շատ յիմար բան էր այդ տեսակ մտածում մը ունենալ։ Գացի Ն... ին, քեզմէ լուր առնելու համար։ Բան մը չէր գիտեր. միայն ըսաւ թէ հիւանդ չես եւ թէ շատ զբաղած ես։ Վերջապէս շատ ջղայնացած էի, բայց կը ներեմն քեզի։ Եւ արդէն անիրաւ չէիր։

Ըսի Ն... ին որ տեղեկացնէ Տիկին Ն... ին թէ շատ կը զղջայի նաւուն մէջ զինք վշտացուցած ըլլալուս համար։ Իրապէս, պէտք չէր որ ընէի, քանի որ ան կին մըն է, իսկ ես այր մը. ու թէեւ մէկէ աւելի իրաւունքս էր իրեն քանի մը դաժան խօսք ընել, բայց պէտք չէր որ այդքան չար ըլլայի։

Ան շատ յուզուած էր, բայց կը վստահեցնեմ թէ ինք սկսաւ վէճը. ընդհակառակը, ես ուզեցի խոյս տալ։ Երբ անգամ մը բաց ծով ելլես, ա՛լ դժուար է առագաստները լաւ վարել, ու փոթորիկը կ՚առնէ կը տանի նաւակն ու մէջը եղածները... ։ Չէի ուզեր վշտացնել այդ կինը։ Ան յաճախ խիստ բարի գտնուած է ինծի հանդէպ։ Յետոյ, զիս կը ճանչնայ երեխայ օրերէս։ Ան տեսած է, նոյնիսկ համբուրած՝ անմեղութեամբ լեցուն աչքերս, երբ աղէկ մըն էի։ Վերջապէս, ինչ որ եղած է՝ եղա՛ծ է։

Այսօր քեզ պիտի յանդիմանեմ զիս խաբած ըլլալուդ համար, այն նամակներուն շուրջ՝ որոնք անոր ղրկած էի հիւանդանոցէն, եւ ուր, կատակի համար, երեւակայական սիրահարութիւններ պատմած։ Անիրաւ ես, ու քեզ պատժելու համար... ուժգին պիտի համբուրեմ։

Ահ, ինչքա՜ն ջղայնացայ երէկ՝ մինակ սպասելով նաւուն։ Երեւակայէ որ գամուած մնացեր էի սպասման նստարաններէն մէկուն վրայ եւ տուփ մը անբողջ սիկարէթ ծխեցի։ Բաւական բարկացած էի եւ այդ տրամադրութեամբ շատ մը բաներ որոշեցի, բայց այս առաւօտ, քու գողտրիկ նամակդ կարդալով, ամբողջ ցասումս փարատեցաւ։ Ա՜հ, եթէ ուրիշ մը ըլլար այդ բանը ընողը, Աստուած իմ, չեմ գիտեր ի՛նչ կ՚ընէի իրեն։ Այդ ըսել չէ, անշուշտ, թէ ընդմիշտ պիտի ներեմ քեզի բոլոր ըրածներդ եւ ընելիքներդ։ Ոչ, հազար անգամ ոչ։ Դեռ բաւականին ոյժ կը զգամ մկանուքներուս մէջ՝ խորտակելու համար շղթան որ նետած ես վզիս շուրջ. դեռ շատ ուժեղ եմ, սիրելիս, կը վստահեցնեմ քեզ. թէեւ գիտես արդէն թէ ահաւոր կարողութիւնը ունիմ տառապանքի։ Կրնամ աշխարհի մէկ ծայրը քաշուիլ եւ հոն ամբողջ կեանք մը լուռ տառապիլ։ Բայց ինչո՛ւ կ՚ըսեմ քեզի այս բոլորը։ Յանցանք մը չըրիր։ Ահ, ի՛նչ յիմար եմ... ։

Ինչո՞ւ կու գամ այսօր։ Գուցէ աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ չգայի։ Հաւանաբար պիտի նշմարեն թէ խիստ յաճախ կու գամ քու կղզիդ. յետին մտածումներ պիտի ունենան, ու բամբասանք պիտի ըլլայ. եւ դուն գուցէ ապարդիւն անձկութիւններ պիտի ունենաս։ Բայց, այս մտածումը երբեմն շատ կը ջղայնոտէ զիս։ Ինչո՞ւ այդքան երկչոտ ես, Սերպի։ Եթէ ես քու տեղդ ըլլայի, բոլորովին տարբեր ընթացք պիտի ունենայի։ Կ՚ըմբռնեմ թէ երիտասարդ աղջիկ մըն ես, ու ծնողքդ պարտականութիւն ունի հսկելու վրադ, բայց ա՞յդ աստիճան։ Օհ, շատ է։ Ի՞նչպէս կը տանիս այդ ծանր շղթաները։ Ինչո՞ւ չունենաս ազատութիւնը խօսելու բարեկամի մը որ նախընտրած ես եւ շահած է քու վստահութիւնդ։ Ուրիշ աղջիկներու պէս չես։ Լուրջ ես։ Չեմ կարծեր որ կրնաս յիմարութիւններ գործել։ Ուրեմն ինչո՛ւ վստահութեան այս պակասը քու մասիդ՝ ծնողքիդ կողմէ։ Ինչ տգե՛ղ է։ Կը խորհիմ սակայն, թէ դուն ալ յանցաւոր ես այս բանին մէջ։ Պէտք է որ զգացնես իրենց թէ հոգի մը ունիս ազատ՝ բարեկամներու ընտրութեան համար, թէ ան իր օրէնքնեը ունի՝ համակրութիւններու կամ հակակրութիւններու առջեւ։ Իրապէս, անիրաւ ես։ Հրաշք մը պիտի ըլլար քեզի չափ երկչոտ աղջիկ մը գտնել... ։ Մի՛ վշտանար խօսքերէս։ Ես Տէր հայր չեմ քեզի խրատներ տալու համար, նոյնիսկ թելադրանքներ չեն ըսածներս։ Ի՜նչ... մտադրութիւնը ունիմ արդեօք քեզ ըմբոստութեա՞ն մղելու մօրդ դէմ։ Աստուա՜ծ պահէ զիս այդ օրէն։ Բայց կը գթամ վրադ, տեսնելով անձկութիւններդ ու նեղութիւնդ, երբ ինծի ըսելիք բառ մը կ՚ունենաս ծովափին կամ նաւամատոյցին վրայ։ Ի վերջոյ, ըրէ ի՛նչ որ կ՚ուզես. միայն՝ երբեմն անհանգիստ կ՚ըլլամ, նշմարելով քու պահպանողական ձեւդ կամ վախդ։ Այդ անճիշդ կացութիւն մըն է ինծի համար, ու կը հանդուրժեմ՝ պարզապէս անոր համար որ կը սիրեմ քեզ, բոլոր երկրորդական նկատումներէ վեր։ Մտածէ լաւ մը այս ըսածներուս վրայ եւ տես թէ կրնա՞ս դուն ալ պատասխանել (երբ հարցնեն թէ ի՞նչու հետը կը խօսիս). «որովհետեւ, կը սիրե՜մ զինք»։

 

4

Սիրելի Սերպիս,

Հիւանդ եմ թէեւ, բայց պիտի գամ քեզ տեսնելու։ Ինչո՞ւ բառ մը չուղարկեցիր։ Կիրակի շատ գէշ օր մը եւ աւելի մռայլ գիշեր մը անցուցի։ Բնաւ չկրցայ քնանալ։ Երկուշաբթի առաւօտ շատ տենդ ունէի, բայց այսօր լաւ եմ։ Միայն՝ տարօրինակ յոգնութիւն մը կայ մարմնոյս մէջ, եւ անզուսպ տրտմութիւն մը կը պարուրէ զիս ատեն ատեն։ Պիտի գամ քեզ տեսնելու, որովհետեւ չեմ կրնա չգալ։ Գուցէ պիտի կռուինք, ո՜վ գիտէ։ Թերեւս քաղցրօրէն իրար պիտի սիրենք առաջին րոպէէն իսկ։ Երբեք չկրցանք իրականացնել այս վերջինը։ Միշտ դարձուածքներով եւ անիմաստ խօսակցութիւններով կը սկսինք, յաճախ նոյնիսկ սովորական բաներով։ Այս անգամ պիտի համբուրեմ քեզ՝ առանց բառ մը իսկ ըսելու, իսկոյն որ նստինք մեր ժայռին վրայ։

Ա՜հ, սրտիս շուրջ եղող սա շղթաները։ Րոպէներ կ՚ունենամ երբ դառնօրէն կը զղջամ կորուստը իմ հին ազատութեանս։ Կ՚ուզեմ կրկին քմայքոտ ըլլալ եւ չեմ կրնար։ Հիմա քու կարգդ է։ Երբեմն կը բարկանամ երբ չար եւ քմայքոտ կը դառնաս, բայց իսկոյն կը յիշեմ իմ չարութիւններս եւ աչքերս կը գոցեմ՝ քեզ աւելի լաւ պաշտելու համար։ Կը խնդրեմ, Սերպի, քմայքներ ըրէ, զիս չարչարէ, տանջէ։ Չես գիտեր ի՜նչ անհուն հրճուանք կը զգամ այդպէս։

Բայց, ա՛լ մի ատեր զիս։ Պէտք է որ սիրես զիս ամբողջ հոգիովդ, որպէսզի կարենամ ապրիլ։ Պէտք է որ քաղցրօրէն փայփայես զիս, որպէսզի ամբողջովին հեռանամ մահէն ու ժպտիմ կեանքին։ Սիրէ՜ զիս, Սերպի. չես գիտեր թէ ո՛րքան անհրաժեշտ է ինծի ատիկա, որքան կարեւոր է որ ունենամ ամբողջ հոգիդ, առանց որեւէ վերապահութեան... ։

Չեմ գիտեր թէ արդեօք ամբողջովին կորսնցնելու վրայ չե՞մ իմ անկախութիւնս։ Իրա՞ւ, իմ կամքս եւ հպարտութիւնս այլեւս ոյժ չունին բոլոր ըրածներուս եւ ըսածներուս դէմ։ Չեմ գիտեր։ Գուցէ դեռ ոյժ պիտի ունենամ դիմադրելու, բայց սա միջոցին կը թուի ինծի թէ անհուն եւ փոթորկայոյզ ծովու մը մէջ կը գտնուիմ ու վայրագ ալիքներու վրայ կը տատանիմ՝ բեկորի մը նման։

Սէ՞րն է այս։ Չեմ գիտեր։ Անօրինակ տառապանքներ եւ անօրինակ հրճուանքներ ունիմ։ Հսկայ մելամաղձութիւն մը կը ողողէ հոգիս, եւ այդ թախիծը թանկարժէք բան մը կը թուի ըլլալ ինծի։ Չեմ ուզեր կորսնցնել զայն։ Պատրանք մը՝ գուցէ։ Ահ, ամէն ինչ պատրանք չէ՞ - կեանքը, տիեզերքը... սէրը... երեք մեծ պատրանք... ։

Անցեալ օր, երբ քեզ սրտիս կը սեղմէի, այս նոյն մտածումը պաշարեց միտքս։ Ողորմելի կմախքներ ենք մենք եւ զիրար կը գրկենք, զարիր կը համբուրենք, որպէս թէ յաւիտենականութեան վստահութիւնը ունենայինք, որպէս թէ մահը քանի մը քայլ անդին չըլլար, Ամէն անգամ որ այդպէս, աղեկներու նման կը զուարճանանք մեր ժայռին վրայ, հոն է Ան, մեր քովը, գուցէ մեր ժայռին ետեւը եւ մեզ կը ծաղրէ։ Կը յիշե՞ս, անցեալ երեկոյ, մեր բաժանումէն քիչ առաջ, երբ յուսահատօրէն քու հրաժեշտի համբոյրդ կու տայիր ինծի, ըսի քեզի թէ դիակ մը կը համբուրես, բայց դուն չհասկցար։ Ինչո՞ւ... ։

Ահա ծովը կը փոթորկի։ Պիտի ուզէի որ մինակ ձգէին մեզ վայրի ծովու մը ափին, մենաւոր խրճիթի մը մէջ... ։ Կը գրեմ անկողնիս վրայ պառկած, մինչ անհուն տենչ մը քեզ թեւերուս մէջ սեղմելու՝ կը լեցնէ հոգիս։ Գիտեմ թէ շուտով պիտի մեռնիմ, բայց կ՚ուզեմ սիրել քեզ՝ տանջանքի պահերէս առաջ։

Տենդը կ՚այրէ ճակատս։ Ներէ որ այսքան անկանոն բաներ կը գրեմ։

Կ՚ուզեմ շուտով քեզ տեսնել, բայց հաւանաբար տափակ բաներու շուրջ պիտի խօսիմ կրկին, փոխանակ քեզ պաշտելու... ։

 

5

Սիրելի Սերպի,

Երէկ, երկար պտոյտէ մը վերադարձիս, ստացայ քու գողտրիկ նամակդ։ Հիմա կղզի կ՚երթամ եւ սպասման սրահին մէջ մէկ ժամէն աւելի պիտի սպասեմ. կ՚ուզեմ այդ ամբողջ ժամանակը քեզի գրելով անցընել։

Կը խնդրես (շատ սիրալիր) որ ըսեմ թէ ի՛նչ ըրի մեր բաժանումէն յետոյ։ Բոլո՞ր ըրածներս։ Շատ պարզ է. ահա երկու բառով. - քե՜զ երազեցի... ։ Ահա ամէն բան ըսի մանրամասնօրէն... Այս ամբողջ շաբթուան կեանքս թուած կ՚ըլլամ, եթէ աւելցնեմ՝ երազեցի՜ եւ տառապեցա՜յ... ։

Այո, սիրելիս, ի՞նչ կ՚ուզես։ Երբ նաւը քեզ առաւ, տանելու դաշնակիդ առջեւ նետելու համար քեզ, ես ալ զբաղեցայ... ինքզինքս օրօրեցի երազներով։ Երբեմն շատ քաղցր երազներ, երբեմն շատ մռայլ։ Որով, այն միջոցին երբ դուն ինքնամոռացում կ՚ունենայիր ժամերով, օրօրուած Շիւպերդի երաժշտութեամբ, նայուածքդ երազանքի մէջ կորսուած եւ հոգիդ հազար լաւ բաներով պարուրուած, գիտե՞ս թէ ինչ կ՚ընէի ես... յամրօրէն, հանդարտօրէն, բայց ոչ առանց տրտմութեան, իմ աշխարհիս շրջանը կ՚ընէի - կղզիէն կ՚երթայի Սկիւտար, հոնկէ՝ Առնաուտագիւղ, անկէ կրկին վերադառնալու համար կղզի, եւ այս բոլոր պզտիկ ճամբորդութիւնները ըրած միջոցիս՝ նաւերուն մէջ, նաւակներուն մէջ, հանրակառքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ սենեակիս մէջ՝ կերազէի՜, կ՚երազէի՜, կ՚երազէի՜... ։

Պէտք է որ գիտնաս իմ հակումս աշնանային մռայլ օրերու հանդէպ։ Ահա վերադարձած են անոնք։ Սրտերը եւ տրամադրութիւնները բաւական փոխուած են նախկին աշուններէն ի վեր, բայց եւ այնպէս, սիրտս (հոգ չէ թէ ծերացած) դեռ կը պահէ շարք մը զգացումներ՝ այս գեղեցիկ իրիկուններու թախիծին յատուկ։ Այդպէս, անմիջապէս որ երկինքը տժգունի, կը գոցեմ գիրքս, կ՚առնեմ խոշոր գաւազանս եւ կը ձգեմ սենեակիս առանձնութիւնը՝ տարբեր առանձնութեան մը մէջ մխրճուելու համար - բլուրներուն՝ եթէ Սկիւտար եմ. նաւակի մը՝ երբ կղզի եմ. ծովափի առանձնութեան՝ երբ Առնուատգիւղ եմ։ Գիշերամուտին կը վերադառնամ յոգնած ու քիչ մը թախծոտ, քանի որ, ի վերջոյ տրտմութիւնն է որ կ՚անցնի առանձնութեան մէջէն, երբ անցեալի յուշերը լոկ կը խօսին... ։

Հիմա ձգելով անձնական բաները, վերադառնանք քեզի եւ քու վերջին նամակիդ։ Շնորհակալ եմ խրատներուդ համար. ընդհանրապէս լաւ էին անոնք։ Կը խոստովանիմ թէ շատ չեմ սիրեր ուրիշին խրատները, թէեւ քուկիններդ զիս չնեղացուցին. ընդհակառակը, իմ մէջ զօրացուցին տպաւորութիւնը թէ ամայի ճամբուս վրայ բարեկամուհի մը ունիմ, մէկը՝ որ չի վախնար իր ձեռքը տալու իմ սառած ձեռքիս... ։

Մեկնելէդ ետք, բազմաթիւ անգամներ զարմացայ՝ մտածելով քու հոգւոյդ յանդգնութեան։ Ըսէ՛ ինծի, կ՚աղաչեմ, ինչպէ՜ս չես յուսահատիր ինձմէ. ինչպէ՜ս կանգ չես առներ ըսելով՝ ա՛լ ձանձրացայ»։ Բաւականին տարօրինակ է։ Ըսէ ինծի, Սերպի, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ այդպէս չես մտածեր, այլ ընդհակառակը, այնքան լաւ բաներ կը մտածես իմ մասիս եւ այդքան քնքշօրէն։ Սաստիկ կը զարմացնեն զիս այդ բոլորը։ Մեր վերջին տեսութենէն յետոյ, կը խորհէի թէ ամէն բան վերջացած էր ալ մեր միջեւ, թէ՝ զիս բաւականին ցուրտ կը գտնէիր, «ծերացած մարդ մը», իմ ճակատագրէս բաժնելու համար քուկինդ։ Իւրաքանչիւր ժամադրութենէ ետք, երբ կը տեսնէի քու անյայտանալդ մացառներուն ետեւ, ու ես մինակ կը մնայի ծովափին, բազմաթիւ դառն բաներ կը խորհէի, կ՚ըսէի ինքնիրենս. «Ան այլեւս հին օրերու հոգին չգտաւ մէջս, փոխուած գտաւ զիս, տխո՜ւր։ Այն ժամանակ լեցուն էի յոյսով, լեցուն՝ ապագայով, գեղեցիկ ծրագիրներով, այն ժամանակ երբ հանդիպեցայ իրեն՝ հեռաւոր գիւղին անտառներուն մէջ... ։ Հիմա ի՞նչ խորհեցաւ արդեօք ան, այս նուազուն, հիւանդագին ակնարկին առջեւ, այս ծալքերով բեռնաւոր ճակատին մտահոգ երեւոյթին հանդէպ։ Բայց մանաւանդ՝ ի՞նչ տպաւորութիւն կրեց այս պարապ, ահաւոր կերպով պարապ սրտին առջեւ... »։

Այսպէս կ՚ըսէի, եւ այս մտածումները գլխահակ կ՚ընէին զիս, երբ յամրօրէն (կարծես բեռ մը ունենայի ուսերուս) կը մագլցէի դէպի քրոջս տունը տանող զառիվերը։ Այս մռայլ տպաւորութիւններուն տակ, տետրակ մը կ՚առնէի, դառնութեամբ լեցուն քանի մը տողեր գրելու համար հոն, ու երբ վերջանար, ժամերով կը մնայի նստած՝ նայուածքս յառած դիմացս տարածուող պարապութեան։ Այսպէս էր որ գրեցի օր մը, տրտում, ժամադրութենէ մը վերադարձիս, պզտիկ քերթուածը - «Երաժիշտի մը Մահը» - զոր չկրցայ քեզի տալ կարդալու համար, անոր տխրութեանը պատճառաւ։ Չեմ ուզեր աչքերդ լեցնել արցունքներով, այլ ժպիտներով, երջանկութեամբ... ։

 

6

Իմ շատ սիրելի Սերպիս,

Այնքան յոգնած էի որ իսկոյն անկողին մտայ, բայց երկար ատեն չկրցայ քնանալ։ Լուսինը այնքան գեղեցիկ էր, եւ իմ հոգիս այնքան տրամադիր երազանքի... ։

Դուն կը մեղքնաս զիս՝ տանջանքներուս համար, իսկ ես շնորհապարտ եմ քեզի որ կը տանջես զիս։ Պիտի ուզէի որ յաւերժօրէն այսպէս ըլլար, չվերջանար։ Այս մելամաղձութիւնը այնքա՜ն քաղցր է։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ կարող չեմ լալու քու մօտդ։ Երէկ այնքան կը տենչայի լալ ծունկերուդ վրայ, բայց չկրցայ։ Նաւուն մէջ, ամայի տեղ մը կեցայ, եւ անմիջապէս որ նաւը ճամբայ ելաւ՝ տա՛ք արցունքներ թրջեցին այտերս։ Հպարտութի՞ւնս է որ կ՚արգիլէ լալ քու առջեւ։ Եւ սակայն, քու գգուող նայուածքդ կատարելապէս յաղթեց իմ ունայն հպարտութիւնս։ Տղեկի մը պէս կ՚ըլլամ երբ մօտդ եմ, այնպէս չէ՞։ Ալ ազատ չեմ զգար։ Ո՞ւր են իմ քմայքներս։ Ո՞ւր են իմ անփոյթ երեւոյթս եւ անտարբերութիւնս սառնային։ Ամէն բան առիր, ամէ՛ն բան... ։

Եւ ըսել թէ՝ դեռ չես հաւատար ինծի։ Դեռ արժանի չեմ եղած ես քու վստահութեանդ, եւ վշտի երանգը դեռ կը յամենայ աչքերուդ... ։ Այնքան կը տառապեցնէ զիս այս իրողութիւնը։ Գիտեմ, Սերպի, թէ ինծի չես տուած դեռ քու ամբողջ հոգիդ, գիտեմ։ Արդէն արժանի ալ չեմ։

Այս առաւօտ շատ կանուխ արթնցայ եւ առանց ելլելու երկար մտածեցի քու մասիդ։ Շատ գեղեցիկ արշալոյս մըն էր եւ շատ ալ յարմար ժամ մը՝ քու վրադ երազելու։ Յանկարծ այնքան տխուր զգացի որ իսկոյն ելայ, մոռնալու համար բոլորը... ։

Այսպէս եմ, սիրելիս, երբեմն շատ երջանիկ, երբեմն ալ ագռաւի մը նման մռայլ... ։

Հիմա քու կղզիդ կու գամ։ Առիթը պիտի ունենանք խօսելու։ Այս առաւօտ գացեր էի նաւէն թերթս առնելու։ Տիկ. Ն... ն եւ օր Ն... ն մեր կղզին եկած էին։ Ձէի տեսած զիրենք, ու քալելով հանդերձ՝ հանդարտօրէն թերթս կը կարդայի, երբ Տիկ. Ն... ն քովէս ըսաւ. - «Տես, մեզ չտեսած ըլլալ կը ձեւացնէ»։ Օր. Ն... ն ալ համաձայնուեցաւ անոր, եւ սկզբնական պզտիկ վէճ մը ունեցանք։ Բարեբախտաբար նաւակ մը վարձեցին ու գացին, յետոյ Խրիսթօ երթալու համար։ Բարեբախտա՜բար... ։ Մտադիր էի զիրենք մորթե՜լ... ։

 

7

Մոմ մը վառեցի եւ սեկեակս առանձնացայ՝ մտածելու համար անցուցած գեղեցիկ օրուանս վրայ։ Այնքա՜ն յոգնած կը զգամ ինքզինքս։ Պզտիկ տենդ մը կ՚այրէ ճակատս։ Ահ, հիանալի գիշեր մըն է, Սերպի։ Որքա՜ն մօտեցած է հոգիս հոգիիդ։

Քեզի խոստացեր էի կարգ մը անցեալ դէպքեր բացատրող նամակ մը գրել։ Պիտի կրնա՞ս վշտանալ, երբ լսեմ թէ այդ նամակը զոր սկսեր էի, մէկդի նետեցի, ամբողջ հոգիովս ապրելու համար հիմա միմիայն այս գիշերուան գեղեցկութիւնը։ Յանցանք քուկդ է կարծեմ. դո՛ւն ստեղծեցիր մէջս այս տրամադրութիւնը՝ քու նայուածքիդ եթերային մելամաղձութիւնովը։ Ուրեմն թոյլ տուր որ միմիայն քու հոգիիդ յառիմ այս գիշեր, միայն զայն ունենամ իմ վշտակոծ հոգիիս մէջ, միայն անոր փարիմ։ Հիմա կարելի չէ ինծի համար քննել, վերլուծել, տրամաբանել, ինչպէս այդ նամակը պիտի հարկադրէր։ Հիմա՝ միայն կրնամ երազել... ։ Ուրիշ բան մըն ալ կրնամ ընել, իմ սիրական Սերպիս, - ծունկի գալ քու հոգիիդ առջեւ ու ներում խնդրել։

Վանքին քով, երբ ձեռքդ համբուրեցի, ու տխուր քայլերով սկսար իջնել զառիթափէն, արցունքի մշուշ մը իջաւ աչքերուս, ու նայուածքս կորսնցուց քեզ։ Ես ալ քեզի պէս երկար ատենէ ի վեր լացած չէի, շա՜տ շա՜տ երկար ատենէ ի վեր։

Միակ յոյսս դուն ես հիմա, սիրելիս. միայն դո՛ւն կրնաս փրկել զիս. չես գիտեր թէ ի՛նչ ցաւագին ուղիներէ անցաւ հոգիս այս վերջին տարիներուն։ Գիտես, բայց շատ քիչ բան մը միայն, եւ այն ալ՝ սխալներով լեցուն։ Բայց կամաց կամաց պիտի ճանչնաս անշուշտ այս հիւանդ հոգին եւ քրոջ մը պէս պիտի երկարես քու ձեռքերդ, որոնց գգուանքին կարօտը ունի իմ այրող ճակատս։ Պիտի ըլլա՞ս ինծի այդ քոյրը, Սերպի՜... ։

Երէկ գիշեր ժամը 11-ը կ՚անցնէր երբ մոմս մարեցի ու պառկեցայ։ Այնչափ յոգնած էի որ շուտով քնացայ։ Գիտե՞ս թէ քնանալէ առաջ ինչ եղաւ վերջին մտածումս. ըսե՞մ. բայց չեմ ըսեր... ՞ Ըսե՞մ, ըսե՞մ... թերեւս կը վշտանաս... ։ Յոգնած նայուածքս մութ գիշերին մէջ սուզած, միտք բերի այն վայրկեանը, երբ... բայց չեմ ըսեր.... որչափ տգեղ են բառերը... երբ գլուխդ ուսիս վրայ ձգեցիր, եւ զգացի ճակատիդ գաղջը իմ ճակատիս դէմ։ Սերպի, առաջին անգամ էր որ ամբողջ հոգիովս կին մը կը սեղմէի կուրծքիս վրայ։ Մտածէ այս երկու բառերուն վրայ. - «Ամբողջ հոգիովս»։ Չեմ ըսեր թէ այս թեւերս չեն բացուած ուրիշ գրկախառնումներու համար. քեզի ըսի թէ պիտի խոստովանիմ օր մը իմ անցեալ սէրերս, որոնք ո՛չ իսկ արժանի են այդ անունին, մէջն ըլլալով նաեւ դպրոցականի իմ սէրերս և անցեալ տարուան գռեհիկ պատահարները։

Այս առաւօտ տենդս թեթեւ մը աւելցած է, եւ կը զգամ թէ երէկուան յոգնութիւնս դեռ կը ծանրանայ անդամներուս վրայ։

 

8

Շաբաթ երեկոյ....

Այսօր կը խորհէի թէ պիտի կաենայի իջնել կղզիէն եւ ալ չվերադառնալ, բայց երկինքը յանկարծ մութցաւ եւ սպառնաց հեղեղանման անձրեւով մը, որով չուզեցի զատուիլ այս խաղաղ առանձնութենէն։ Ուրեմն, այս մելամաղձոտ օրն ալ պիտի անցընեմ քեզ երազելով ու գրելով քեզի։ Հատոր մը պիտի ըլլայ. ի՞նչպէս հետդ պիտի տանիս զայն։ Ու ե՞րբ, ե՞րբ վերստին պիտի տեսնեմ քեզ։

Քեզի գրած գիշերս՝ դեռ երկար սպասեցի որ լոյսը ծաթի, բայց երբ տեսայ թէ սիկարէթներս հատած էին ու դեռ մութ գիշեր էր, նախընտրեցի քնանալ։ Երբ արթնծայ, կէսօրուան շոգենաւը կու գար։ Դուռը զարկին։ Ոչ ոքի կ^ըսպասէի։ Գացի բանալ։ Տղեկ մըն էր։ Տոմս մը տուաւ։ Մէկը (արական) ինձ ճաշի կը հրաւիրէր։ Պատասխանեցի թէ շատ հիւանդ էի եւ փակուեցայ սենեակիս մէջ։ Բայց եկաւ րոպէ մը երբ զգացի թէ ստամոքսս ինծի դէմ յեղափոխութեան կը պատրաստուէր. այն ատեն, բարկացած բաժնուեցայ բազմոցէս եւ սկսայ տան մէջ փնտռտուքի։ Սկսեր էի յուսահատիլ, երբ անսպասելի անկիւնի մը մէջ մեծ թիւով ընկոյզներ գտայ, նաեւ կեվրէքներ, հոյակապ։ Ի՜նչ ուրախութիւն։ Մեծ կրակ մը վառեցի խոհանոցին մէջ, հանդարտօրէն նստայ բոցերուն դիմաց ու թէյ պատրաստեցի։ Երբ լրացաւ, այդ բոլոր պաշարը սենեակս փոխադրեցի եւ բանաստեղծական ճաշ մը ըրի։

Բայց, ուզեմ կամ ոչ, հարկ է որ օրը մէկ անգամ շուկայ իջնեմ՝ գիշերուան եւ առաւօտեան պաշար գնելու։ Յետոյ, ի՞նչպէս անցընել երկար գիշեր մը, առանց սիկարէթներու։ Մի բարկանար, շատ չեմ ծխեր... յետոյ, արդէն, գրեթէ չեմ հազար։

Կը մսիմ։ Հովը իր ամբողջ կատաղութեամբ կը զարնէ պատուհաններուն որոնք յուսահատ կը ձայնեն... ։ Ինչ քաղցր եւ տխուր է։ Ինչո՞ւ հոս չես։ գրեթէ կը դողամ... ։

Գիշեր...

Մինա՜կ, մինա՜կ։ Մելմաղձութիւնը կը խեղդէ զիս։ Այս մինակութիւնը զիս կը տժգունէ։ Հայելիին նայեցայ ու վախցայ աչքերէս. մթութիւնով լեցուն են։ Յետոյ գացի պատուհանի մը առջեւ գիշերին նայելու։ Այնքան տխո՜ւր, տխո՜ւր։ Ոչ, վախճան մը կ՚ուզեմ, հո՜գս թէ գէշ, բայց վախճան մը ամէն բանի։ Միշտ սիրած եմ ծայրայեղութիւնները. չեմ կրնար որեւէ բանի կեդրոնը ըլլալ։ Պէտք է որ գիշերը զիս առնէ ու կորսնցնէ, կամ թէ լոյսը ողողէ զիս երջանկութեան ճառագայթներով։ Այնքան յիմարական է կեանքի այս կիսաստուերին մէջ մնալ։ Ի՞նչ բանի կը սպասեմ միշտ։ Ի՜նչ պիտի պատահի ինծի։ Չեմ գիտեր. Ճի՛գ ընել։ Լա՛ւ, բայց ո՞ւր։ Պարապի՞ն մէջ։ Յետո՞յ... ի՞նչ պիտի պատահի։ Ահ ո՛չ, ամէն բան անորոշ է, տարտամ, ամէն բան մութ է։

Կիրակի առաւօտ....

Սարսափով կը մտածեմ նախորդ գիշերուան յուսահատութեանս մասին։ Երբեք այդքան մռայլ չէի եղած։ Կրնայի խենթութիւն մը ընել, որովհետեւ կարող էի զսպել մտածումներս եւ տրտմութիւնս։ Բարեբախտաբար, կէս գիշերէն առաջ մեծ յոգնութիւն մը զգացի եւ քնացայ։ Առաւօտուն կանուխ քրոջս Ն... ին գացի. դեռ կը քնանար։ Այն ատեն աթլէդիք պտոյտ մը ըրի փոթորիկին տակ։ Ատիկա հանդարտեցուց զիս, բայց որոշեցի քաղաք իջնել։ Նոյն անձկութիւնները եւ նոյն շնչահեղձութիւնը զգացի, ինչպէս ժամանակին Ալէմտաղի մէջ։ Անդիմադրելի բան մը՝ որ աչքերս մթութիւններով կը լեցնէր եւ ամբողջ էութեանս կու տար տենդոտ մտահոգութիւն մը։ Ամէն գնով կ՚ուզէի զինք տեսնել եւ սեղմել կուրծքիս։ Երբ տեսայ թէ այդ բանը անկարելի էր, անանկ մեծ յուսահատութիւն մը պաշարեց զիս որ ուզեցի զինք ատել, հեգնել, վերակոչել անցեալ տարուան հոգիս իր ամբողջ չարութեամբ, բայց չկրցայ։

Այդ բարեկամուհին ընդմիշտ կորսուած է. ալ չեմ կրնար ունենալ զինք։

Յետ-միջօրէին նաւուն մէջ մտայ, վարի սրահը նստայ եւ սկսայ Զոլայի վէպը կարդալ։ Տասը վայրկեան ետք, սարսափելի ձանձրացայ, գրպանս գրի։ Ի՞նչ ընել։ Դիմացս ծեր պարոն մը հանդարտօրէն կը ծխէր, քնատ ու ապուշ արտայայտութեամբ։ Կը թուէր հեգնել իմ աչքերս տենդոտ, իսկ ես կ՚ուզէի իր հերաթափ գլխուն շատ ծանր բան մը նետել։ Բաւական շնորհալի կին մը նստած էր քովը, անգլիական վէպ մը կարդալով զբաղած։ Մէկ քանի անգամ աչքերը վերցուց եւ նայուածքը պտտցուց ապակիներուն, անշարժ հողմահարին, անկիւն մը դիզուած ծրարներուն եւ քիչ մըն ալ իմ վրաս։ Ըսել կ՚ուզէր թէ այդ բոլորը աւելի կը հետաքրքրէին զինք քան իմ անձս։ Ա՜հ, գեղանի հնդկահաւը։ Գոնէ այդքան գիրուկ չըլլար։ Կար նաեւ թուրք սպայ մը որ կը խորդար, քիթը օդին, իսկ ծունկերուն վրայ լրագիր մը դրած։ Աւելի հեռուն, սիրահար զոյգ մը կը սիրաբանէր ծածուկ՝ երկու տատրակներու նման։ Որոշապէս չէի կարող հանդուրժել այդ բոլոր աքաղաղներուն և հաւերուն։ Տեսնելով թէ նաւը Բրոթի հասած էր, տեղէս ցատկեցի։

Րոպէ մը ետք, հանդարտօրէն կը ծխէի այս կղզիին քազինոյին մէջ։ Բայց ի՜նչ ընել հոդ ալ, կէս-երկվեցեակ մը սիկարէթ ծխելէ վերջ... ։

Իջայ բլուրին միւս կողմը։ Անդորրութիւն... հովը մուտք չունենալով՝ մահուան լռութիւն մը եւ խաղաղութիւն կը տիրէր։ Որչափ քա՜ղցր էր։ Կռնակիս վրայ պառկեցայ և աչքերս գոցեցի։ Հիմա իրապէս խաղաղութիւն էր։ Անոր մասին չէի մտածեր։ Կը մտածէի բանի մը մասին որ հոս նոթագրել չեմ ուզեր... ։

Այս առաւօտ վերջապէս իջայ կղզիէն՝ սոսկալի օդով մը։ Հեղեղանման անձրեւ մը ընկերացաւ ինծի մինչեւ տուն, առանց րոպէ մը իսկ բաժնուելու։ Չմոռցայ շնորհակալութիւն յայտնել երկինքին՝ այս հրապուրիչ ընկերոջ համար։

Երբ տուն հասայ, թրջած հաւու նման էի։ Վախցայ որ հիւանդ կ՚ըլլամ, բայց բազմաթիւ գաւաթներ թէյ խմելով, գոնեագով միասին, մարմինէս հանեցի պաղը։ Չէի կրնար դուրս ելլել այսօր... ։

Բրոթի...

Ահա կղզին եմ։ Հակառակ նամակիս երկարութեանը, որ հաւանաբար գլխու պտոյ տ տուաւ քեզի, չեմ վախնար քանի մը տողեր եւս աւելցնել, այս համարձակութիւնը արդարացնելով երկու պատճառներով. -

Առաջին- Արտօնեցիր ինծի խնդրանքովդ՝ որ շատ երկար գրեմ, մանրամասն (ուշադիր եղիր ուրիշ անգամ չտալու ինծի այդքան ազատութիւն, որովհետեւ սովորութիւն ունիմ շահագործելու ինծի շնորհուած ազատութիւնը)։

Կը տեսնե՞ս, այս առաւօտ կը սկսիմ գրել քեզի զուարճութեամբ. լաւ տրամադրութեան մէջ եմ։

Ի՞նչ կ՚ըսէի։ Այո՛, թէ կարող էի քեզի երկու պատճառներ ցոյց տալ այն ոճիրին համար որ գործած էի երկար գրելով։ Առաջինը ըսի։ Կը մնայ թիւ երկուքը, որ ահա. - Առանց քեզի գրելու՝ պիտի ձանձրանայի սաստիկ։

Այս առաւօտ ժամը 5-ին գլայ, փոքրիկ պտոյտ մը ըրի դէպի ժարտենը... ։ Եւ հոն, երբ նստայ գեղեցիկ ծովուն դիմաց, ծեր շոճիի մը տակ, ու գիրուկ մարդը սուրճս բերաւ, ըսի՝ սուրճս խմելով հանդերձ. «տրամադիր չեմ կարդալու, քալելու, թիավարելու, ոչ իսկ երազելու. ուրեմն անոր գրենք»։

Եւ անմիջապէս գործի անցայ։ Գրպանէս կը հանեմ քեզի ուղարկուելիք թուղթերը, կը տարածեմ առջեւս, գլուխս կը հակեմ սեղանին մարմարին վրայ, ուր սուրճի տրատները դեռ որոշ են։

Եւ սակայն, երկար նախերգանքէն վերջ, նամակիս երկրորդ մասին, գլուխս ձեռքիս մէջ կ՚առնեմ րոպէ մը մտածելու թէ դեռ ի՛նչ կրնամ գրել, քեզի այսքան կանուխ, առաւօտեան մէջ։ Ու ահաւասիկ որ բան մը չեմ գտներ, ո՛չ իմ խեղճ գլխուս մէջ, ո՛չ ալ այլուր։ Թոյլատրէ որ կարդամ նամակդ վերստին, թերեւս հոն բան մը գտնեմ։ Ուրեմն, րոպէ մը... ։

Գիշերուան 11-ը...

Սիրելիս, րոպէ մը խնդրած էի քեզմէ, գրելիք բաներ գտնելու համար նամակիդ մէջ, բարեբախտաբար ոչ լսեցիր ոչ ալ շնորհեցիր այդ խնդրանքս, քանի որ ահա բազմաթիւ ժամերէ ի վեր նամակս հանդարտօրէն քնացաւ գրպանիս խորքին մէջ, առանց որ բառ մը իսկ աւելցած ըլլար հոն, պաշտօնական խնդրանքէս ետք։ Կը վստահեցնեմ քեզ թէ գրելիք բան մը չգտնելուս համար չէր որ այսպէս եղաւ (օհ ոչ, գիտես, թէ միշտ հազար բաներ կրնամ գտնել ըսելու քեզի, գէթ նամակի մը մէջ), այլ, ահա՛ թէ ինչ պատահեցաւ... ։

Նախ աճապարեմ ըսելու թէ պզտիկ մոմի մը լոյսով եւ անկողնիս վրայ նստած կը գրեմ քեզի այս բոլորը, եւ թէ՝ անմիջապէս որ պզտիկ մոմը հատնի, ստիպուած պիտի ըլլամ (ոչ առանց բարկանալու) ձգել նամակս որ քնանայ (այս անգամ պզտիկ սեղանիս վրայ, ճիշդ քովս) մինչեւ ե՞րբ, Աստուած իմ։

Վերադառնալու համար պատահածին բացատրութեանը... ըսեր էի թէ րոպէ մը ճակատս ձեռքերուս մէջ առեր էի քեզի գրելիք բաներ գտնելու համար, եւ այդ տեսարանը, մի՛ մոռնար, Ժարտէնի մէջ էր որ կը պարզուէր, ծեր շոճիի մը տակ։ Կը մտածէի, կը մտածէի, կը մտածէի, հաւատա՝ ինծի...

(Անաւարտ)

 

9

Բրոթի, 19 Օգոստոս 1917

Սերելի Սերպիս,

Գիշերը, մեր այնքան քաղցր պտոյտէն ետք, կարծիքս փոխեցի, դեռ պիտի չտամ քեզի՝ բացատրողական այն երկար նամակը զոր ժամանակէ մը ի վեր դրած եմ ու թեթեւ մը սըրտագրած՝ այն մեր առաջին խօսակցութենէն յետոյ։ Այս նամակը, բացատրութիւններու նամակ մը ըլլալուն, ինծի կը թուի թէ քիչ մը չոր ոճով գրուած է։ Վերջնական, վերջացած նամակ մըն է. հոն բացատրած եմ հոգիս եւ նկարագիրս՝ քիչ մը շատ անկեղծութեամբ։ Լաւ է, չէ՞, անկեղծ ըլլալ։ Սերելիս, պէտք է որ գիտնաս թէ համակրելի եւ հակակրելի անկեղծութիւններ կան։ Կը վախնամ որ իմս այս վերջին դասաւորումին մէջ իյնայ։ Հոն խօսած եմ անկեղծութեամբ մը եւ ազատութեամբ մը որ սովորական չէ, անգործածելի է։ Պիտի ներես ուրեմն, որ դեռ քիչ մը ժամանակ պահեմ զայն գրպանիս մէջ։

Գիտեմ, սակայն, ինչպէս քեզի ըսի, թէ օրին մէկը պիտի ունենաս այդ նամակը։ Իրաւունք ունիս ամէն տեսակ բացատրութիւններ ուզելու ինձմէ, կարենալ դատելու համար այն տարօրինակ վերաբերմունքը զոր ունեցայ քեզի հանդէպ, հրաժեշտի մեր օրուան յաջորդող քանի մը ամիսներու ընթացքին։

Հիմա, սիրելի բարեկամուհիս, քանի մը օրեր միայն ունինք մեր առջեւ, ուրկէ յետոյ, ով գիտէ, գուցէ նոյն լռութիւնը եւ նոյն առանձնութիւնը մեզ իրենց թեւերուն մէջ պիտի առնեն։ Արդ, ժականա՞կ է երկար ու տաժանելի բացատրութիւններու։ (Եթէ կ՚ուզես) մոռնա՛նք քանի մը օրուան համար այդ մռայլ անցեալը եւ ջանանք մտածել թէ իրար ճանչցանք այն երեկոյին ուր դուն կը պտտէիր Տիկին Հ... ին հետ, այս կղզիին բլուրին վրայ։ Կ՚ուզե՞ս այդպէս ընել, սիրելիս. եթէ ոչ, պատրաստ եմ վաղն առաւօտ իսկ քեզի տալու խոստացուած նամակը։

Ուրիշ բաներ ալ ունիմ ըսելիք, բայց ահա որ հասած եմ թուղթիս վերջաւորութեան... ։

Երկար փնտռտուքէ ետք, ահա թուղթի կտոր մը գտայ (քիչ մը սովորական, բայց հոգ չէ)։

Ի՞նչ կ՚ըսէի միւս թուղթի ծայրին։ Այո՛ պէտք է որ ջանանք (քիչ մը ժամանակուան համար) մոռնալ անցեալը։ Թերեւս ատիկա քիչ մը դժնդակ է քեզի համար, բայց կը վստահեցնեմ, Սերպի, որ ինծի համար ալ նուազ տաժանելի չէ։ Աւելի հանգիստ պիտի ըլլամ, աւելի ազատօրէն պիտի շնչեմ՝ քու առջեւ պարզելէ վերջ հոգիիս ամբողջ պարունակութիւնը, բայց շատ կը վախնամ քեզի տալէ այդ նամակը այս օրերուն։ Այդ նամակը գուցէ քիչ մը թոյն կը պարունակէ իր երկար էջերուն մէջ։

Ոչ, կ՚ուզեմ դեռ տեսնել քեզ եւ խօսիլ հետդ, առանց այդ նամակին։ Երէկ իրիկուընէ ի վեր այդպէս կը խորհիմ... ։

Նամակս վերջացնեմ, ըսելով ոչ այնքան զուարթ բան մը։ Կէս օրէն ետք, տարօրինակ եւ յանկարծական տենդ մը զիս անկողին նետեց... ։ Գուցէ չափազանց յոգնութիւնս էր պատճառը (ամբողջ գիշերը չէի կրցեր քնանալ), եւ կամ պաղ առած եմ։ Ամէն պարագայի, կը վստահեցնեմ քեզ թէ հիւանդութեանս կրկնումը չէ, ինչպէս մերինները կը կարծեն։

Այս երեկոյ պիտի տեսնե՞մ քեզ։

 

10

Սկիւտար, 4 Սեպտեմբեր...

Բացատրական երկար նամակը որ գրած էի քեզի համար՝ հազար կտորներով պատռեցի։ Չեմ կրնար չմտածել թէ պէտք չէ այդ աստիճան քողազերծել հոգիս քու առջեւ։ Մի՛ վշտանար, բայց դեռ մտալլկումներ ունիմ որ կ՚արգիլեն ինծի այդքան մտերիմ ըլլալ քեզի հետ։ Այդ նամակին ետք, բազմաթիւ ուրիշ նամակներ սկսայ որոնք չկրցայ աւարտել, ու պիտի պատռեմ բոլորն ալ։

Կիրակի, երբ կղզի եկայ, քեզի բերեր էի վեց էջով նամակ մը, որ դեռ չէր աւարտած թէեւ, բայց կ՚ուզէի քեզի տալ. որովհետեւ, գրած էի բաներ զորս օգտակար կը նկատէի ըսել քեզի, բայց քեզ չտեսայ։ Չեմ գիտեր ինչու չուզեցի զայն տալ Տիկին Հ... ին որ տեսայ մեկնած պահուս։ Նաւուն մէջ կարդացի այդ նամակը եւ ա՛ն ալ պատռեցի։

Հիմա բան մը կայ յստակ, այդ ա՛ն է թէ կ՚ուզեմ անկեղծ ըլլար քեզի հետ։ Սերպի, ամէն ճիգ պիտի ընեմ բարւոքելու համար կացութիւնս եւ հոգիս։ Նուիրական է ինծի համար խօսքը որ տուի քեզի՝ մենաւոր ժայռերուն վրայ։ Այո, ամէն կարելիս պիտի ընեմ։ Բայց լաւ հասկցիր այս բառին նշանակութիւնը. «իմ կարելիս»։ Այս կը նշանակէ թէ պիտի ընեմ ինչ որ կրնամ ընել։ Որոշ ժամանակ մը ետք, գուցէ իմացնեմ քեզի արդիւնքը այս ճիգերուն։ Սոսկալի պայքար մըն է որ պիտի մղեմ քաջութեամբ։ Եւ սակայն (ըսի թէ անկեղծ պիտի ըլլամ քեզի հետ) պէտք չէ որ շատ լաւատես ըլլաս այս պայքարի արդիւնքին մասին։ Դեռ չէ հեռացած կարելիութիւնը որ օր մը ողբերգական վերջ մը ունենամ։ Այս երկու ծայրայեղութիւնները գիշեր եւ ցերեկ կը սպասեն ինծի... կեա՜նք կամ Մա՜հ... ։

Կը տեսնես թէ որքան անկեղծօրէն կը խօսիմ հետդ։ Քա՛ջ եղիր, սիրելիս, եւ սպասէ հանդարտութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ՝ ճակատագրին կողմէ ինծի վերապահուած ապագային։ Կը վստահեցնեմ քեզ, թէ երկար պիտի չսպասես։ Պէտք է որ ամէն բան որոշուի աշնանային այս օրերուն։ Արդ, կ՚ուզե՞ս օգնել ինծի։ Ուրեմն մէկ բան կը խնդրեմ քեզմէ - անտարբերութիւն։ Կը դադրիս մտածելէ իմ մասիս, այս օրերուն մէջ (բայց միայն այս օրերուն)։ Մինակ ձգէ զիս պայքարիս մէջ։ Ատիկա ոյժ պիտի տայ ինծի։ Ապահովութիւնը թէ՝ ոչ ոք կը տառապի ինծի համար, մանաւանդ անոնք՝ որոնց կապուած եմ բարեկամութեան կապերով ու... ։ Չեմ գիտեր ի՜նչ բառ պէտք է դնել այս երեք կէտերուն տեղ, բնորոշելու համար զգացումը զոր միշտ ունեցած եմ քեզի հանդէպ. որովհետեւ, հա՞րկ է որ կրկնեմ, թէ դուն միակ անձն ես որուն հանդէպ ճշմարիտ յարում ունիմ։ Կը խոստովանիմ թէ ուրիշ յարումներ ալ ունեցայ, բայց անոնք ո՛չ ոյժ եւ ոչ ալ տեւողութիւն ունեցան։ Քիչ մը ժամանակ՝ եւ ամէն ինչ մոռցուած էր... ։ Բայց քեզի՜ հանդէպ... ։ Պիտի ըսե՞ս թէ նոյնը եղաւ, թէ՝ քե՛զ ալ մոռցայ բազմաթիւ անգամներ, մեր ամբողջական բաժանումի այդ տխուր տարիներուն։ Ո՛չ, սիրելիս, երբեք իրաւունք չեմ տար քեզի այդպէս մտածելու։ Կը խոստովանիմ թէ զգացումս իր պզտիկ տկարացումները ունեցաւ, բայց չե՛մ յիշեր օ՛ր մը իսկ ուր քու յիշատակդ ամբողջովին անհետացած ըլլար սրտէս։ Ըսի քեզի արդէն, թէ ի՜նչպէս քու պատկերդ իմ միակ մխիթարութիւնս էր բանտի մռայլ օրերուս մէջ։

Գիտեմ թէ յաճախ վշտացուցած եմ քեզ իմ անբացատրելի վարմունքովս, լռութեամբս, հեռանալու բաղձանքովս։ Այդպէս կ՚ընէի որ դուն մոռնայի՛ր զիս։ Կ՚ուզէի անհետացնել քու ստուերդ իմ տրտում ճամբայէս։ Կը հարցնես թէ ինչո՞ւ։ Ահա այդ է որ երբեք պէտք չէ գիտնաս կամ գէթ իմանաս իմ բերնէս, որովհետեւ կը զգամ թէ պզտիկ նախազգացում մը ունենալ սկսած ես արդէն... ։

Ահաւասիկ որ ակամայ կը մատնուիմ այս տխուր բացատրութիւններուն։ Կասկածն ունէի ասոր, երբ կը խնդրէի որ բացարձակապէս անտարբեր ըլլաս ինծի հանդէպ քիչ մը ատեն, ու ես կը խոստանամ որ արժանի պիտի ըլլամ այդ վստահութեան։

Եթէ կ՚ուզես, երբեմն գրէ ինծի, նամակի կտոր մը, չընչին բան մը, տուած հասցէովս։ Եթէ չստիպես, չեմ պատասխաներ։ Արդէն, պատասխանելը պիտի ըլլար ինծի համար... Վերջապէս, ինչ որ դուն կ՚ուզես։

Չեմ գիտեր թէ այսօր պիտի կրնա՞մ կղզի գալ։ Այնքան տխուր է օդը։ Պիտի տեսնե՞մ քեզ վերջին անգամ մըն ալ... ։

 

11

Կիրակի...

Սերպի, բնաւ աղէկ չեմ։ Գլխուս մէջ տարօրինակ ծանրութիւն մը կը զգամ, եւ աչքերս կը ցաւին։ Երէկ գիշեր, 2ին ատենները, տեսնելով թէ անկարիլի էր քնանալ, ելայ անկողնէս եւ պատուհանիս առջեւ նստայ, մտածելով թէ ծովէն եկող թարմ եւ ցուրտ հովը թերեւս զովացնէր ճակատս։ Այնքա՜ն խաղաղ գիշեր մըն էր։ Յանկարծ բուռն կարօտ մը զգացի քեզ քովս ունենալու, եւ անզուսպ մելամաղձութիւն մը ողողեց սիրտս. այն ատեն գլուխս պատուհանին վրայ հակեցի եւ տղու մը պէս լացի։ Եթէ դուն մօտս ըլլայիր, հիւանդ գլուխս քու ուսիդ վրայ պիտի հանգչեցնէի, ինչպէս դուն ըրիր այն իրիկունը, մեր ժայռին վրայ, եւ արցունքներս պիտի թափէի քու կուրծքիդ վրայ։ Չեմ գիտեր թէ պիտի չորցնէի՞ր արցունքներս, Սերպի։

Ահ, եթէ վստահ ըլլամ թէ զիս կը սիրես... ։

Կը խորհիմ պատռել այս նամակը, որովհետեւ, շատ տկար հոգիով մը գրեցի զայն։ Այսպիսի հիւանդագին զգացումներ դեռ երբեք արտայայտած չեմ, բայց, հպարտութիւնը մէկդի կը սիրե՜մ քեզ, Սերպի՜... ։

 

12

3 Փետրուար 1918

Առաւօտուն ստացայ չորս էջնոց նամակդ, որուն համար կ՚ըսէիր թէ երկար էր, մինչդեռ հինգ վայրկեանէն կարդացի լմնցուցի զայն։ Եթէ օր մը 40 էջնոց նամակ մը ղրկես ինծի, այն ատեն միայն իրաւունքի պիտի ունենաս ըսելու թէ երկար նամակ մը դրած ես, թէեւ, ա՜յն ատեն ալ կարճ պիտի գտնեմ ես։

Սկիզբները, երբ նոր սիրած էինք զիրար, քու նամակներէդ շատ մեծ հաճոյք մը կը զգայի, յետոյ ատեն մը եկաւ որ նուազ հաճոյք զգացի, յետոյ սկսայ անտարբերութեամբ կարդալ զանոնք, յետոյ նոյնիսկ ... ձանձրոյթով... ։

Ահ, ներէ՜ ինծի, Սիրպի, ներէ՜, ներէ՜. երբեք արժանի չեմ եղած քու հոգիիդ, եւ կամ՝ միայն սկիզբի քաղցր օրերուն, երբ հոգիս քու ազդեցութեանդ շրջանակէն դուրս չէր ելած դեռ։ Որչափ խաղաղ էի այդ օրերուն եւ որչափ անմեղ... որչափ կը սիրէի կեանքը... Յետոյ ի՞նչ եղաւ իմ հոգիիս, Աստուած իմ։

Թոյլ տուր որ փակեմ այս նիւթը, Սերպի։ Ահաւասիկ արցունքներովս սկսայ թրջել նամակս։ Միակ պաղատանք մը ունիմ քեզի, իմ սիրականս. կը պաղատիմ որ ամբողջ հոգիովդ ներես ինծի։ Գիտեմ թէ ներած ես, բայց դեռ աչքերուդ մէջ կան վշտի երանգներ որ սաստիկ կը տառապեցնեն զիս, երբ քեզմէ բաժնուիմ։ Շատ ուրախ եմ ո հոգիդ հիմա այդ քաղցր խաղաղութիւնը ճանչցած է, ինչպէս կը գրես. շա՜տ շա՜տ ուրախ եմ։ Ինչպէս արդէն ըսի Երկուշաբթի իրիկուն, հիմա կարգը քուկդ է խաղաղ ու երջանիկ ըլլալու. իսկ ես պէտք է որ տառապիմ։ Այնպէս կը խորհիմ թէ՝ մինչեւ ես ալ քեզի չափ եւ աւելի չտառապիմ, արժանի պիտի չըլլամ քեզի։ Պէտք է որ ես ալ ճանչնամ ցաւի, չարչարանքի, յուսահատութեան գիշերները զորս դուն ապրեցար։ Կարգը քուկդ է, Սերպի, հիմա դուն պէտք է որ տառապեցնես զիս, տեսակ տեսակ քմայքներով, հպարտ վերաբերումներով, տանջող լռութիւններով։ Վրէ՜ժ լուծէ ինձմէ։ Հիմա իմ հոգիս ա՛յնքան հիւանդ է որ այլեւս կարող չէ չար ըլլայ քեզի հանդէպ. այնպէս որ, փոխանակ սիրելու, ինչպէս կ՚րնես, վշտացո՛ւր, տառապեցո՛ւր, յուսահատեցո՛ւր զայն։ Հիմա որ այնքան կը սիրեմ քեզ՝ արհամարհէ՛, ձաղկէ՛ զիս, խնդա՛ վրաս։ Չկարծես թէ կը վշտանամ, ընդհակառակը։ Դուն հիմա ճանչցար քիչ մը իմ հոգիս և գիտես թէ որչափ տարօրինակ են իմ զգացումներս։ Փոխանակ գրելու՝ «կը գթամ քեզի», եթէ դրած ըլլայիր «արժանի՝ ես տանջանքիդ», հաւատա թէ աւելի գոհ պիտի մնայի։ Որքան կ՚օրհնեմ հոգիի այն տրամադրութիւնդ որ անցեալ տարի քեզի գրել տուաւ այն հրաշալի բառերը. «I hate you» Թերեւս չկարենամ բացատրել թէ հոգեբանական ինչ նրբին օրէնքներով է որ հոգիս այդ տարօրինակ ազդեցութիւնը կրած է այս երեք կտրուկ բառերէն։ Ինչ որ ստոյգ է, սա է թէ, այն իրիկունը երբ այդ նամակդ կարդացած եմ, մեր Ալէմտաղիի օրերուն քաղցրութիւնը յանկարծ վերադարձած է հոգիիս, ու սաստիկ փափաք մը զգացած եմ քեզ տեսնելու, քեզ սեղմելու սրտիս վրայ։ Անշուշտ, այն ատեն հպարտութիւնս թոյլ չտուաւ որ այդ հոգեկան վիճակս պարզեմ քեզի, և դուն որեւէ բանէ տեկեղութիւն չունեցար։ Անցեալ իրիկուն, այս նիւթին վրայ ֆրանսերէն poesie-ի պէս բան մը գրեցի եւ քեզի ձօնեցի։ Կարդա եւ պատռէ։ Չեմ ուզեր որ ասանկ յիշատակներ գտնուին մեր միջեւ։

Առողջութիւնս աղէկ է, թէեւ այն օրուան արիւնահոսութենէն ետք, մէկ-երկու օր վրաս տկարութիւն մը մնաց, բայց հիմա ուժերս գրեթէ վերադարձած են։ Իրաւ է թէ վերջերս սկսած մարզանքներս հաւանաբար դեր մը ունեցած են այդ ապուշ աիւնհոսութեան մէջ, բայց ի՛նչպէս կարելի է, Սերպի, անշաժ կեանքը։ Ինծի կ՚ըսեն որ կռնակի վրայ պառկիմ գոնէ շաբաթ մը, բայց ես նոյնիսկ ժամ մը չեմ կրնար տեղ մը նստած մնալ։ Եթէ քեզի հետ մեր ժայռին վրայ առանձին ձգէին, և դուն յոգնած գլուխդ ուսիս վրայ հանգչեցնէիր, ճակատդ ճակտիս քով, ինչպէս այն իրիկուն, անշուշտ խնդիրը կը տարբերէր, չէ՞։

Այս առաւօտ, գաւազանի մը ընկերակցութեամբ, մինչեւ եղեւիններու պուրակը գացի, ուր հրաշալի ժամեր ապրեցայ։ Չեմ գիտեր թէ օր մը արդեօք պիտի կարենա՞նք միասին ըլլալ այդ մտերիմ ծառերուն տակ։ Մի մոռնար թէ որոշած եմ օր մը քեզ նաւակով փախցնել քու կղզիէն եւ հոն տանիլ... Եւ ասիկա պիտի ընեմ մութ փոթորկոտ գիշեր մը... մի՛ մոռնար... ։

 

13

Անթիկոնի, Ուրբաթ...

Դեռ քանի մը ժամ կայ արշալոյսին։ Շատ կանուխ պառկեցայ եւ ա՛լ չեմ կրնար քնանալ։ Վեց ժամ քնացայ, եւ այդ խիստ երկար քուն մըն է ինծի համար։

Քրոջս Պ.. ին տունն եմ։ Ան իր երեխաներուն հետ քաղաք իջած է, որով ես ամբողջովին մինակ եմ պզտիկ վիլլային մէջ որ բլուրին ամէնէն բարձր գագաթին վրայ է, անջատուած միւս տուներէն։

Մեռած գիշեր մըն է։ Շատ մութ է դուրսը, ոչ մէկ հով։ Ո՞ւր է ծովը. ան ալ մեռած կը թուի ըլլալ։ Եւ ան, իմ սիրականս մութ աչքերով, ու՞ր է։ Արդեօք ա՞ն ալ մեռած է։

Ա՜հ, այդ մտածումը։ Անցեալ օր երազեցի թէ կու լայի իր դագաղին վրայ։ Մեծ եկեղեցիի մը մէջ էր։ Ան աւելի տըժգոյն էր քան ձեռքիս ճերմակ վարդերը։ Յանկարծ աչքերը բացաւ ու ժպտեցաւ, յետոյ զիս իր թեւերուն մէջ առաւ, ըսելով՝ «պզտիկ սիրելի, խաղ մըն էր ամբողջը, ինչու՞ կու լաս։ Մեռած ձեւացուցի՝ տեսնելու համար վիշտդ։ Ըսէր էի - եթէ, շատ լայ, պիտի հաւատամ իր սիրոյն. թող արցունքներով թրջուին այտերը»։ Այսպէս կ՚ըսէր, փայփայելով զիս ու ձեռքիս ճերմակ վարդերը։ Յանկարծ եկեղեցին փոխուեցաւ մեր ժայռին ուր կը նստէինք քովէ քով։ Կ՚ըսէի իրեն թէ պէտք չէր որ անգամ մըն ալ կրկնէր այդ խաղը, աչքերը փակել այդպէս դիակի մը նման։

Շաբաթ երեկոյ ունեցայ այդ երազը։ Հրաժեշտի մեր համբոյրներուն երեկոն։ Պիտի պատմէի իրեն այդ երազը, բայց այնքան վշտացած էի տեսնելով թէ ան տխուր չէր։

Պիտի կարծէ թէ ամբողջ գիշերը զինք կ՚երազեմ -կ՚ըսէի ու յօնքերս կը պռստէի։ Ի՛նչ ունայն եւ փոփոխամիտ եմ։ Անկէ հեռու՝ բարի տրամադրութիւններով տղայ մը կ՚ըլլամ, բայց իսկոյն որ մօտենամ, արար Շէյխի մը նման պաշտօնական եւ փառաշուք կը դառնամ։ Քանի անգամներ որոշած եմ համբուրել զինք՝ տեսածի՛ս պէս, բարեւելէ առաջ, առանց բան մը ըսելու։ Բայց երբեք չեմ կրցած։ Միշտ իմ բարեւիս եւ առաջին համբոյրիս միջեւ մտած են բազմութիւնը պարապ խօսքերու, լռութիւնները, քմայք, վէճ անիմատ։ Այս բոլորը միշտ կը պատահէր, գողնալով մեզմէ թանկագին ժամեր։

Այն օրն իսկ ուր գտցած էի իրեն, ի՞նչ ըրինք։ Երեք երկար ժամեր ունէինք մեր առջեւ եւ հազիւ թէ երկու պզտիկ համբոյր կրցանք փոխանակել մեր բաժանումի պահուն։ Ա՜հ այդ կորսուած հրաշալի օրը, երբ ան այնքան մելամաղձօրէն նուագեց երկնային երաժշտութիւնը Շոբենի։ Այդ օր սէրս աւելի անբիծ, աւելի եթերային էր քան այն պզտիկ ծաղիկը որ տուեր էի իրեն, եւ որուն անթերի գեղեցկութեան առջեւ հիացիկ մնացեր էր ան։

Ահ, ինծի, կը թուի թէ ամբողջ տարին այսպէս զղջումով եւ տրտում յիշատակներով պիտի անցընենք։ Ա՛լ չկայ ժայռը ուր կարենանք համբոյրով մը ամէն բան մոռնալ։ Այս ձմեռը որ կու գայ, ինծի կը թուի թէ յաւերժական պիտի մնայ մեր միջեւ, հեգնելու համար գարնանային մեր երազները։

Կորսուած պահեր... Որու՞նն է սակայն յանցանքը, Աստուա՜ծ իմ. միշտ ես չեմ եղած յանցաւորը. ան ալ իր բաժինը ունի այդ ոճիրին մէջ իր անվերջ բացատրութիւններու պահանջով, իր անիմաստ նախանձներու նոպաներով։ Գուցէ միշտ անիմաստ ալ չէր, բայց վերջապէս։ Կրնար անտեսել այդ պզտիկ բաները որոնք դժբախտ անցեալի մը կը պատկանէին։ Յետոյ, գիտէր թէ ես ալ կը տառապէի անոնցմէ, այդ մռայլ ստուերներով լեցուն անցեալէն։ Նաեւ, միթէ՞ այդքան մեծ զոհողութիւն մըն էր իր կողմը, երբ այդ ձեւով կարելի էր մեծ ընկղմումէն ազատել սիրոյ մեր բեկորները։ Իրապէս, այդքան դժուա՞ր բան մըն էր իր կողմէ այդ լռութիւնը, այդ մոռացումը որ ամբողջ հոգիովս կը խնդրէի իրմէ։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս իրմէ աւելի հզօր էր։ Երբեք նախանձ չեմ եղած՝ կարենալ դատելու համար զինք։ Ամէն պարագայի, զինքն ալ յանցաւոր կը նկատեմ սպանութեանը մէջ այն հէք պզտիկ րոպէներուն, որոնք թշուառօրէն մեռան՝ առանց մեր սէրէն բան մը տանելու իրենց հետ, ոչ մէկ համբոյր, ոչ մէկ գգուանք, ոչ իյս մելամաղձոտ սիրոյ նայուածքը մը։

Ի՜նչ երեխայ եղանք...

-Բարեւ։

- Բարեւ։

Լռութիւն։ Յամրօրէն կ՚ուղղուէինք դէպի մեր ժայռը, երկու դպրոցականներու նման։

- Ի՞նչ ըրիր երէկ։

- Ձանձրացայ։ Իսկ դո՞ւն...

- Ե՛ս ալ։

Կրկին լռութիւնն, քիչ մը աւելի երկար։

- Ըսէ տեսնենք, ո՞չ մէկ նոր բան։

- Գրեթէ ոչ մէկ։ Տիկին Է... ն քաղաք իջաւ։ Մենք ալ պիտի իջնենք, եթէ օդերը աւրուին։ Հայրս ցուրտը չի սիրեր։ Գիտես, հիւանդոտ է։

- Ե՞րբ կ՚իջնէք։ Որոշուա՞ծ է։

- Այո՛, գրեթէ։ Գուցէ երեք օր ետք, գուցէ հինգ օր... ։

- Հա՞րկ է որ իրար տեսնենք մինչեւ այդ օրը։

- Եթէ կ՚ուզես։

- Եթէ կ՚ուզե՞մ։ Էհ ուրեմն՝ չե՛մ ուզեր։

Նոր լռութիւն. այս անգամ խիստ երկար։ Հիմա նստած ենք մեր ժայռին վրայ։

- Խօսէ։

- Ինչ կ՚ուզես որ ըսեմ։

- Ինչո՞ւ նամակ չգրեցիր։

Երկար եւ սիրայորդ նամակ մը գրած եմ իրեն, բայց չեմ տար ու կ՚ըսեմ.

- Մոռցայ։

- Չար ես։ Նաեւ շատ ծոյլ ես։ Անցեալ տարի ալ այսպէս կ՚ընէիր։ Եկար բացատրող նամակ մը խոստացար ինծի, Մ... ին խնդրին առթիւ, եւ խօսքդ չպահեցիր։ Ըսէ, ինչո՞ւ չգրեցիր այդ նամակը։

- Չէի կրնար։

- Տարօրինակ է։ Այդքան դժուա՞ր էր անկեղծօրէն խոստովանիլ ինծի թէ կը սիրէիր կամ ոչ՝ այդ աղջիկը։

Լաւ գիտես թէ երբեք չեմ սիրած զինք։

Մեր վէճին ամէնէն տաք րոպէն է, բայց նաեւ հեռու չէ պահը մեր առաջին համբոյրին։ Մեր հոգիները կրցած են անջատուիլ բոլոր մշուշներէն եւ իրարու դպչելու վրայ են։ Շատ մելամաղձոտ կը դառնամ անոր անվստահութիւնը տեսնելով։ Ընկճուած երեւոյթով մը կ՚ըսեմ իրեն թէ իրաւո՛ւնք ունի, արժանի չեմ իր վստահութեան։ Կը տեսնէ տրտմութիւնս, հանդարտեցնող բառ մը կ՚ըսէ. գլուխս կը վերցնեմ եւ յանկարծ, չէմ գիտեր ինչպէս, կը սկսի գողտրիկ խաղը սիրոյ։ Հոգիս ողողուած է գաղջ լոյսերով։ Կը թուի ինծի թէ ծանր բեռ մը կը վերցնեն ուսերէս. թեթեւացումի հառաչ եւ սիրոյ մրմունջ. ինչքա՜ն պաշտելի էր ան այդ րոպէներուն։ Այնքան նուրբ գըգուանքով լեցուն։ Շատ քիչ կը խօսէինք։ Սիրոյ պահերուն՝ շրթները լուռ են, անոնք կը վերածուին թաւշային կամուրջի մը՝ ուրկէ հոգիները պիտի անցնին։

Տեսնելով թէ կը հառաչեմ, կը հարցնէր.

-Կը պառապի՞ս։

-Այո, բայց քաղցր է այս տառապանքը։

Ափսոս, այդ ժամերը վայրկեաններէն աւելի շուտ կ՚անցնէին։ Յանկարծ ան կը բացագանչէր.

-Ահ, բայց պիտի փախցնես նաւդ։

Այդ կը սառեցնէր զիս։ Կը վերամխրճուէի իրականութեան մէջ, դատարկութեան զգացումը պաղ ջուրի նման կ՚ողողէր զիս։ Շտապով լուցկի մը կը վառէի, հառաչելով՝ «արդէ՞ն»։ Ու կը ծռէինք իր ապարանջան-ժամացոյցին վրայ՝ տեսնելու ժամը։ Այո, հարկ էր մեկնիլ. հազիւ թէ քանի մը րոպէ կը մնար մեզի. ու կը սկսէինք վազել մացառներու անելին մէջէն, ոչ մէկ ճամբայ գտնելով, խաւարին մէջ կորսուած։ Գիւղի մուտքին, ան կը մշակէր, շուտ եւ մեծ նեղութեամբ, (բոլոր կիները ունին այդ մտահոգը) ծրագիրը մեր փախուստին, որովհետեւ, կատ՚ու մը իսկ պէտք չէր որ մեզ տեսնէր։ Բայց յանկարծ շնչասպառ կը կենար ծառի մը տակ կամ պատի մը ստուերին եւ կամաց կը մրմնջէր.

«Ինչո՛ւ տարուիլ պատկերներով անցեալին.

Թող հովն հեծէ, եւ ալեակներ մրմնջեն... »

Այսքան էջեր գրեցի, ու դեռ երկինքը սեւ է։ Ո՞ւր է արշալոյսը։ Լոյսը կորսնցուցա՞ծ է արդեօք իր ճամբան։

Քնացիր խաղաղ, իմ քա՜ղցր սիրելիս, հոս սիրտ մը կը բաբախէ քեզի համար։

 

14

Շաբաթ...

Երէկ, հակառակ տկար ըլլալուս, ստիպուեցայ Առնաուտ-գիւղ երթալ։ Կը վախնամ որ կարող չըլլամ Երկուշաբթիի ժամադրութեան գալ։ Վաղը դարձեալ պիտի ստիպուիմ Առնաուտ-գիւղ երթալ։ Եթէ տկարութիւնս չաւելնայ, հոնկէ ուղղակի պիտի գամ որոշած տեղերնիս։

Հիմա, կղզի գացող առաւօտեան շոգենաւին մէջն եմ։ Քիչ առաջ մարդ մը ծովը ինկաւ։ Չես կրնար երեւակայել թէ որքան հետաքրքրական տեսարան մըն էր։ Մեր կղզիին բեռնակիրներէն մէկն էր. յաճախ սիկարէթ հրամցուցած եմ իրեն, որպէսզի սպասման դուռը ժամանակէն առաջ բանայ եւ թոյլ տայ որ երթամ ճեմելու դուրսը, շոգենաւի մուտքին։ Խեղճ մարդը լողալ չէր գիտեր. յուսահատական մաքառում մըն էր ըրածը մահուան դէմ, ինչ որ տարօրինակ յուզումով մը կը լեցնէր սիրտս։ Գրեթէ մահամերձ էր, երբ դուրս հանեցին զինք, բայց հաւանաբար ապրի։ Չեմ գիտեր թէ աղէ՞կ եղաւ թէ գէշ իր վերադարձը կեանքին. Գոհ պիտի մնա՞յ թշուառ բեռնակիրը որ փրկեցին զինք։ Անշուշտ, անշուշտ գոհ պիտի մնայ։

Չկարծես թէ arriere pensee մը կայ այս ըսածներուս ետեւ... Ո՜չ, ո՜չ... կեանքը գեղեցիկ է, հակառակ իր սոսկալի տառապանքներուն եւ իմաստութեան։ Անոր տուած մէկ վայրկեանի երջանկութիւնը՝ տարիներու չարչարանքէն աւելի կը կշռէ։ Երեւակայէ, Սերպի, եթէ անցեալ տարուան խմած թոյնս մեռցնէր զիս, հիմա հողին տակ թաղուած քանի մը այլանդակ ոսկորներ միայն մնացած պիտի ըլլային ինձմէ, եւ հոգիս պիտի չկրնար ապրիլ Հինգշաբթի իրիկուան երկնային յուզումը։

Բայց ինչո՛ւ սկսայ նորէն ասանկ մութ բաներու վրայ խօսիլ քեզի։ Երթամ քիչ մը թափառիմ ծովափին։

Երկու ժամ ետք...

Տարօրինակ հանդիպում. բնաւ մտքէս չէր անցներ աս։

Ցերեկուան ճաշս գացի քրոջս Պերճուհիին հետ ընելու, յետոյ ժամուան մը չափ թերասը նստայ եւ թղթատեցի Մեթերլինկի այն հատորը զոր Երկուշաբթի քեզի պիտի բերեմ։ Ձանձրանալով... խորհեցայ Տիկ. Յ... ին երթալ։ Ես սովորութիւն ունիմ ընդհանրապէս գլուխս հակած քալելու, այնպէս որ՝ դրան հազիւ տասը քայլ միայն մնացեր էր, երբ ձեր բանակը նշմարեցի։ Կարող եմ այդ տեսակ պարագաներուն ես ինծի տերել ու հրաշալի անտարբերութիւն մը կեղծել, բայց պէտք է խոստովանիլ թէ այս անգամ չկրցայ, շուարած մնացի։ Ետ դառնալ կարելի չէր, ինչու որ շատ մօտեցեր էի. չհամարձակեցայ նաեւ՝ դուռին մուտքը գրաւող այդ կուռ շարքերը ճեղքել անցնիլ, անանկ որ՝ բնազդօրէն ճամբաս շարունակեցի։ Տիկին Յ... ն կ՚ըսէ որ միայն Օր. Ն... ին բարեւեցի։ Բնաւ չեմ յիշեր այդ մանրամասնութիւնը։ Ես կը կարծես թէ ոչ ոքի բարեւ տուի։ Արդէն, ամբողջ բազմութեան մէջէն՝ նախ հայրդ տեսայ, յետոյ մամադ. ալ ուրիշ մէկը չտեսայ։ Երբ Քիչ մը հեռացայ, խորհեցայ թէ արդեօք դուն ալ հո՞ն էիր։ Անշուշտ, շատ տգեղ բան մը եղաւ այդ անցքը։ Դիպուածը երբեմն ինչ ապուշ անակնկալներ պահած է մարդուս։

Ձեր մեկնելէն ետք, սենեակս վերադարձայ եւ սկսայ գրել։ Երբ Տիկին Յ... ն կրկին տեսայ, իր սովորական զուարթութիւնով եւ համով կատակի մը ընկերակցութիւնով՝ ծաղիկդ տուաւ. mille merci l Հոնա-եմիշիի շիւղը շատ սիրուն էր, մե՜ղք որ գրքի մէջ չի պահուիր։ Գնդասեղով մը դիմացս պատին գամեցի։

Սերպի, ինչպէ՜ս եղաւ որ ձեր շոգենաւ մտնելը չտեսայ. թերեւս զբաղած էի ծովը ինկող մարդուն վրայ երկու տող գրելով օրագրիս մէջ։

Այս որչափ բան գրեցի։ Թերեւս վաղն ալ գրեմ, Երկուշանբթի՝ շոգենաւին մէջ։ Եթէ համբերութիւնը չունենաս մինչեւ ծայրը կարդալու, կը ներեմ։ Անշուշտ դուն ալ գրեցիր ինծի, ինչպէս խոստացար։ Եթէ կարճ ըլլայ, չեմ ընդունիր. ահագին ժամանակ ունէիր, չէ՞. թէեւ, անշուշտ, դաշնակէդ աւելի մեծ ու հաճելի զբաղում մը չէ ինծի գրելդ։

Հիմա պիտի պառկիմ, թէեւ դեռ չէ մութցած։ Այս գիշեր պիտի չճաշեմ, թերեւս առաւօտուն թօթափած ըլլամ այս ծանրութիւնը։

 

15

Անթիկոնի,... Հոկտեմբեր 1918

Շատ սիրելի Սերպի,

Այս առաօտ նամակ մը կը սպասէի քեզմէ, բայց դեռ բան մը չստացայ։

Խե՜ղճ պզտիկ Սերպիս, որքա՜ն կը գթամ վրայ։ Պէտք է որ ժամը 6-ին ելլես, զոհես քունդ եւ առաւօտեան խաղաղութիւնդ՝ կարենալ ինծի գրելու համար քանի մը տող։ Ահա կը պատկերացնեմ քու զաւեշտ-ողբերգական գիրքդ՝ երբ նամակ կը գրես ինծի - նստած անկողնիդ մէջ, դեռ գիշերազգեստով, մազերդ խառնիխուռն եւ աչքերդ քունով լեցուն. կը գրես քաղցրօրէն միամիտ բառեր, ու սիրտդ ուժգին կը բաբախէ... ։

Ամենափոքրիկ ամղուկէն՝ դրացի սենեակներուն մէջ (մանաւանդ մօրդ սենեակէն), անկողնիդ մէջ կը պահէս թուղթդ, գրիչդ եւ մելանդ, որոնք ծունկերուդ վրայ դրած էիր։ Ահ, պէտք էր քեզ տեսնել այդ գիրքով... ։ Ինչքա՜ն քաղցր պէտք է ըլլայ քեզ համբուրելը, երբ այդքան մեծ վախ մը ունիս սրտիդ մէջ։ Խոստովանէ, պաշտելի Սերպիս, թէ նապաստակէ մը աւելի երկչոտ ես, թէ՝ կաթիլ մը քաջութիւն չունիս եւ յանդգնութիւն՝ քու պզտիկ հոգիիդ մէջ։ Եւ սակայն, թերեւս ատիկա է որ վախկոտ հրեշտակի հրապոյրդ կը կազմէ, ո՜վ գիտէ... ։

Ի վերջոյ, իմ Սերպիս, չեմ ուզեր որ այդ օրինակ չարչարանքներ կրես իմ պատճառաւ։ Ո՛չ, սիրելիս, ա՛լ մի գրեր ինծի, նոյնիսկ տող մը, այդ պայմաններուն տակ։ Այդ գնով ինծի հասնող նամակ մը բան չ՚արժեր. այդ մտածումն իսկ կը ջղայնոտէ զիս։ Չեմ ուզեր որ յուսահատ ճիգեր ընես՝ ծածկելու համար բարեկամութիւնը եւ համակրութիւնը որ ունիս ինծի հանդէպ, Պէտք չէ որ խաբես ծնողքդ։ Տգեղ է այդ բանը, այնպէս չէ՞։ Եթէ չես կրնար յաղթել երկչոտութեան, աւելի լաւ է գուցէ... ։

Ահ, կարելի՞ է։ Ներէ՜ ինծի, թանկագին Սերպիս, մռայլ տրամադրութեան մէջ եմ եւ այդ է պատճառը այս յիմարական խօսքերուն։ Ըրէ ինչպէս որ կ՚ուզես, ինչ որ լաւ կը զատես։ Քու կամքիդ կ՚ենթարկուիմ, որովհետեւ գիտեմ թէ երբեք չարիք չի կամենար ինծի։ Հազար անգամ ըսի թէ կը սիրեմ տառապանքը։ Նոյնիսկ եթէ ինծի ընել տաս բնութեանս ու նկարագիրս հակառակ բաներ, պիտի ընեմ առանց բողոքելու։

Երբեմն քիչ մը կը բարկանամ քու դէմդ. օրինակ, բառերէդ մէկը քիչ մը դաժան կը թուի ինծի, կամ ձեւերէդ մէկը նուազ փայփայող, կամ համբոյրներէդ մէկը՝ անսէր, այն ժամանակ կ՚որոշեմ վրէժ լուծել քեզմէ. բայց բարկութիւնս հազիւ քանի մը երկվայրկեան կը տեւէ։ Անդիմադրելի եւ տարօրինակ հոսանքը որ անվերջ կը հոսի հոգւոյս մէջ, շուտով իրեն հետ կը տանի բոլոր այդ պզտիկ բաները, եւ ահա կրկին թեւերս կը գրկեն քեզ, աւելի ուժգնօրէն... ։

Յոգնած կը զգամ։ Երկար պտոյտ մը ըրի Խրիստոյի մայրիներուն տակ, եւ այդ գրեթէ սպառեց զիս։ Ամբողջ ժամանակը քեզ երազեցի։ Կը թուէր ինծի թէ մօտս էիր, եւ ամէն անգամ որ թեթեւ հով մը կու գար գգուել այտերս, ինծի կը թուէր թէ քու շունչդ էր. կը դառնայի՝ փնտռելու համար շրթներդ։ Ահ, չա՜ր Սերպի... ։

Ձգէ որ քնանամ քիչ մը, բայց կը պաղատիմ, մի՛ գար երազիս մէջ։ Հանդարտ ձգէ զիս, եթէ ոչ վաղը շատ ուժով պիտի համբուրեմ քեզ, մեր նոր ժայռին վրայ, որպէս պատիժ։

Կը հասկնա՞ս... ։

 

16

Անթիկոնի, Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 1918

Վերջացաւ։ Ա՛լ պիտի չկարենամ զինք սեղմել սրտիս։ Երէկ մեր վերջին ժամադրութիւնն էր։ Խեղդող մելամաղձութիւն մը կը սեղմէր սիրտս, մինչ իրեն կը սպասէի մութ պատի մը տակ։ Հովը ցուրտ չէր, բայց կը դողայի։ Վայրկեան մը տենչացի երթալ հեռուն, հեռուն, կորսնցնելու ստուերս։ Ի՛նչ օգտու կար զինք տառապեցնելէ՝ այսքան հիւանդ հոգիի մը համար։

Ան եկաւ։ Երեւոյթի մը նմանեցաւ անոր գալը։ Հեւասպառ կը մագլցէր սեպ կողը բլուրին. մութ գոյն հագուած էր (գիտէ իմ ճաշակս)։

Սիկարէթ մը վառեցի եւ գացի դիմաւորելու։ Տխուրչէր ինծի նման։ Այն ատեն, ջանք ըրի պահելու իմ մելամաղձութիւնս եւ քէնոտ երեւոյթ մը առի։ Հպարտութեանս դէմ էր տխուր ըլլալ՝ երբ ան չէ՛ր։ Ի՜նչ, գութ ու սէ՜ր պիտի մուրայի անկէ։ Գիտեմ թէ յիմար բան է այս ըսածս, գիտեմ թէ ունայն եմ, բայց չեմ կրնար ուրիշ բան ընել։ Հոգիիս մէջ դեռ քիչ մը ունայնութիւն կայ, որուն չեմ կրնար յաղթել, եւ որ կ՚արգիլէ ինծի ամբողջովին մխրճուիլ անոր հոգիին մէջ, հանդուրժելու համար քաղցր լուծը անոր։ Միշտ կայ մէջս պզտիկ ըմբոստութիւն մը որ կը պահանջէ վերադարձը հին ազատութեանս եւ անկախութեանս։ Դեռ յաճախ կ՚երազեմ իմ քմայքներուս, իմ չարութեանս, իմ սրտիս անփոյթ՝ այն հին օրերուն։ Սակայն անոր նայուածքին նուաղուն քաղցրութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի տեղ կը շահի հոգւոյս մէջ, եւ անշուշտ պիտի գայ օրը երբ պիտի մրմնջեմ. «Առ զիս, ես քո՜ւկդ եմ»։

Վանքին առջեւէն անցանք։ Քանի մը որբեր կը խաղային հոն։ Վախցաւ։ Յանդիմանեցի զինք, եւ լուռ անցանք։ Մեր ժայռին հասնելու համար դեռ կը մնար որ գտնէինք ժայռերուն եւ մացառներուն անելը որ ամէն ժամադրութեան այնքան կը տառապեցնէ զինք։ Միշտ կ՚ըսէ թէ չի տանջուիր, թէ՝ ընդհակառակը, նուրբ հրճուանքի մէջ զգացողութիւնը կ՚ունենայ մարմնական չարչարանքէն, երբ ոտքը կը զարնուի ցցուն քարի մը, բայց այնքա՜ն կը մեղքնամ, եւ ամէն անգամ որ պզտիկ «ահ» մը արձակէ, ինքնիրենս հարց կու տամ. «ի՜չ օգուտ... »

Այնպէս չէ՞։ Ի՜նչ օգուտ բոլոր այս յօգնութիւններէն, բոլոր այս տանջանքէն։ կ՚արժէ՞ խռովել անդորրութիւնը իր կեանքին։ Ինչու՞ ընկերանայ այսքան տխուր եւ այսքան յոգնած հոգիի մը։ Յաճախ հարցուցած եմ իրեն այս, եւ ինք միշտ վշտացած է դառնօրէն։ Հիմա ա՛լ չեմ խօսիր, կը լռեմ... ։

Մեր նստարանը, հսկայ ժայռի մը վրայ քանդակուած, կը գտնուի տեսակ մը քարահանքի խորը որ բազմաթիւ քարերով սալայատակուած է։ Հոն իջնելու համար պէտք է անցնիլ պզտիկ ժայռերու շարքէ մը, որոնք բաւական վտանգաւոր անցք մը կը ձեւացնեն։ Ան երկչոտ է սիրոյ մէջ, բայց տարօրէն քաջ՝ երբ հարկ ըլլայ ցատկել փոսի մը վրայէն կամ մէկ ժայռէն միւսը մագլցիլ։ Այնքան կը նմանի պզտիկ նապաստակի մը՝ երկչոտ եւ արագաշարժ։ Կը դողամ որ չիյնայ՝ սխալ քայլ մը առնելով, իսկ ան կը խնդայ իմ երկչոտութեանս վրայ եւ ինձմէ առաջ կը հասնի ժայռին... ։

Վերջապէս, մեր քարէ պզտիկ նստարանին վրայ նստանք, եւ անմիջապէս մեր նայուածքը կորսուեցաւ հեռուն, տժգոյն հեռուները ծովուն որ կղզիին այս կողմէն միշտ կապարագոյն է եւ մեռելի մը պէս անդորր։

Միշտ մեր սէրը կը սկսինք աննշան եւ հասարակ բառերով, ջղայնացնող բացատրութիւններով, տղայական վէճերով, բայց երէկ այդպէս չսկսանք։ Քիչ մը լռութենէ ետք՝ հարցուցի.

-Կռուելու տրամադրութիւն ունի՞ս։

-Ոչ։

-Ե՛ս ալ։

Ու զինք թեւերուս մէջ առի... ։

Երեք ժամ իրար սիրեցինք տենդագին. կարծես մեզմէ մէկը պիտի մեռնէր յաջորդ օրը։

 

17

... 3 Նոյեմբեր 1918

Իմ միահատոր Սերպիս,

Չէի կարծեր թէ այնքան կը սիրէի քեզ։

Երբ նաւէն դուրս ելլար, երբ տեսայ հեռանալդ՝ մօրդ ու պզտիկ քրոջդ հետ, ա՛յնքան մեծ տրտմութիւն մը պատեց զիս որ բաղձանքն ունեցայ ձեր ետեւէն վազելու, կեցնելու եւ պոլու մօրդ երեսին.

-Ո՞ւր կը տանիս զայն։ Ան ի՛մս է... ։

Կը տեսնե՞ս որքան խենթ եմ։ Եւ սակայն, սա պահուն իսկ դառնօրէն կը մեղադրեմ անձս թէ ինչո՛ւ այդպէս չըրի. ինչու՞ ետ չառի քեզ քու մօրմէդ։ Ահ, պէտք էր բռնի առնել քեզ, վայրագօրէն սեղմել սրտիս դէմ, բերել քեզ հոս, մութ ու վայրի ամայութեանը իմ կղզիիս... ։ Եւ ահա հեռուն ես հիմա դուն, հեռո՜ւն, աշխարհի ծայրը։ Ու ես անգամ մըն ալ մինակ եմ սա հովին հետ, սա ծովուն, սա գիշերին ու սաշոճիներուն հետ։ Ահ, ինչպէ՜ս կը ծաղրեն զիս ու կը խենթեցնեն։

Եւ հիմա, ըսէ՝ ինծի, պաշտելի Սերպիս, ինչու՞ տխուր չէիր դուն նաւուն մէջ։ Չա՛ր հրեշտակ։ Քու տարօրէն լուրջ աչքերուդ կը նայէի եւ մտովին կ՚ըսէի. «երկար ամիսներու համար կը բաժնուինք, ես կորսուած պիտի ըլլամ իրեն համար. ան կորսուած պիտի ըլլայ ինծի համար... եւ տխուր չէ՞... »։

Այդ մտածումը կը սառեցնէր հոգիս. կարծես սառոյցի կտոր մը հպած ըլլար անոր։ Ա՜հ, ինչ փոյթ։ Գիտես թէ այդ տեսակ պարագաներու մէջ լաւ գիտեմ արուեստը քողարկելու իմ իրական զգացումներս եւ շատ վարպետօրէն քողարկելու հոգիս։ Այդպէս, այն րոպէին իսկ, երբ նշմարեցի անտարբերութիւնդ, էութեանս ամէնէն խորերը հրեցի մելամաղձութիւնս եւ այն անփութօրէն ժպտուն երեւոյթը առի որ, գիտեմ, միշտ կը վշտացնէ քեզ։ Ո՞վ էր անիրաւը, Աստուա՜ծ իմ։ Ե՜ս անշուշտ։

Միշտ այսպէս է։ Կը զղջամ՝ երբ շատ ուշ է ալ։ Ահ, ինչու՞, ինչու՞ չյայտնեցի քեզի այն ամբողջ յուսահատութիւնը որ կ՚իջնէր վրաս, հսկայ բեռան մը պէս։ Քեզ կորսնցնելու ամբողջ սարսափս։ Ինչու՞ գէթ քիչ մը չլացի... ։ Դուն հեռու կ՚երթայիր, քու զուարթ եւ լուսաեղ Բերայիդ, միշտ այնքան լեցուն բիւրաւոր պատահարներով, անակնկալ եւ հրապուրիչ հանդիպումներով, մինչ ես կը վերադառնայի այս անգութ առանձնութեանս։ Անորոշութեան մշուշը մեզ երկուքս ալ պիտի ծածկէր։ Ճակատագիրը կը սկսէր իր խաղը։ Ով գիտէ թէ ի՛նչ կարող էր պատահիլ քու հոգիիդ։ Միշտ այնքան կարելիութիւններ կան։ Երեկոյ մը գուցէ պիտի հանդիպէիր մէկուն, որուն... ։

Ահ, ո՛չ ո՛չ, իմ միակ եւ հրեշտակային բարեկամուհիս, ներէ՜ ինծի։ Այս բոլոր կ՚ըսեմ, որովհետեւ այնքան յիմար եմ։

Քուկիններուդ վերադառնալէ առաջ, երբ վերջին անգամ ձեռքերս սեղմեցիր, այնքան մեծ զղջում զգացի քու սէրով մութ աչքերդ տեսնելով, որ որոշեցի քեզ թեւերուս մէջ առնել եւ ներողութիւն խնդրել վերաբերմունքիս համար։ Բայց մեր սիրելի պզտիկ ժայռին վրայ չէինք։ Որքան կ՚անիծեմ այդ կիները որոնք մեր բոլոր շարժումները կը լրտեսէին։

Հիմա հեռուէն, իմ բանտէս, քեզի կ՚ուղարկեմ բիւր քաղցր համբոյրներ ու կը պաղատիմ որ քէն չպահես ինծի դէմ, նաւուն մէջ ունեցած վերաբերումիս համար։ Կ՚երդնում, սիրելիս, թէ շրթներուս անկիւնը յամեցող բոլոր այդ հեգնոտ ժպիտները եւ աչքերուս սառնային նայուածքը, բոլոր այդ «հո՜գըս» ըսող բառերը կեղծ էին։ Գուցէ քու ցրտութիւնդ իրական էր (թերեւս ձիւնած էր հոգիիդ մէջ), բայց կ՚երդնում թէ իմս կեղծ էր։ Ահ, եթէ արուեստն ունենայիր քիչ մը քողազերծելու հոգիս եւ նայելու անոր խորը, այն ժամանակ պիտի տեսնէիր թէ ինչ կը փորձէի ծածկել իմ ժպիտներուս ետեւ։

Ըսէ, կը ներես՞։ Մի մոռնար թէ ե՛ս ալ քեզի ներելու եմ քիչ մը... ։ Պէտք է բացատրել ինծի թէ ինչպէս կարող էիր տխուր չըլլալ՝ այնքան ցաւալի բաժանումի մը պահուն։ Պէտք է ինծի ըսել թէ ինչո՛ւ այդքան տարօրէն հանդարտ, մեռած նայուածք մը ունէիր։ Գուցէ կ՚ամչնայիր (ծիծաղելի բան) այն կիներէն որ մեզ կը լրտեսէին։ Գուցէ կը վախնայիր մամայէդ որ ամէն վայրկեան կրնար սանդուխներէն վեր գալ։ Ահ, ահաւասիկ որ կրկին յիմարութիւններու ոլորտներուն կ՚երթամ։ Կը մոռնամ թէ այսօր ա՛յնքան քաջ եղար որ կրցար բաժնուիլ քու սարսափելի մամայէդ, թէ՝ հրաժեշտ առիր բարեկամուհիէդ՝ գալ իմ քովս նստելու համար բոլորին առջեւ... ։ Այդ հրաշքը ըրի՛ր, ու ես փոխանակ գովելու քու հերոսութիւնդ, յիմար բաներ կ՚ըսեմ.... ։ Ծեծի արժանի չե՞մ միթէ... ։

Յետոյ, ինչու՞ միշտ այսպէս կը վշտակրինք։ Երբեք մեր սիրոյ բարձրութիւնը չապրեցանք ։ Որու՞նն է յանցանքը։ Գուցէ ես չեմ գիտեր սիրել... ։ Միշտ ալ այնքան թանկագին վայրկեաններ, ժամեր կորսնցուցինք, փոխանակ քաղցրօրէն սիրելու զիրար, փոխանակ խնայելու ամենափոքր վայրկեանն իսկ մեր հազուագիւտ ժամադրութիւններուն։ Գուցէ ա՛լ երբեք ետ չգան անոնք։ Որքա՜ն կը ցաւիմ հիմա այդ պարապ, տղայական բաներով կորսուած ժամանակին համար։ Սիրոյ իմաստութիւնը ուշ եկաւ ինծի, երբ մեծ լռութիւնը իջած է այլեւս մեր երկուքին միջեւ։

 

18

Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր 1918

Ստացայ նամակդ։ Շնորհակալութիւն բարութեանդ համար։ Այդ նամակդ շատ ցուրտ զգայութիւն մը տուաւ ինծի, կարծես սառի կտոր մը դպած էր սրտիս։

Մէկ խօսք ունիմ ըսելիք քեզի։ Զիս շատ մի՛ յոգնեցներ։ Արդէն շատ հիւանդ է հոգիս... ։



[1]            Բանաստեղծին սիրած աղջկան ուղղուած այս նամակները շատ քիչ անգամ կը կրեն թուական, բայց յայտնի է թէ գրուած են 1917 եւ 18-ի տարիներուն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուով, ու վերածուած են հայերէնի՝ նամակագրին իսկ ձեռքովը։ Անոնցմէ ոանք ունին օրագրութեան ձեւ ու կը տրուին այստեղ՝ ինչպէս որ կ՚երեւան Զարիֆեանի տետրակներուն մէջ։ Իր նամակներուն կցած է երբեմն՝ արձակ բանաստեղծութեան էջեր, որոնք առնուած են հոս առանձին խմբաւորումի մը մէջ, նամակներու այս շարքին վերջաւորութեան։ «Սերպի»ն մտերմական անուն մըն է, բանաստեղծին կողմէ միայն գործածուած։- ԽՄԲ