Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԿԻՆ Շ. ԿԻՒՐՃԵԱՆԻՆ

7 Յունուար 1924

Սիրելի Տիկին,

Ձեր երկար նամակը մեծ հաճոյքով կարդացի։ Պիտի պատասխանեմ անոր՝ անմիջապէս որ բժիշկս թոյլատրէ մտքի աշխատութիւնը։ Այս տարուան դաժան ձմեռը աննպաստ ազդեցութիւն ունեցաւ առողջութեանս վրայ։ Թէեւ, չկարծէք թէ շատ հիւանդ եմ։ Ո՛չ, հոգիս մարմինիս կապող շղթաները խիստ ամւր են, այնպէս որ՝ մահուան հրեշտակը պէտք է բաւական զբաղի ինձմով, խեղճը արդէն իսկ շնչասպառ եէած է, ու քրտինքը ճակտէն կը կաթի... խոշոր կաթիլներով։

Ե՞րբ պիտի գաք Կղզի. գարնա՞ն։ Անհամբեր կը սպասեմ։ Ինչ անտանելի ձմեռ մը ունեցանք- Աշունը շատ գովեցինք՝ անոր համար է։

20 Փետրուար 1924

... Մահէս յետոյ, հողին ուրախութիւնը պիտի տայ Ան ինծի։ Անշուշտ միշտ այսպէս չեմ մտածեր... Յաճախ կ՚ունենամ մելամաղձութեան եւ շա՜տ խոր մելամաղձութեան վայրկեաններ. չէ՞ որ պզտիկ ես մը ունիմ դեռ, շատ պզտիկ, որ կը յամառի տեւել տակաւին, իր սնոտի յոյզերուն ու փուճ մտածումներուն հետ։

Ի՞նչու այս սեւ խորհրդածութիւնները... Ահ, կը ներէք, բնաւ միտք չունէի այսպիսի բաներ գրելու ձեզի, հաւատացէք. բայց միտքս մահուան տենդովը լեցուած է, եւ ակամայ գրեցի ինչ որ գրեցի. կը ներէ՛ք։ Կը խոստանամ յաջորդ նամակս աւելի ուրախ ընել։ Օր. Ա. ն կը շարունակէ՞ աշխատակցիլ «Հայ Կին»ին. դաշնակի նոր ուսուցիչ ունեցա՞ւ։ Մեղք որ բախտը չունեցայ իր միւզիքը ըմբոշխնելու։ Պիտի ուզէի որ հողին ուրախութիւնը քիչ մը ուշ տրուէր ինծի, կանենալ լսելու համար իր Շոբէնը կամ Չայքովսքին... ։