Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎՐԷԺԸ

Ամառնավերջի լուսափայլ այդ գիշերը Մետիին հաստաբեստ ու պատկառելի կոնքը կը պատռէր Սեւ ծովին լանջը, ցռուկովը խառնելով ու խռովելով ջուրերուն խաղաղաւէտ մակերեսը` խռովելու համար կարծես նիրհը երկինքէն իջած զմայլելի Ծիր Կաթինին: Հիւսիսէն անծանօթին անյեղլի տարտամութիւնը կը փակէր ամէն բան` մութի, անդունդի, անսահմանութեան խառնաշփոթ ու ահեղ քօղքին տակ, դող տալով տկար ու ջղայնոտ հոգիներու. հարաւէն՝ ասիական ափունքին անորոշ, ստուերագծային երիզը կը շղթայուէր անհունօրէն` հեռուստին մէջ անզգալաբար թանձրացող մշուշէն քօղարկուած: Տիեզերքին վրայ ծանրացող լռութիւնը ինծի կը թուէր այդ րոպէին աւելի ահարկու բան մը, քան մեծամռունչ եւ ահագնադղորդ ուրականները, որոնց տեսած էի դիւայնացնելը այդ պատմական ծովը: Ու այդ լռութիւնն այնքան ճնշիչ էր ու այդ խաղաղութիւնը այնքան հափշտակող, որ մերթ կռթնած վերնայարկի ծովահայեաց երկաթեայ բարամբին, աչքերս ծովայոյզ, տեսակ մը անդրաշխարհիկ թաւալման ցնորքին մէջ, չէի իսկ լսէր նաւուն ընդերքներուն համաչափ շռինդը ու խուլ ու թրթռացող դղըրդիւնը, որով Մետին կը սուրար շարունակ:

Վարը, հասարակ մահկանացուներու մակաղատեղիին մէջ, կուրծքեր կը ֆշային համաչափութեամբ ու երբեմն քրդական լեռնաբոյր ու ասիաշունչ երգի մը լալագին բեկորը կ՚երկննար խաղաղութեան մէջ: Մէկ քանի զոյգեր, վերի երջանիկներէն, արու եւ էգ, պիրկ ու ինքնամոլոր փարումով, հոս հոն, լուռ ու մունջ կը դիտէին բնութեան մեծավայելչութիւնը ու կը փսփսային երբեմն ու կը սիրուըտէին մերթ: Ու ես մոռցած, թէ ո՛ւր եմ, դէպի ո՛ւր կուղղուիմ, ի՛նչ ձգած էի ետիս, չէի մտածէր, չէի զգար, կարծես մէկ խտացած մասնիկը դա հեռուի թանձրակուռ մշուշին, ուր կ՚անհետանար, կ՚աննիւթանար տարտամ երիզը ասիական ափնակառոյց լեռնաշարին: Վիթխարի եւ անըմբռնելի բաներու մտացնորքովը ալեկոծ, կը մոռնայի ցաւն ալ, յոյզն ալ, խնծիղն ալ, վայելքն ալ կեանքին, քաղցրութեանը մեծ ու մարդկային նպատակներու տենդալից հետապնդումին, եւ էութիւնս աննպատակ ու անզգալի հեշտութեամբ կը թաղուէր, կը լուացուէր սրսփալից` սպիտակաշող ու ծփծփուն Ծիր Կաթինին մէջ, զոր օգոստոսի այդ անապակ լուսնկան կը թափէր ծովուն վրայ:

Մէկէն, սակայն, հառաչանք մը սթափեցուց զիս: Դարձայ ու տեսայ, ինէ քանի մը քայլ անդին, բարամբին վրայ կքած, մարդ մը, որ կը խոկար` ծովուն նայելով, անթարթ ու անշարժ: Այնքան ցաւագին թուեցաւ ինծի այդ հառաչը, մարդկային վշտի անանկ մեծաբարբառ յայտարարութիւն մը կարդացի անոր մէջ, որ խանդաղատալից հետաքրքրութիւնէ մը մղուած, քիչ մը մօտեցայ` աւելի աղէկ տեսնելու համար մարդը: Եւ լուսնի անորոշ ճառագայթներուն մէջ ճանչցայ ճամփորդ մը, որուն առաջին վայրկեանին իսկ` երեւոյթն ու շարժումները խորհրդաւոր ու ցաւագին թուած էին ինծի: Հայ էր անշուշտ, բայց ոչ մէկուն հետ կը տեսնուէր, ցերեկին ծալլապատիկ նստած էր խելաց կողմը, շուրջի շարժումին ու աղմուկին անուշադիր: Ամերիկայէն վերադարձողներու խումբի՞ն կը պատկանէր: Բայց ոչ ոք հետը կը խօսէր: Անպարագրելի տխրութեան մը խորիմաստ դրոշմը կար դէմքին վրայ` մեռելական գունաթափութեամբ: Այդ սրտաճմլիկ տխրութեան առջեւ անդիմադրելի պէտք մը կը զգայիր իրեն դիտելու եւ ըսելու. «Բարեկա՛մ, ի՞նչ է վիշտդ, արդեօք կրնա՞մ սփոփել քեզ, ըսէ՛, խօսէ, թեթեւցիր, գուցէ ճար մը կայ…»: Լուսնին տժգոյն ցոլքը ինծի կը ցուցնէր հիմակ իր կիսադէմքը, կիսախուփ աչքը` խոր թաղուած, իր դէմքին գիծերը` աւերած ու մաշած: Ու երբ քուրդի լալագին ու կերկեր աւաչը նորէն բարձրացաւ վերէն, մարդը խորաթունդ հառաչ մըն ալ արձակեց: Ու տեսայ արցունքի կաթիլ մը, որ պահ մը ցոլաց անոր այտին վրայ ու ինկաւ ծովը:

Բարեկա՛մ, ըսի, ձեռքս ուսին դնելով, ինչո՞ւ կուլաք… Հայրենիքի կարօ՞տն է արդեօք…

Մարդը մէկէն ի մէկ շտկուեցաւ ու տեսայ, որ աճապարանքով թիկնոցին մէջ գրպանը պահեց թուղթ մը, զոր ձեռքին մէջ ունէր:

Հայրենիքի կարօ՞տ, ո՜, անշուշտ կայ ատիկա, ըսաւ նուաղած ու տրտմալի ձայնով… բայց իմ ցաւս ադ չէ միայն… իմ ցաւս անմարելի է… եւ աւելորդ է զիս մխիթարել փորձել:

Ո՞ւսկից կուգաք:

Ամերիկայէն. հազիւ երկու տարի է երթալս… գործ ունէի հոն, բաւական դրամ կը շահէի, բայց աճապարանքով ետ կը դառնամ… որովհետեւ…

Չշարունակեց, ու գլուխը ինկաւ կուրծքին վրայ, ու աչքերը նայեցան ծովուն: Հինգ վայրկեան մնաց այդպէս, կարծես քարացած: սպասեցի, որ շարունակէ:

Որովհետեւ, յարեց գլուխը վեր առնելով, կնոջս մահուան լուրը առի…

Մեռա՞ւ կինդ, հարցուցի վշտակցութեան մը պէս, մեքենաբար:

Մեռա՞ւ, կրկնեց ինքնիրենը խօսելու պէս մթութեան նայելով, ո՛չ, չմեռաւ, պարոն, մեռցուցին…

Ու այս վերջին բառը արտասանուեցաւ ոչ թէ տրտմութեամբ, այլ կատաղութեամբ մը, որմէ իր ամբողջ մարմինը դողաց:

Այո՛, բարեկամս, շարունակեց, երկու ձեռքերովը վանդակաձողը բռնած ամրօրէն ու միշտ աչքերը մութ անջրպետին յառած, այո՛, մեռցուցին խեղճ կինս, սիրական կինս, քաղցր եւ զմայլելի կինս… մեռցուցին, սրիկանե՜րը…

Այս անգամ երկու բռունցքները վեր առաւ, օդին մէջ երերցուց, ու լսեցի ակռաներուն քստմնելի կրճտուքը:

Բոլոր այս խօսքերուն եւ շարժումներուն տակ կռահեցի ընտանեկան տռամ մը, անշուշտ ցաւագին, բայց հետաքրքրաշարժ ալ: Սակայն խօսակիցս այնքան ջղայնացած, այնքան վրդովուած էր, որ չէի համարձակիր այդ տռամին մանրամասնութիւնները հարցնել իրեն: Մնաց որ, խօսելու եղանակէն, գործածած բառերէն կը հասկցուէր, թէ տգէտ մէկը չէր, արտայայտուելու մաքուր եւ պատկերալից ձեւ մը ունէր, ինչ որ աւելի շահեկան կը դարձնէր զինքը իմ աչքիս եւ իր վիշտը աւելի ողբերգական կ՚ընծայէր ինծի:

Ամիսներէ ի վեր խաղաղ քուն մը չեմ քնացած, շարունակեց կուրծքը հառաչալից, մղուած անշուշտ պոռթկալու այն անդիմադրելի պէտքէն, զոր բուռն ցաւերէ տառապողները կը զգան, գուցէ ոչ թէ թեթեւնալու, այլ իրենց կսկիծը արծարծելու, բոցավառելու համար— Այո՛, քունս վրդովուած է, կանոնաւոր սնունդ չեմ առնէր, եւ կնոջս ուրուականը կը տանջէ զիս… կեանք չէ իմս, դժոխք է… բայց անշուշտ վախճանը կայ այս անտանելի վիճակին… երբ գիւղս վերադառնամ, զիս չպիտի ճանչնան, աւելի աղէկ, ծպտուելու պէտք չպիտի ունենամ վրէժ լուծելու համար:

Եւ վայրկեան մը լռելէ յետոյ`

Բայց դուք ո՞վ էք, կրնա՞մ ճանչնալ, հարցուց յանկարծ անվստահութեան զգացումով մը թերեւս լեցուած:

Ըսի թէ ո՛վ եմ եւ ո՛ւր կ՚երթամ, ի՛նչ ընելու համար: Իսկոյն, տեսակ մը ճառագայթումով ձեռքն ինծի երկարեց:

Ուրախ եմ, ըսաւ, զձեզ ճանչնալուս, արդէն ծանօթ էիք ինծի… ձեր գրուածքներովը:

Եւ գոհունակութեան հառաչանքով մը`

Հիմա, շարունակեց, մտիկ ըրէք զիս` տեսնելու համար, թէ ինչ հրէշութիւններ կան աշխարհիս վրայ, ամենէն հեռաւոր գիւղերուն մէջ իսկ:

«Ես Խարբերդի Ք… գիւղէն եմ: Մեզրէի Կեդրոնականը առի ուսումս եւ շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ ուսուցչութիւն ըրի մեր գիւղի վարժարանը: Այդ միջոցին ճանչցայ այն աղջիկը, որ ետքէն կինս եղաւ: Անիկա շատ գեղեցիկ չէր, բայց ամբողջութեամբ շնորհք էր. Եփրատ Քօլէճի մէջ կրթուած` մեր գիւղի օրիորդներուն առաջինն էր իր զարգացումովը, համեստութեամբը եւ պարկեշտութեամբը: Ամէնուն աչքը անոր վրայ էր. իր ծնողքը գիւղին է՛ն հարուստն էին, ինչ որ անշուշտ մեծագոյն հրապոյրն էր զինքը առնել ուզողներուն աչքին… Բայց ինք ոչ մէկուն կարեւորութիւն կուտար: Իր քոյրը ամուսնացած էր իմ դպրոցակից ընկերոջս եւ ամենէն մտերիմ բարեկամիս հետ, որ աղքատ, բայց գործունեայ ըլլալով յաջողած էր գլխէ հանել այդ հարուստ աղջիկը: Ծնողքը պարտաւորուած էին տալ իրենց աղջիկը այդ մարդուն: Անգամ մը այդ տունէն ներս մտնելու պէս` բարեկամս, որ իր մէջ գէշ ու չար բնազդներ ունէր եղեր ծածկուած, տիրապետական կը դառնայ եւ ամէնքը իր քմահաճոյքներուն ծառայ կը դարձնէ: Իր քէնին, բնականաբար, չէր կրնար համակրիլ այդ բիրտ ու կոշտ մարդուն, որ ամէն առթիւ վիրաւորանքներ կը հասցնէր խեղճ աղջկան, որուն հետ արդեն սկսած էի համակրական յարաբերութիւններ ունենալ: Շատ չանցած երեւան ելաւ մեր յարաբերութիւնը եւ բարեկամս, որ այնքան սիրալիր էր միշտ հետս, յայտնապէս թշնամութիւն սկսաւ ինծի դէմ…: Եւ հասկնալով, որ դիտավորութիւնս էր ամուսնանալ իր քենիին հետ, ամէն ստորնութեանց դիմեց` արգիլելու համար այդ բանը…»:

Խօսակիցս կանգ առաւ, գիշերուան կիսալոյսին մէջ աչքերը շողացին շէկ լոյսերով, ու տեսայ, դէմքին գիծերը կը պրկուէին, կը կծկուէին` քստմնելի ըլլալու չափ: Իր դիակային մաշուածութեան մէջ՝ մոլեգնութեան այդ յարոյցը ահարկու կը դարձնէր զայն եւ չորցած կոկորդը թրջելու համար թուք կուլ կուտար դժնդակ ճիգով մը:

Բայց մեր խոստումը վերջնական, մեր դաշինքը անդառնալի էր, շարունակեց մարդը: Նշանածս ինծի կը հաղորդէր նողկանքը եւ ատելութիւնը, զոր կը զգար իր քեռայրիս հանդէպ եւ անհամբեր էր դուրս ելլալու այդ տունէն` ամուսնանալով ինծի հետ…: Ծնողքը, բնականաբար, ենթարկուած իրենց բռնաւոր փեսին` համամիտ էին անոր հետ` աղջիկն ինծի չտալու, բայց նշանածիս անհողդողդ կամքը յաղթեց ամէնուն, եւ մենք ամուսնացանք… Օ՜հ, երջանիկ մէկ տարին, որ միասին ապրեցանք մեր տանը մէջ, ո՜հ, այդ երանելի ու անդառնալի օրերը, երա՞զ էր ատիկա…: Մէկ տարի, կեանքիս մէջ միայն մէկ տարի երջանի՜կ… Եւ անկէ ետքը, ու հիմա մանաւանդ, կեանքս դժոխք է, պարոն, դժո՛խք, հեծեց խեղճ մարդը, ամբողջ մարմնով դողալով…:

Մէտին կը սահէր խաղաղ, ինչպէս վիթխարի չմուշկ սառնեղէն յախճապակիի մը վրայ, հեռուն, ափունքին մօտ, փարոսի մը ճառագայթը կը շողար` երկար ու միօրինակ քթթումներով, եւ քրդական աւաչը մերթ նուաղկոտ կը բարձրանար քունէն կարծես այլեւս յաղթահարուած, եւ կամրջակին վրայ սիրուըտող սիլուէդները անյայտ կ՚ըլլային կամացուկ մը` փախչելով թեթեւ զովէն, որ սկսած էր ոսկորներս սարսռացնել: Ու այդ տարաբախտ մարդուն եղկելի կոծը արձակուած այդ դիւթական անդորրին մէջ` աւանդավիպային աղաղակ մը կը թուէր ինծի…

Այո՛, պարոն, երջանիկ եղանք, ես ու կինս, որուն հոգիին ամբողջ ազնուութիւնը, նկարագրին բովանդակ բարձրութիւնը հաստատեցի այդ ամենօրեայ մտերմութեան մէջ ու մէկ տարի յետոյ յիմարաբար կը սիրէի զինքը…: Ու ոչինչ կ՚ըրնար համոզել մեզ, թէ մեր երջանկութիւնը տեւական չպիտի ըլլար, քանի որ մեկուսի կ՚ապրէինք, ամէն յարաբերութիւն խզած, նոյնիսկ աներոջս տանը հետ…: Բայց ապրիլ կ՚ուզէր, մեր խնայողութիւնները հատնելու վրայ էին, մօտաւոր ապագանիս վարդագոյն չէր…: Այր ու կին խորհեցանք երկարօրէն եւ վերջապէս, թէեւ ատիկայ դժնդակ բան մը ըլլար երկուքիս ալ համար, որոշեցինք, որ ես Ամերիկւս երթամ դրամ շահելու, քանի մը տարուան համար, յետոյ հաւաքուած դրամով գործ մը ստեղծեմ ես ինծի, որպէսզի կինս երջանիկ ըլլայ եւ ոչ մէկէն կախում ունենանք: Մէկ դժուարութիւն մը կար. կինս ո՞ւր պիտի մնար բացակայութեանս միջոցին. ասիկա երկուքիս համար ալ մեծ մտատանջութիւն եղաւ, վեր դարձուցինք, վար դարձուցինք եւ չկրցանք որոշման մը յանգիլ, երբ այդ օրերը զոքանչս մեզի եկաւ, իմացած ըլլալով մեկնումս, համակրութիւն ցոյց տուաւ եւ յայտարարեց, որ իմ բացակայութեանս` աղջիկը առանձին չէր թողուր, իրենց տունը կ՚առնէր, մինչեւ իմ վերադարձս: Հետեւեալ օրը, կնոջս քեռայրը, իմ բարեկամս, եկաւ միեւնոյն փափաքը յայտնել, սիրալիր ու համոզիչ ձեւերով ապահովցնելով զիս, թէ մեծ խնամք եւ հոգածութիւն պիտի ցոյց տրուէր կնոջս հանդէպ:

Կը մտածենք, ըսինք իրենց:

Բայց կինս բնազդաբար, տեսակ մը նախազգուշացումով` կը դժկամէր համաձայնիլ այս հրաւէրին, չէր կրնար որոշակի ըսել, թէ ինչ բանէ կը վախնար իր ծնողաց տան մէջ, գլխաւորապէս մասնաւոր նողկանք մը կը զգար իր քեռայրին նկատմամբ, միշտ տեսակ մը երկիւղ ունեցած էր անկէ` առանց յայտնի պատճառի, այնպէս, բնազդաբար:

Յետոյ դուրսը, առանձինն նորէն զիս բռնելով, քէնեկալս փորձեց համոզել զիս:

Քու բարեկամիդ չե՞ս վստահիր, ըսաւ, բացակայութեանդ միջոցին կինդ ո՞ւր կրնայ մնալ, եթէ ոչ իր ծնողաց տունը, որ ամէն տեսակէտով ապահովագոյն տեղն է:

Հարկը օրէնքը լուծեց, եւ ես իր ծնողաց տունը թողլով հոգեհատորս, գացի Ամերիկա, տրուած ապահովութիւններէն սիրտս բաւական հանգստացած…:

Խօսակիցս այս վերջին բառերը արտասանեց այնքան նուաղուն շեշտով, անանկ յուսահատական ճիգով, մը, որ կարծեցի, թէ պիտի նուաղէր, երկու ձեռքերովը բռնեց երկաթեայ ձողը, գրեթէ փաթթուեցաւ անոր` վար չիյնալու համար եւ կը նայէր, ակնապիշ, հեռուն, անպարագիծ տարածութեան, որ խաւարասոյզ կ՚անդնդանար: Չէի տեսած տակաւին մարդ մը, որ ցաւէ եւ յուսահատութիւնէ այնքան ընկճուած, այն քան ոչնչացած ըլլայ: Կարծես կը լսէի իր էութեան փլչիլը, կեանքի մը քայքայման քստմնելի շառաչը: Եւ այդ աղեխարշ փլուզումը արգիլելու անկարող, անկարեկիր հանդիսատեսը կ՚ըլլայի անոր, սառած, քարացած գրեթէ…:

Ամերիկայէն մինչեւ հոս, շարունակեց խուլ ձայնով մը, այս անդունդը շատոնց լափած կ՚ըլլար զիս, եթէ վրէժխնդրութեան կրակը չըլլար մէջս…:

Կը լսէի կուրծքին հեւքը, տաժանագին ու դժնդակ բան մը, կը տեսնէի իր մարմինը տակնուվրայ ընող մրրիկը:

Վերջապէս ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, պարո՛ն, - հարցուցի, գործին վախճանը իմանալու անհամբեր:

Գացի Ամերիկա…: Ի՞նչ երեւցաւ աչքիս այդ շքեղ ու ահագին երկիրը, ոչնչութիւն մը. վասնզի կինս հետս չէր, վասնզի, հակառակ ինծի տրուած բոլոր ապահովութիւններուն, չարաշուք կասկածներ սիրտս կը խոշտանգէին, հեռուէն, հայրենական գիւղս դրախտավայր կը թուէր ինծի, եւ այդ Ամերիկան կոշտ ու անիմաստ տեղ մը: Ինծի ղրկած առաջին նամակէն իսկ կինս կը զգացնէր իր անհանգստութիւնը ծնողաց տանը մէջ: Բայց կ՚ապահովցնէր զիս, թէ պիտի համբերէր` մեր ապագայ փրկութեանը համար…: Աղէկ, մոլեգնօրէն սկսած էի աշխատիլ. ի սկզբան քիչ շահեցայ, խնայողութիւն ըրի, յետոյ շատ շահեցայ… Ուրախ էի, գուցէ նպատակս իրագործուէր…: Միակ մխիթարութիւնս կնոջս նամակներն էին… անոնցմով կը սնանէի, կ՚ապրէի այդ անտանելի օտարութեան մէջ: Անցաւ տարիուկէս, եւ ահա օր մը նամակի մը մէջ կինս կը յայտնէր, թէ ծնողացը տունը իրեն համար կատարեալ դժոխք մըն էր եղած…: Իր առողջութիւնն ալ այնքան լաւ չէր: Ամերիկան գլխուս դարձաւ…: Ի՞նչ ընէի, ի՞նչ կրնայի ընել այդքան հեռուէն եւ մանաւանդ գիտնալով կնոջս զգուշաւորութիւնը, հեռուն` օտար երկրի մէջ զիս դառնացնել չուզելու իր մտահոգութիւնը, իրաւամբ կ՚ենթադրէի, թէ շատ բան կը ծածկէր ինէ, ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ չէր ըսէր: Ե՞տ դառնայի, թողլով գործս ու ապագայիս իրագործումը: Նամակ նամակի վրայ գրեցի, սիրտ տալով, մանրամասնութիւններ ուզելով: Յետոյ մէկ քանի ամիս լուր չառի իրմէ… Չարաշուք մտածումներ ըղեղս տանջեցին, ու աշխատութեան կորովս երթալով կը տկարանար… Յետոյ նամակ մը առի, սա նամակը (գրպանէն հանելով ցոյց տուաւ ինծի), վերջին նամակը, պարոն, որ խեղճ կնոջս արցունքին մէջ թաթխուած էր եւ արդէն մա՛հ կը հոտէր…: Կ՚ուզէ՞ք, որ ձեզի կարդամ…:

Եւ խօսակիցս բացաւ նամակը` թուլցած, քուրջ դարձած թղթի կտոր մը եւ գրեթէ առանց վրան նայելու, լուսնի տժգոյն լոյսին մէջ կարդաց զայն, կամ աւելի` գոց ըսաւ զայն դողդոջուն ու լալագին ձայնով: Չեմ յիշէր լսած ըլլալ աւելի վշտալից եւ տխուր բան մը, քան այդ արտասուայեղձ նամակին ընթերցումը: Մարտիրոսագրութիւն մըն էր: Հոգիի տառապանք մը քիչ անգամ այդքան սրտայոյզ, այդքան տպաւորիչ կերպով արտայայտուած էր: Այդ նամակը, պահ մը, իմ հոգիս ալ կը սգաւորէր այնքան, որքան այդ խեղճ մարդունը…: Եւ երբ լմնցուց խօսակիցս, գրեթէ ոչնչացած էր. չէր լար. չէր հեկեկար, գրերուն կը նայէր աչքերուն տարօրինակ, դիւային սեւեռումով մը, եւ ես վայրկեան մը վախցայ, թէ մարդը խենդեցած կ՚ըլլայ:

Այդ նամակէ՞ն ետքը, հարցուցի ուժգին ձայնով մը, մարդը սթափեցնելու համար:

Ա՛լ ոչինչ, խորդաց, կոկորդը գելանուած…: Այո՛, անկէ ետքը ոչինչ…: Աշխատութիւնս իսկոյն դադրեցուցի, որովհետեւ անկարելի էր աշխատիլ…: Յետոյ, օրէն մէկը, կնոջս շատ մօտիկ բարեկամուհիներէն մէկը, որ Ամերիկա կը գտնուէր եւ հոն ամուսնացած էր, կանչեց զիս, եւ աւելորդ ձեւաբանութիւններէ յետոյ իմացուց, թէ կինս մեռէր էր: Ի սկզբան չհաւատացի, վասնզի չէի ուզէր հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, թէ կինս կրնար մեռնիր։ Նամակը ցուցուց… իր ծնողքէն էր. ճիշդ էր ուրեմն, մեռէր էր կինս… Դուրս նետուեցայ, փողոց փողոց քալեցի ժամերով, պահ մը մտածեցի անձնասպան ըլլալ, բայց ներքին ձայն մը կ՚ըսէր ինծի, թէ հարկ էր վրէժ լուծել…: Վրէ՛ժ, այո՛, վրէ՛ժ կը գոռար` էութեանս բովանդակ թափը այդ բառին մէջ սպառելով…:

Եւ կարճ դադարէ մը ետքը`

Որովհետեւ պէ՛տք է գիտնաք, պարո՛ն, աւելցուց, թէ յետոյ աւելի պժգալի եւ զարհուրելի մանրամասնութիւններ իմացայ կնոջս այդ բարեկամուհիէն, որուն կը գրէր եղէր կինս` ամէն բան խոստովանելով անոր…: Այդպէս, իմացայ, թէ քէնակալս, որուն տուած հաւաստիքները ըսի ձեզ` կնոջս մասին, նախկին դպրոցական ընկերս եւ բարեկամս, այդ հրէշը ուզէր է, փորձ փորձեր է… խեղճ ու անտէր կնոջս պատիւին դպչելու. կրնաք երեւակայել յուզումը, որուն կինս մատնուած ըլլալու է այդ հրէշային փորձին հետեւանօք…:

Խօսակիցս լուսնին նայեցաւ, որ հիմակ երկինքին բարձրերը ելած` պզտիկցեր էր, ու ծովուն վրայ սպիտակ ջնարակումը հետզհետէ կը դժգունէր, ու բարձրացող թեթեւ հովը մեղմիկ ծփանք մը կը յարուցանէր նաւուն շուրջը: Բնութիւնն ալ կարծես կը սգար հիմա վիշտը այդ մարդուն, զոր մխիթարելու բովանդակ անզօրութիւնս կը հաստատէի:

Բայց տակաւին աւելի ահաւորը կայ, յարեց, գիտէ՞ք ինչու կնոջս պատիւին վրայ յարձակուիլ փորձած է այդ սրիկան, որպէսզի կինս ազդուելով, յուզուելով, ցնցուելով հիւանդանայ, քայքայուի, մեռնի, այո՛, մեռնի, որպէսզի ծնողացը միակ ժառանգորդը իր կինը մնայ, ու ինքը տիրանայ այդ ամբողջ հարստութեան…: Ահա հիմակ հասաւ իր անարգ մուրատին…: Մեռաւ կինս, ու ինք կը տիրանայ աներոջս բոլոր ստացուածքներուն…: Չի գիտէր թշուառականը, թէ պիտի գայ վրէժի ժամը, արդար ու ահեղ վրէժին…:

Կէս գիշերը անցած էր, ու խոնաւութիւնը մինչեւ ոսկորներս կը թափանցէր: Բուռն փափագ մը ունէի տաք վերմակներու տակ կծկուելու, ու այս ցաւագին պատմութիւնը ջլատած էր հոգիս ու յոգնած էի:

Արի՛ եղիր, բարեկամ, ըսի իբրեւ մխիթարանք… խնամէ՛ ինքզինքդ, սնունդ առ եւ քնացի:

Քնանա՜լ, ըսաւ տեսակ մը դառն քրքիջով, իմ քունս մղձաւանջ մըն է, թափառում մըն է մութ եւ ամայի գերեզմաննոցներու մէջ, կնոջս ուրուականը կը փնտրեմ, ու երբեմն կը տեսնեմ զինքը՝ իր ճերմակ պատանքին մէջ, կը մօտենամ իրեն դողդոջ քայլերով, բայց ան կը փախչի, ժպտուն, գլխու օրօրումով մը… կը փախչի ինէ, հէ՜ք սիրական կինս…:

Եւ մինչ լուռ եւ բուռն հեկեկանքներով կը թոթուէր ան, աճապարեցի հեռանալ, հեռանալ այդ մարդէն եւ այդ անհանդուրժելի ցաւէն…:

Չորս ամիս ետքը, դեկտեմբերի վերջերը, օր մը նստած էի Մեզիրէի առաջնորդարանի սրահին մէջ: Երկու մարդեր ներս մտան, յարգանօք բարեւեցին առաջնորդը, թուղթ մը տուին անոր եւ կեցան: Յանկարծ անոնցմէ մէկուն մէջ ճանչցայ Մէտիի մարդը, որուն ցաւագին սիլուէդը շատ անգամ քունս խռոված էր, եւ իր աղեխարշ կոծը ականջիս մէջ յաճախ կը դռնչէր: Անիկայ հարեւանցի մը նայեցաւ ինծի եւ ապահովապէս չյիշեց զիս: Ուշադրութեամբ հաստատեցի, թէ բոլորովին փոխուած էր ան: Ի՞նչ եղած էր արդեօք, մտածեցի, կնոջ մահուան լուրը ստոյգ չէ՞ր եւ վերադարձին ո՞ղջ գտած էր զայն: Այլապէս ինչո՞վ կարելի էր բացատրել իր մինչեւ իսկ զուարթ երեւոյթը: Ու միտքս դրի, դուրս ելլելէն ետքը եւտեւէն երթալ, ինքզինքս ճանչցնել եւ տեղեկութիւններ առնել իր մասին:

Բայց ահա սա խօսակցութիւնը լսեցի, որ կեանքիս ամենէն ապշեցուցիչ անակնկալներէն մէկը եղաւ եւ ճշդորոշող չափանիշը նաեւ մարդկային կասկածելի բարոյականին:

Առաջնորդը հարցուց.

Ի՞նչ կ՚ուզէք:

Պարոնին համար ամուսնական հրաման մը, պատասխանեց ան, որ կ՚ընկերանար իմ մարդուս:

Պարոնը նո՞ր կ՚ամուսնանայ, հարցուց Առաջնորդը:

Ո՛չ, պատասխանեց նոյն մարդը, առջի կինը, որ իմ քէնիս էր, մեռաւ դժբախտաբար, հիմա կ՚ուզէ դարձեալ ամուսնանալ ինծի ազգական աղջկայ մը հետ, ես կնքահայր կ՚ըլլամ իրեն, որովհետեւ ո՛չ միայն քենեկալ ենք, այլեւ պզտիկուց գրեթէ միասին մեծցած…:

Ետքի խօսքերը ա՛լ գրեթէ չլսեցի, հրամանի գործողութիւնը կատարուեցաւ, եւ մարդիկը ելան գացին:

Ա՛լ աւելորդ սեպեցի ետեւնուն դուրս ելլել, հարցնելու համար Մէտիի մարդուն, թէ ո՞ւր մնացած էր իր վրէժին գործողութիւնը:

Այս պատահարէն ի վեր միտքս դրած եմ չհաւատալ ամենէն դառնաթուրմ ցաւերուն իսկ:

«Հայ գրականութիւն», 1914, թիւ