Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Կը յիշե՞ս, Ա՛րփիար, երբ քեզ բան մը գրել խոստացայ Պանդուխտի կեանքէն, գրեցի նոյն ատեն թէ կարգ չպիտի դնեմ ի նմա եւ ոչ իսկ արուեստ։ Եւ ահա այսօր մինչ վերստին կը սկսիմ, դարձեալ նոյն խորհուրդը կը պաշարէ միտքս։ Այդ ցաւոց մէջ կարգ դնել կարելի չէ. ուսկի՞ց կը ծնին անոնք եւ ո՞ւր կը հասնին։ Միայն իրողութիւններ, ճշմարտութիւններ պիտի դնեմ թղթերուն վրայ, իրենց ցո՜ւրտ մերկութեանը մէջ, իրենց արիւնոտ կողերովն ու կեղերովը. թող ատոնք խօսին մարած, ի՞նչ կ՚ըսեմ, կենդանի ու կրակոտ լեզուաւ։ Կը յիշե՞ս. գրեցի միանգամայն որ անհարթ լեզուաւ անոնց թղթերէն ալ պիտի դնեմ Մասիսի վրայ, իբրեւ պատռուած ցնցոտիներ անոր կողերուն. այո, ո՛չ միայն զայդ պիտի ընեմ, այլ եւ ես ինքս ալ յարդարուն գրելու անփոյթ պիտի գտնուիմ. գրչիս ծայրէն մի անգամ դուրս թռածը, գրուածը, ժայռին վրայ նետուած փրփուրին պէս, վերստին յարդարելու չպիտի դառնամ Պանդուխտի Կեանքին մէջ. կսկծանաց վրայ պարապով դեգերելը՝ մատներդ սիրականի մը վէրքերուն մէջ անխռով սրտիւ խառնելու կը նմանի. այդ արութիւնը կը պակսի յիս։ Խոստումս յիշեցնելով կը սկսիմ վերստին։

Ա՛լ տեղ չմնաց, տեղ չկայ խաներու մէջ. լցուած են իրարու վրայ ամէն կողմէ, ամէն քաղաքէ ու գիւղէ, նոր մարդիկ, նոր պատանիներ։ Ո՛վ որ ուշիմ ակնարկ մը նետէ, կը տեսնէ որ նորեկ պանդուխտներու մեծ թիւը կը կազմեն 14-16 տարեկանները, խեղճուկ հագուած, ոտքերու վրայ հինցած պատռտած կօշիկ մը, որ 15-20 օր լեռ ու քար, սար ու սոր կտրելով Պոլիս հասեր են։ Ո՞վ կը նայի այս ողորմելիներուն. հաւատացած որ շատը որբեր են, յոյս դրած հեռաւոր ազգականի մը, կամ դրացնի մը վրայ։ Կը նստին օրերով, կը սպասեն ամիսներով, պարտքով ճամբայ ելած, պարտքով շոգենաւի վարձք հատուցած, հիմա ալ պարտքով պարապ կը նստին դեռատի պատանիներ, զրկուած գգուանքներէ, սիրելիներէ, եւ կենսական օդէն ալ։

Ասոնց մարերէն իւրաքանչիւրն այնպէս կը հաւատայ որ իր տղան Պոլիս հասնի թէ չէ, փարա ղրկելու կարող կ’ըլլայ, եւ իր պետքերը կը հոգացուին։ Իրա՛ւ, հազիւ թէ երկու ամիս անցեր է, թուղթ կուգայ մօրմէն. «Տղա՛ս, փարա ղրկէ այս փոսթայով. դու գիտես որ քեզ պարտքով ու արցունքով ճամբայ հանեցի»։ Այս նամակներն ամէն թղթաբերով կը թափին խաներու մէջ, թարմ տղաներ կը կարդան, կը զգան ու կը խռովին։ Օր մը, չգիտեմ երբ էր, խանի մը սենեակը կը մտնէի. նորահաս պատանի մը անկողնին վրայ մէկ քով կրթնած էր ձեռքը դրած գլխին եւ մտախոհ։ Ի՞նչ ունիս, սիրելիս։ Հա՛, բան մը չունիմ ըսելով, ծածկեց ինձմէ ամէն բան, եւ վշտագին սիրտը, թէեւ ես դժուարութիւն չունէի շատ բան մէկաց իմանալու։ Մայրը թուղթ ղրկած էր, հէք կինը պարտքեր ու պէտքեր դրած զաւկին առջեւ. իսկ տղան ո՛չ միայն գործ չունէր, այլ եւ գործելու ալ կրթուած չէր տակաւին։ Այսպէս ահա մտմտալու, անօրինակ տանջուելու կը սկսի մեր հայրենակից նոր սերունդն կեանքի այն տարիքին մէջ, ուր բնութիւնը ծաղիկներ կը բանայ եւ ոսկի ճաճանչներ կը հիւսէ մեր գլխուն վերեւ եւ ոտքերու տակ։ Յաջողութիւն ալ կ’ունենան. գիտէ՞ք թէ ի՛նչ է այդ. հա՛ ըսեմ. կը նետուին դժուարութեամբ վարպետի մը քով. ալ կը տեսնես անոնք որ տասներկու ժամ բեռնաւորեալ կ’ելնեն կ’իջնեն լաստակներէն վեր ու վար. մէկն իր բէճին (ուս) վրայ դրած է կրակախառն շաղախն, ուսն ուռած ու կարմրած է. շնլիքն այրած կիրէն. ինքը խաշած ու մաշած։ Ուրիշ մը կը նետեն բեռնակրի ձողերուն տակ։ Ա՜խ, ես քանինե՜ր տեսեր եմ, թարմ ու առոյգ տղաներ, հսկաներ ըլլալու խմորով շինուած, որք տաժանելի աշխատութեանց տակ սմքած ու սքլած մնացին, քանինե՜ր ճնշուեցան, ճմլուեցան ու կը ճզմուին. քանիներ ալ, կրծոց տախտակները ջախջախուած, անցան գացին վաղամեռիկ՝ հայր, մայր, տուն տեղ աւերակ թողլով եւ դռներ գոցելով։ Հոս զանց կ’ընեմ յիշատակել այն մատաղ զոհերն ալ, զոր միշտ եւ ամէն տարի կուտանք պատերէն վար, լաստակներէն վար։ Գիտե՞ս ասոնց թաղումը. պատմեմ։ Սեւ օրուան շահածը, կէս կամ քառորդ օրական, կը ծրարեն կը դնեն մեռելին կոտրած կուրծքին վրայ, եւ այնպէս կ’առնեն կը տանեն ի գերեզման, այդու երկու բան ապացուցանելով, կեանք մը որ հինգ տասը դահեկանի արժէք ունի, դրամ մը, որ անիծեալ է յաւէտ։ Ասոնց օրագիրը մեր թերթն է, Արեւելք. շատ օրեր չանցած երբ ես կը կարդայի ի նմա, որ մանուկ մը Պոլսոյ կողմը՝ տունէ վար ինկած կոտրտած էր, Պետրոս մը Պէշիկթաշի մէջ ջախջախուած ու մեռած։ Հողաշէ՜ն տերեւներ, որ ամէն եղանակի մէջ կեանքի արմատէն կը փրթին կը թափին աշնան թերթերու պէս։

Ողջ մնացողներն ի՛նչ կ’ընեն, ահա ինչ որ պէտք է գիտել այդ նորահասներու մասին։ Մեր Մարտիկն ասոնց կարգէն է եւ իր պատմութիւնը մասամբ անոնցն է։ Երկու տարին անցաւ յորմէհետէ Պոլիս եկած է. իր տարիքն է հիմա տասնեւվեց։ Իր հայրը պանդխտութենէ ի տուն դարձին՝ Կարնոյ լեռներու մէջ առանց գերեզմանի կորսուած է. Թագուհի, այդ տղուն հէք մայրը, իր չորս մատաղ որբերովը քանի տարի տառապելէն ետքը, Մարտիկը ճամբայ կը հանէ տասնչորս տարեկան։ Այս Մարտիկն հիմա ալ հոս է. հօրմէն մնացած 50 ոսկուոյ պարտք ունի վզէն կախուած, տունն ալ, որ իրեն կը նայի. պէտք ունի, պարտք ունի, տուրք ունի, դարդ ունի. Ասոնց ամէնուն ալ պիտի հասնի նա։ Բայց Մարտիկը մեր ձեռքն հասած էր. չե՞ս խնայեր տասնեւչորս տարեկան հասակին, կը թողո՞ւս որ բեռնակրին անողորմ ձողը կոտրտէ այդ մատաղ շէնքը. ո՛չ բնականաբար։ Ուստի մինչեւ տասնեւվեց տարիքը վար դրինք զինքը. մօրը թուղթերն ալ անպատասխան թողուցինք շատ անգամ, գործելու վարժել տուինք խնամոց տակ։ Օր մը երեկոյեան տուն դարձայ. Մարտիկ չերեւաց, զի խան գացեր էր, այդ փոսն, որ դանաեանց ծակ կարասին պէս անյագ կը կլլէ մեր կեանքերը։ Արժանապատուութեան զգացումը զինքը հոն նետեր է. աշխատիլ, ինքնութիւն ունենալ, ապրիլ ու ապրեցնել իր քսակովն ու քրտինքովը։ Այս կիւրակէ ալ այցելութեան եկեր էր Մարտիկը. այտերուն կարմրութիւնը տակաւ մարելու սկսած է, աղտոտած, վրան գլուխը պատռտած, կօշիկները ծակ ծակ։ Թէեւ մեր տան տղու պէս եւ մեր փողոցի մարդոց ամենուն ալ սիրելի էր, բայց այս անգամ ոչ ոք նայեցաւ իր վրայ, զի ինքն ալ իր վրայ չէր նայած։ Ի՞նչ շահած էր հապա այսչափ կորուստներու փոխարէն. լսեցէք լաւ, եւ անմոռաց կապեցէք յուշի. 75 դահեկան 40 օրուան մէջ, կէսն ապառիկ, եւ սա յոյսը թէ քանի մը օրէն եթէ գործ ունենայ, մէկ ոսկւոյ կը հասցնէ այդ գումարն եւ մօրը կը ղրկէ։ Ո՜րչափ ալ իր անձին զրկանք ըրած է խեղճն մինչեւ որ այդչափ յաջողած է. գուցէ շատերուն ծխախոտի սպառած դրամն ալ իր ստամոքսին ծախսած չէ։ Մարտիկի կեանքն ամէնուն կեանքն է, եւ մանաւանդ թէ անոնց մէջ բարեբաստիկն եղաւ։ Վարպետի վախը չկրեց, բեռնակիրի ձողէն ազատեցաւ։ Վէպ չէ գրածս, Արփիար. եթէ ուզես, աւուր մէկը կը ղրկեմ զնա քեզ թղթի կտորով մը, հարցուր եւ իր պատմութեանը տեղեկացիր նոյն իսկ իր բերնէն, իր վրան ալ նայէ, երեսներն ալ տես, աչքերն ալ զննէ, վրան գլուխը գթոտ նայուածքէդ անցո՛ւր, քսակն ալ քննէ, եւ հուսկ ապա հաշուէ թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ այդ խմորով շինուած տղան, եւ ի՛նչ պիտի ըլլայ այդ տաժանելի կեանքէն, որուն դատապարտուած է։ Հաշիւէն դուրս կը նետեմ մօրը, հողին, ջրին, եւ իր հարազատներու կարօտը։

Ասո՛նք հոս, հապա անդի՜ն։ Գարնան առաջին օրը, արագիլն ու ծիծառը հազիւ թէ ոտք դրած մեր սարերուն վերեւ, 3000 երիտասարդ միայն Տարօնոյ գիւղերէն ճամբայ ելած են դաշտ, առանց հրաժեշտի ողջունի ծնողաց ու ընտանեաց։ Այս վերջին սփոփանքէ զրկուելու բո՛ւն պատճառն եղած է անցագրի պակասը, այսինքն՝ տասներեք դահեկանի։ Ասոնք քալելով, ծուռումուռ ճամբաներով մինչեւ Տրապիզոն կը հասնեն թէեւ, բայց նաւապետներն յանձն չեն առնուր այդ անպէտ բեռներն իրենց նաւերու տախտակաշարին վրայ նետելու։

Ա՛լ այնուհետեւ նոր տեսարան մը կը սկսի. ո՞ւր դարձան, ո՞ւր գացին, մարդ չի գիտեր. այսպիսի կորուստներ ալ անպակաս են ամէն տարի. կան տղաքներ, որք չգիտեն այսօր թէ իրենց հայրն ի՛նչ եւ ո՛ւր վախճան է ունեցած. կան ծնողք ալ որ նոյնպէս անգէտ մնացած են յաւէտ իրենց որդւոց ճակատագրին։ Ահա մեր յոյսերը։

 

«Մասիս» 1889, թ. 3924.