Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

8 Փետրվար ։ Մեծ տօնին օրն է։ Երբեմն այդ սուրբ հինգշաբթին՝ մեր խաներու մէջ բերկրութիւն կը բերէր, արուեստաւորն իր գործին ու համալն իր ձողը վար կը դնէր, գինի եւ օղի կուրծքերն ու գլուխները կը տաքցնէին, եւ տրորիկն (հերիսայ) կը բաժնուէր խաներէն դուրս։ Ա՜խ, տրորի՜կ, ատոր հետ ամբողջ աշխարհի մը պատմութիւն կապուած է, այդ հինգշաբթին գաւառաց մէջ ամէն տուն կ’եփէ զայն. ազգատոհմի մը բոլոր զաւակները, աղջիկ, թոռն, հարս այլ եւ այլ գիւղերէ կը խմբուին նահապետական տունը եւ միեւնոյն սեղանի վրայ կ’ողջունեն զիրար, կ’ուտեն տրորիկը, կ’օրհնեն, խունկ եւ աղօթք կը մատուցանեն սուրբ հոգիներու համար։ Հոս ալ նոյնը կ’ընէին։ Բայց չքաւորութիւնն այսօր խաներու մէջ շա՜տ բան մարած է, հաւաքական տրորիկն ու մատաղը սեղանի վրայ չեն ելներ, եւ միայն մնացած է անոնց ցաւագին յիշատակը՝ այրած տան մը փոշիներուն վրայ երկարող ծխանին պէս։

Խաներու մօտ կը դեգերինք։ Սրճարանի մը դուռը կը բացուի, բարե՛ւ ձեզ, տղերք։ Հո՜, իրարու վրայ խռներ են, ծուխ, իւղոտ օդ ու հազ թոքեր կը պատռեն։ Ի՞նչպէս էք, լաւ էք։ Մեր հալն յայտնի է, գործ չկայ, փարա չկայ, մեր բարեկենդանն ալ անցած է Աստուած մեր վերջը բարի ընէ, տեսնենք աս քաշելիք բան չէ, տարէց տարի դէպի գէշը կ’երթանք։ Մի՛ յուսահատիք աղբէրք, Աստուած ձեր բազուկներն ու կռնակները պահէ, նեղութիւնք գիշերուան մութին կամ իրիկուան արցունքին կը նմանին. առաւօտ կ’ըլլայ, երկուքն ալ կ’անցնին։ Եւ մինչ այսպէս բան մը ըսել կը փորձէի, վարպետին մէկը քաշեց զամբիւղէն իր ուրագն ու ցոյց տալով կ’ըսէ. «ահա գործիքներս ժանգոտեցան, մենք ալ ճի՛շդ ասոնց պէս եղած ենք, բայց գոնէ ասոնք ժանգով կը մաշուին առանց բան մը զգալու, տուն տեղ ունենալու, ծնողի ու զաւակի սէր քաշելու»։ Ուրիշ մը ձեռքերն երկարելով, կը նայի իր թաթերուն ու մատներուն վրայ, ահա՛, ո՜րչափ սպիտակցած ու փափկացեր են. Պոլսեցին կնկտոց քնքուշ ձեռքեր ու թաթեր եղած են. վա՜յ ասոնց, որ մեր տունն ու տեղը պիտի պահեն, մեր պարտքերն ու դարդս պիտի հոգան։– Դու ի՛նչպէս ես, Խաչօ աղբար։– Հա՛ ինչ անեմ. ամէն նեղութիւնս մէկդի, սա ոտքերուս ցաւն անցներ, մէկ էլ ձող դնէի թիկունքիս վրայ, Աստուած ողորմած էր. ա՜խ, մարդու կարօտ չմնայի, եւ աչքս ուրիշի ձեռք չնայէր։ Այսպէս մէկն անգործ միւսն ցաւերու տակ ճնշուած, եւ բարեկենդանի հինգշաբթին, այս յիշատակի, տրորիկի, գինուոյ եւ օղիի օրը, կ’անցնեն սրճարաններու մէջ գամուած։ Կ’երդնում կեանքիս ու կրօնքիս վրայ, որ խաներու մէջ, գործելու վարժ, կրելու վարժ ձեռքերու եւ թիկունքներու մէջ, փողոցի մուրացիկներէն աւելի չքաւորներ կը տառապին. կը գտնես հոն պարկեշտ գործաւորներ, տան, դռան ու երդիքի տէրեր, տղի ու թոռան հայրեր, որ ամբո՜ղջ ամիսներ գրեթէ տարուոյն կէսը, առաւօտուն յուսով կ’արթննան, եւ ցերեկը հաց ալ չեն գտներ շատ անգամ։ Տեսե՞ր ես դու կտրիճ մը, որ զուրկ ամէն ապրուստի միջոցներէ, ցերեկուան ժամուն հաշիւ ընէ, չափէ չափչփէ, գրպանները խառնէ, եւ ի վերջոյ աչքերը մթնցած, յուսահատ ձեռքը թօթուէ առանց դրամի հետքն իսկ գտնելու իր քով, եւ փուռին տակ անսուաղ նստի։ Եւ որովհետեւ, ինչպէս գրած եմ երբեմն, այդ մարդիկ մուրացկանութիւն էլ չգիտեն, կը նետուին վաշխառուներու գիրկը. խնդութեամբ սպանդանոց վազող գառներու պէս, եւ կը կնքեն պարտամուրհակներ մութին մէջ. ալ Աստուած խի՜ղճ տայ այդ անողորմ անզգամներու, որք իր զոհից արեանը մէջ քնացող կամ երազող վագրին կը նմանին։ Ասոնց վիճակը տարէց տարի համեմատաբար անտանելի կը դառնայ. ուստի կը վախեմ որ գուցէ օր մը յուսահատութիւնն իր բոլոր ուժովը ծանրանայ խաներու մէջ, եւ մեր ղարիպներն ուխտեն ալ ոչ ետեւ դէպի իրենց տուն դառնալ եւ ո՛չ ալ վեր՝ դէպի իրենց Աստծուն։ Մեր Պատրիարքարանն այս մասին բա՛ն մըն ալ չգիտեր, եւ իր փոխանորդարանի պաշտօնական ծանուցմունք հրապարակի վրայ 10-15 տարի մոռցուած, կորսուած անուններ կ’արտասանեն, խողովակէ մը դուրս ելած ձայներու պէս, բայց ես հաստատապէս գիտեմ որ յուսահատութեան զոհեր կան, ի՛ր իսկ խեղդանը քաշող անձնասպանին պէս կամաւոր զոհեր։ Մեր Մուխթար կ’ըսէ որ աւուր մէկը երիտասարդ մը աղուորիկ խոշոր Քղեցի մը, թէզքէրէ մը հանելու համար եկաւ՝ Պոլիսէն ի Պուլկարիստան մեկնելու։ Հարցուցինք թէ ո՞ւր կ’երթաս, տուն, տեղ չունի՞ս, ծնող, զաւակ չունի՞ս։ Ամէնն ալ ունիմ, բայց ի՞նչ անեմ»։ Այն օրէն ի վեր Յակոբ գացած է. չգիտենք թէ ո՞ւր է այդ աղուորիկ տղան, ո՞ղջ է, պիտի գա՞յ. իր տունը թղթի ու խապարի չսպասե՞ր…։ Այդ տեսարաններն ու մտածութիւնները սրճարանի մէջ թողլով՝ դուրս կ’ելնենք։

Քանի մը սենեակներ այցելութեան կ’երթանք։ Հիւանդներ կան պառկած, տէր տիրական չունին, երեսի վրայ։ «Հիւանդանոց»ի անուն կուտանք, եւ ահա խորի՜ն դժկամակութիւն։ Ես ասոր համոզուած եմ որ, ինչ որ ալ ընեն, ի՜նչ կարգի հրաւէր ալ ուղղեն մեր ղարիպներու, այդ մարդիկ չպիտի հաշտուին մեր Փրկչի հետ, մտքերու վրայ քանդակուած, հոգիներու վրայ դրոշմուած այնպիսի՜ ցրտութիւն մըն է, զոր չէ՛ կարելի արմատէն երերցնել իսկ, թող թէ զարնելով կործանել։ Ի՞նչ կ’ըսես հիւանդի մը որ, երբ քսակին մէջ դրամ չունի, իր պասեալ շրթանց գաւաթ մը ջուր տուող կը պակսի, շատ անգամ զայրացած կ’ելնէ կը նստի անկողնին մէջ. մահաշշուկ աչքերուն մէջ փայլակը կը ցոլացնէ եւ տա՜ք, հոտա՛ծ, թթուած շնչովն երեսդ ի վեր կը մրմռայ թէ «Ես ոչ մէկէ բան մը կ’ուզեմ, ո՛չ հաց, ո՛չ ջուր, թող տուէք հանգիստ տեղիկս պառկեմ. տեսնենք Աստուած ի՛նչ կ’ընէ» ըսելով, կրակոտ գլուխը կը նետէ աղտոտ ու խոնաւ բարձին վրայ։ Մեր Յովսէփի անկողնին շուրջը օր մը շարուած էինք, մէյմէկ ձեւով աղաչանքներ կ’ընէինք համոզելու որ Հիւանդանոց երթայ, իսկ ինքը ճիշդ այդպէս ըսաւ։ Չգիտեմ ինչո՞ւ ինծի ալ ցուրտ բան մը կ’ազդէ այդ «փրկիչ» անունը։ Հիւանդանոցէ եկած մահերու սեւ լուրը կրկնակի խոցած է զիս. «Փրկիչը մեռաւ» սարսուռին սարսուռն է։ Կը պատմեն որ մինչ, Հիւանդանոց մտած առաջին օրը, մեր Մանօի լաթերն հանած են, զայրոյթով ըսած է. «ի՛նչ աճէլէ կ’ընէք կրակէ բան փախցնող գողերու պէս. ատոնք արդէն հոս պիտի մնան, մեք «Փրկիչ» կուգանք մեռնելու համար միայն»։ Երեք օր ետքը կը մեռնի այդ կէնճ ու կանաչ տղեկը. իր եղբարց անմոռանալի կսկիծն այս եղաւ, որ ստիպմամբ հոն ղրկեցին ու զրկուեցան ի սպառ անոր յետին փարումներէն ու կաթոգին նայուածքներէն։ Այս ցաւերը քրքրեցի բան մը, նոր բան մը հասկցնելու որ Հիւանդանոցի մասին մեք խաներով երախտագիտութիւն չպիտի խոստովանինք Պոլսեցուոց. եթէ մտնենք ալ հոն, մահու կռիւն ու օրհասին տառապանքները քաշելու համար պիտի մտնենք. է՜հ, մեռնիլ ըլլալէ ետք, խաներու մութ ու խեղդուկ անկիւններն ալ բաւական են, գէթ գրուած սեւ թուղթերու վրայ պակաս կ’ըլլայ «Փրկիչը մեռաւ» եւ այդ սարսուռը սառի պէս չցնցեր խեղճ ղարիպին տնակը։ Այս ցաւերը քրքրեցի հոգեկան սա երեւոյթները մէջ տեղ հանելու. Ուրիշին հացովը չկերակրուիլ. Չունենալ կեանքի մէջ մաս մը, որուն համար ըսուի թէ այլք հոգ տարին. Չքաւորութիւնը ծածկել արժանապատուութեան զգացումի տակ. «Հիւանդանոցի մէջ մեռնիլ» անարգանք համարուած է ղարիպին դագաղին ետեւ, զոր ամէն հիւանդ կը զգուշանայ թողուլ իբրեւ սեւ ժառանգութիւն մը իր տանն ու զաւակներուն։ Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել արմատացեալ անվստահութիւն այդ գթութեան յարկի վրայ. ներքին ծանօթութիւն այն կեանքին, որու կրնան անգիտակ մնալ գթոտ պաշտօնէութիւնք այդ հաստատութեան. աւանդական դէպքեր, որք ուրուատեսիկ ցնորքներու պէս մտքերու վրայ ցրուած կը մնան։ Չե՞ս հաւատար, գնա խաներ, մո՛ւտ անխտիր ամէն սենեակ, մեռելի պատմութիւն ընել տուր, «Փրկիչը մեռաւ»ին հետ սարսուռը կը տեսնես ամէն դէմքերու վրայ. խոր, խոր է այդ տպաւորութիւնը. ուստի երբ Հիւանդանոցի բացումն ըլլայ պաշտօնապէս, աւետիս տան մեր խաներուն, պիտի խնդրեմ որ Հիւանդանոցով երախտապարտութեան բեռ մը չնետեն մեր աղբէրներաց կռնակը, պիտի աղաչեմ որ ղարիպի կենաց մէջ այդպիսի էջ մը չխառնեն իր ցաւերու եւ կսկծանաց հետ։ Ինչո՞ւ երախտապարտ ըլլանք։ Վահէ գրեր էր որ Մշեցի պառաւը, կզած փայտին վրայ, թրջուած եւ դողդոջուն ցրտին, իր անողորմ վաշխառուին 11 ոսկի պահանջքին տեղ՝ 14 ոսկի կը հատուցանէ եւ 3 ոսկուոյ ալ նոր պարտամուրհակ մը կը կնքէ իր ձեռքի խաչովը. Մեր նորատի հարսներ տակաւին այդ անիրաւ զրկողներու դռներու վրայ կը դեգերին, իր կեսուրի եւ ծեր կեսրայրի առջեւ քօղի տակ ծածկեալ սրբուհին, անխօս հարսնուկը, այդ անբարոյական արարածներու հետ հաշիւ կը տեսնէ, սէնէտ կը կնքէ։ Պոլիս, իբրեւ կեդրոն տեղացի եւ գաւառական ուժերու, պէտք է օգնութեան տարբեր եղանակներ խորհի եւ տայ գաւառներուն, ոչ թէ մուրացկանին առջեւը նետուած ողորմութեան պէս, այլ իբրեւ եղբօրէ եղած հատուցում մը քաշուած տառապանքներու համար. օգնենք որպէսզի այդ մարդիկ, որչափ կարելի է, տունէ, տեղէ, զաւակներէ չը բաժնուիր, իրենց հողը մշակեն, իրենց ծառերն ու ծաղիկները հոգան, գոմէշին կռնակը շփեն, արօրին խոփը սուր ու փայլուն պահեն, իրենց օդը շնչեն, իրենց սրբարաններու մէջ աղօթեն, իրենց երգերն եղանակեն հովին ձայնով, առուակին մրմունջով, վտակին տրտունջով։

Այսպիսի օգնականութիւն մը գթութեան անհամեմատ գործ կ’ըլլայ. թէ ո՛չ քանի մը օր կրակոտ գլուխ մը հանգչեցնել «Փրկչի» անկողիններու վրայ, տեղ տալ, բժիշկ կանչել եւ ապա նետել սեւ հողերու մէջ վաղամեռիկ կեանքեր, ոչինչ է։ Այս մտածութիւններն ընելով լռիկ, սենեկէ սենեակ կը մտնենք. այդ մթութեան եւ զնտաններու մէջ բան մըն ալ կ’զգայ մարդ, հայրենիքի ոգին, որ հիւանդի ջերմաջերմ շնչոյն պէս մթնոլորտին վրայ կ’երերայ եւ տկար հաւատք մը կը զօրացնէ. կ’ըսես ահա մարդկութիւն որ տառապանքը հագած է տակով վրայով՝ իր պապերու գերեզմաններէն չզատուելու համար։ Մէկն ըսած է. «ո՜րչափ պանդուխտ տեսայ, ա՜յնչափ աւելի սիրեցի հարցս երկիրը»։ Ուրիշ բան մըն այ կը յիշեմ. Կուստոցցայի ճակատամարտին առաջին օրը (24 յուլիսի 1848) իտալացի վաշտակ մը՝ աւստրիացի զօրախմբէ մը կը պաշարուի։ Թմբկահար մը կը ղրկուի գնդապետին կողմանէ իտալացի բանակէն օգնութիւն փութացնելու։ Պատգամաւորը կը նշմարուի, աւստրիացի գնդակներ կը հասնին անոր ետեւէն, եւ անոր սրունքը կը զարնեն։ Բայց հէքը մերթ նստելով ու ցաւը քաշելով եւ մերթ արիւնը սրբելով ու շունչ առնելով, ուր ուրեմն արիւն քրտինք թաթխուած՝ կը հասնի իտալական բանակը, եւ իր պաշտօնն ի գործ կը դնէ։ Օրեր կ’անցնին, գնդապետն ալ ձախ թեւքէն զարնուած կը մտնէ այն հիւանդանոցն ուր տարուած էր կանխաւ թմբկահարը։ Երկու ծանօթք զիրար կ’ողջունեն սիրով. երիտասարդն գնդապետին մատներուն վրայ արեան թարմ կաթիլներ տեսնելով «Ո՜հ, թոյլ տուէք, կ’ըսէ, Պր. Գնդապետ, որ կապն ես ամրացնեմ»։ Սակայն երիտասարդը բարձի վրայ կը կրթնի թէ ոչ, երեսին գոյնը անօրինակ կը փոխուի. խեղճին ոտքը կտրուած էր եւ փայտէ կոճղ մը դրուած անոր տեղը։ Բժիշկն, որ նոյն պահուն անոնց մօտիկ կը գտնուէր, տեսնելով գնդապետին վրայ բուռն ցնցում մը վշտի, կ’ըսէ. «ճար չկար… հարկ եղաւ ոտքը կտրել… ո՜հ… բայց կտրիճ տղայ է, հաւատացէք, մինչեւ անգամ ձայն չհանեց, կաթիլ մը արցունք չթափեց. պարծենալու տեղի ունինք. ահա այսպէս են մեր իտալացի երիտասարդք. պատիւս վկա՜յ, լաւ ազգ ենք»։ Գնդապետն է՝ յօնքերը կը պռստէ, վերմակը հիւանդին վրայ կը ծածկէ, եւ աչքերն երկա՜ր ի նա յառած՝ կը նայի անքթիթ. յետոյ, հանդարտիկ, առանց աչքերն անդին դարձնելու, մեքենաբար ձեռքերը վեր տանելով՝ գլխարկը կը հանէ, ինչպէս մեք սուրբ պատկերներու առջեւ։ «– Ի՞նչ կ’ընէք, պր. Գնդապետ, իմ առջեւս։ Ես գնդապետ, իսկ դու հերո՜ս», ըսելով կը խոնարհի եւ երեք անգամ կը համբուրէ զնա։ Ճիշդ այսպէս եւ ես, մութ խաներու անկիւնները նետուած այդ մարդկութեան վրայ աչքերս դարձնելով, կոտրած կողեր ու ջախջախուած կուրծքեր որպէս թէ շօշափելով, կրնամ ըսել թէ Աստուած գիտէ որ ԼԱՒ ԱԶԳ ԵՆՔ։ Զարմանալի է ասոնց առ Աստուած ապաւինութիւնն. ո՛չ մէկ շրթունքի վրայ տրտունջ կը գտնես, զի իրենց ծրագիրն արուեստով շինած է։ Պանդուխտի մը նամակէն կը քաղեմ. «Մեր ճակատագիրն արցունքով շինուած է, դժբախտութեանց դէմ զզուանք եւ տրտունջ յայտնելու չենք, այլ պէտք է զանոնք լռելեայն կրենք, կրենք տանն ու տղին սիրուն, Ազգի ու սրբութեանց սիրուն»։ Հերոսի կեանք չէ՞ այս։

 

«Մասիս» 1890, թ. 3936.