Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄԱՌԻՆ ԱՐՄԱՂԱՆԸ

Հեռուն հեռուն եզերքներէ կուգամ, կ՚ըսէ Պարիկը, հով կանանչ լեռներէն կուգամ, կարմիր կանանչ բլուրներու կողքերէն կը դառնամ: Աս տարի կանուխ սկսայ ճամբորդել, աս ամառը շատ մը անկոխ, անմատչելի ամայութիւններէ անցայ, շատ դժուարութիւններ քաշեցի, սեպ, սէգ բարձրութիւնները չափելու յանդգնութիւնովը բաբախեց սիրտս շատ անգամ, ու յաճախ գահավէժ ափափաներու կառչած՝ պահ մը միայն ան կէտերուն վրայ կ՚ընէի դադար մը վայրկենային, ուր վայրի կաքաւն ու քարայծն ալ չեն իշխած ոտք դնել:

Ու բոլոր ատենը միշտ ընկեր մը, անձնուէր մտերիմ ուղեկից մը պահեցի հետս: Առտուան լոյսերով, ոսկի մեղուներու հետ ճամբորդեցի, միջօրէի հեղձ տաքերուն, ձորամէջի մենիկ, բիւրեղիկ առուակն եղաւ առաջքս, աջ-ձախս: Իրիկուընէ սկսած ու գիշերը բոլոր՝ պուրակներուն անուշիկ շահապը սոխակը ունեցայ առաջնորդ, անոր ձայնն օրինակեցի, անոր թեւերը հագայ, որ արագ ու համարձակ սաւառնումով մը ուզած կողմերս թեւ բանամ, ու յաջողած՝ թանկագին բեռով մը դառնամ:

Գացի, գտայ, ժողվեցի: Հունձք մը՝ շա՛տ արդիւնաւոր, շատ յաջող, շատ յարմար ի՛մ նպատակիս: Աս տարին հերուանէն ալ գեղեցիկ, սքանչելի փունջ մը, որ երբեք տեսած ըլլար մարդկային աչք մը: Ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ծաղիկ: Անոնց շատերը աստղերու ցօղով ժմնած են, ուրիշներ առհասարակ ասմազուն երկինքին դրացի թեւապարներն են մշակեր: Անուն չունին անոնք, իմ ծաղիկներուս մի՛ փորձէք անուն յարմարցնել: Անոնք իրենց տեղերնէն վեր առնելու ատենս, մեղուներու հարցուցի, ձայն չի կրցան հանել, անուն մը թիթեռնիկներէն խնդրեցի հասկնալ, ասոնք ալ իրենց քունքերը քերեցին միայն, չենք գիտեր ըսին, միայն թէ շատ անգամ մենք մեզմէ ամչցեր ենք, երբ անոնց քովերը քիչ մը մեր թեւերը լարելու ըղձանքով, ծմակին ծոթրինին ու անանուխին միջնորդութեան պէտքովն ենք սարսռացեր: Չէ՜, իմ ժողվածներուս, իմ հատ հատ վեր առած ծաղիկներուս մի՛ տաք անուն: Կարմիրին, ոսկեշող դեղինին թովանքները թող չի վրիպեցնեն ձեզ ըսել, որ թաղարին վարդն ըլլայ ան կամ բոսորը զգլխող շրթունքի մը կամ ձեզի շատ ծանօթ շահպրակը անտառին, ուր անիկա իր շուրջի կանանչ մթութիւնը օծող ծիւ մը արեւի պաշտանքը ունի միայն:

Թողէիք որ միայն ես գիտնայի ու խղճահարուէի թէ՝ ան ատեն, երբ անոնցմով իմ ուզած փունջս ամբողջացուցի ու քիչ մը արտորնօք փախ եկայ այն կողմերէն, ետեւս ցնորակոծ բոյրերու ու գոյներու աշխարհք մը լացնելով, ինչե՜ր հասան ականջիս, ի՛նչ ողորմուկ կոծանքներ երկարաձգուած ետեւէս, որ յայտնի ըսել կ՚ուզէին. «Ինչո՞ւ խլեցիր, տարիր, մեզ մեր կոյս գետիններէն, անոնց ո՞վ կար արժանի քաղաքամէջը, ե՞րբ լսուած ըլլար որ մէկը մեզ իր ձեռքը կրելու կամ մեր գեղովն ու գոյներովը իր ճակատը պսակաւորելու անբիծ մաքրութիւնով մը ծնած է: Քաղաքը, գեղը ու հաւասարապէս խրճիթին ու ապարանքին մէջ, ո՞վ է ան, որուն ո՛րեւէ մէկ բարութեան համար խորհրդաւոր գնահատութիւնը, արժանաւոր վարձանքը ըլլայ մեր անբաղդատելի ու անստգիւտ գեղեցկութիւնը:

Ըսէ՜ք, ըսէ՜ք, հով կանանչ լեռներէն կուգամ, կարմիր, կապոյտ բլրակներու արեւէն ու ծմակներէն ժողված ծաղկէփունջով մը կը դառնամ աս տարի: Գեղը, քաղաքամէջը, այն կին մարդերու շրջանակը մասնաւորապէս, ո՞վ ունէիք, ո՞վ կար, ո՞վ ի՛նչ ունէր, որ ձեռքն անոր վրայ կարկառէր, ու ես զայն անոր նուիրելու ատենս, վայրկենապէս մոռցած ըլլայի բոլոր տաժանքներս: Թող այսչափն ալ ինծի հանուէր բաժին, որ ես բոլորովին մոռցած ըլլայի իմ յոգնութիւններս:

***

Կնիկներու ստուար բազմութիւն մը, ամէն կողմերէ, ձգեցին իրենց ռոքները, թողին ճախրակնին, մոռցան հայելին, սանտրը ու իրենց բուրումնաւէտ ջուրերը, բոլորը ան օրը անմիջապէս, եղը կրակին վրայ թողողը, պարիկին առաջքը վազեց: Մայրեր ամէնքն ալ ամէն տարիքէ, ամէն վիճակէ, շատերն իրենց փոքրիկներուն ձեռքը բռնած՝ անոնց հետ մէկտեղ կը քալեն: Դեռ բոպիկ գլխաբաց վազողն ալ կայ: Օ՜ն, հրաւէր մը կնիկներուն, երբ նոյն ատեն անոնց առջեւ տարօրինակը ցոյցի բերուելու ձայնն ալ կը լսցուի:

Մայրեր քաղաքէ ու գիւղերու հեռաւոր անկիւններէն, եկած են, կուգան, ետեւէ հեւն ի հեւ եկողներու անվերջ տողանց մը, տեղացի տարազներու պէսպիսութիւնով, զատիկ առաւօտի մը գոյներն ու հանդիսաւորութիւնները կը յիշեցնէ: Ծառաւէտ ընդարձակ դարաստան մըն է տեղը, ուր կուգան լեցուիլ: Այր մարդ չերեւնար բնաւ, արուի մը ստուերն ալ չի նշմարուիր ան հոծ էգ զանգուածին քովն ու մէջերը: Շատ լաւ հասկցուած է հրաւէրին իմաստը: Միայն կիներն են կանչուածները:

Պարիկը գործի վրայ է, պարիկը իր թանկագին փունջը գրկած՝ զուարթ շողեր մը կը ցրցքնէ իր շուրջը, ամէն կողմէ հպելի ու ամէն կողմէ հաճելի, հրաւիրող ժպիտ մը կը խրկէ իր աչքէն ու մեղրիկ շրթունքներէն: Արեւին ան հարազատ հասկնալի լեզուով ու բանաձեւով մը կը խօսի: Մէկ մէկ առջեւը կը կանչէ, ու կարելիօրէն կարգ մը կը դնէ իր արարին ու անոնց մէջ, որոնցմէ յաւէտ կարեւորները կը նախընտրէ լսել: Ամառի արմաղանը անոր պիտի տամ կ՚աւելցնէ, վերջին անգամ, երբ այն մէկը անպայման առաքինութեան տէրը ճանչնամ, կամ որուն ինք տէր ըլլալու ստոյգ ու բարձրաբարբառ վկայութիւնը բերէ:

Ժամանակ չանցնիր ահա, գեղի կին մը կ՚ըլլայ առաջին խօսողը, որուն դեռ ճամբու փոշին ալ քիթին բերանին վրայէն չէ ստկուած:

Ես ան գեղէն կուգամ կ՚ըսէ, քուրի՛կ, աքաղաղին ձէնովն արթնցած՝ շատ երկար ճամբայ մը քալեցի, անոր համար, որ ըսին թէ՝ հոն «քընծ մեզ աղէկ» մը եկեր՝ մեզի պէսներուն մուրազը պիտի տայ, երբ մենք անոր մեր ցաւերը ըսելով, այդ ցաւերուն համբերելու ժրութիւննիս պատմենք:

Աստուած մէկ օրդ հազար ընէ, քուրի՛կ, դուն կ՚երեւի հրեշտակ մ՚ես որ Աստուած խրկեր է քեզ մեզի: Ըսեմ, ըսեմ, ցաւս ըսեմ քեզի՝ որ պիտի լսես, տէրտերուս ամբողջ տեսակները բանամ: Անտէր որբ մըն էի երբեմն, տասներեք տասնըչորս տարեկան կայի չիկայի, երբ մօրաքոյրս՝ անոր խնամքին յանձնուած՝ զիս իր կռնակին էվէլի բեռը՝ դէն նետելու համար, ան մէկուն ամուսնացուց որ բերանը ակռայ չունեցող ծեր մ՚էր պարզապէս: Վրայէս գիշերները ինչպէս կ՚անցնէին, չէի գիտեր, ցորեկի քաշանքներուս ալ վկան ու արգահատողը դրացիները կ՚ըլլային: Գոնէ ան մէկը հարուստ հացուոր մը ըլլար, որ կուշտ հաց մը ծամէի, քուրջի կտոր մը որ մերկութիւն ծածկէր, չունէր, չի տուաւ, չի ցցուց բան մը, որով տարիին մէջ օր մը գոնէ երեսս խնդար, պարապ, բոլորովին անհիմ կասկածներու հետեւանքով գլուխիս կոտրտած թակերուն թիւն ալ չեմ կրնար ըսել: Զալըմ մարդ մը, որուն պէս գեղին մէջ ա՛լ չիկար ուրիշ մը: Կարճ խօսէի՝ մեռաւ վերջապէս, ու սակայն անկէ ի վեր զիս ամէն օր բզքտողը անոր գիժ աղջիկը եղած է որ պաղերես ու օձի արիւնով մեծցած տնմնայ մըն է, իմ գրողս, իմ մահս, զիս մեռցնող գլխիցաւը ամէն օր, որուն ես փոխարէն չարիք ընելու խորհուրդն անգամ միտքէս չեմ անցուցած, Աստծու դատաստանին ապաւիներ եմ, ու կ՚սպասեմ որ ես ալ աս ճակատագրովս հող գերեզման իջնամ:

Պարիկը. Կը ցաւիմ վիճակիդ, աղջի՛կս, բայց դուն չես իմ բնտռածս:

Ուրիշ գեղջկուհի մը. Կեանքիս մէջ, քուրի՛կ, միայն մէկ զատիկի առաւօտ մ՚եմ խնդացեր: Դեռ աղջիկ, դեռ հօրս տունը, իմ տունս, զատկի առտու մը կարմիր խնձոր մը առի դրացիի տղայէն, որ ետեւս առջեւս դառնալով բաներ մը կ՚ըսէր, ես նախ չէի հասկնար, բայց հասկցայ վերջապէս, խօսք տուի, որ հակառակ պարագային առեւանգելու կերպ մը դիւրացնէ: Ծնողքս չէին ուզեր, որ ես սէր տայի անոր, բայց ես ա՛լ սիրեր էի անգամ մը, բողկի պէս թարմ, ժիր ճահիլ մ՚էր, որ հարիրներու մէջ հատ մը կը համրուէր: Սիրեր էի, աշխարհքն աչքիս սեւ սիսեռ մը կ՚երեւար:

Բայց ո՛վ հոգիիս հրայրքէն ու այրուցքներէն հասկնար, շատ չանցած զատեցին զիս անկէ ինտոր միսն եղունկէն կը զատեն: Առջեւս, ոտքերուս տակ, ու ամէն կողմերս փուշ ու տատասկ դիզեցին, ծակին մէջ մուկ մը արգիլեցին, որ զիան չընէ:

Վերջը վերջը գիւղապետին տղան եղաւ ամուսինս, յիմար մը այնպէս, ան աստիճան, որ չեմ կրնար ըսել: Հաւարած մը, կովարած մը, խենթ մը, որ աղի հունձք մը ընելու յիմարութիւնով, ցորենին տեղը աղ կը ցանէր հօրը արտերը: Ցաւուն տարին մեռաւ էրիկս, ու ալ չուզեցի որ ուրիշ անկողնի մը վերօքը գօտի քակեմ, ճակատագրիս սոսկանքը ոսկորներուս ազդած էր: Լքուած այրի մ՚եմ տարիներէ ի վեր, տրտունջ չեմ ըներ ու բնաւ չպիտի ընեմ, վախնալով թէ՝ այնպէս ծնողքս կը ցաւցնեմ. հիմա նոյն հօրս տունը իմ պատսպարանը կը մնայ, ուսկէ այնպէս կ՚երեւայ թէ՝ զիս մահը պիտի կրնայ զատել: Ու այս վիճակիս մէջ ես սիրով կը համբերեմ, մանաւանդ թէ ա՛լ ճերմակ պառաւ մը եղած եմ:

Պարիկը. Քեզի ալ կը համակրիմ միայն, աղջի՛կս, բայց դուն ալ չես իմ բնտռածս:

Քաղքենուհի մը. Մենք երեք ներեր, ես պզտիկն եմ անոնց, ու մեծ մեծ տէրտերու բոյն եղած է հոգիս: Ներուըտիքս ամէն պատեհութիւն ձեռքերնին ըսին՝ ու միշտ կ՚ըսեն ինծի համար թէ՝ տունին փեսային դէմ խնտկոտ աչքերով կ՚երեւնամ: Պարկեշտութիւնս կասկածի տակ ձգեցին ու դեռ կ՚աշխատին որ էրիկէս զատեն զիս դուրսը չորս հովերուն յանձնելով, բայց Աստուած ալ գիտէ թէ անմեղ մ՚եմ: Սատանան այն մեծ ներս է որ աս աչքերովս տեսեր եմ թէ կերակուր ուտելու պահուն իմ գլխաւորիս գործածած դգալը կը փնտռէ միշտ, անոր անձեռոցովը կը սրբուի, ճամբուն մէջ անոր կոխած տեղը կը կոխէ, ու ասի շատ բան կը նշանակէ որ չեմ կրնար խոստովանիլ: Աս ցաւս եւ ուրիշներ որ ասկէ աւելին են, ուրիշներու ամենեւին չեմ ուզած պատմել: Որո՞ւ պատմէի, ի՛նչ ըսէի, վերջն ի՛նչ սպասէի, ո՛վ պիտի հաւտար, երբ ըսէի թէ՝ մեծ շուտիկ մըն ալ ան կեսրայրս եղած է, որ գիշերը կէս եղած չեղած՝ անկողինիս քովերը կը բունբունայ ըսելով թէ՝ կորսուած լուցկիին տուփը կամ ջրամանն է, որ կը բնտռէ: Ու այս գիշերացած սատանան, ան ատեն, որ էրիկս իր արհեստին ստիպողութիւնովը տունէն օրերով հեռացած կ՚ըլլայ: Թող եթէ չէիր հաւատար, ան դուռ դրացիները վկայէին թէ ի՛նչպէս է բանը ու ես ի՛նչ համբերող առաքինութիւնով տարեր եմ ու կը տանիմ ճակատագրիս աս թուքումուր դառնութիւնները:

Պարիկը. Կը հաւատամ ըսածներուդ, քուրիկս, բայց դուն ալ չես բնտռածս:

Ուրիշ քաղքենուհի մը. Ցաւուն տարին, մերինին [1] կէնճ կէնճ ափուչիք [2] ըլլելէ յետոյ, հինգ-վեց տարիներու ամուսնացած մըն էի, չորս-հինգ պզտիկներ կը ճուային փէշերուս տակ, անոնց օրական հացին հոգը մինչեւ քիթիս ծայրը կարմիր կսկծանքներ կը շինէր: Որո՞ւ աղաչէի գէթ գարեհաց մը ձեռք ձգելու յոյսով: Ազգականներ՝ կարգուիր կ՚ըսէին, ու պզտիկներս ալ անօթի ծարաւ իրենց մօրը քներգովը կը փակէին աչուընին:

Կարգուիր, կ՚ըսէին, որ որբերն ալ իրենց ծակտիքը գտնեն, կամ մէկ գերեզման արդէն շատ է անոնց համար: Մտիկ չըրի սակայն: Գեղեցիկ ալ էի, չեմ ծածկեր, միտքս կուգայ որ իմ դուրս ելլալու կամ ժամ ժողվարան երեւնալու օրս, հոն երկու հոգի աւելի կ՚աղօթէին: Զաւակներուս սէրովը, միայն մօր մը զգացումներուն անձնատուր, առի նստայ, շահեցի, տունը հարս բերի, տունէն հարսներ խրկեցի, բայց ճշմարիտ որ մէկ ցաւ, մէկ մտմտուքս հազարներու վերածեցի: Բաներ ունիմ, որ չեմ կրնար ըսել, ցաւեր ունիմ, որ հետս գերեզման պիտի տանիմ վերջապէս, թող ան աշխարհքն ալ մէկ ցաւ պակաս կարդայ ու մէկ պակաս լսէ: Հիմա, քուրի՛կ, կը սպասեմ, որ կանթեղին պատրոյգը հատնի ու ես մարած ճրագի մը պէս անհետանամ:

Պարիկ. Քեզի ալ կը համակրիմ ցաւած, մա՛յր, բայց քեզի ալ չպիտի տամ Արմաղանս:

Քաղքուհի մը. Տասնութը քսան տարի է, որ ամուսինիս երեսը չեմ տեսած, ո՛ւր գացեր է, ո՛ր ջուրեր, ո՛ր ցամաքներ, ի՛նչ դրած է միտքը կամ ի՛նչ խղճմտութիւնով լուացած ձեռքերը, երդո՛ւմ քեզի որ այսօր ալ չեմ գիտեր:

Տղայ մը անկէ մնացած մեծցած, հիմա անոր հարս մը բերելու թուականէն, անկէ ալ լքուած եմ: Առանձնութիւնը գերեզմանս եղած է, ու դուրսի աշխարհքն ալ իր արեւով, դժոխքի մը ճնշումը կ՚զգացնէ հոգիիս: Խեղճ մը, ժամերը ծանուցուած խեղճ թշուառ մը, ճակատագրի զոհ մը, որ կ՚այրի, կը ճենճերի ու չի հատնիր: Քահանային դիմեցի, ձայնս երկնցուցի, մինչեւ ուր որ կարելի էր երեւակայել, ամէնքն ալ համբերութիւն ապսպրեցին: «Զոր Աստուած զուգեաց մարդ մի՛ մեկնեսցէ»: Աս խօսքով ալ շարունակ լեզուիս վրայ դրին խարանը:

Աշխարհք որ այսպէս կը վարուի հէք կնկան մը խշխշուքներուն հետ, դուք գութ ըրէք գոնէ, քուրի՛կ, կ՚ըսեն, որ մուրազ տուող հրեշտակ մըն էք, դուք բարի եղիք խօսք մը ըսել, վէրքերուս շառայլին վրայ, զոյգ մը ձեր ծաղիկներուն թերթերէն, բալասանի մը ազդեցութիւնը պիտի ընէ կ՚ըսեն, գո՛ւթ ըրէք:

Պարիկ. Սխալ հասկցեր ես իմ պաշտօնս, վշտահար մայր, քեզի արցունքս միայն, բայց ո՛չ ծաղիկս, առ այժմ դուն ալ մէկ կողմ:

Քաղքուհի մը. Ես շատ խօսուած քաղքենուհի մըն եմ, մաքրասէրի գովուած համբաւ մը ունիմ: Տնաշէն կնկայ իմ մաքրասիրութիւնը իմ եզական առաքինութիւնս եղած է ու կը մնամ միշտ այն, որ իմ շուրջիններս զիս օրինակելու խելքը ընեն: Աղւոր կը հագուիմ, շատ պարզ է հագուստս, կուրծքիս մէկ մանեակ միայն, ձեռքերուս զոյգ մը ապարանջան միայն: Տունէն դուրս չեմ ելլար, իրկունները էրիկս երեւնալու ատեն միշտ զուարթ գգուանքով մը բարեւեր եմ: Ասոր ալ ինչ կ՚ըսէիք:

Պարիկ. Պարտականութիւն մըն ես կատարեր, տիկի՛ն, ուրիշ ոչի՛նչ:

Ուրիշ մը. Շատ պատեհութիւն ներկայացաւ ինծի ու ես երբեք անձնատուր չուզեցի ըլլալ իմ շուրջիններուս: Ամուսինս երկու ոտքով հաւ մ՚ալ չարժելով մէկ տեղ, ես նորէն փորձութիւնը չունեցայ ան իմ քովերս թեւածող որիներուն դին նայիլ, որոնք քիչ բան ալ չխոստացան կ՚ըսեմ: Ոսկին համբոյրի մը փոխարէն ու ադամանդը հէնց ժպիտի մը գին առաջարկելու սակարկութիւնն ալ կը դիւրացնէին: Ըսէք թէ՝ տեսակ մըն ալ առաքինութիւն իմինս չէ՞ որ անդրդուելի, անտեղիտալի կը մնամ մինչեւ այսօր:

Պարիկ. Դուն սո՛ւտ կը խօսիս, խաթո՛ւն, դուն քու վարձատրութիւնդ խիղճէդ սպասէ:

Ուրիշ մը. Իրիցկին մըն եմ, աղջկութեանս ատեն սիրուն նունուֆար մըն էի, կարգուելէս վերջն ալ, է՜հ, բան չի կորսնցուցի ըսեմ: Էրիկս պարզուկ համետագործ մը, յետոյ քահանայ ձեռնադրեցին, բայց իրաւ է, որ բանիկ չէր գիտեր, ու ասի պատճառ մնաց որ ժողովուրդին մեծը պզտիկը տէրտրուկիս մօրուքէն, մազերէն ամէն օր մէյմէկ թել քաշէր:

Քաշեցին, քաշքշեցին, մինչեւ շատ անգամ երեսներն ալ ճանկելու փորձեր ըրին: Անիրաւ մարդիկ, որ բնաւ վազ չեկան իրենց յարձակումներէն:

Տէրտրուկս չի դիմացաւ ցաւին, փետտած հաւ դարձուցին, ո՞րն ըսէի, քուրո՛ւկ, խեղճ մարդուկս ախըր աս նախատինքներով մեռաւ, զիս ետեւը թողելով որ ես ամէն օր մեռնիմ: Բայց դուն ալ տես ու վկայ եղիր, որ ես դեռ ծախելու միս ունիմ, դեռ թարմ, հերուընեկ հարս մ՚ըսել եմ, ինչո՞ւ առնեմ, նստիմ, ինչո՞ւ չի կարգուիմ անգամ մ՚ալ: Աշխարհականը քեզ չառներ, կ՚ըսեն, ան իրիցկինը մեռած քահանան ալ մեղք կը սեպէ առնել, բայց ան քահանան է, որ ամէն ինծի հանդիպելուն, ժամը, ճամբան, ամէն տեղ, չեմ կրնար ըսել թէ՝ ի՛նչպէս կը մռլտայ ու ինտոր կը քերուըտի: Վերջն ալ թա եկրամներէն ա՛խ, ա՛խ մը կը քաշէ: Կը հասկնամ ըսածը, շիտակն ըսելով իմ սիրտս ալ այնպէս կ՚արձագանգէ, բայց արգելքն ի՛նչ ըլլար, թող խաչով պսակէին, թող եկեղեցիին մէջ ըլլար պսակը:

Նա իմ քահանայ էրիկիս տեղը քանի որ զոյգ ոտքերով կեցած պատարագ կ՚ընէ, ծուխերուն, ծխատներուն տէր կը մնայ իրաւամբ, ինչո՞ւ ես դուրս մնամ անորն ըլլալէ: Քիչ մը մեղքըս կուգայ, դեռ շատ կէնճ ալ կ՚երեւի: Բան մըն ալ ինծի ըսէք, քուրի՛կ, Աստծու սիրուն ըլլայ:

Պարիկ. Ասիկա իմ գործս չէ, աղջի՛կ, քու գանգատներդ Պոլիս հայ վարդապետ մը կայ կ՚ըսեն, անոր հարցուր «Յանուն օրինաց»ի այն մէկ քանի դիւցազնիկ յառաջապահներուն, որոնք իրենց փէշերը վրայ չի բերուած հակասութիւնները այն ինչ ծայրայեղութիւններուն հասցնելու համար, հիմա ալ կը լսուի թէ՝ քահանային վերամուսնութիւնը արգիլող վճիռներով կը քնացնեն խիղճերնին: Բայց, ինչպէս ըսի, ուրիշ են քու յայտնութիւններդ, որոնց ես չէի կրնար միջամտել։

Առաքինի կինն է իմ բնտռածս, ան, որ ջինջ բարութիւնն է, անիկա, որ կրնայ խրճիթներու մութ խորութիւններուն մէջ ալ դրախտի համեր ըմբոշխնել տալ: Անգամ մ՚ալ ըսէի, թէ հասարակ բարին կամ շրջանակներու մէջ առնուած պայմանաւոր բարութիւնը չէ, որ արժանի պիտի ըլլայ իմ գնահատութեանս:

***

Պարիկը հարիւրներ լսեց աս շարքով, հազարներ խոստովանցուց մէկ մէկ, երբեմն առանձին ու շատը հրապարակային յայտնութիւններով, բայց նա ոչ մէկը գտաւ յարմար իր նուիրելիքին: Փունջը ձեռքը մնաց երկար մը ու անանկ կ՚երեւար թէ՝ յուսահատելով ու զայրոյթով ոտքին տակ տրորէր ձեռքինը ու միայն թուք մը ըլլար վերջին նետելիքը կին մարդերու երեսին, երբ ահա ուշի մնացած վերջին կին մըն ալ դէմը, քիչ մը անոր մտիկ կ՚ընէ:

Ուշ մնացեր ես, տիկի՛ն:

Ուշ, այո՛, հիմա լսեցի:

Ինչո՛ւ, շա՞տ զբաղուած էիր:

Տարին ի բուն զբաղուած մը արդէն, քոյրս, շատ մը զաւակներ ունիմ, երեք աղջիկ, երկուք ալ մանչեր, որ իբր իմիններս զեղուն կորովով մը սիրեր եմ:

Երկրորդ էրկա՞ն մը:

Երկու անգամ ամուսնացած, հրամեր էք: Իմ ու նոր ամուսինիս զաւակներուն բոլորին ալ խնամքը իմ վրաս, ես միշտ սիրով կը տանիմ:

Ըսել է նոր էրիկդ առջի կնիկէն ալ ունի բաներ մը:

Երկու աղջիկ, տղայ մը անկէ, մնացածը բուն իմիններս:

Հաւտայի՞ թէ ամէնքն ալ հաւասար գորովով կը սիրես, մօրուի մը համար չի լսուածն է որ կ՚ըսես:

Թող, կ՚ուզէք, ամուսինս գար վկայէր:

Ան չէ բնտռուածը:

Կ՚ուզէք, դրացիներս լսեցէք:

Անոնք ալ կը կեղծեն:

Զաւակներս, մէկիկ-մէկիկ, թող անոնք խօսին:

Ամենէն առաջ դուն ինքդ պէտք էիր ապահովցնել զիս, տիկի՛ն, շիտակն ըսէ, գիշերը առաջ ո՞ր մէկուն անկողինը կը ծածկես, կամ ցորեկը քեզնէ հաց ուզելու ատեննին, նախ որո՞ւ կը կիսես, կ՚երկնցնես պատառը:

Որպէս զի ան ակնարկածներդ զուարթ քնանան արթննան, առտուն ալ կերած խմածներէն համ հոտ առնեն, կամ հագած կապածնին ալ չըսեն թէ՝ ասեղներ կը մխէ իրենց կռնակը, հաւատա որ կ՚ըսեմ թէ ամէն բան, ամէն անձնուիրութիւն նախապէս անոնց համար տրամադրելի կը պահեմ ու ջանքեր կ՚ընեմ որ զիս իմ մէջս բուն իրենց կորուսածը տեսնեն։

Ամուսինիդ աչքը մտնելու համար կ՚ընես այդ մարդավարութիւնները:

Ամուսինս զիս կը սիրէ արդէն:

Ու ան երբեք առջի կնիկը չի՞ յիշեր կամ երբեք գովեստի ակնարկներ չը՞ներ անոր յիշատակին:

Այդ բոլորին ալ սիրով մտիկ ըրեր եմ, ու բնաւ նախանձ, ես խիղճիս հետեւած եմ: Ես ամենեւին պայման, փոխարէն յենակ չեմ դրած զգացումներուս, որ ունիմ, կը պահեմ ինչպէս ինծմէ ծնածներուն, նոյնքան ու աւելի ալ թերեւս, իմ նախորդիս արգանդէն իջածներուն համար: Ան օրը երբեք հանգիստ չեմ զգար ես զիս, երբ անոնց մէկը կամ միւսը քիչ մը տրտում, կամ չեմ գիտեր ի՛նչպէս պատն ի վեր քնուկ ընկած կը տեսնեմ: Կուրնայ այն աչքը, որ միայն ինքզինք կը տեսնէ, փրթի այն ձեռքը, որ միայն իր բերանը կ՚երկննայ:

Օ՜ն, ուրեմն, մեծ մա՛յր, առաջ եկուր, խնդրեմ, օ՜ն, ալ վայրկեան մըն ալ մի՛ տնտնար, քեզի պիտի ըլլայ ասիկա, Արմաղանիս ամբողջը, ամէնքը չի մեռնող ծաղիկներ, մշտաբոյր անմեռուկներ, համարձակ պարզէ թեւերդ, որ քեզի տամ միայն, պատիւ քեզի, որ հազարներու մէջէն դուրս եկած՝ դուն միայն հռչակուեցար արժանաւորը իմ թանկագին հաւաքոյթիս:

Բեր որ նոյն ատեն ճակատդ ալ համբուրէի ու ըսէի իմ մեծ քրոջս՝ Արեւին, որ ասկէ վերջը իր առաջին շողերը կանուխ առաւօտով քու տանիքիդ վրայ խրկէր միայն:

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1908։



[1]            Գաւառացի կինը այսպէս ըսել սովոր է ան ատեն որ իր ամուսինը պիտի ակնարկէ։

[2]            Անցնիլ, անհետ կորսուիլ։