Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ԵՐԳ ՄԸՆ ԱԼ, ՁԱՅՆԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ

«Օրհնեսցուք զՏէր, զի փառօք է փառաւորեալ, զերիվարն եւ հեծեալ նորա ընկէց ի ծով»։

Այս անգամ ալ ձայն մը ձեզի, Հայրենիքին տղա՛քը։ Ամիսներ առաջ ճչեցի մէյ մը, հիմա երկրորդ մըն ալ ահա, ու այս անգամ աւելի համարձակ ու աւելի վստահ շեշտով մը իմ երգս։ Աղուոր լուր մը, կը սպասէի՞ք այսպէս։ Անոր պղինձ ու պողպատ ուժերը, անոր բոլոր եօթը գլխանի դեւերն ու դեւազգիները ամէնքն ալ ամէնքն ալ ջուրն ի վար, դէպ ի ծովը, դէպ ի անյատակ խորութիւն մը, իրենց գերեզմանները ճիշդ։

Ու ամէնքն ալ իրենց ոսկի կառքերուն հետ, իրենց ամեհի ու փրփրերախ երիվարներովը խրուեցան, կորան։

Հոն են անոնք հիմա, ուր դժոխքը կայ։ Այն դժոխքը համ չառաւ կ՚ըսեն Ներոններու պէս անէծքներէն, դուրս նետեց անանկները, ու իր լայն դուռը անգամ մըն ալ այս վերջինները ընդունելու համար ճռնչեցուց։

Այս վերջինները, անոնք որ հոս ա՛լ եւս մոռցեր էին ուրիշ կեր, ուրիշ սնունդ, ու միայն հայու արընոտ միսն էր որ կը լղրճէին իրենց վագրի ժանիքներուն կեռ կցակներով, հոն ծրագրուած է իրենց համար որ կարիճներու համեմոյքով ծասքելիք մը ունենան որպէս առտուայ ճաշ, իրիկուններն ալ հոն իրենց շուրջը բզքտուածի մը աղիքը նետեն բերուընին թարմ թարմ։

Նոր կեանք մը այսպէս, որուն մէկ վայրկեանը միայն համար հազար տարիներու ահռելի ձանձրոյթով կանգ առնէ պիտի իրենց ուսերուն վրայ, որ ատեն երբեմն իրենց հոգին տաղտապող այդ յամառ ու յուսահատեցուցիչ ցաւը մեղմելու փորձի մը համար, հոս հոն պիտի նետեն ձեռքերնին, ու եղջերաւոր օձերու եռուզեռ շեղջկոյտերու մը պիտի հանդիպին։ Օձերը համրիչ ձեռուընին, մեռցնող տաղտուկը մոռցնելու իմաստով, շնչած օդերնին ալ լերդ թանձրութիւնով մը խառնուած պիտի ըլլայ այն գարշութիւններով, որոնց մէկ տեսակը այն կողմերը նեխիլ սկսած դիակները կը խրկեն, միւս կողմէն ալ իրենցմէ հատ հատ այրելու փորձարկուածներուն ճենճերը կը բերեն ամէն վայրկեան։

Դեռ ատոնց հետ դժոխքին ոլորտը բռնող թունաւոր մոսնին ու մժեղներուն մածնուածքն ալ մի ուրիշ տեսակ բաղադրութիւն։

Դժոխքը հինցեր է եղեր՝ կ՚ըսուի. տեղ տեղ պատերու երեսին, կասկածելի ճեղքեր բացուած են, որ կրնան փախիլ փորձողներու համար հեշտ անցքեր տալ. այդ պատճառով ահա դարերու ընթացքով կուտակուած այն կոյանոցին միջուկը աղիւսի պիտի վերածեն յատկապէս աս վերջին դատապարտուողները անոնցմով ու իրենց իսկ ձեռքերով մէկ կողմէն այն բացուածքները պիտի գոցեն, միւս կողմէն ալ նոյն կոյանոցային շաղախով ընդհանուր ծեփ մը պիտի զարնեն բոլոր պատերու երեսին ու նոյն իսկ յատակն ալ այնպէս։ Որպէս զի սակայն աս ծեփը ամուրին հետ քիչ մըն ալ ճաշակ ցոյց տայ, հոն արիւնի աւազաններէն, աւազաններ մէկէ աւելի, ու լեցուն ու լճացած Լէնկթիմուրի ու Ճէնկիզներու բազկերակներէն քմուածներով արիւն վեր պիտի տանին, արիւնի կարմիր գոյն մըն ալ այն ծեփուածքին մէջ հարկաւոր չափով, որ այն տեղը քիչ մը յարմար ըլլայ այս վերջին սեւերեսներուն։

Է՛հ, ուրեմն, տղա՛ք, ձեզի նոր լուրեր մը ահա, նոր երգ մըն ալ, ի ծով, ի դժոխս, ի տարտարոս այն ամէնքը, ա՛լ վախ մը չի մնաց ձեզի կարծեմ։ Դուք ալ շուտ ըրէք սակայն, շատ մի՛ տնտնաք, ա՛լ բարակը հաշուելու ի՛նչ պէտք ըլլար։ Այս ձայնը անգամ մըն ալ Մաստառի բարձրերէն ահա, ու դեռ կրնայի անկէ աւելի բարձրութենէ մը ծովակին դրացի՝ Նազար Պապայի արտեւաններէն երկնցնել ձեզի, եթէ իրաւ չէիք լսեր։ Շուտ գայիք, շատ արագ վազքով մը՝ եթէ կարելի է, որ գիտնայինք թէ՝ ձեզնէ ո՞ր մէկուն պիտի կրնար վիճակուիլ հայրենիքի այս նոր ծնունդին, աս հրաշալի ազատութեան կնքահայր ըլլալու բաղդը։ Այդ բաղդը, ամենադժուար հարց մը ահա, որ շատերուն քունն ու հանգիստն է մեռուցեր, եկէք որ ձեզ ալ տեսնանք քիչ մը ձեր արժանաւորութեան չափն ալ ճշդենք։ Ես գիտեմ թէ ձեր մէջն ալ շատ իրաւատէրեր կրնան ըլլալ, բայց իրաւ ի՛նչ չնաշխարհիկ բաղդ մը այն, ու ամէնէն վերջ ո՛վ արդեօք բացարձակ արժանաւոր մը անոր տիրացումին։ Ազատութեան կնքահայր մը, որ մաքուր հոգին ունենար, որ անձնուէր խոստում մը բերէր անոր մինչեւ վերջը պահպանումին համար, որ ամենեւին բիծ չի կրեր վրան գլուխը ու ներսը զգացումներուն ալ մէջ, որ իր անցեալով ու ներկայով ճանչուած անբարոյական մը չըլլար վերջապէս։

Խարբերդ

«Ձայն հայրենեաց», 1909, 3-16 Ապրիլ, թիւ 23