Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ՑԱՒ, ՆՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Խարբերդ, 30 Սեպտ. 1909

Ամիս ու կէս, երկու ամիս առաջ Բաշաղիկցիներ (Չարսանճագ) հոս լեցուած՝ եկած էին որ գացող կուսակալէն յետոյ իրենց ցաւերը անգամ մըն ալ Լազգըյէէն սպասուած կուսակալի փոխանորդին ներկայացնեն ու դարման խնդրեն։ Անոնք ահա շաբաթներէ ի վեր դիմում դիմումի վրայ ու յաճախ իրենց գանգատները պարունակող մանրապատում էրզուհալներով նոր եկող կուսակալին ալ հասկցնել փորձելով ու կրկնելով, անլսելի կը մնան նորէն. եւ հիմա Բաշաղիկի հայերը ու այն կողմինները առհասարակ, աւելի դժուար ու տնաւեր անակնկալի մը առջեւ կը գտնեն ինքզինքնին։

Բաշաղիկի Հայերը եկած էին հոս իմաց տալու կառավարութեան թէ տեղացի Ահմէտ պէկի մը իրենց ընտանեկան պատիւին դէմ չըրածը չի մնալով, ինչպէս միշտ, այլ մանաւանդ տարիէ մը ի վեր աւելի անսանձ հետապնդումներով, կատարեալ գերիի գործածութեան մէջ կը խոշտանգէ զիրենք, ու անանկները առաւելապէս՝ որոնք համարձակութիւն կ՚ունենան իր զարկած ձգած ու լլկած պատիւներու մասին փոքր ինչ շունչ մը փորձել։ Հետամտուած հարսի մը ամուսինը, մէկ քանի շաբաթ առաջ յուսակտուր՝ Ամերիկա փախաւ, զի նոյն պէկը սպառնացեր էր անոր որ մէկ դանակով պիտի վերջացնէ կեանքը, եթէ երբէք շարունակէ արգելք ու ընդդիմութիւն ցուցնել իր վայելել ուզած հաճոյքին։

Այս անշահ, անպիտան ամուսինը իր կեանքը իրեն կամ իր կնկան պատիւէն թանկագին սեպելով գեղէն հեռանալէ վերջ, անոր մեծ եղբայրը հարսին տիրութիւն ընելու կ՚ելլայ, զոր վերջապէս ուրիշ կերպով չի կրնալով պաշտպանել այստեղ՝ «մէրքէզը վիլայէթը» կը բերէ գաղտուկ գիշերով մը, որ գէթ հոս կարելիութիւնը ունենայ իր ձայնը լսելի ընել տալ։ Հարսը ու իր պարագան եղող տագրը եւ ուրիշներ իտարէին մէջ, կուսակալին հուզուրը, ամէն ստոյգ վաւերականութիւնովը կը պատմեն իրենց գլխուն եկածները, բայց բոլոր պատմութիւն ու բողոք բերող խեղճերուն կը պատասխանուի որ «սուտ կը խօսիք, անհիմն գանգատներ են ըրածնիդ, Ասլան պէկը դրդած է ձեզ այդ զրպարտութիւններուն՝ ի մասին Ահմէտ պէկի, եւն»։ Մինչդեռ…։ Բոլոր սա գանգատի ու իրադարձութիւններու ժամանակ, Ահմէտ պէկ Բաշաղիկէն քայլ մը իսկ անդին չի քաշուիր բերուիր իրմէն հէնց բացատրութիւն պահանջելու կամ իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննութեան ենթարկելու համար։ Նոյն հարսը ու իր պարագաները գեղը չի կրնալ դառնալներէն զատ, միւս գեղը մնացող բոլոր հայ տունւորներն ալ քանի օր է որ խուճապի վազքերով Մէզիրէ նետած են ինքզինքնին ու կուսակալի փոխանորդէն «յանուն արդարութեան» նորատեսակ միջամտութիւն մը կը խնդրեն Ահմէտ պէկի ու միւս պէկազգիներուն յարուցած նոր հալածանքներու մասին։

Այս նոր հալածա՞նքը յայտնի է թէ ամբողջ Չարսանճագի Հայերուն ապրած ու մշակած գետինը, տուն, այգի ու ամէն բան, տեղացի պէկերուն սեփականութիւն ճանչցուելով էօթէտէն պէրու, ինչպէս այս վիճակը Բալուայ պէկերուն շրջանակը, հայ գեղացին սոսկ մշակ կամ մարապայ կ՚ապրի հողատէր այն բռնաւորներուն երկաթի լուծերով ճնշումներուն ներքեւ. շատ իսկ է որ այս մշակ հայը, այս հայ գերին, բառին իսկական նշանակութիւնով, իր վարած ցանածէն, կալի կուտի ատեն, փէշ մը հացահատ վեր առնէ իր ընտանիքին համար, այգիէն ալ կոզ մը խաղող ճմլէ հնձանին մէջ. բոլոր մնացածը, մեծ բաժինը, եթէ ուզեն, ամէն ինչ որ կարելի է երեւակայել, սեփականատէր պէյերուն ձեռքը կը մնայ։ Պէյերուն ձեռքը, անոնց բերդի ու խըշլաի մեծութիւնով խոնախներուն մէջ՝ հայ գեղականին հարսն ու աղջիկներն ալ։ Այս պահուն ուրեմն, Ահմէտ պէյի մը դէմ եղած այն գանգատները պատրուակ բռնելով, ինքը աս Ահմէտը եւ միւսներն ալ իրենց գեղացի Հայերուն վտարման ձեռնարկեր են, որուն հետեւանքովը հիմա Բաշաղիկցի եւ ուրիշ պէկապատկան հայ գեղացիներ Խարբերդի կուսակալութեան դիմելով Լազգըյէէն հասած Մէհմէտ Ալի պէյին գթութիւնը, արդարակորով միջամտութիւնը կը խնդրեն։

Մենք հաւաստի աղբիւրներէ լսեցինք որ փոխկուսակալը, երէկ կէսօրին Խարբերդի Առաջնորդարանէն իրեն դիմող խնդրարկու Տեղապահին ու մէկ երկու աշխարհական ժողովական անդամոց կը հարցնէ եղեր. «թափու գոջան ունի՞ն այդ գեղացիները». որու ի պատասխան փաստաբան Ժամկոչեան էֆէնտի ալ իր պատրաստ հարցումը կ՚ունենայ. «պէյերն ա, տէ՛ր կուսակալ, թափու գօջան ունի՞ն իրենց տէր կանգնած անհուն տարածութեամբ հողերուն հարստութիւններուն. յայտնի է թէ անոնք օրին մէկը ի՞նչպէս տիրացեր են անոնց ու բուն սեփականատէրը՝ հայ գեղացին ի՛նչ անիրաւութեամբ է որ այն հողերու երեսը չարաչար կերպով շահագործման մը ենթարկուած կը պահուի»։ Կուսակալի փոխանորդը՝ սակայն՝ վազ գալ չուզելով իր գիւտէն, նոյն իր հարցումը կը կրկնէ. «թափու ունի՞ն, գոջան ունի՞ն»։ Ասոր վրայ ընդհանուր դատախազն ալ իր ածած հաւկիթը գլորելով «Ի՞նչ կ՚ըսէք, էֆէնտիմ, ինչո՞ւ կը դժուարացնէք խնդիրը, գեղացիները հոտ թող չապրին տէ, երթան ուրիշ տեղ մը թող բնակին, եւն»։ Արդիւնք չունենար Առաջնորդարանի այս միջամտութիւնն ալ, ուրկէ ահա կրնաք երեւակայել թէ՝ Բաշաղիկի այն գահրաման պէկը ու համախորհուրդ բոլոր ուրիշներն ալ, աս օրուընէ սկսած նոր եւ ուժգին փոթորիկներով պիտի շարունակեն աւլել՝ վտարել պարկեշտ ժողովուրդ մը իր դարերով տէր եղած սեպհական բոյներէն, զայն չորս հովերու քմայքին յանձնելով։

Նոր ցաւ ու նոր ըմբոստացուցիչ իրականութիւններ ահա, որոնց մասին գուցէ անդէպ չըլլայ կասկածիլ որ այս բոլորովին նոր ինքնատիպ հնարուածութիւններուն յղացողը՝ պէկը չէ միայն։ Պէկը կրնայ սոսկ պատրուակին ծնունդ տուողը նկատուիլ իր ձեռքը եղած միջոցներուն ու պատրաստ ու արդէն «էպէտի ճէտտէն» արտօնուած ընդունակութեան շնորհիւ։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, 16-29 Հոկտեմբեր, թիւ 1-2 (51-52)