Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
***

Գիւղական տան գլխաւոր մասերը կը կազմեն դորդան, կրակտունըւ, խզէնը, ախոռը։

Փողոցէն կրակտուն տանող ճամբան դորդան է։ Տեղ տեղ, բացառութիւնները յարգելով, ընդհանուրին համար պիտի ըսենք թէ տան այդ մասը մութ, նեխոտ ու անշնորհք բաժին մըն է. հոդ կան հաւաբունը, մշակին դաշտի գործիքները, ճեմիշին դուռը, թոնիրէն հանուած փոշիի օրական թեղը, կրակտան կժնոցէն քմուած ջուրին հոտած անցքը. ոմանց ախոռին դուռն ալ անոր մէջ կը բացուի, մարդուն հետ էշն ու եզն ալ դորդային դռնով մուտ ել կ’ընեն։ Դորդան բակ կ’ըլլայ գիւղացի գործածութեամբ եթէ վրան բաց ու ընդարձակ է, բայց աւելի ստոյգը մեր գիւղացիք բակ անունը կուտան ետեւի պարապ մասերուն, ուր ձիւն կը նետեն, կամ սա անիմաստ բացավայր մըն է տան ետեւը կամ քովնտի կողմերը։ Աղքատիկ տուներ այդչափն ալ չունին. անոնց փողոցի առջեւի դուռն անմիջապէս կրակտան դուռն է։ Դուրսը խորունկ ցեխի մէջ կոխող մը մէկ քալքով ինքզինք կրակտան թոյրեզերքը՝ կը գտնէ։ Այսպէս շատերուն բազմոցն ու կօշկանոցն իրարու այնքան մօտիկ կը հանդիպին որ խօսքը հատնելու պարագայի մը աչուընին ոտնամաններուն վրայ՝ անոնց եզենին ու գոմշենին կամ զանոնք կարող վարպետին անշահութիւններէն կը սկսկին պատմել. «սուղ ուզեց, հինգ վար դիր, քիչ մը պոռաց, վը՜զ՜զ՜զ»։

Կրակտուն. գլխընիդ քիչ մը կոր բռնեցէք որ դորդային մէջ բացուած երկրորդ դռնէն կրակտուն մտնենք. դուռը ցած ու նեղ կ’ըլլայ, բայց անդին ինչպէս որ կը սպասէիք նեղէն վերջ 30-40 կանգուն քառակուսի ծաւալով աչք մըն է ասիկա։ 5-10 զոյգ հաստ, ծուռ ու քարէ ուրագով տաշուած գերաններու վրայ դառձեկ ու մարդակ կ’ամբողջացնեն առիքը։ Երդիքները կլոր եւ քառակուսի մեծկակ թաշկինակի մը չափով, ու թուով ալ 3-էն 4-էն ոչ աւելի, կ’երեւին նոյն դառձեկներու մէջտեղուանքը առանց ապակիի կամ ձիթազօծ թուղթի պատսպարի մը։ Ամէնէն ցուրտ օդերուն եթէ անկարելի ըլլայ դիմանալ, անոնց վրայ բան մը կը փռեն ու կը փակեն, վարն այնքան մութ կ’ըլլայ ատով որ աչք մխտես, չերեւիր. բա՜թ, կրակտան մէջ անճրկուկ կեսուրին գլուխն էր որ մութնիմութը հարսին կուրծքին բաղխեցաւ, ու ճար չկար որ այնպէս չըլլար, քէօռ մ’ըլլիր, սըկէ գնա, անկէ անցիր, վա՜յ, անդին ալ պզտիկ մը ճզմուեցաւ, շուտ վեր առէք։ Բայց եթէ կը հետաքրքրուէիք թէ մութին ու այդ խեղճութեանց չհամբերողները ի՛նչ կ’ընեն։

Շատ ցուրտ օրերը տաշտի մէջ ջուր կը լեցնեն, ջուրը կը սառի տաշտին կլորութեամբ ու երկու երեք թիզ թանձրութեամբ, ապա չարքաշ հարսնուկը տքտքալէն ու քիչ մըն ալ դրդրալէն որ ամէն բան իր ուժին կը վստահին, սառոյցը տաշտէն բրցուցած վեր տանիքը կը հանէ, եւ կը տեղաւորէ երդիքին վրայ. վաղն ալ, միւս օրն ալ բոլոր երդիքները ծածկուած են այդ եսքիմական ջրա-ապակիով, եթէ կը հաւնէիք բառիս։ Բայց այս գիւտիս հնարիչները չպիտի կրնանք պսակաւորել արդիւնքին այն թերի կողմին համար որ՝ կրնան հալիլ անոնք առտըւան թոնիրի բոցերուն տաքովը ու չաթբաթ վար ընկնիլ. այդ կտորուանքներուն տակ մա՛րդ չի դիմանար, քա՛րն ալ՝ չեմ գիտեր։

Կրակտան ձեղունը գետնէն 5-6 կանգուն բարձր կայ չի կայ, թոնրին մուխը անոր երեսին վրայ ու պատերուն ալ երեսը ներկած է սեւ, փայլփլուկ ու կպչած մուրով։ Առիքին բոլոր ճեղքերն ու նոյն իսկ մկան ծակն ու բզէզին բոյնը գէշ ձանձախարիթի ծածկոյթ մը ունին. ատոնցմէ ու միւս մասերէն կտոր կտոր ու կաթիլ կաթիլ մելանի պէս բան մը կ’իջնէ տան մարդուն գլխուն երեսին վրայ, զոր իրենք մրկաթ կ’ըսեն. ձմեռը մանաւանդ շատ աւելի նպաստաւոր եղանակն է մրային այդ գարշելի տարափին, որ եթէ օրրանին մէջ՝ պզտիկին աչքին վրայ իյնայ, ինչպէս կը պատահի, անտարակոյս եթէ չէ կուրցած՝ բայց ա՛լ բանի չէ եկած աչքը։ Օ՜ֆ, դուք որ գիւղի կեանքին՝ ամէնէն պզտիկին պատմութիւնը գիտնալ կ’ուզէիք։

Խլօ-ճակ. Հաւանական է թէ այդ բառին հին ձեւը խործակ եղած ըլլայ։ Թոյրեզեր քովի պատերու երեսին կան կուժի բերաններ, պատին մէջ թաղուած ամբողջ ողջ կուժեր են ատոնք. մանր մունր իրեղէններ դնել դարակի տեղ կը ծառայեն. հոն կը նետուին ճախրակին պուքրան, լիսեռը, թեղօշը, փաղօշը, անկաճը եւն։ Ջայրին ականջը որ ջիղի կտոր մըն է, մուկը կամացուկ մը հոն սողոսկելով գողցած տարած է. հարսն հազար երդմնաձեւերով կը պնդէ որ անկասկած խլօճակը դրած էր, կեսուրը չի հաւտար, կատուին կերցուցած ըլլալու անզգուշութիւնը կռահած է, խօսք, դրդրանք այն աստիճան կարեւորութեան կը տարուին ասոնց մէջ որ վերջապէս ջայրին ականջը կ’երկննայ կը հասնի բամբ պայթիւններով, երկու օրէն, երկու շաբաթէն այդ կռիւներուն հետքը չի վերջանար, բայց իրօք, որո՛ւ մտքէն կրնար անցնիլ թէ այդ տեղ ալ ինչպէս ամէն խնդիրի մէջ մուկն ինկած է։

Ծակ պատուհան. Զանազան պարագաներու տակ տուները իրարու հետ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն այդ ծակերը որ դրացնին կից պատին մէջ բացուած երդիքաձեւ խոռոչներ են։ Հիմա իրաւ է որ կամաց կամաց կը մոռցուին ատոնք նոր շինուած տուներուն մէջ, բայց մեծ մասը միշտ կը մնան ու բանուկ հեռախօսթելի մը դերն ունին։ Միեւնոյն շարքին վրայ եղած տուներ կրնան ցերեկը ու գիշերուան մը ո՛ր եւ է պահուն իրար լսել եւ մէկմէկու պէտքն հասկնալ իրենց յատուկ արկօդեաններով։ Որպէս զի փողոցին հանդիպակաց տուներն ալ միջամտել կարենային հանրային աղէտի մը ժամուն, դէպի այն կողմն ալ ձգուած է ստորերկրեայ անցք մը փողոցին լայնքէն փորուած։ Բայց այս վերջինը ամէն տուն չունէր եւ չեմ կարծեր որ ո՛ր եւ է ճամբորդ Քսենոփոն մը տեսած ու նշանակած ըլլայ մեր այս ճարտարագիւտ թիւնէլները։ Ծակ պատուհանները շահագրգռող խորհրդաւորութիւններ ունին, զոր կարելի չէ ըսել թէ ամէնքն ալ պիտի կրնայի պատմել այս նեղ էջերով։ Եթէ վտանգի վայրկեաններուն այդ ծակտիքը արժէք մը ունին, բայց ուրիշ առիթներով ալ Դիոնէսեան ականջի յոռութիւնները կը պահեն, անոնց միջոցաւ ընտանեկան գաղտնիքները կը ձէնձնուին, երկրագործ տան մը հարսը կրնայ ասդիէն խճէճ անցնել, անդիէն նուռ ու խնձոր ընդունիլ, անդին մրգավաճառ մարդուկ մը տարուան մէջ օր մը ունի որ այս աճպարար հարսնուկներուն այս իշկիւզարութիւնովը պիտի ապրի։ Այդ ծակը չունեցող տան հարսը ճարը կը գտնէ ու կ’ելլէ երդիքէն ձգել խճէճն ու բամպակը, մրգավաճառը յաճախորդին երեսը չտեսած՝ կրնայ գիտնալ արդէն թէ ո՛վ էր ու ի՛նչ կ’ուզէր։ Աղջիկներն ալ իրենց նշանածին բարեւ-շատ բարեւի խնձորները այս ծակտիքներէն կը գլորեն ու այդ ճամբով կ’ընդունին փոխարէն հարիւրապատիկն ու բիւրապատիկը։

Ակիշ տէրտէր կ’ըսեն նաեւ այդ ծակ պատուհաններուն։ Մեր վարի գեղերուն մէջ երկու դրացի տէրտէր քէնով եղած ատեննին մեղան ու ողորմեան այդ ծակ պատուհաններով կը լմնցնեն եղեր, մէկն ասդին մէկալն այն կողմ։

* * *

Կրակտան մէջ, յատակը ո՛ր եւ է փռուածք մը չէք տեսներ՝ թոնրի բոլորտիքը ձգուած տոշակներէն զատ։ Երդիքներէն իջած ցօղը, խոնաւութիւնը, կժնոցէն մզուած ջրանցքները մշտապէս նոր թացութեամբ մը կը սնուցանեն գետինը, որուն վրայ ինչպէս կատուն, մարդն ալ բոպիկ կը պտտի երբեմն առանց իսկ գուլպայի։ Շամուշէն գիւղի քահանան անգամ մը մտիկ ըրի, Ուլօվայի մէկ մասին համար կը յայտնէր թէ չափազանց խոնաւ բնակարաններ կան, ուր ներսերը քալելու ատեն ոտքին հետքը կը դրոշմուի ու յայտնի կ’ըլլայ փողոցին մէջ եղած տեսնուածի մը պէս։ Առտուան թոնիրը հոգացուելու պահուն երբ երէկուան կուտակուած փոշին դուրս կը թափեն, փոշամանին վերջին դուրս բերածը աղտոտ, ցեխ ջուր մը կ’ըլլայ։

Թոնիր. Գիւղական կրակտունը շատ բան է, խոհանոց, ննջարան, գործարան, հիւրանոց, ամբարանոց եւայլն։ Թոնիրը կը գտնուի կրակտան սրտին վրայ՝ դումը (կափարիչ) քաշուած՝ չորս կողմերը հող ու մոխիր մինտէրներով։ Ատոնց վրայ տան մարդէն զատ դուրսէն հիւր մըն ալ կրնայ նստիլ. վերջինին համար պատիւ մըն է հարկաւ, եթէ եղածներուն վրայ կամ անդին սիւնի մը քով նոր մինտէր մըն ալ ձգուի, զոր շուտով կը վերցնեն երբ եկող հիւրը դէպի դուռը շտկուի։ Թոնիրին շուրջը ծերերը գրաւած են աւելի, հարս, աղջիկ, անոնք որ վերջապէս կէնճ կանաչ ճանչցուած են, կը մնան շարունակ իրենց ջայրին ու ճըռճըռին առջեւ։ Թոնիրին տաքը գոլը պարապը չտալու համար, նստողները ոտուընուն վրայ ու դումին երեսը տարածած հասլաթը կ’ունենան, լաթ մը կապերտի մեծութեամբ։ Գիշերը այդ լաթը նօսր վերմակներուն վրայ կը ձգէ ուզողը։ Հասլաթ, կամ հացի լաթ, հացեփի օրերը խմորի գնդակներուն վրայ կը նետեն։ Դեռ եթէ ուզէիք, որչա՜փ պաշտօն կրնայինք համրել այդ ինքնին չնչին լաթի կտորին համար։

Թոնիրը շարուողներուն տաքցած մասերը ձեռքն ու ոտքը կ’ըլլան. այդ իսկ պահուն կրակտան ո՛ր եւ է ծակտիքներէն սառ օդի հոսանքը վայրկեան մըն ալ չի դադրիր ներս խուժելէ. անդին կրնաք երեւակայել թոնիրէն դուրս գործողներուն կծկումներն ու դէմքերուն սոխի ճերմակը։ Յիսուս Քրիստոս Ծնունդին ասոնց ողորմի, Զատկին ալ այն դժբաղդներուն որոնք ոտուընին թոնիրը կախած կը տաքնան կը կարծես, սակայն այդ ճիշդ ջերմն է որ յետոյ հազար հիւանդութեանց դուռ պիտի բանայ։ Թոնիրին մէջ զետեղուած են ջրալի մեծ կուժ մը, կերակուրի պտուկներ, չորնալու համար թաց լաթ մը. ատոնցմէ վեր եկած շոգիլները (գոլորշի) ոտքերու վրայ մինչեւ կէս մէջքերնին անձրեւի կաթիլին պէս կայլակներ կը շինեն, որ քիչ մը ետքը պիտի սառին ու սառեցնեն մարմինը բնականաբար։ Ալ աւելի մանրամասնութիւն պէտք չէ կը կարծեմ բացատրելու թէ այդ դիրքով նստողներուն վրան գլուխը ի՛նչ հոտերով կը վարակուի։

Կժնոց. Թոնիրին դիմացը, քիչ մը անդին պատին քով շարուած են գիւղական կարասիները, մեծ մասամբ ջրամաններ, զոր ոմանք իրենք շինած են տեղական կարմիր հողով մը, շատն ալ, աւելի ճաշակաւոր տեսակները եւրոպական չէր հասկցուեր կը յուսամ Ապտէհէրցի Քիւրտերէն կը գտնուին։ Քարղանը [1], գլխըվան [2], կճիկը [3], գօշը [4], խուբը [5], բղողը [6], պուրման [7], խնոցին [8], տեղականներն են, իսկ դուրսէն ծախու առնուածները՝ կուժը, քէտունէն, լուլիկը, պլիկը, քարազը, հապանայ, փարջ, բզիկ [9], կոտիկը [10], եւայլն։ Ինչպէս ակնարկեցինք, կժնոցն ալ տանը խոնաւութեանը վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, զոր ոմանք դարմանած ըլլալ կը խորհին ջրամաններուն տկտիքը սալով յատակ մը ընելով, բայց այդչափին համար ալ մեծ թիւն անհոգներունն է։

Խզէն. Մառան ըսել կ’ուզէինք։ Տան այս մասը առանձին միակ դռնով մը զատուած կ’ըլլայ կրակտան մեծ սրահէն, ու սովորաբար կը տեսնուի կրակտան ներսէ ներս մէկ կողմը։ Պայման է որ մութկեկ ըլլայ խզէնը, շատ փոքր ծակով մը լուսաւորուի. այդ զգուշութիւնն անոր համար որ ընտանեաց էն շէն այդ խոռոչը նկատուած է, շունն ալ մարդն ալ մեծ լուսանցներով կրնային հեշտուկ ճանբայ մը սեպհականած ըլլալ։ Կանանց իրեղէնն ու զգեստեղէնները սնտուկներու մէջ խզէնը կը պահեն ոմանք. ուրիշներ, անհոգներու մէկ մասը, աղքատներու մեծ մասը, այդ կարգի պահուելիքներ դուրսը կը թողուն առանձին սնտուկներով, երբեմն պարզ ծրարներու մէջ կապկպած։ Խզէնը, աւելի յարմարն էր ըսել գինետունը, չպիտի կրնայի մանրակրկիտ նկարել, ուր անցողակի ըսենք ու փակենք թէ ամէնէն քիչ չափը 20-30 լիտր գինի կը գտնուի, 50-200 լիտրը խզէններու սովորական լիցքն է։

Ամբարանոց. Հետզհետէ ամբարանոցները տախտակով շինելու ու շարելու ճաշակ մը սկսած է թէեւ, սակայն դեռ բազմութեան մեծը կայ որ ունեցածնին կաւաշէն փեթակներու մէջ կը դնեն։ Ամէն տուն ունի իր փեթակը, կան որ մինչեւ 100-150 տարուան հնութիւն մը ունին։ Հաւանականաբար տան հիմնարկէքին ատեն տան կնիկն ալ՝ ներսի կողմը փեթակը սկսած է փայեկել այն կանխամտածութեամբ թէ երբ տունը շինուի, դռները կախուին, ա՛լ անկէ վերջը անկարելի կ’ըլլայ դուրսը հիւսուած վիթխարի շէնք մը ներս անցնել, ու գիտենք թէ փեթակն ու թոնիրը գիւղացիք կրակտան մէջ կը լմնցնեն շուքին չորցնելու առաւելութիւն մըն ալ հաշուի դնելով։ Երկրագործ տան մը փեթակը կրնայ 60-70 չարեկ ցորեն եւայլն պարտկել, այնչափ մըն ալ ալիւր ուրիշի մը մէջ։

Շատ առաջները, տեղ տեղ հիմա ալ, ուր գիւղացուն աչքը խլուրդի աչքին պէս խուփ կը մնար, շահի ու սակի վրայ լայն գաղափար չունէին, իրենց աւելցուկ ցորենն ու գարին փեթակէն երբ կը յորդէր, մեծկակ չափով մըն ալ գետնի հորերը կ’ամբարէին, զոր անձնիւր տուն բացած կ’ըլլար փողոցին մէջ եւ զոր երբեք տարի մըն ալ դատարկ չէին թողուր։ Այդ ցորեն-հորերը կալէ կալ կը բանային, կը ստկցնէին ոջիլէն ու յարդէն, հինը աղօրիք կը տանէին, նոր կալարդիւնքն ալ նորէն հինին տեղը հորը կը լեցնէին։ Խաւ մը յարդ, խաւ մը ցորեն, հորին կողերը նորէն յարդով պաշտպանուած, մինչեւ շրթունքը, մինչեւ 100 չարեկ արմտիք պարունակող հորեր գիւղացի տան ոսկիի գանձը կը սեպուէին։ Հիմա գոցուած են ատոնք, Յակոբ Նահապետի ջրհորին պէս տեղերնին անգամ անյայտ կը մնայ. հիմակուանները ունեցածնին դրացնին վրայ գլխամասին հաւասար տոկոսով տալու ճամբան գտած են ու տարուէ տարի դրացնին կալը թալլելու համարձակ գողութիւնը կ’ընեն։

Կրակտունն իբր գործարան. Քիչ տուն կայ ուր չը տեսնուին քովէ քով հարսն ու աղջիկ բանտեղի մը վրայ։ Ձմեռը սովորաբար ճախրակ կը դարձնեն, ուրիշ մը անդին կէս մէջքով ոստայնանկի հորը մխուած կկոց կը թռցնէ, տան կտաւէն զատ կը գործեն նաեւ դուրսէ եղած խնդրանքները գօտի, անձեռոց, կանանց վարտիկին վարի կողմին գործածուած կարմիր բաչան, կարգ մը ուրիշ բրդեղէններ, որոնցմէ էրիկ մարդիկ կը շինէն իրենց շալվարն ու ապան։ Ճըռճըռը (բամպակի մանարան) կրակտան մէջ կը կթնէ, նոյնպէս բամպակը եւն. այս տեղ կ’աղնուին։

* * *

Առաւօտ. Լուսաբացին, տղայ մարդիկ ու տան կնիկներէն տարեւորները, այն կինն ալ որ՝ պառաւ մը չէ թէեւ՝ այլ քէհեային սիրելի կողակիցն ըլլալու բաղդն ունի, եկեղեցի կ’երթան։ Այդ ատենուան զբաղումները հարսին ու աղջկան բաժին հանուած են, թոնիրը հոգալ, ջուր բերել, աւլել, աղբն աղբանոց տանիլ, կովը, ոչխարը կթելը։ Մեծերուն եկեղեցիէն դառնալու ատեն, կիսով լմնցուցած՝ շատն ալ միւս բանտեղերուն վրայ նստած կ’ըլլան։

Կնիկներ երբ կիսաւարտ թողած ընելիքնին՝ ժմուորին առջեւ աղբը, աւելը գետինը մոռցած են, դէգ դժգոհանքներ կը լսեն տղաքներէն, որոնք այդ պահուն՝ ոտքի վրայ՝ խառնամառնումներ տեսնելով՝ կ’երթան պահիկ մը ախոռին տախտին վրայ քարիման [11] դարձնել, ծակ գուլպայ մը հիւսել, ուր վերջապէս երկու սիկառով, երեք-չորս հէքեաթներով ժամադիր կ’ըլլան, մինչեւ որ մուխն իջած՝ առտուան ճաշն ալ պատրաստ ըլլայ։

Այս խօսքը պարզած ըլլալու մտքով ըսենք թէ թոնիրին ծուխը մշուշային խտութենէն քիչ մը թեթեւցած ըլլալու վիճակ մը կը պատկերացնէ, այնպէս որ պահ մը առաջ եթէ իրար չէին կրնար տեսնել աղջամուղջին մէջ, հիմա անկէ մաս մը դռնէն, երդիքներէն փախած ըլլալով՝ նօսրացած է։ Թէ անոր տեղը, գետնէն ոգեւորող փոշին գրաւած է, հաշուի չեն դներ, ու աչքերնին ալ չի տեսներ թէ կէսօրուան մօտերը երդիքէն սողոսկած արեւի շառաւիղն ալ անկարող կ’ըլլայ թափանցել ու լոյս սրկսել։

Մուխն իջած է, ճաշն աւարտած. իւրաքանչիւրն՝ իր գործին առջեւ՝ աշխատութիւնը անխուսափելի ճակատագրականներէն հաւատացողի մտադիւր համակերպութիւնն ունի։ Այդ միջոցին մեծաւորը անգործ կը տեսնուի, ո՛րը թոնիրին քով կատուին հետ հէննէքներ կ’ընէ, առաջին երեւոյթով այսպէս կը գտնէք, բայց նա ալ սիկառը լմնցնելէն վերջ՝ ձեռքը բանի մը պիտի երկնցնէ անշուշտ քարիման մանելը, գուլպայ հիւսելը տղամարդերու բաժինն է. ասոնց մէջէն աւելի շէնք շնորհք մեծապատիւներուն առձեռն բանտեղնին կը տեսնուի տան մէջ ալ, փողոցն ալ։

Երկու եղբայր օրը չորս լիտր բամպակ կը կթնեն [12], շատեր «առաւօտ ելլելով» ու քիչ մը աւելի սրտոտ փակելով գործին, մինչեւ իրիկուան ժամհարին՝ ահագին աշխատութիւն առաջ կը տանին։ Առաւօտք ելլելու սովոր եղողները համակրանքի պէս բան մը կը վայելեն միւսներուն վրայ, որ բանտեղնին կոչնակի ատենէն սկսելու քաղքենիի ծուլութիւնը կ’ընեն, կ’ըսեն։ Այսպէս երկրագործ տուները կէս գիշերէն քիչ մը վերջը գլխնին անվրէպ զատած պէտք է ըլլան բարձէն, այդ է «առաւօտք ելլելը». իսկ հասարակ տնուորներ որ ճախարակն ունին դարձնելիք միայն, այդչափին համար քունէ իյնալ ու ճրագ վառելով տնտեսական չեն գտներ։ Վերիններուն այս հաշիւն է որ ծուլութեան գաղափարը ենթադրել կուտայ քովի բանուկ դրացիներուն։

Մարդիկ որ մարդերու ցաւերէ չեն հասկնար, կէս գիշերուն կը կանչեն ժամը։ Այրերէն յետոյ չուսդ ու ճապուկ կնիկներն ալ շատ բան կը բանին, կին մը կրնայ ձեռքը միեւնոյն գործին վրայ բանտ [13] մը մանած քաշել ճախրակի լիսեռէն, որ օխա ու կէսէն աւելի է։ Աղջիկներ նշանակելի տարիքէ մը սկսելով բաւական զատած կ’ըլլան զբաղումնին. անոնց մէջէն նշանուածները օժիտ տանելիք զգեստեղէնները կը շրջշրջեն մայրերու ստիպանքներով։

Ուտել-խմել. Ձմեռը չորս, ամառը դաշտի աշխատութեան մէջ հինգ անգամ կ’ուտեն։ Առաւօտք ելլողները կ’ուտեն սրտադեղ մը, որ մեծ տուներու մէջ հացին հետ պանիր մըն է, կամ տանտիկնոջ երէկուան պատրաստած թարմ սերը, ախորժակ բանալու համար գաւաթ մը օղի կամ գինի։ Բայց տան բոլոր անդամներուն բերուըները, չեն հասնիր սրտադեղին այդչափ հաւասարութեամբ. ցամաք հացով բաւականացողն ալ կայ։ Ճէշքճաշք սրտադեղէն վերջը կուգայ, առտուան թոնիրին վրայ եփուած կերակուրին կ’ըսուի. օրարսըկուան կէսօրուան ուտելիքն է հաստատուն կերակուր. կէսօրուան ու իրիկուան մէջտեղ ամառը բան մըն ալ կ’ուտեն, որ սրտադեղին կը պատասխանէ, ատիկա է «ակոբակ»ը։ Ժամը 12-ին՝ կէսօրուան չափ ախորժակ ու յարձակում էն վերջին պատառին վրայ. ձմեռը առանց գինիի սեղան չվերցուիր։ Կնիկները զատ սեղան կը բոլորեն էրիկ մարդերու հացաւարտէն ետքը։ Ասոնք ալ խմելու մասին պակաս չեն մնար իրենց գլխաւորներէն։ Կնիկներ սեղանին վրայ՝ կը բռնեն աջ ձեռքով պատառը, միւսովն ալ լաչակնուն մէկ ծայրը, այդ կերպով ծածկակ կ’ըլլան մէկմէկէ իրենց կիսադէմքերը։ Չամչցող մըն է հարկաւ այն հարսը որ չիթը քովինին դէմը չբռնած դգալ կը տանի բերանը ու բերնին բացխուբը՝ ակռաները կը ցուցնէ։

Այր թէ կին, սեղանի վրայ ձայն, փսփսուք չեն հաներ. կանանց սեղանին վրայ շատ շատ ծուռ բռնուած դգալի մը կամ անսովոր շարժման մը վրայ խղդուկ քրքիջ մը կը պատահի, որ կը փոխանցուի միւսներու ալ լրջութիւնը խանգարել։ Մոռցա՞ծ եմ ըսելու թէ սեղան բառը չպիտի յարմարի շատերուն առջեւն եղած հացլաթին համար։ Ամանները կը շարեն ընդհանուրը պարզ կտաւէ փռուածքի վրայ, զոր ճանչցուցած ենք հացլաթ անունովը. ուրիշներ կը գործածեն սինին, խոնը, տեփուրը, պղնձագործին ու հիւսնին ձեռքէն ելած կարասիներ։ Մեծ տնուըներու մէջ մէկ քանի եղբայրներ ու եղբօրորդիներ միեւնոյն սեղանին վրայ՝ վարձկան բանուորի մը գէլգլուքներով պատառը կը ժողվեն. կը կասկածիս թէ դուրսը գտած ու ներսը բերած ըլլան կամ յայտնապէս իրենցը չըլլար կերածնին։ Հարեւանցի ակնարկով մը սովորոյթի այդ պաղ երեւոյթը արդիւնք կը մտածուի ըլլալ շատուորքին մէկտեղ նոյն պնակէն ուտելուն ու միեւնոյն հացէն կիսելուն։ Վերջապէս պատառին մեծը, մէկին տեղը պատառին երկուքը, երեքը շուտ շուտ կլափ նետելը մտքէ չանցած փութկոտութիւն կը պահանջէ հարկաւ։ Ինչպէս ըսինք, հոս ալ ձայն խօսք չի փորձուիր, զուարթերես ոչ ոք կայ։ Կը փոխուի բանը հիւրի մը ներկայութեամբը։

Կերակուրներ. Սրտադեղը հասկցուեցաւ կը կարծենք։ Ճէշքը կամ հասարակ ճէշք մը կը բաղկանայ փիլաւէ ու թանէ (հալուած մածուն)։ Կէս օրին կ’ուտեն թոնիրին մէջ մածնուած հատեղէն մը որ դգալ մը իւղով ու խավուրմայով ժրուած կ’ըլլայ։ Ակոբակը ամրան մէջ սոսկ հաց ըսել է մաս մը սոխի ու սխտորի հետ. սխտորին համար կ’ըսեն թէ արեւին դէմ ազդեցութիւն մը ունի։ Իրիկունը դարձեալ կ’ուտեն նոյն հատեղէնը, աւելի պնակ մը բանջարեղէն ու թանապուրը՝ առատութեամբ։ Թան, մածուն, թանապուր, ամառը մանաւանդ ջուրի տեղ ալ, հացի տեղ ալ գործածողները շատ են։ Կաթը կը խմեն բժիշկին պատուիրած ատեն։ Շաբաթէ շաբաթ ամէն տուն կ’առնէ կովու, եզի, կամ գոմէշի միս, ո՛ր տեսակէն որ ճաշակնին ու քսակնին ներէ, ոչխարի միսը սուղ կը գտնեն, այդ պատճառաւ գիւղացի մսավաճառն ալ քիչ կը մորթէ անկէ։

Բանուկ չորքոտանին չեն զգետներ ըսինք. տերջ կովը, ախտաւոր կամ ինկած եզը, անհարկի գոմէշը, ամէն շաբաթ օրեր դրուընուն առջեւ պառկեցնելով՝ կը բզքտեն ու կը ծախեն, հետեւաբար երեկոներու ախորժահամ կերակուրնին է ծեծուած հում միսը հում ձաւարին հետ, Կիրակի առաւօտուն նոյն խըյման ու ասոր եփած տեսակը քիւֆթէ, Կիրակի իրկունը նորէն քիւֆթէ, միս ու թանապուր։ Միսին վրան գինի չխմել այն ատեն կը պատահէր երբ մարդ Միքայէլն ու Գաբրիէլը տեսնէր դիմացը։

Աւելի ամփոփ ըսենք թէ մեր գիւղացիներու գարնան ու ամրան սնունդը կը կազմեն բանջարեղէնի հետ թանն ու թացանը, աշունը մսեղէններ, իսկ պլղուր, ծեծած, սա տեսակ հատեղէններ՝ ձմրան մէջ։ Կերակուրներէ աւելի՝ ամէն ատեն ցամաք հացը շատ կը սպառի։ Հացը բազմանդամ տուները ամէն օր կ’եփեն թոնիրը, պզտիկ՝ քիչուոր ընտանիքները շաբաթը անգամ մը. մարդ գլուխ երեք չարեկ (60 օխա) ցորեն հացաբաժին կը հաշուեն։

Երեկոյ. Իրիկուան ճաշէն ետքը շատ գործ ունեցողները, ժամը 3-4ը ձեռուընին նոյն ցորեկուան գործին վրայ կը պահեն։ Կնիկներ ճախարակը ցիցը կախած՝ այդ պահուն խճէճ կը քաշեն, էրիկ մարդիկ ճըռճըռ։ Այս կարգի տուներու ինքնեկ գործակցող կ’ըլլան երեկոները քովի դրացնին կինն ու աղջիկը։ Վերջիններուն ըրածը զուտ ազնուութիւն չպիտի ըսէք եթէ գիտնաք որ ատոնք գործ չունեցողներու դասերէն ըլլալով՝ պարապը ճրագ չեն ուզեր վառել, առջի իրիկուընէ ալ քնանալ չէ կարելի. մեծաւորին ճրագին լուսովը զբօսալի ժամանց մը կ’ունենան։

Հայրենիք, 1894



[1]        Եզներուն կերցուած ընդեղէնները քրքրցնելու ամանը։

[2]        Տաշտի տեղ կը ծառայէ, կը լուան ատոր մէջ կամ կը լոգնան։

[3]        Տարեկան խավուրման կը դնեն։

[4]        Ապուրի պնակ։

[5]        Պտուկին կափարիչը։

[6]        Գինիի կարաս։

[7]        Ջուր պահելու մեծկակ բղող մը։

[8]        Մածուն կը հարուի ատով։

[9]        Զանազան ձեւերով ու մեծութեամբ աղբիւրէն ջուր կրելու եւ կժնոց շարելու ջրամաններ։

[10]       Գաւաթ։

[11]       Ռո ք դարձնել։

[12]       Կուտը բամպակէն զատել։

[13]       Բանտ որոշ թիւով կարժերու տրցակ մը։