Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Ե ՍԻՐՈՅ ԳԻՐՍ ՄԱԼԿԱՐԱՑԻ ԿԱՐՕԻՆ

Կը գրես, իմ եղբայր, թէ դուք հոտ Վահանին հետ թեթեւ ձմեռ մը անցուցեր էք, մաքու բերնին շունչովը տաք ձմեռ մը, ձիւնի, ցուրտի երես չէք տեսեր շատ, թէ՝ շատ օրեր, աղուոր, լոյս մրշաղներու տակ ամրան գիրուկ շողերը շփեր էք երեսի վրայ։ Եթէ իրաւ էք, բայց նոյն իսկ եթէ քիչ մը պակաս իրաւ ալ ըլլին գրածնիդ, ինչ որ չեմ կարծեր, թոյլ կուտայիք հարկաւ, որ ըսէի թէ Աստուած ձերը ձեզի վայլեցնէ, մերն ալ մեզի պէս սուտանուն մեղաւորներուն։ Մերն եթէ կը հարցնէք, այս տարի շարունակուած բուքերով, անսովոր ձմեռ մը եղաւ։ Մենք այս ձմեռն ալ տարինք այնպէս, ինչպէս աղօրեպանին բրդոտ գլխով սիրուն իշուկը վրի բեռը կը տանէ։

Կը հաւատա՞ս, տղայ, եթէ ես կահաւոր շէն տնակ մը ունենայի քիչ մը տարբեր հիմակուանէն, ուր հնար ըլլար լկամի տակ գալիք բրդոն մը հաց ծամել, վառելիք՝ տեղը, հագնելիք՝ լման, կուրծք ու սրունք պարտկելու չափով մը գոնէ, շապիկ մը շապկընկերին հետ մորթիս վրայ փակցուցած ըլլայի, ուրիշ տեղ մը ամենեւին չէի երեւնար, թոնիրիս բոլորքը ինծի համար է՛ն հանգստուկ տեղը պիտի ըսէի, կ’ընդունէի հոն մօտի հեռուի դրացիներս, անոնց հետ կրնայինք օրը օրին աչքի առջեւէ անցնող դէպքերուն ու դէմքերուն վրայ անուշ հետաքրքրող մտածութիւններ խառնշտկել։ Պիտի ըսես, կարելի է, ի՞նչ կայ, ի՞նչ կը պատահի գեղի շրջանակ մը, ուրկէ հնարաւոր ըլլի կզակի տակ ձգելիք պատմութիւն մը մէկտեղել։ Դուն կ’ուզես այս կասկածն ըրէ, ես ըսեմ որ, օր մը, ես ալ քեզի պէս կը խորհէի, իրաւ է, բայց սխա՛լ. ընդունէ հիմա որ ան մութ տեղուանքն ալ մարդ կ’ապրի, էրիկ կնիկի սիրով ու անսէր կցակները [1] կան, կուշտի անօթիի կռիւները կան, ասոնք ալ եթէ չըլլային ըսենք, սա տէրտէրը արդէն բաւական չէ՞ր որ գեղ մը գեղով իր վառած կրակներովը խարկէր, խորվէր։ Դուք տակաւին լսած չէ՞ք երբեք Քէսրիկի տէրտրուն դժոխքի արարքները։

Ես պիտի ըսեմ որ մարդիկ կան, կ’ապրին արեւին տակ մեր գեղին մէջ, որոնք ողջ ողջ թաղողը մէյ մէկ շէն քաղաք շինած կ’ըլլար։ Քահանային նկատմամբ, քեզի շատ գրելիքներ ունիմ յարմար պատեհութեամբ։

Գեղը, կ’ըսեմ, ի՞նչ չիկար, ի՞նչչափ շահագրգիռ քեզի ինծի համար՝ ան խադ խադ խօսքերն որ թոնիրի եզերքը նստողներուն բերնին վրայ կը փշփշկին [2], այն սիրուն, խատուտ հէքեաթներն որ ախոռին տախտը, տանը նահապետին գահերէցութեան տակ կը փակուին։ Ուրիշներ թող քաղաքը գրեն, մենք քեզի հետ գեղը ներկայացնենք, եթէ կարելի ըլլայ, այնպէս՝ ինչպէս գրողի մը մտքէն կ’անցնի, անկախ, անկաշկանդ, ու գրելիքնիս գիտնայինք ըմբռնել. ան ատեն, անկէ վերջը, կը յուսամ, յայտնի կ’ըլլար թէ ջայլամի՞ն թէ ցախսարեկին ածած հաւկիթը խոշոր կը կշռէր։

Հիմա՞ ի՞նչ ըսել, ես ալ հիմա իրաւունքը անոնց կուտայի որ սա տեսակ կտոր բրդուճ կրականականներով պարծիլ փորձողներուն բերնին վրայ տրցակ մը չոր բողկեկ [3] բուցէին [4] ու տեղերնին նստեցնէին։

Եթէ իմ վիճակս կը հարցնես, քանի օր է որ հիւանդ եմ, ձմեռն անցեր է կ’ըսեն, լուծք, լծուոր գործի վրայ կը գտնուին, ծիծեռնակները դարձեր են, արագիլները վաղուց արդէն իրենց բոյները գտեր են, ես ալ մութկէկ առիքիս տակ մեր ղարիպ տղոց ղրկած թղթերը կը կարդամ, անոնցմէ հատ մը՝ իր տեսակին մէջ զուարճալի՝ ձեզի կը ղրկեմ, որ հասկնայիք թէ ետեւնին չնայող տուն ընտանիք դրած ետեւը մոռցող լակոտները ի՞նչպէս շատ անգամ կատակներու ծրարով մը բանը անուշ տեղը կապելու կ’ելլեն։ Այս անգամ ասկէ զատ ուրիշ աւելի մը չէի կրնար գրել, հիւանդ եմ... ։

«Սէր իմ սիրելի եւ պատուական ամուճայիս Թօրիկ քէյեային. Սիրելի՛ս, եթէ մեզ կը հարցնես, մինչի կէտ գրուս ողջ առողջիք. ութը տարիէ որ խարիպ տեղը չուրումիշ եղանք. ութը մատով թուղթ մի չի կարդացաք էտ կողմէն. մեռա՞ք մի, ո՞ղջ էք մի. մենք չիք գիտեր, մենք իսէ տահա հիչ գործի մը չիք տիրացեր. Մարաշու զէրկաք, Ատանա էլաք, Ատանու զէրկաք Մըսըր լուսցուցաք. թա օր հիմայ սանքի տեղ մը տիտիկ չինք էրէր. էս օրերն ալ ահա գործով մի մժղլերինք. տեսնըք վերջը կրնը՞ք բերեր. մէկ աղբարս չամռէ շամատան կը շինէ, հատն էրկու փարէ կը ծախէ, ես ալ ամէն օր մրջում կը ժողվեմ, ես ալ հատը իրեք փարէ կը ծախեմ, էսպէս էրթայ նը երկու տարիէն խօսք մէկ Աստուած խօսք օր սիլա պիտի դառնանք, հիմակու հիմայ դուռ դրացնու բարեւնիս տուր, մօրս ձեռուին կը պագնիմ. ու քրոջս Եղնարին վրայ, անցած տարի էրած մի տեսայ օր ձոներուն վրայ կը պոռգռտար, իշալա բարի է. ձօն տեսնալը ինծի չիգար, դուն կը իշե՞ս օր պապս մեռնելէն շաբաթ մը էռէջ մենծ ձօն մի տեսանք էրզնուս մէջ. վերջը իրաւ իրաւ որ ձօն եկաւ գլխընուս։

Դուռ դրացնու բարեւնիս տուէք։ աղուէս խեղդող Գասպարին, դնպուկ խզտող Տօնօին, տաշեխ Մանօին, գոմէշ Խազարին, մրուր ծծող Վարդերին, սխտորի գող Հըպօին, մկրատ անկաճ Սերոբին, բամպակ բերան Մկըրին, ճըլլօ Օվիկին, պաստեխերես Գէվօին, պայխուշաչուի Աստուրին, պիլպուլ Ակօին, հաւու դայեկ Նիկօին, եւս եւ անծոտ Դաւօյին, պաղջայի գող Էլօին, էծու մօրուք Մինասին, սըրըխ Մինասին, բզէզ Մարգարին, շանսուրաթ Կարուկան, լէնկէռ բերան Խաչօին, պղնձէ ոռ Արութին, եւս եւ սիրելի ամուճաս, գիրս առնելուդ քեռանցս տունը էրթըս, հոն ալ մայրի մեծի թէք թէք բարեւս տաս, ես իրենք չիմ մոռնար, օր մի ունիմ իրենց համար է, Թէվօին ըսես օր՝ հէրիք ըլլի էրածը. ես օր հոտ չէի խօսար նը, ալ էս տեղէն փաք փէրվա չունիմ, ուզածս կ’ըսիմ ուզածս ըլ կրնըմ գրեր. ա՛լ հերիք ըլլի էրածը. էրկու խնծորով աչքն ու երեսը մէզաթը թող չի հանէ. վերջը դառնալու ըլլիս նը, եօթ պորտ մեռելը հողուն կը հանիմ, էրածս կ’էնիմ։ Քիչ գրուս շատ իմացիր, ամէն։

Բիւրակն, 1899



[1]        Միութիւն։

[2]        Կ’եռան, կը պղպջակեն։

[3]        Փակցանք, չոր խրիւ։

[4]        Վառէին։