Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Զ Սէր իմ Լուսաղբարս

Կ. Մալկարա

Գրած թղթիկդ անգամ մըն ալ շփեցի աչքերուս։ Սպասեցիր, կը կարծեմ, որ ձեռքի վրայ՝ ոստոստիկ՝ դիմակ մը յանձնէի երկնից հաւքերուն, սըվոնց խօսք չհասկնալու ատենը՝ աշունին պախրցի հովերուն. ապա կրնայի՞ր գիտնալ թէ ես ի՞նչ ցաւերու հետ հիւսուած կ’ոգորիմ։ Գեղի մարդուն հետ ու գեղի մը մխոտ երդիքներուն տակ, ապրելու ճակատագիր մը այսօր ալ վաղն ալ հոգուս հնհնուքը կը մնայ։

Որո՛ւ, ի՛նչ կրնայի ըսել որ ակնթարթ մը գոնէ արձագանգը ուզէր ըլլիլ երազածներուս։ Շատ հեղ քանի մներու հետ կլորուած, ամփոփուկ՝ խօսք կը բանամ քաղքենիներուն կեանքին ու կացքին վրայ, քիթս ի վեր քացախ կը փչկեն, հեգնանքներ ամէն կողմերէ, բայց հասկնայիր թէ ի՛նչ շրթունքով ու ի՛նչքան թաց՝ գորտի շողիքներով։ Միշտ պահանջող, որ ես ալ իրենց պէս հաւատացող ըլլիմ թէ գեղի մարդ ըսուածը զատ կաւով մը շինուած է, թէ այս կաւակենդանիին ճակտին վրայ գրուածը իր քամակին ալ երեսը կրկնուած որ՝ օրը օրին մսուրին մէջ ծնի, մութին մէջ ոտնուորի, տախտին վրայ ալ իշուկին ու գոմշուկին լեզուն հասկնալու չափ դպրոց մը աւարտէ ու դէն նստէ։ Անկէ վե՞րջը. անկէ վերջը արեւին տակ հաստ կաշի մը կը տապղէին երեսի ու կռնակի վրայ, անկէ վերջը դէզ մը գանկեր առաջքդ. խբուած ոստրէներու չափ ամուր, ուր ա՛լ ամենեւին հնար չըլլէր որ նոր ներարկում մը, ներսը տեղ գտնէր, վայելքի գաղափարը, ճիշտ շնչառք մը, լոյս երդիք մը, փուշերէ ստկուած դաշտ մը, մաքուրը, ճաշակաւորը, գիտակից, գործունէութիւն մը գոնէ, որ ոսկոր չի մաշեցներ, չէ՛, վայրկեան մըն ալ աչքերու տակ չէին մէկտեղեր սա պայմանները, որոնք՝ յաւէտ՝ առանց իսկ երես թթուեցնելու, կամ զրկուողի անիծանքներ թռցնելու բերուըներէ, իրենցմէ հեռուն եղողին, «քընծ զիրենք» աղէկներուն, բուն իսկ բառը գործածելով, քաղաք բնակող մարդուն վայել բաներ կը հոտուըտային։

Սա տեսակ համայնքի մը կաշին ի՞նտոր հնար էր նօսրցնել, իրա՞ւ է որ պէտք չըլլէր սվոնց համար խորհիլը, ո՞վ շիտկէր սվոնք, սա կրիաները որ կռնակնուն վրայ շրջուած կը մեռնին վերջապէս։

Մենք տէրտրուկ մը ունինք որ ծնած օրը լեզուն դայեկին գողցնել տուած է, շատ եթէ ստիպես ալ՝ ժամուն մէջ ձէն կը հանէ, բանիկ մի կը խօսի, հինգ հեղ կը փռնգտայ, տասն ալ փիլոնին ծէրօքը քիթը կը սրբէ, անկէ վերջը ահա ի՞նչ էր որ անցածները՝ ես ալ ժամ գացեր էի, գլխնուս նետեց. անկն ալ դեռ իմ ականջս անցաւ, կը մնայ։

«Օրշնած սիրելիքներ, Չորթութենց Պետօյին կնկուկը՝ Թէվօն, էրէկ իրկուն, տահա նօր ըլ առեր ին եղեր, մենծ կուժ մի թողեր է աղբիւրը, ա՛լ տէ գործը էճըլէ՞ եղեր, մեղք է էքսուկէթէկը, Աստուած օր կը սիրէք նը, ըլ դատաստանին կը հարցընեն, իմ գիտցածս օր՝ էտ կորուստին սէպապով, գլխաւորը իրեն շատ էզիեաթ կուտայ եղեր, մեղք է էքսուկէթէկը, Աստուած օր կը սիրէք նը, ձեր ըլ մեղքը թող գայ, կոյրեր է նը, կոյրած է ըսէք, չէ՛, էկէր սաղլամ գտնող կայ նը, թէզօք մի թո՛ղ տիրուն հասցնէ օր գալիք դատաստանին, Ղազարոսին մեծատանը պէս ջուրի հասրէթ չքաշէիք, էն կարմիր կուժը դէմերնիդ գար, կուշտ կուշտ միջերնիդ անցընէիք, Ասուած տար օր՝ էն ատենը մեծատանը չափ ըլ աղէկ մի ծառուըցած ըլլէիք»։

Մեր Տէր Կուկուշը ահա աս անունով ճանչցուած իրեններէն իր թզուկ հասակին համար կը հասկնայի՞ր որ ինչպէս դիւր կը բերէ սրտին, այսպէս ամէն օր, զինք մտիկ ընողներուն գլխին կոտրած կուժ ու կրինճներ նետել, նստիլը, ինչ ընես որ շատ մը գեղեր այդքանն ալ չունին, քահանայի երես տեսնեն, եզները մատաղ կը նետեն գետինը, Վարդապետ հայր սուրբի ստուեր մըն ալ, եթէ տեսնէին, եթէ համբուրէին, ա՛լ ան ատեն անդրանիկնին կռնակնին կապած Մօռայի լեռը կը վազէին։

Օրը կ’ելլէ այսպէս, օրը իրիկուն կ’ըլլի, աշունէն ձմեռ ու ատկէ ալ ուրիշ եղանակ մը անցումներ կ’ըլլին. գեղի հայ մարդը իր հոգիին մէջ ու իր մարմինովը, աշխած միօրինակութիւն մը կը մնայ, օր մը, օր մը ու այն ոչ շատ հեռուն, դժբախտութեան մը այսքան անտեսուած ծանրութիւնը հոն, շունչ տուող արարածը, անհունապէս դժուար գելանքի մը մէջ պիտի փակէր վերջապէս։

Ու պահ պահ ալ որ ես զիս միայն կը տեսնեմ անոնց քովերը, անոնց թոնրին շուրջը, դաշտին լայնքին ու երկայնքին վրայ, անոնց բոլորքը միշտ, հեգնութիւն մըն ալ հոս կար, զոր մէջտեղէն վերցնելու մտքով ու մտմտուքներով աչքերուս թարթիչներն ալ ծնկուըներուս վրայ թափէի, նորէն սա տեսակ երեւոյթի մը վրայ ալ առաջին ծիծաղողը ես ինքս պիտի ըլլայի։

Բիւրակն, 1899