Տաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԲԵՐՆՈՎԴ ԸՍԷԻՐ

Ըսէ՛, էրթամ փուշ քաղիմ

Թէ փուշ ըլ չէ, քար քաշիմ,

Թէ քար ըլ չէ, ի՛նչ էնիմ,

Միայն դուն բերնովդ ըսէ.

 

Մեծն ուզէ, պըզտիկն ուզէ,

Էվէլ էվէլօքն ուզէ,

Միայն էդ բերնովդ ըսէ,

Լեռը դուրիմ, դաշտ շինիմ,

 

Ծովը վարիմ, գետն անցնիմ,

Կ՚ուզես կրակ կոխկըռտիմ,

Միայն էդ բերնովդ ըսէ,

Դեռ շատ կէնճ, շատ կանանչ:

 

Ու երբ հիմա ըսէիր

Որ հող ըլլիմ ոտքիդ տակ,

Ինծի համար էդ ըլ շատ,

Մինակ բերնովդ ըսէիր,

Հէնց աչքովդ ուզէիր:

1908