Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
ՀԵՐԻՔ ԵՂԱՒ, ՆՈՒՆԻ՛Կ


Այս անառակութեան զարհուրանքը դեռ գեղին չանցած, դեռ տանը մէջ չորս պատերէն զատ ուրիշ ոչ ոքէ չկռահուած, է՛ն առաջ մաման՝ խոճապաշիին պառաւ մայրն եղաւ որ իմացաւ, երբ ատիկա արդէն շատ տարիներու կորդացած մէկ եղելութիւնն էր ու միւս մեռնող ներոջ վրայ թիզ մը խոտ էր բուսեր:

Ամառուան օրերուն էր, այն եղանակին որ գեղն ամբողջ տանիքներուն վրայ կը փոխադրուի, հոն կ՚ուտէ կը կշտանայ ու հոն կը քնանայ կ՚արթննայ, ա՛լ տանը ներքնակողմը կենդանի շունչ չի մնար գրեթէ: Ախոռին անասուններն անգամ շնչահեղձ կ՚ըլլան ներսը, անոր համար անոնք ալ բաց գաւիթներու մէջ կը մակաղին քով քովի, եզը, գոմէշը, այծը, մաքին՝ իրենց ամբողջ ընտանիքներով: Կեանքը զուտ հովուական ու քնարական կը դառնայ. աստղիկներուն ադամանդէ քրտինքը կը կաթկթի անկողիններուն ու օրօրոցներուն վրայ եւ լուսնեակին կաթը կառուահոսի խիտ ծառաստաններուն մութ կանաչին մէջ, բուիճակները կը հեծկլտան, բարտիներուն գլուխները կը ճօճին ու կը սօսաւեն, հեռաւոր ջուրերուն խոխոջը կը բերէ երբեմն հովը ու դաշտին երեսէն ալ հովուական երգերու անուշ վանկեր: Տանիքներուն վրայ շատեր քնացած կ՚ըլլան առջի իրիկուընէ, շատ խումբեր ալ քով քովի աշխատանքի ու աշխատութեան գործերու վրայ կը խօսին: Ու բոլոր գլուխները, բարձին վրայ եկած բոլոր աչքերը կը շիտկուին հեղ մը երկինքի յաւիտենական ճրագներուն ու յաւիտենական կապոյտին, անոնց անիմանալի խորհուրդովն ու տիեզերական գեղեցկութեամբը յափշտակուած՝ կը քնանան, երեսնին միշտ անոնց ուղղուած:

Խօճապաշիին ընտանիքն ալ իր կարգին թառած էր տանիքը, բացի խոճապաշիէն՝ որ կը յամառէր վարը, սենեակը մնալ: Այրի մարդու տեսակ մը դրացնի համեստութիւն կը մեկնէին մօտաւոր դրկիցներ այս պահուըտուքը. չէ՞ որ տանիքներու վրայ հարս աղջիկ կը քնանային ու կ՚արթննային առտուանց:

Այդ միջոցներուն Նիկոյին պանդուխտ եղբօր՝ Սիմոնին մէկ տղեկն ալ հիւանդ էր: Արդէն գեղի մանուկները ամառը խշիմի կը բռնուին կ՚ըսես. դաշտի ու պարտէզի անհոգ ու անզգոյշ կեանքէն, տապէն, վրայ—գլուխ անպատսպար խեղճութենէն միշտ կը հիւանդանան. ամառը ջերմն անբաժան է բոլոր դաշտէն: Մէկ տան մէջ քանի մը հիւանդ կը պառկին յաճախ մութ, խոնաւ մառաններու մէջ, ցնցոտիներով պլլուած ու կը տքան: Բժիշկի ստուերն անգամ չ’երեւնար գեղին երեսը, դեղ ու դարմանը պառաւի կամ բժիշկի համբաւ վայելող աս ու ան սափրիչի գիտութեանը ձգուած է: Մեռնողները արդէն կը մեռնին, բայց մեծամասնութիւնը զոհ կ՚երթայ թշուառութեան, տգիտութեան ու սնունդի, դարմանումի անբաւականութեան:

Եւ որովհետեւ Սիմոնին այդ պզտիկ տղեկը՝ տանիքը ցուրտին դէմ պառկիլ չէր կրնար, անոր համար մայրն ալ ստիպուած էր հսկել իրեն ու գիշերները չբաժնուիլ անոր անկողնէն:

Օր մը տունը մարդ մնացած չէր, բացի մեծ—մօրմէն ու թոռնիկէն՝ որ հիւանդ պառկեր էր: Մաման ուռիի թարմ ճիւղերէ ճանճաւան մը բռնած ձեռքը՝ փոքրիկին ճանճերը կը փախցնէր եւ հով կու տար անոր: Յանկարծ մանուկը դարձաւ դժգոհ դէմքով մը՝ ու ըսաւ.

Ու՛ֆ, մամա՛, գիտե՞ս, գիշերները հիչ չեմ քնանար…

Ինչո՞ւ, ձագո՛ւկս, պատասխանեց մեծ—մայրը ծռելով անոր հիւանդ դէմքին վրայ այն սրտազեղ գորովանքով, որ մայրական սիրտը կրնայ ցոյց տալ հիւանդ թոռնիկին ամէն բառին ու ամէն անհանգիստ շարժումին նկատմամբ:

Պզտիկը աւելի սրտնեղ, բայց միամիտ շեշտով մը՝

Թոյրի—թորոսները (թոնրի—թորոս, ծղրիթ) մէյ մի ճըռ—ճը՜ռ, մինչեւ լուս չեն թողուր օր աչք աչքի վրայ բերեմ, մէյ մըլ Նունիկն ու Աղամուս կը խօսա՜ն, կը խօսա՜ն, չեմ գիտեր ի՜նչ կ՚ըսեն…

Պառաւը յանկարծակիի եկաւ, կարծեց թէ հիւանդ մանուկը կը զառանցէր, սակայն զգաց թէ նայուածքը կը ստուերոտէր. եւ բուի մը պէս լայնաբաց աչքով ծռեցաւ պզտիկին վրայ որ իր ցաւին հետ կը հեւար:

Տոնօ՛, խուրպա՜ն ըլլիմ, Աղամուդ ու Նունիկը ինտո՞ր կը խօսան, ի՞նչ կ՚ըսես:

Ամա՜ն, մամա՛, ամէն գիշեր կը խօսա՜ն, կը խօսան իշտէ, չեմ հասկնար ի՜նչ կ՚ըսեն. ես սուտ չեմ:

Մանկան անհաշիւ ու արձակունակ խոստովանութիւնը երբեք կասկածի տեղ չէր թողուր: Ինչ որ կը լսէր՝ շատ շիտակ էր, որովհետեւ վարը Նիկոյէն ու Նունիկէն զատ ա՛լ մարդ չկար, մանաւանդ պզտիկն ալ ստելու երբեք հարկեցուցիչ պատճառ չունէր:

Խեղճ պառաւը հասկցաւ թէ գազանային դաւադրութեան մը միամիտ զոհն էր ինքը, թէ մեղքերու ճապաղիքի մը մէջ կը խեղդուէր ու տեղեկութիւն չունէր մինչեւ հիմա՝ երբ ահաւոր դժոխքի մը վրայ կը քնանար ինքը անգիտակից ու անշրջահայեա՜ց. եւ պահ մը իր տգիտութեան ինքն իսկ ներել չուզեց:

Մանկան վկայութիւնը շատ հաստատողական էր, որովհետեւ հարսը իր մեծ տագրոջը հետ հարսնութիւն կ՚ընէր, անոր հետ չէր խօսեր, բառ չէր փոխանակեր. ինչպէ՞ս կ՚ըլլար ուրեմն որ գիշերները այդքա՜ն երկար խօսակցութեան մը բռնուէին տագր ու հարս, որ անդին հիւանդ մանուկին քունը փախէր ու չկրնար քնանալ:

Պառաւը կը մտածէր ու սոսկումը երթալով կ՚աւելնար. խիղճը կոտտալ կը սկսէր, մտածումները կը շփոթէին, բայց սուր արագութեամբ մը մէկ ենթադրութենէն, մէկ գաղափարէն միւսը կը թռչէին, հոգիին վրայ կուտակելով ամպ մը, գորշ ու մռայլ ամպ մը, որ կը ծածկէր զայն, կը ծաւալանար ու կը ծանրանար:

Մանկան ձայնին մէջէն անոր հօր բողոքն էր որ կը ցատկէր ընտանեկան սրբութեանն հսկող պառաւին ճակտին, քանի որ Սիմոն երեսը պանդխտութեան ուղղած պահուն, կնիկը մօր աչալրջութեան, անոր պահպանութեան յանձնած էր, աներկմիտ հաւատքով թէ՝ դարձին՝ տանը պարկեշտութեան սեմէն ներս օտար ոտքի հետք պիտի չտեսնէ եւ ամէն բան իր անարատութեանը մէջ պիտի գտնէ:

Առաջին փշաքաղ ցնցումին յաջորդեց թոյլ թմրութիւն մը: Կատարուած չարիքին անդարմանելիութեան զգացումը տարտղնուեցաւ ու երբ տենդը կամաց—կամաց անցաւ՝ պատկերներն իրենց որոշ ու հաստատուն գիծերը գտան, աւելի կարկառուն, աւելի սրածայր ճաղերով տնկուեցան իր աչքերուն: Սկսաւ լալ. մօր յուսահատ լացը՝ պանդուխտ զաւկին՝ զոհին վրայ, անոր չարչարանքներուն, օտարութեան տառապանքներուն եւ ա՛լ անգամ մըն ալ անոր տեղը չլեցնող կորուստին վրայ, որմէ տեղեկութիւն չունէր միւսը իր հեռաւոր խանին անկիւնը. մօ՜ր լացը՝ մեղաւոր, անառակ զաւկին անքաւելի մեղքին վրայ, կորսուած զաւկին՝ որ օձի պէս փաթթուած էր հարազատին կուշտն ի վեր ու մահացու խայթոցը տեղաւորած հոն: Արցունքները կը վազէին գիրկ—գիրկ, գետի պէս, աշխարհը կը մթնէր գլխուն, արեւը սեւ կու գար. ու կսկիծը քանի կ՚երթար՝ կը տեղաւորուէր, սրտին կ՚անցնէր ու կը շուլլուէր: Մեղմօրէն յիշողութիւնը կը ցաթէր ու անցած օրերուն վրայ աղօտ լոյս մը կը ցանէր: Յիշատակներ կ՚արթննային մէջը, փոթորիկ գիշերներուն հովին բերած կցկտուր ձայներուն պէս եւ հատակոտոր մտածումներ կու գային միտքը, որոնց ստոյգ նշանակութիւնը հիմա կը հասկնար, եւ որոնց դասաւորումն ու շարայարութիւնը ինքնաբերաբար տեղի կ՚ունենային: Ակնարկներ տեսած էր՝ որոնք անմեղօրէն մեկնած էր, խօսքեր՝ որոնցմէ չարամիտ հետեւութիւն մը հանել մտածած չէր, ատոնք այս պահուն կասկած կ՚ըլլային, մեղուի թեւերով կը բզզային իր մէջ ու կը չարչարէին զինքը:

Մանուկը հիւանդ՝ իր անկողնին մէջ կը հեւար, աչքերը կիսախուփ ու աւելի տժգոյն. ու անիկա մեծ—մօրը աչքին զրկուածի մը, անտէր, անհայր, անթիկունք որբի մը պէս կ՚երեւնար: Իրեն այնպէս կու գար թէ անոր հայրը մեռած է մօրը հետ եւ մնացեր է օտարին դռներն ու օտարին գթութեանը, թէ ա՛լ ոտքի պիտի չելլէ եւ այդ հիւանդութիւնը ան միւս ահաւոր մեղքն է որ լպրծուն, ծանրատար՝ փռուած է մանկան վրայ, կը քամէ, կ՚ուժասպառէ զայն ու կը ծծէ անոր հոգին:

Շատ լացաւ այդ օրը. ու երբ իրկունը Նունիկը կշկուրկողէն դարձաւ՝ կեսուրը հազիւ սիրտ կ՚ընէր հետը խօսելու, հարցումի մը դժկամակ պատասխան տալու. հարս ու տղայ գրողի պէս կ՚երեւնային աչքին:

Ասկէ ետք անցան շատ օրեր: Սակայն մաման իր բոլոր իմաստութիւնը, խորամանկութիւնը հաւաքած, երիտասարդացած կորովի մտքով՝ գիշեր ցերեկ լրտեսեց տագր ու հարս, բայց այդ յայտնութեան առաջին գիշերն իսկ հիւանդին անկողինը տանիքը փոխադրել տուաւ: Անկէ ետք իր աչքերով շատ բան տեսաւ ու ականջներովը շատ բան լսեց…

Միջոց մը, ճար մը՝ տունն այս դժոխքի կրակէն ազատելու համար: Կահ—կարասի, տուն տեղ, ամէն բան աչքէն ելեր էր: Օր աւուր կ՚իյնար, կը կքէր: Ցաւը կեղի պէս կ՚ուտէր իր միսը: Ոսկորները կը տնկուէին մորթին տակէն, խորշոմները կը ճիւղաւորուէին, կը շատնային, ծնկուըներուն ուժն ալ կը կոտրտէր:

Մէկ միջոց մը միայն կար. գիր գրել, աղաչել, պաղատիլ ու հնար մը գտնել՝ տղան Պոլիսէն ասդին ձգելու: Գոնէ իր մեռնելէն առաջ Սիմոն գար իր պատիւին տէր տիրականութիւն ընէր եւ դուռ դրացիի, օտարի բերան չինկած իրենց նամուսը, չարիքը չորս պատի մէջ մնար:

Գեղին վարժապետը կանչեց, ափ մը թուղթ ճարեց ու ամբողջ կեանքին մէջ առաջին գիրն էր որ գրեց տղուն: Ինք տուն կու տար իր լեզուովը ու վարժապետը կը գրէր.

 

Եաւրո՛ւս.

Ինը տարին անցաւ, տասին ըլ բարեւ կու տանք գալիք գարնան, գացիր ու ա՛լ ետ չես հայիր. քըզի հետ ճամբայ ելլողներ երկիր դարձան, մէկ—երկու զաւկի ըլ տէր եղան. դուն կինէ է՛ն խանին քէօշէները, հողի ու մոխիրի մէջ նէ՛ տուն ու տեղ, նէ՛ օղուլ—ուշաղ, նէ՛ ըլ վախթն ու սէհէթը մօտեցած ծերունի մէ՛րդ: Զաւա՛կս, Սիմո՛ս, էս օրը կամ վաղը չկամ, ճամբուդ հայելէն հայելէն աչքս ու մազերս պիտկան: Նէ՛ օր ունիմ, նէ արեւ: Գիշեր—ցերեկ Ասծու փէշերը կը կտրտիմ օր սիրտդ բարին դարձնէ ու գեղդ միտքդ ձգես: Կ’երեւայ՝ մեղքերս շատ շատցան օր Երկնաւորս ըլ ընծի պէս մեղաւորին ձէնիկը չի լսէր:

Հերիք է, եավրո՛ւմ, ինչ օր վաստկեցար, էնո՛ր շուքուր տուր ու ճահիլ էօմիւրդ խալխուն երկիրները մի՛ թէլէֆ էներ: Ա՛լ էս վախթէս սօնը ցաւի, սրտի եարայի, ղուրպէթի տէրտին չեմ կրնար դիմանար, արինս օր աւուր կը ցամքի: Տէրն իր ամանաթը չառած՝ օղուլ—ուշաղդ էսոր էնոր քնթին քէօշէները չմնար, աչքս ետիս չթողէի: Գայիր ձեռքովդ ափ մի հող էնէիր ընծիս: Քըզի տուած կաթիս սիրո՛ւն, Սիմոս, սիլահիդ դարձիր ու քու եուվայիդ մէջ զաւկներուդ էկօ պապութիւն ըրէ:

Էկէր օր տուն տեղ հարցնես՝ սաղ սէլէմեթ, թոռներս ձեռքդ կը պագնեն: Ամուենք, Սահակենք ըլ կարօտով բարեւ ունին:

Խանդակաթ մայրդ

ՀՌՓԻԿ

 

Օրերը տարի եղան, ղարիպը ղարիպ մնաց իր օտարութեանը մէջ, ու դարձը ուշացաւ:

Սակայն տես որ պատերն ալ լեզու ունին կ՚ըսես, հարս ու տագրի ամբարշտութեան լուրը աս բերնէն ան բերանը անցաւ ու գեղի մէջ չլսողը չմնաց:

Նպատակաւոր, քօղարկուած ակնարկութիւններէ, կէս յայտնի կծու խօսքերէ, յանդիմանութիւններէ ետք, կեսուրն ստիպուեցաւ երեսին կաշին պատռել եւ հարսին հետ ուղղակի դէմ առ դէմ գալ՝ այս շարունակուող անզգամութեան առաջքն առնելու համար: Տղուն դէմ բերան բանալ անկարելի էր, այդ գազանաբարոյ մարդուն զայրոյթին հետ խաղալ՝ մայրը պիտի չհամարձակէր: Կը մնար նենգաւոր էգին շրթունքները խարանել: Բայց այս ալ նորէն թոնիրին կրակը մատներով քրքրելու չափ դժուար բան էր: Սակայն, հնար չկար, ա՛լ սիրտը սեւ արիւն էր լճացեր. հոս ու հոն, դրացիի թէ թշնամիի կողմէ, ամէն օր յայտնի ակնարկութիւններ կը լսէր իրենց ընտանեկան պատիւին ուղղուած, ու ամօթէն գետինը կը մտնէր:

Ամէն բան աչքն առաւ:

Առաջին բառով ուրացում պիտի ըլլար բնականաբար լկրտած հարսին կողմէ, բայց զօրաւոր ապացոյցներ, առարկութիւն չվերցնող դէպքեր՝ ամէնքն ալ գաղտնի լրտեսութեան մը արդիւնք՝ անհնար կը դարձնէին ամէն չքմեղանք ու անձնապաշտպանութիւն: Ի հարկէ, բացարձակ խոստովանութիւն անկարելի պիտի ըլլար, բայց տակաւ թուլցող, ամփոփուող ձայն մը, հետզհետէ տկարացած բողոք մը՝ տեղատուութիւնը պիտի նշանակէին:

Սակայն չարիքը չդարմանուեցաւ. ընդհակառակը՝ դէմ դիմաց այս անսքօղ յանդիմանութիւնը աւելի վտանգաւոր հանգամանք մը առաւ: Մեղանչողին վերջին կոյս ամօթն էր որ կը վերնար, հարսի ու կեսրոջ մէջ զետեղուած պատկառանքի անջրպետն էր որ մէկ անգամով կը լեցուէր, որուն պիտի յաջորդէր բաց անառակութիւնը: Արդէն գահավիժումի մը մէջ առաջին հանդիպած հարուածին ուժգնութիւնն է որ վճռական է, եթէ մահացու չէ՝ կ՚անզգայացնէ ջիղերը, կը սպաննէ ամէն զգայութիւն եւ միսը ատակ կ՚ընէ ամէն ցաւի՝ որքան ալ ուժգին ու մկրատող ըլլայ անիկա, կաշին անկէ ետք ամէն բան կը տանի: Նոյնն էր որ պատահեցաւ Նունիկին ալ. երբ առաջին ասղնտուքի տպաւորութիւնը սրբուեցաւ իրմէ՝ կամաց—կամաց վարժուեցաւ նորէն ուղիղ նայիլ կեսրոջը աչքին, աւելի՛ անփոյթ ըլլալ իր սեւերեսութեանը նկատմամբ ու շփանալ իր մեղքին մէջ:

Կ’անցնէր ժամանակը: Պանդուխտն իր օտարութենէ չդարձաւ, մինչդեռ ասդին իր կնիկն ու եղբայրը՝ ապրելով իր մսին ու ոսկորին գնովը, կը մսխէին նաեւ անոր բարոյական դրամագլուխն ու պատի՛ւը:

Խե՜ղճ Սիմօ, իր հացը ուտէին ու իր մազերը քաղէին ետեւէն…

Հերի՛ք, Նունի՛կ, հերի՛ք. ա՛լ համբերանք չմնաց. տղուս հացը աչքդ ու ծունկդ բռնէ, էլին բերանը ծամոց մի ձոթ դարձանք. հերի՛ք, սեւերե՛ս, հէլպէթ տղաս հոս ոտք կը կոխէ, կ՚ըսէր օր մը նորէն պառաւը իր անառակ հարսին՝ որ ա՛լ օձի պէս կը տնկուէր դէմը:

Օգուտ չէր ըներ, պառաւի խօսքեր, ծերի խրատ՝ զգաստութիւն բերել անկարող էին անզգամ կնկան սեւ հոգուն: