Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
ԴԱՐՁԸ


Աշուն էր, կանաչները կը չորնային ու մրջիւններուն հետ դուրսի կեանքն ալ դէպի բոյնը, դէպի գեղը կը կրուէր: Ձեռքերը, ոտքերը հանգչելու կը պատրաստուէին: Գեղը կը կենդանանար, տուները, ամայի փողոցները կը լեցուէին. երկրագործի լայնաբաց դռներուն առջեւ դաշտի սայլը կը նստէր ու ձմեռնային անվրդով քունին կը պատրաստուէր: Ջաղացքները կը բանէին գիշեր—ցերեկ, անիւները շռնդալից կ՚աղաղակէին: Ուրախութեան, գոհունակութեան շունչ մը կը լեցնէր գեղն ամբողջ: Թոնիրները անդադար կը ծխային ու մուխի թեթեւ մշուշ մը կը ծածանէր տուներուն գլխուն վրայ ու չիթի մը պէս կը ծածկէր զանոնք: Հարսներ, աղջիկներ տենդոտ գործունէութեան մէջ էին: Երիտասարդները հպարտ ու յաղթական կը քալէին ու անհանգիստ պատրաստութիւն մը կը թռչկոտէր ամէն կողմէն: Հարսնիքը կը մօտենար, խրախճանքի օրեր էին որ կը հասնէին ու ղարիպներու դարձին ատենն էր: Պանդուխտի տուները առտու իրիկուն օրուան յղութեան կը սպասէին անձկութեամբ: Գիշերները երազ կը տեսնէին, ցերեկները անոր մեկնութեամբը իրիկուն կ՚ընէին, ոմանք տրտում ու սեւ նախազգացութեանց տակ, ոմանք երջանիկ ու անհամբեր կարօտով:

Դուրսը՝ դաշտ ու գետին՝ անցած գեղեցկութիւններուն փշրունքովը կը կշտանային այլեւս, ու այն զովութիւնն ալ որ երկնքի բարակ շարմաղէն կը փշրուէր ու վար կու գար օդին հետ խառնուած՝ հազիւ պատրող ու վաղանցիկ կեանք մը, թարմ կանաչ մը կը ծնէր մարգերուն վրայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ յաճախ տարիքն առած կնկան մը պտուկներէն երիտասարդութեան կաթը կը պտղի երբեմն: Ամառուան աղտոտ ու աւրուած կապոյտին տեղ Մաստառը ու իր երկարող լեռնաշարը մանուշակէ սքանչելի գօտիով մը կը փաթթուէր: Հովիտին երեսէն մանգաղուած օրհնութեան տեղ հիմա երկինքը կը պատրաստուէր նոր կենսագործութեան ու աւելի կը ցածնար կարծես՝ որպէս զի կենդանարար համբոյրով մը պագնէր հողն ու ջուրը: Գիւղացին ա՛լ աչքը գետնէն կտրած, դէպի վեր կ՚ուղղէր:

Այս հանգիստի օրերուն կը սպասէին ծերերն ալ՝ մեռնելու: Լուսաբացին՝ դեռ արշալոյսը չծագած՝ գիւղական մատուռին կոչնակը հատիկ—հատիկ եւ ընդհատ հեծկլտուքով մահուան մը գոյժը կու տար գիւղացիներուն: Քունէն արթնցողը կը վազէր դէպի ժամ՝ հասկնալու թէ մեռնողը ո՛վ էր. ու դեռ արեւը գետին չդպած ամէնքն ալ եկեղեցին էին արդէն մէկ ընտանիքի մը կտորներուն պէս: Դագաղը՝ մեծի, պզտիկի խռնուած յուղարկաւորութեամբ կը բարձրանար գեղին վրայ նայող բլուրն ի վեր, կակաչներով, ծաղիկներով ու վայրի խոտերով ծածկուած հինաւուրց գերեզմանատունը: Ամէնքն ալ սգակիրներ դագաղին ու փորուած փոսին բոլորտիքը, ափ մը հող ամէնուն ալ կողմէ իբրեւ վերջին հատուցում թաղուող սիրելիին, որպէս զի Աստուած այդ բոլոր ողջերն ալ բաղդաւորցնէ օր մը խաղաղ հողի ու թաղողներու…

Ամէն աշուններու պէս այդ աշունն ալ այսպէս սկսած էր այս գեղին համար, ուր պառաւ մաման հասած տանձի պէս դեռ ատեն մըն ալ կ՚երերար իր ոստին վրայ՝ սպասելով Սիմոյին՝ իր պանդուխտ զաւկին: Նախազգացում մը, աւետաւոր բան մը կ՚ըսէր իրեն թէ ա՛լ սուտին վերջն էր, տղան օտարութենէն պիտի դառնար, աշխարհքէն ձեռք չքաշած պիտի տեսնէր անոր աչքն ու երեսը:

Եւ իրաւ ալ, իրիկուն մը, պարտէզներու կողմէն հրացաններու կրկնուած ձայներ լուր բերեր էին գեղին թէ ղարիպները ծննդավայրի հողին մօտեցեր են: Դէպի պարտէզները, ցանկերուն, ցանկապատներուն կողմէ խժլտուք մը, իրարանցում մը սկսեր էր. հասնողը քաղքէն դէպի գեղը երկարող ճամբան կը վազէր, ամբողջ գեղը տեղէն կը շարժէր, հարսներէն ու նշանուած աղջիկներէն զատ մնացածները կը վազէին, կ՚աճապարէին, կը խռնուէին: Ձա՜յն, աղմո՜ւկ. իրարու լուր կու տան, զիրար կը կանչեն, դարձողներուն անունները հեռուէն, օդին մէջէն, գեղը կը հասնին՝ դեռ իրենք չեկած: Աստուա՜ծ, աշխարհ անոնցն է որոնց ղարիպը կու գայ իր տունը կը շէնցնէ: Սիմոն ալ վերադարձողներուն մէջ էր. արդէն իրմէ առաջ միւժտէճիներ եկեր աչքը լուսեր էին մամային՝ որ կու լար, դռան առջեւ իր զաւկին կը սպասէր:

Ամբոխը փրթաւ վարէն ու պառաւ մայրը՝ թեւերը բացած, անհամբեր դիմաւորեց Սիմոն՝ որ վազեց, ծռեցաւ մօրը դողդոջ, ոսկոր ձեռքերուն եւ համբուրեց զանոնք, մինչդեռ մայրը՝ փաթթուած անոր վզին՝ կը համբուրէր, կը համբուրէր անդադար: Բարեկամ, ազգականներ՝ ամէնքն ալ դիմաւորող՝ թեւերէն ինկած պանդուխտը վեր հանեցին սենեակը, ուր կը սպասէր խոճապաշին: Դարձող եղբայրը արտորաց նոյնպէս դէպի մեծ եղբօր ձեռքերը, երբ միւսը դժոխային ու ժանտ ժպիտով մը կեղծ յուզում մը կը պատրաստէր իր դիւական դէմքին վրայ ու շրթունքները անոր ճակտին կը փակցնէր: Եղբայրական անկեղծ ու սրտագին յուզումը որ կը յորդէր Սիմոյին անձէն՝ ցուրտ ու սառնագին քամիի մը պէս կ՚անցնէր խոճապաշիին սրտէն ու սրսփանք կը բերէր անոր: Հոն հաւաքուողները շատ որոշ կը տեսնէին անոր սրտադողն ու վարանքը, հիւանդի անսիրտ ու մեռած տրամադրութիւն մը՝ որը դժուար թէ Սիմոյին կողմէն կը նշմարուէր, քանի որ ուրախութեան երջանկութեամբ լեցուն այդ վայրկեաններուն մէջ ամփոփ ուշադրութիւն չէր պահեր վրան: Տանը, գեղին, սիրելիներուն տեսքը ամէն բան, ամէ՛ն բան մոռցնել կու տար իրեն. ուշացրիւ վիճակի մը մէջ կը գտնուէր: Եւ արդէն դրացիները՝ ամէնքն ալ խռնուած, բռնած իր շուրջը՝ աս կը հարցնէին, ան կը հարցնէին, մէկուն հալն ու վախտը, մէկուն գործն ու կարողութիւնը, ուրիշի մը ցաւը, ուրիշի մը դրամն ու տրամադրութիւնները, ես ի՛նչ գիտնամ, հազար բերան հարցում՝ կարօտով, հետաքրքրութեամբ ու քիչ մըն ալ գեղի մարդու միամտութեամբը լարուած:

Դարձող պանդուխտին զաւակները բերին՝ որոնք շատ մեծցած ու անճանաչելի գտաւ, եւ որոնց դէմքերը երանութեամբ լեցուցին իր հոգին: Սակայն իր մօրն ու եղբօրը առջեւ կը քաշուէր անոնց երեսները համբուրել եւ ստիպուած էր անտարբերութիւն կեղծել. թէեւ վերջապէս ինքը տարիներ մայրաքաղաքն ապրած ու համարձակութեան վարժուած, բայց իր գեղին մէջ սովորութիւններն ու պատշաճութիւնը բնական էին իրեն համար:

Կամաց—կամաց հիւրերը մեկնեցան, դուռ դրացին դատարկուեցան, ըսելով թէ ճամբորդը յոգնած կրնար ըլլալ: Սիմոն սպասեց որ մայրն ու եղբայրն ալ իրենց անկողիններուն վրայ երթան, մինչեւ որ ինք ալ քովի սենեակը քաշուէր առանձին գտնելու զաւակներն ու Նունիկը, քանի որ մինչեւ այդ վայրկեանին Նունիկ երեւցած չէր, գեղի սովորութեան համաձայն: