Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Զ.
ՃԱԿՏԻԴ ԳԻ՛ՐՆ Է


Այդ անէծքի խաւարովը սեւցած գիշերէն ետքն էր որ խոճապաշին քաղաք գացած ու իր իսկ ձեռքով կտոր մը թոյն խմելէ ետք տուն դարձեր ու մեռեր էր: Աղէտաւոր կեանքի մը ուշացած մա՜հը՝ որուն սրտին վրայ գերեզմանաքարերն անգամ իրենց տեղը անշարժ մնալ պիտի չուզէին:

Անկէ ետքն էր որ սկսաւ միւսին՝ անոր ողջ մեղսակցին, երկար ու գետնաքարշ բարոյական հոգեվարքը…

Սիմոն՝ մէկ երկու շաբաթ ետքը, ժամանակին, բարեկամներու բարի թելադրութեան եւ եղբօրը անակնկալ մահուան առթած տեսակ մը երկնային վրէժխնդրութեան տպաւորութեանը տակ՝ կրցած էր իր պաղարիւնութիւնը, ինչպէս նաեւ անխռով միտք ու մտածութիւն գտնել: Սկսած էր ամուսնաթողութեան ու կրկնամուսնութեան հետամտիլ: Գեղն ալ, օտարի մը պատմողի պէս, բացուած էր անոր, յայտնելով ինչ որ գիտէր դարացած այդ մեղքին ու մեղաւոր պատմութեան շատ մը անցքերէն:

Այն ատենուան Խառն Ժողովը որուն ներկայացաւ այս խնդիրը բաղկացած բարեմիտ քահանաներէ ու վաճառականներէ, ամէնքն ալ ընտանիքի հայր ու տէր՝ դատաստանական հարցաքննութենէ մը անցուց մեղաւոր կինը: Լսեց գեղացի կնիկներու ու էրիկ մարդոց անկաշառ, պարզ խոստովանութիւններն ու վկայութիւնները, համոզուեցաւ ճշմարտութեան, բայց ինքզինքը անձեռնհաս նկատելով բացարձակ վճիռի մը, քրիստոնեայի ներողամիտ խղճովն ու գթասրտութեամբը համոզեց Սիմոն որ անյիշաչար գտնուի իր կնկան՝ որ տարիներու անառակութեամբը իր տունն ու օճախը աւերեր էր:

Ճակտիդ գի՛րն է, եավրո՛ւմ, մեր օրէնքը ուրիշ ճամբայ չունի՝ ըսին իրեն վերջին պատասխան:

Հոս ինկաւ, հոն ինկաւ, աս աղային դուռը, ան աղային ոտքին առջեւ, վերջապէս ձգեց հեռացաւ յուսահատ ու անդարձ իր գեղէն եւ անկէ ետք մէյ մըն ալ չդարձաւ:

Սակայն գեղացիի իր յամառ ու ամուր նկարագրին յատկանիշովը միշտ կամքն ունեցաւ օտար եկեղեցիի ու օտար յարանուանութեան կոչում չընել իր դատին յաջողութեանն համար ու է՛ն ետքն ալ չդիմեց:

Պոլիս, հոգեւոր բարձրագոյն իշխանութեան ալ արդարութիւնը փորձեց: Հոն ալ նոյն բարեխիղճ քրիստոնէութիւնը, նոյն գթառատ խորհուրդներն ու թելադրութիւնները:

Ճակտիդ գի՛րն է, եավրո՛ւմ, հեզհոգի եղիր հպատակելու անոր:

Է՛հ, բայց ի՞նչպէս մօտենար այն կնկան, ի՞նչպէս անոր լաթերուն իսկ քսուէր, այն պղծուած մարմնին՝ որ անջնջելի անպատուութեան, խայտառակութեան մուրը կը բերէր իր ու իր տանը վրայ. չէ՞ որ մարդ իր պատիւին, իր արժանապատուութեան արեւովը կ՚ապրէր եւ առանց անոր կեանքը բան մը չէր արժեր այլեւս:

Թողուց մայրաքաղաքն ալ ու հեռացաւ՝ հեռաւոր օտարութեան մը մէջ կորսնցնելու իր հետքն ալ ու իր անունն ալ: Մոռցուած մարդն եղաւ անկէ ետքը, չգիտցուեցաւ թէ ո՞ւր գնաց, ո՞ւր մնաց: Դարձող պանդուխտներ բան չէին գիտեր վրան եւ իր մասին լուր մը, տեղեկութիւն մը չէին բերեր: Ո՞ր անծանօթ երկրին ո՞ր դրան ետեւը մեռաւ՝ հասկցող մը չեղաւ. անտէր, անտիրական մեռել մը հաւանականաբար, իր հողէն ու իր ջուրէն հեռու, որուն վրայ դժուար թէ երկու քար ու յիշատակութիւն մը դնող գտնուեցաւ:

Իր օճախն ալ ասդին նոյն բաղդին ու նոյն ճակատագրին բաժնեկից էր: Խոճապաշիին մահէն ետքը գեղը երկու կսկծագին լաց եղաւ. առաջինը այն որ գեղացին ծանր պարտքի մը տակ ճնշուած կը գտնէր ինքզինք, քանի որ Նիկոյի տետրակը առնուած, հաւաքուած հարկերու մեծագոյն մասը երբեք գանձուած ցոյց չէր տար ու գեղացին ստացագիր չունէր ծոցը, հետեւաբար պարտաւորուած էր վճարածը կրկին վճարել: Երկրորդը՝ զուտ մարդասիրական ու համայնական զգացումներէ թելադրուած՝ խոճապաշիին մօրը վրայ, որուն առաքինութեանը համար անպայման յարգանք մը կար ամէն կողմէ:

Արհաւրոտ այդ օրերուն արդէն անկողնին փակած էր ողբալի պառաւը ու գրեթէ երեսի վրայ մնացած, որովհետեւ Սիմոն չէր ուզեր տունէն ներս ոտք դնել ու քաղաք գացեր էր. պզտիկները բան մը ընելու կարող չէին ու Նունիկն ալ ազգականի մը տունն ապաստանած էր՝ ինքզինքը մարդոց աչքէն պահելով: Աս ան դրացնի կնիկներ էին որ առտու իրիկուն տաք ապուր մը կը բերէին պզտիկներուն ու ցերեկները հիւանդին քովը հանդիպելով թաս մը ջուր կու տային: Լեզուն առնուած էր, աչքերը չէին բացուեր, մինակ թեթեւ շունչ մը, շատ թեթեւ՝ իր կենդանութեան վկայութիւն կու տար: Ընտանիքին ամբողջ ողբն ու տրտմութիւնը շալկած կը քնանար, կ՚ըսես, ու իր հետ առած գերեզման կ՚երթար: Օտարնե՛ր ամէնքն ալ իր սնարին քով՝ որ կու լային իր վրայ ու աւելի իրենց մեղքերուն վրայ: Մեռնելէ առաջ իսկ կարծես ա՛լ իրեններուն չէր պատկաներ այդ խեղճուկ կնիկը եւ հողին պահած օտարութիւնն սկսեր էր:

Թոռները միայն՝ անգիտա՜կ մանուկներ՝ մեղաւոր մօր մը չարութեամբը սգաւորած՝ չէին բաժնուած իրմէ ու քովը կը նստէին: Անցած դարձածէն շատ աղօտ ու շփոթ խռովք մը կը լեցնէր զիրենք: Կը տեսնէին թէ փլուզում մը կար իրենց շուրջը, ծանօթ դէմքեր յանկարծ կը հիւանդանային կամ կը կորսուէին, կ՚անհետանային. ի՞նչ էր եղած, չէին գիտեր: Կը տեսնէին թէ օտարներուն գուրգուրանքին ու գորովին էին մնացեր եւ իրենց կրակարանին մէջ շատոնց ա՛լ կրակ չէր վառեր ու թոնիրը դադրած էր ծխալէ: Կը մսէին, կը դողային ու իրարու կը մօտենային: Չարիքը չէին ճանչնար, բայց անոր հեղեղի պէս բարձրանալը, իրենց տունը կոխելը կը զգային:

Շա՛տ լացին մամային ետեւէն, երբ օտարներ՝ ամէնքն ալ՝ եկան լոգցուցին, պատնեցին զայն, երբ մանաւանդ դագաղը կը բարձրանար դէպի գերեզմաննոցին բլուրը:

Անկէ ետք օրերով տանը դուռն ա՛լ գոց մնաց, որովհետեւ ներսը տաք շունչ ու շնչաւոր չկար. հայրիկը հեռացեր գացեր էր, ինչպէս որ եկեր էր. չգիտցան թէ ինչո՞ւ եկաւ, ինչո՞ւ գնաց: Միայն՝ օր մը երբ նորէն իրենց հին տունը գացին, մայրիկը աւելի անգութ ու չար էր դարձեր. շատ կը ծեծեր զիրենք ու կը հայհոյէր իրենց՝ ըսելով թէ՝ «Հայրերնիդ թող խրկէ որ ապրեցնեմ»: Ա՛լ առաջուան պէս ամէն օր տաք ապուր չէին կրնար ուտել. չոր հացը շաքար էր դարձեր: Յետոյ երէց եղբայրը հեռացաւ գնաց երկրագործի մը սպասաւոր ըլլալու եւ նախիր արածելու: Ախոռին կովը, մաքիները ամէնքն ալ ծախեցին, բա՜ն չմնաց, բան չմնաց:

Մնացածը սեւ անուն մը, չքաւորութիւն ու թշուառութիւն: Լքումի, անկման մտրակովը կարծես վիրաւորուած մատակի մը վրէժխնդրութեամբը՝ Նունիկ, փոխանակ իր ցաւերուն, իր առանձնութեանը մէջ այրիանալու, գեղին սրիկաներուն ստացուածքն եղաւ: Գեղացին միշտ զզուանքով ու ատելութեամբ անցաւ անոր դռան առջեւէն ու անցած ատենն ալ ներս անգամ նայիլ չուզեց:

Սերունդին առատ տողանցութիւնը դադրեցաւ այդ օճախէն, չորցած, ցամքած աղբիւր մը ուր վազած ջուրին տեղ քարերուն վրայ սեւ ու կանաչ քարաքոս, գորտնբուրդ կը բռնէ, անմարդաձա՜յն, ամայի ու ամուլ: Այդ տան վերջին շառաւիղը մնացածները գոսացած թուփերու պէս կոտրտած ու ճղակտոր եղած Տոնոն՝ անցեր Ատանայի կողմերն էր գացեր, բեռնակրութիւն կամ մշակութիւն ընելու: Ատեն ետքը վերադարձաւ աղեղած մէջքով, հիւանդ ու ցաւագար եւ ասոր անոր դռներուն վրայ կտոր մը հացի մուրացկան պատանին եղաւ:

Սեւ հաւ՛ն էր կանչեր այդ ընտանիքին վրայ: