Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՀԱՆՋԸ
(ՔՐԴԱԿԱՆ ՎԻՊԱԿ)
Դ


Երկրորդ օրը՝ երբ գիշերուան խաւարը վրայ հասաւ, արդէն կռիւը անդարձ կորսուած էր Զոզոյին ու իր ցեղին համար։

Դիակները փռուեր էին տասնեակներով՝ ու այդ դիակները ամէնէն կտրիճներունը, ամէնէն յանդուգներունը։ Զոզոյի մարդիկը իրենց դիրքերուն, քարի պատնէշներուն ետեւէն քանի՜—քանի անգամ գրոհ տուեր էին հակառակորդ կողմին վրայ եւ կոտրուած, ջախջախուած ետ նահանջեր էին։ Յուսահատութիւնը սկսած էր անդամալուծել շարքերը եւ թուլցնել կռուողներուն ջիղը. իսկ զալիմ [1] թշնամին ժամանակ չէր ձգեր, կը կրկնէր անդադար յարձակումը։ Հազիւ քիչ մը լռութիւն եւ ահա թշնամի կարգերէն կ՚երեւնար գոգնոց մը ու լաչակ մը փայտին վրայ եւ կնոջ գրգռիչ, արհամարհական ձայն մը՝ որ կ՚աղաղակէր.

Լօ՛, Զոզոյի կտրիճնե՛ր, եթէ դուք չէք կրնար էրիկ մարդու պէս կուրծք տալ համարձակ ու կը պահուիք քարերուն ետեւ՝ առէ՛ք այս լաչակն ու գոգնոցը, ծածկեցէ՛ք ձեր գլուխն ու կուրծքը…

Ծանր նախատինք քուրդ կռուողին պատուին. եւ ահա առաջ կը նետուին կտրիճները, հրացանները միաբերան կ՚որոտան եւ մահաբեր գնդակները կը սուրան, անխոհեմներն ու յանդուգները գետին կը փռուին, իսկ փորձերն ու ռազմագէտները կաքաւի պէս մէկ դիրքէն միւսը կը ցատքեն…։ Դարձեալ դադար եւ ահա նորէն լաչակը, նոյն կնոջական աղաղակը, նոյն նախատինքը։

Քու աշիրէթիդ հացն ուտողը կնիկ կը դառնայ, է՜յ Զոզօ, դո՛ւրս եկուր արձակ կռուի, դո՛ւրս եկուր ղոչաղի [2] պէս, եթէ ոչ՝ քիւլահդ վար առ ու կապէ ճերմակ լաչակ……

Կը պատասխանեն հրացանները, գնդակները կը ծեծեն քարերն ու հողը։

Վիրաւոր վագրի կատաղութեամբ, խոցուած նախատինքէն, դուրս կը խոյանայ Իպրահիմը ու մէկ—քանի կտրիճներու գլուխ անցած կը վազէ դէպի թշնամի դիրքերը։ Տեղի կ՚ունենայ աննման յանդգնութիւն մը եւ քաջագործութեան անօրինակ պատկեր մը։ Երկաթէ շարքեր կ՚ընկրկին, սարսափը մրրիկի պէս վայրկեան մը կը քշէ կռուողները իրենց տեղերէն ու կը տիրէ նախճիր, արհաւիրք։

Եւ ձայն մը կը գուժէ Իպրահիմին մահը։

Զէնքերու, խրոխտանքի, յաղթողի ու յաղթուողի ժխորն ու աղաղակը կ՚արձագանգեն խաւարին մէջ, մինչ Զոզոն ու իր ցեղը՝ ընկճուած ուժեղ թշնամիին հարուածներէն, յուսահատ տուած բազմաթիւ զոհերէն եւ խելակորոյս Իպրահիմի մահէն, թողուցին կռիւի դաշտը եւ խուճապեցին…։


[1]        Անգութ, անագորոյն։

[2]        Քաջ, ճարպիկ։