Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՂՋՈՒՄԸ
Ա


Դուն ճշմարտութիւնը չես յայտներ, շիտա՛կ խօսէ, որո՞նք կային այդ գիշեր ձեր տունը, հարցուց նախագահը։

Գիտցածս ըսի, անկէ անդին բան մը չեմ գիտեր, պատասխանեց ճերմակ սաւանի մէջ ծածկուած կին մը՝ որ ոտքի վրայ կը կենար ամբաստանեալի աթոռին առջեւ եւ հայ ըլլալու էր անկասկած։

Նոյն անփոփոխ պատասխանը։

Դատարանը խռնուած էր անսովոր բազմութեամբ։ Դատաւորին եւ դատաստանական անդամներու ետեւ աթոռներու վրայ կարգով շարուած էին կառավարական կարեւոր պաշտօնեաները՝ մութ ու դժնեայ դէմքով, ինչպէս նաեւ քաղաքին թուրք մեծատուններն ու իւլեմաներ. իսկ վարը, ամբաստանեալներու աթոռները շրջափակող բազրիքէն մինչեւ սրահին դուռը գտնուող քառակուսին բռնած էր պախալներու, խասապներու, թուրք ամբոխին վտանգաւոր ու կասկածելի մէկ մասը՝ դիտելու եւ լսելու բռնաւոր հետաքրքրութեամբ մը իրարու սեղմուած, կուշտ կուշտի. սուինակիր ոստիկաններ ի զուր ատեն—ատեն թեւի բիրտ շարժումներով ետ կը հրէին ունկնդիրներու այդ թանձր հոսանքը՝ որ զիրար հրելով, արմկելով՝ միշտ առաջ կու գար։

Քրտինքի հոտով ու թթու արտաշնչութեամբ լեցուն նեղ դատասրահին մէջ կը հեւային ամէնքն ալ, բաց գլուխներ ամէն կողմէ, ուսերու վրայէն, թեւերու տակէն կ՚երկննային, կը փնտռէին ամբաստանեալին դէմքը։

Ամբաստանեալը՝ խնամով ծրարուած ճերմակ սաւանին մէջ, կռնակը դարձուցած էր ունկնդիրներու կողմը եւ այսպէս կարելիութիւն չէր թողուր իր երեսը նշմարել տալու։ Բայց այն քաղցրահնչուն, վճիտ ձայնը՝ որով կը պատասխանէր նախագահին հարցումներուն՝ անայլայլ ու տիրական, կը մատնէր թէ հազիւ երեսուն—երեսունհինգ տարու ըլլալու էր անիկա։

Ի՞նչ պատճառ կայ որ ճշմարտութիւնը չես յայտներ դատարանին առջեւ, բռնադատութի՞ւն մը ունիս արդեօք, հարցուց նորէն նախագահը, չոր ու կարծր շեշտով մը։

Բռնադատութիւն չունիմ, եղելութիւնը պատմած եմ՝ ինչպէս որ է։

Նախագահը երերաց իր թաւշապատ բազկաթոռին վրայ յայտնի սրտնեղութեամբ, ու զսպուած զայրոյթի խռոված ձայնով մը՝

Ահմէ՛տ, իրեղէնները ներս բեր, հրամայեց։

Հսկող ոստիկանները՝ բռունցքի ուժով, դժուարութեամբ անցք մը բացին ունկնդիրներու մէջէն, ուրկէ կարճուկ, մոնկոլական ցանցառ մօրուքով սենեկապահ մը յառաջացաւ դէպի կանաչ սեղանը եւ անոր վրայ դրաւ խնամով փաթթուած ծրար մը։

Նախագահը հանդիսաւոր ձեռքերով, դանդաղօրէն սկսաւ քակել կապոցը, անկէ դուրս բերելով նախ կարմիր ֆէս մը՝ որուն վրայ արիւնի լճացած կտորներ՝ ցեխի պէս չորցեր մնացեր էին։

Վեր վերցնելով զայն, աւելի հանդիսաւոր ու անգութ եղանակով մը՝ դարձաւ ամբաստանեալին.

Կը ճանչնա՞ս այս ֆէսը՝ որ ձեր տունէն գտնուեցաւ։

Կը ճանչնամ, գոմիսեր Համտի էֆէնտիին ֆէսն է, պատասխանեց կինը՝ հանդարտ ու վճռական։

Հապա այս փունջ մը մա՞զը։

Չեմ ճանչնար, սակայն ա՛տ ալ անորն ըլլալու է հաւանականաբար։

Նախագահը երկու մատով բռնած էր թնճկուած. արիւնով շաղախուած ու գրեթէ անճանաչելի, զազրելի կտոր մը քուրջի պէս բան մը՝ որուն համար կ՚ըսէր թէ փունջ մը մազ է։

Այս միջոցին յանկարծ ողբաձայն, սուր ճիչ մը լսելի եղաւ վարէն, փաստաբաններու աթոռին քովէն։ Բոլորը՝ ուշադիր ու վրդոված՝ կը նային դէպի հեծկլտուքին, աղաղակին կողմը. կին մը՝ կէս մէջքով ինք իր վրայ հակած, ձեռքերը երեսին, փաթթուած նոյնպէս սեւ չարշաֆի մը մէջ՝ կու լայ կատաղօրէն ու նախատինքի, անէծքի խուլ բառեր կ՚արտասանէ անոր՝ որ քիչ մը հեռուն կեցած է ոտքի վրայ, միւսին, ամբաստանեալի աթոռին առջեւ արձանացած կնկան։

Ջղագրգիռ ատելութեան, բարկութեան վշտախառն հոսանք մը շրջանը կ՚ընէ բոլոր դատասրահին.

Համտի էֆէնտիին կինն է, զավալլը [1] կը շշնջեն ներկաները։ Կը շշնջեն ու ամէն կողմէ փողոտիչ, թունաւոր նայուածքներ կը շրջապատեն ամբաստանեալը՝ որ, տարօրինակ հակասութիւն, սաւանին ձիւնասպիտակ մաքրութեանը մէջ պարուրուած, խրոխտ ու սէգ, կը կենայ հոն աւելի ամբաստանողի երեւոյթով՝ քան ամբաստանեալի։ Մէջտեղը՝ այդ արնտէր ու մեղաւոր բոլոր խղճմտանքներուն՝ որ կը սարսռան եւ արդարութեան զգացումովը բաբախել կը թուին, մէջտեղը՝ բոլոր այդ անպատիժ ու անդատաստան չարագործներուն՝ որ դատելու ու դատապարտելու երեւոյթն առած են, կարծես ամբաստանեալը՝ աւելի ուղիղ ու անսասան ուրիշ խղճմտանք մը՝ կը ծառանայ միս—մինակ ու կ՚արհամարհէ ամէնքն ալ։

Չե՜ս ճանչնար… ինչպէ՞ս չես ճանչնար, դարձեալ կրկնեց նախագահը, քանի որ քու տանդ մէջ, քու ներկայութեանդ կատարուեցաւ ոճիրը։

Ես նուաղած էի, ու երբ ինքզինքիս եկայ՝ ամէն բան վերջացած էր։

Ո՞ւր էին այդ ատեն ոճրագործները։

Անհետացեր էին։

Չե՞ս գիտեր անոնց անունները։

Ո՛չ։

Ի՞նչպէս հապա տունդ ընդունեցիր անծանօթ մարդիկ։

Պարզ է. մենք մեր տունը եկողին… անունը հարցնելու սովորութիւն չունինք…

Միշտ նոյն պատասխանը, միշտ միեւնոյն անփոփոխ բառերը՝ որ ամբաստանեալը կը կրկնէր յամառօրէն ու կը կենար անոնց վրայ անխախտ։

Նիստը փակուած է, տարէ՛ք ամբաստանեալը, յայտարարեց նախագահը ու ոտքի ելաւ։


[1]        Խեղճ, ողորմելի։