Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ու եթէ հօրդ սիրտը գետափը թրջած ճերմակ քարերուն պէս, դաշոյնիս պողպատին չափ պաղ է, եկո՛ւր, աղուորիկս, մէկտեղ սա դիմացի անտառին ներսերը երթանք, եկուր փախչինք նապաստակին ուղիէն, մեր տեղը մարդ թող չգիտնայ, սուրիս վրայ կ՚երդուընամ։

Կտրիճ մը լերան մը քով այսպէս կը խօսէր աղջկան մը, որուն կռնակն ի վար սեւ հիւսկէններ գրկով կը թափէին, քակուած սեւ մազերը երկու երեսներուն վրայ. նշիկ, լճակ աչքերը կիսախուփ վար կը նայէին ու վերջալոյսէն հոսող ցոլքերը՝ աշնան այգիներուն գոյնովը զանոնք կ՚ողողէին։

Եկո՛ւր, իմ աղուորիկս, կ՚սէր տղան, այս անտառին մէջ գարունը գեղեցիկ պիտի ըլլայ, մատաղ բարտիի, ուռենիի ոստերէ խրճիթ մը պիտի շինեմ կաղնիի տերեւներով ծածկուած, ամէն առաւօտ ծառերուն երգովը ու թռչուններուն դայլալովը պիտի արթննանք, հսկայական մայրիներու խիտ գագաթէն արեւին ճառագայթները դողալով՝ արեւի ստուերի ծակ—ծակ պատկերով մը մեզ պիտի ծածկեն, ու դուն այդ պատկերին մէջ աւելի գեղեցիկ պիտի երեւաս։ Եւ երբ մեր գիւղը, մեր հայրենի տնակը կարօտնանք, ծիծառները, աղաւնիները դաշտէն լուր պիտի բերեն մեզի։

Կտրիճն է իմ սիրականս ու անոր վահանին տակ երջանկութեան արեւը մարը չ’իջներ՝ ուր որ ալ շտկուած ըլլայ իր վրանը։

Ամառը ա՛լ աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլայ, երբ խոտերը կանանչնան եւ ծաղիկները գոցուին ու վերաբացուին, երբ մացառները զարդարուին ու մասուրներու կողքին տակ սոխակներն իրենց բոյները կախեն, երբ գունաւոր թիթեռնիկներ գան գլխուդ մազերը գեղազարդեն ու վայրի մեղուները իրենց արշաւանքը սկսին՝ առաւօտները քով քովի ցօղալից սիւքին եկած կողմէն դէպ ի վար, անտառն ի վար պիտի երթանք, մինչեւ հովը բաց կուրծքիդ վրայ կարմիր թերթին վարդերը, անանուխին տերեւները պիտի երկնցնէ՝ աչքերէդ քունը փախցնելով, արտոյտին հետ որ դէպի արշալոյսը սլանալով կ՚երգէ՝ մենք ալ մեր երգերը պիտի երգենք, մեր գիւղական անուշ երգերը… Աշունը քարայրի մէջ կը քաշուինք ու աղուէսի, նապաստակի մուշտակներէն մեր անկողինը կը պատրաստենք, տերեւները մեր յատակը կը փռենք ու քամիին երգը կը լսենք որ դուրսը ոստախիտ անտառին լարերը կը հնչեցնէ եւ անձրեւին միօրինակ, թմրեցուցիչ թփրտուքին տակ կը քնանանք անո՜ւշ քունով։ Եւ երբ տխուր աչքերով աշնան տերեւաթափը դիտես, ես սազը վար պիտի առնեմ՝ տարագրող թռչուններուն երգը նուագելու, ձմեռը ցուրտին մնացած պզտիկ ճնճղուկին աղաղակը երգելու. իսկ եթէ սարեակներու վերջին խումբն ալ հեռանայ, ա՛լ ձայները դադրին՝ մեր քարայրին դուռը քարերով ու մամուռով կը գոցենք, ներս կ՚երթանք…

Ստուերներն երկնցան, գիշերուան մութը կոխեց, ծառերը, հեռաստանները եւ լեռներու շրջագծերը մառախուղի մէջ՝ հսկայական աղջամուղջին մէջ խեղդուեցան։ Դաշտին վրայ գիւղական գիշերը կը սկսէր։ Հեռուէ հեռու եզան, կովի յետին բառաչիւններն ալ քաշուեցան, սայլերու երկա՜յն ճռնչիւնն ալ հեռացաւ, մինչ առուի մը եզերքէն, քարի մը տակէն ուշ մնացող թռչնիկն ալ թեւերու արագ—արագ թափերով դէպի բոյնը կը թռէր։

Միայն ուշ ատեն լեռներու քարոտ շաւիղներէն ոտնաձայն մը կը հնչէր ու դէպի անտառը, խորունկ հեծող սօսաւիւններու կողմը կը յառաջանար։ Կամաց—կամաց ա՛յն ալ, ոտքի այդ արագ դոփիւնն ալ մտաւ խռովալի ձայներու փոթորիկին մէջ որ հեռուէն կուգար՝ գիշերուան լուռ ունայնին մէջ ահեղ արձագանգներով։