Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որքա՜ն գեղեցիկ եղաւ արդեօք երբ Զէյնէն իր մազերը սանտրեց եւ ուսերուն, թիկունքներուն վրայ թափեց, երբ իր փեսին դրան առջեւ ներս մտնելու չհամարձակող նորահարսին տրոփիւնը ծեծեց իր կուրծքը. արդեօք ի՜նչքան տենդոտ արտորնօք սանտրը՝ ածուխի, գիշերի գոյն մազերուն կը նետէր ու կը յուզէր զանոնք որքան կարելի է շուտ, շատ շուտ հասնելու սիրականին։ Արդեօք զգացում մը չեկա՞ւ անցաւ իր սրտէն, անծանօթ ձայն մը չխօսեցա՞ւ իրեն թէ այս կեանքը շատ քաղցր է, թէ թառամող վարդենին նորէն գարուն կը տեսնէ ու իր ոստերուն վրայ ուրիշ անգամ նորէ՛ն սոխակի մը տեղ կու տայ, թէ այդ մահը սոսկալի է, սոսկա՛լի, ջրվէժէն գահավիժող փրփուրին անկումին չափ ու ովկիանոսի ամեհի ալիքներովը խարակին դէմ մեռնող թռչունին մահուան չափ։

Բայց Սէրը հո՛ն վարը, անդունդին մէջ պառկեր ու իր թովչանքովը կը քաշէր զինքը, կը կանչէր մահուան պէս հզօր…

Որքա՜ն գեղեցիկ եղաւ արդեօք Զէյնան, երբ ծռելով անդունդը նայեցաւ՝ իր կտրիճին տեղը հասկնալու համար ու չվախցաւ այդ վիհէն ուր մահը սեւ ստուերներով յուշիկ կ՚անցնէր կը դառնար իրեն սպասելով։

Սէրը գերեզմանին մէջ ալ հմայիչ է, այնպէս չէ՞։

Ու ո՜րքան գեղեցիկ եղաւ արդէօք Զէյնան այն վերջին րոպէին ուր վերջին շունչը թռաւ իր բուստէ շրթունքներէն։