Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱԽԱՐԱԿԻՆ ՔԵՐԹՈՒԾԸ


Աշնան գիշերները երկար կ՚ըլլան ու կեանքը որ դուրսը կը սառի, աշխատութիւնը որ ցուրտէն կ՚ընդարմանայ՝ թոնրին տակ նշուլող առաջին կրակովն ու ծխացող առաջին բոցովը տաքցած՝ ներսը, մութ երդիքին տակ կը վերսկսի, իրիկունը՝ ճրագլուսով կարժուած կարժառին շուրջը կամ հաւախօսին՝ ճրճռացող ճախարակին առջեւ։ Դէմ լուսուն, դեռ այգը իր կուսական ճերմակ կաթը չկթած Աղօթրանի կուրծքն ի վար, հորիզոնի սրտին վրայէն առուահոսելով, եւ Արեւը իր կրակէ շրթունքներով դեռ այդ կաթը չծծած, երբ խօսնակին վերջին բարբառը տեւական մութին արհաւիրքը չէր գոռացեր զայն իր կապանքներէն ազատելով, այն պահուն ուր դեռ երկնքի եղեամը կը մաղուի երկրի քամիին թեւերուն վրայ, չքաւոր փողոցին, աւերակ տան եղանակն է որ կ՚երգէ, տխուր երգերուն ամէնէն յուզիչը, ջայրին նուագը՝ պառաւին մատներուն տակ։

Պատկերը կիսակործան օճախէ մը ներսն է։

Պատին մէջ բացուած պատուհանին վրայ հողէ ճրագաման մը իր կտուցի ծայրէն պղտոր լոյսի օղ մը կը կախէ, լուսաւորելով մերկ սենեակին բոլոր ցուրտ ամայութիւնը եւ ձեռքի ճամբան, երկաթէ բարակ ճաղը՝ որուն վրայ պառաւին կիսաւեր աչքերը պիտի հետեւին քուլային, անհատնում թելը հաւաքելու, բարդելու, պառաւը որ ահա կիսով ծռած կը դարձնէ, կը դարձնէ մանիչը՝ ու անցեալ օրերու յիշատակին հետ գլուխ գլխի, միայնակ ինչպէս իր տանը մէջ, նոյնպէս հոգիին հետ։

Ճախարակը կը դառնայ ու բամպակը, մեղմօրէն իր աղուամազը ճաղին բերնին ծամոց տալով, անծայր թելի կծիկը կը քակէ. ու տխուր եղանակ մը փրթելով, ջայրին կուրծքէն թէ հոգիէն, հատնող քուլային, բարձրացող դերձանին ողբը կը կրկնէ, կը հեծեծէ։ Չորցած կոպերուն տակ դիւթական ծարիր մը քաշուած ըլլար կարծես, երկու վատուժ արցունքներու մէջէն՝ պառաւը նոր աշխարհի մը պարիսպներէն ներս կը նայի. եւ դէպի ետ հեռաւոր հորիզոնին վրայ պզտիկ պատուհան մը կը բացուի՝ ուրկէ իր անցած կեանքին ու իրերուն արդէն իջեւանը հասած կարաւանին ամբողջ ճամբան կը դիտէ։ Ամփոփուած ինք իր մէջ՝ ինչպէս մանուկը լճի մը եզերքէն իր պատկերին վրայ ծռած՝ կ՚երազէ այն տարիները ուր մատաղ աղջիկ մը ինք, գուցէ բազմաթիւ եղբայրներու մէկ հատիկ քոյրը, աչքի լոյսը իր մօրն ու պապուն, սիրուածը, անուշն էր ամէնէն։ Յետոյ իր նշանտուքը, սիրոյ ու գրգանքի տարիները. ու աւելի ասդին՝ մօր պաշտամունքն ու տառապանքը, արցունքն ու երջանկութիւնը. իր զաւակներուն մանկութիւնը, երիտասարդութիւնը, վերջը վերջը՝ իր պառաւութիւնն ու զրկանքները եւ զգացած բոլոր անպատմելի զգացումները։ Բայց չէ՛, յիշատակի խաբէական խաղովը կ՚երազէ պահ մը թէ իրաւ անդառնալի բոլոր այս անցեալի բաները այսօրուան իրականութիւնն են, եւ թէ ինք երբեք մինակ չէ, ծերացած չէ, հին ուժն ու կորովը ունի, հին սիրելիներն ու հին օրերը ունի։

Եւ ահա այդ գեղածիծաղ ու ժպտուն տեսիլքին վրայ չեմ գիտեր ինչ անծանօթ ձեռք մը, ճիւաղի վայրագ անգթութեամբ՝ սեւ ծածկոց մը կը քաշէ ու երազը յուղարկաւորութեան կը փոխուի, որուն առանձին մեռելաթաղը ինքը, պառաւը կը մնայ յիշատակի գերեզմաննոցին մէջ։

Կը դառնայ մանիչը, դարձնելով ճախարակին հետ՝ տխուր յուշագրքին թերթերը, կեանքի չորս եղանակներուն օրերն ու ամիսները, մինչ մերկ պատին վրայ պառաւին ստուերը՝ շարժուն դիակի մը ահազդեցիկ երերտուքով կը ծաղրէ անոր շարժուձեւը եւ կրակարանին թաքուն մէկ տեղէն անքուն ծղրիդ մը անոր բերնէն կը ծռկնայ։

Ու այդ տունէն ներս մարդ չի մտներ, օտարի ոտնաձայն այդ սեմին վրայ չի հնչեր, եւ սենեակին դուռը որ կը ճղրտայ, երկրորդ շունչն է՝ իբրեւ յետին ընկեր պառաւին, սեւ կատու մը, կզելով, տափակնալով ներս կու գայ ու կ՚անցնի թոնիրին եզերքը, ոտները տակը ծալելով կը պառկի։ Միեւնոյն այդ դռնէն վագրի մը բոլոր զգուշութեամբ, պառաւին միտքը կ՚իյնայ ահա նո՛րէն թէ ի՛նչպէս մահը ներս մտաւ, թաթերուն ծայրին վրայ կոխելով եւ մէկիկ—մէկիկ շալակն առած կտրիճ թէ հասուն կեանքերն այս տան ու սերունդին՝ հեռացաւ գնաց… Կը զգայ եւ անձկանքով կը սպասէ իր կարգին, իրե՛ն որ փոխադրուող ընտանիքի մը մէկ անպէտ իրն է հին տանը մէջ մոռցուած՝ դա՛ խեցիէ պտուկին ու կուժին հետ։

Կերկերաձայն, փտած դարձիկի հնչիւնով ձայն մը ձգած՝ անցեալ ժամանակի երգերէն կ՚երգէ, պանդուխտի երգը յաճախ՝ սիրականի հասցէին, մահուան գետովը բաժնուած այս աշխարհի ափունքէն դէպի մէկալը։ Պանդուխտը ի՛նք ու սիրականներն ալ նոյնքան օտար, կորսուած աքսորեալներ որոնց հետքը այդ կոյր աչքով կը փնտռէ ու չի կրնար, չի՛ կրնար գտնել հէ՜ք պառաւը։ Կը փնտռէ, կը խարխափէ աւերակ առանձնութեանը մէջ ու ծղրիթին դէմ կը բռնէ իր ողբին, ուր երբեմն սարդը իր ցանցին վրայ վազած ատեն քանի մը հողեր կը թափէ առիքէն եւ միայն ու միմիայն ընկեր, զաւակ, ամուսին, թոռ՝ այդ ճախարակն է, այդ կողկողացող անիմաստ աղաղակն է՝ իրեն։

Պահ—պահ հազիւ գլուխը վեր առնելով դէպի նեղլիկ լուսամուտը կը նայի՝ իմանալու համար թէ լոյսը պատուհանին խզտած թուղթերը կը ճերմկցնէ՞ արդեօք. ու բերանաբաց յօրանջումով ուսերուն եւ աչքերուն վրայ նստող քունը փախցնելէ ետքը՝ նորէն գլուխն իր առջեւ կը ծռէ, հեղ մըն ալ միտքը առջի տեսիլքին ձգելով՝ հոգին սիրելիներու յիշատակին վրայ կը կախէ։ Եւ այդ երազները մերթ կը ցնցեն զինքը. ինչու որ գերեզմանի կապանքներուն տակ մեռելներու հետ հոգեխօսութիւն է որ կ՚ունենայ, մշուշապատ ցնորքի մէջէն մունջ խօսակցութիւն մը, հոգիի կարօտալից հայեցողութիւնը դէպի անիրական ձեւերը, դէպի ստուերային մարմինները։

Ժամերը կը սահին ու զարթնումի առաջին նշանները կը լսուին. օրօրոցին անհանգիստ կամ մօր ծիծը կարօտցող երեխաներու սուր, ընդհատ լացը եւ ժամուն կոչնակին վանգիւնները՝ որոնք նոր օրուան հանդիսաւոր բացումը կը յայտնեն։ Մանիչը կանգ կ՚առնէ, պառաւը իր երեսները խաչակնքելով դէպի եկեղեցին կը շտկուի, փողոցին մթութեան մէջէն, հոն իր օրհասականի աղօթքն ընելու, բայց բազուկներով խնդրելու ուշացած մահը՝ որ իր դռնակն ալ ծեծէ, մարէ այն ճրագը որուն իւղը հատեր է ու ա՛լ պիտի չլեցուի, եւ որ կը պլպլայ բայց լոյս չի տար։

Եւ առտու մը, իր ջայրին առջեւ, գուցէ բամպակի թելը դեռ ափին մէջ, սկսող քուլան չլմնցուցած՝ գլուխը ճախարակին դէմ հարս ու փեսի ողջագուրանքով պսակուած, գան գտնեն ուրիշներ, ամէնքն ալ օտար, որովհետեւ իր թելը հատած պիտի ըլլայ, թէեւ ջայրինը կիսաւարտ։