Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԱՂԻԿՆԵՐ, ԿԱՐՄԻՐ ԾԱՂԻԿՆԵՐ


Ա.

Սա ահագին բարձրութենէն վար՝ ուրկէ անցնող մարդը կրիայի մը շարժող խեցիին կը նմանի ու պարապ անդունդ մը իր լայն երախը բացած կարծես կը յօրանջէ, այս հսկայ ապառաժներուն տակէն Եփրատն է որ վար կու գայ. ալիքները տափակ, մաշած քարերուն կը զարնեն խուլ շառաչմամբ, փրփուրներ, ճերմակ պղպջակներ ցատքեցնելով, անբնակ խոպան բնութիւնը իր աւանդական հողով ու քարովը նոյնը մնացեր է. ասդին անդին օձի շապիկներ թափթփած են ու սարդի երկայն թելեր կ՚երերան մեծ պարապէն դարվար. վա՜րը, գետը տմոյն, մառախլապատ, իր տիտան օձի հասակովը պառկած կ՚երթայ երկա՜յն, գլուխ կու տայ հորիզոնին վրայ ու կը ծռի կը կորսուի. բարձրէն անցնող թռչունները փետուրներ վար կը ձգեն որ դարձդարձիկ, ոլործուն պտոյտներով վար կ՚իջնեն, կամ քարի կտոր մը յանկարծ մողէզի մը վազքէն փրթելով վար կը վազէ դէպի գետը, վարերը խորունկը թնդացնելով։ Դէմը, հորիզոնին վրայ լեռներ կան խիտ անտառներով ծածկուած՝ որոնց թաւ կանաչը հոծ ստուերներու հետ կը խառնուի ու կիսատ մթութիւն մը կու տայ, եւ այդ ծառերուն մէջ պահուըտած հիւղակները ճերմակ իրենց երդիքները ասդին անդին կիսով թաւուտի մէջ թաթխուած։ Այս պակուցիչ բարձրութենէն վար, ուր մահուան անդունդը կոյր աչքով մը երկինքն ի վեր կը նայի եւ ուր արեւին լոյսը բեկբեկելով ծիրանիի բարակ շառաւիղներ կը ցանցնէ, ուր Եփրատն իր անյատակ կռնակին վրայէն ալիքներ կը ճզէ… այս ապառաժներու բարձրութենէն մարդ մը ինքզինք վար նետած է։

Բ.

Երեք օր էր որ կորսուեր էր. զաւակներն ու կինը յուսահատ փնտռտուքներով ամէն տեղ, ամէնէն ծածուկ տեղերը փնտռեցին ու չգտան. գիշերը իր անկողնին մէջէն ա՜յնչափ կամացուկ, ոտքերուն ծայրը կոխելով, գացած էր որ ո՛չ զաւակները եւ ո՛չ իսկ կինը կրցած էին գիտնալ. խենթեցե՞ր էր արդեօք։ Տարօրինակ, անհասկանալի հով մը առած տարած էր զինք։ Չգտան։

Վերջին ապաւէնի մը յոյսով, յուսահատի համակերպութեամբ ուզեցին ապառաժներուն մէջ փնտռել, որոնց վրայ աղաւնիին ոտքը հազիւ կը կայնի եւ մարդը գործ չունի արդէն. մայրը սպասեց ու երկու պզտիկները փնտռելու ելան։ Սոսկո՜ւմ. ցից քարի մը ծայրը, ոտքերը դատարկութենէն կախ, ուռած աչքերով մարդ մը նստած անդունդն ի վար կը դիտէ. քստմնելի վտանգին գիտակցութիւնը զինք չի խռովեր։ Կը դիտէ թռիչքը վայրի բադերուն որոնք կը թռին, հազիւ երեւցող սպիտակ գնդակներ կ՚ըլլան ու կ՚աներեւութանան… գետին երկայնքը, հոս հոն կանաչ մարդահասակ եղէգները կը տատանին լռին ու ահարկու հրաւէրի մը պէս. զի՞նքը կը կանչեն արդեօք. կը նայի, միշտ անթարթ վարը կը նայի, ու կարծես չի լսեր աղերսող ձայները իր զաւակներուն, որ հեռուն կեցած, զարհուրած դիմագծերով, ձեռքով զինք կը կանչեն։ Անդունդն արդեօք իր թո՞վքն ունեցաւ, թէ իր գրկին մէջ քնացող ահարկու հանդարտութիւնը ցուցուց, որուն գլուխ դնողը յաւիտեան կը քնանայ անհունութեան քունը քաշելով, ուր ա՛լ մարդ պիտի չգայ արթնցնելու իր պառկած տեղէն եւ ուր ա՛լ աշխարհի հովերը պիտի չփչեն իր սրտէն դարվար աշնան տխուր կսկիծներ գալարել տալով. գետը մեղմ օրօրներ պիտի ըսէ իր ալեակներուն բերնովը ու կանաչ գորտնբուրդերը հանդարտ տատանումներով ներդաշնակութիւն մըն ալ անոնք պիտի ըլլան ու երգեր պիտի ըսեն, մահուան անո՜ւշ երգեր։ Ցաւերն ալ իր հետ մեկտեղ աչք պիտի խփեն։

Գ

Ի՞նչ թնդիւն է աս որ վարէն կու գայ խո՜ւլ ու խորունկ՝ քարայրէ մը եկող, ջաղացքի ջուրերուն հանած աղմուկին նման, զոր ժայռերը հանդիսաւոր ու վսեմ ձայնով մը կ՚եղանակաւորեն. ահա լայն ու տարածուն տատանում մը տեղի կ՚ունենայ ջուրերուն մէջ. գետին ճողփիւնը կը թնդայ գինովի դանդաչիւնով ու քարերուն, ժայռերուն կը զարնուի. որիներ, վայրի բադեր արդեօք ինչո՞ւ վարը ահաբեկ, արագ—արագ ճախրանքով ելեւէջ կ՚ընեն ու խռոված վեր կը թռչին ճչալով. բայց գետը նորէն իր հանդարտ վէտվէտումներով կծիկը կը քակէ ու դիմացի կանաչ կաղնիներուն մէջէն կը սողայ, քնանալ կ՚երթայ անտառն ի վար, լեռներն ի վար։ Հեռուն ծառերը նորէն լռին իրենց տեղը անշարժ կը սպասեն ու հողէ խրճիթներն այդ ստուերներուն տակ մենաւոր, անխռով երազանքի մը երանութեան մէջ կը կենան կը կենա՜ն, ու արեւը անոնց ճերմակ հողէ պատերն ու տանիքը կը փայլեցնէ, մինչդեռ գամբռ մը՝ իբրեւ թափառական մենակեաց, այդ վայրերուն մէջ կը հաջէ խռպոտ հաջիւնով, իր ձայնը սաղարթախիտ ծառերէն ներս հնչեցնելով։

Ո՞ւր գնաց յանդուգն մարդը որ քիչ մը առաջ քարին վրայ նստած, ոտքերը անհունութենէ մը դարվար կը կախէր, հսկայական պարապը ծաղրելով. խե՞նթ մըն էր արդեօք թէ քարերուն մէջ ապրող ճին մը. չէ՛, ահա զոյգ մը որբեր կաքաւի ձագերու պէս որ մինակ են մնացեր քարերուն վրայ։

Ճը՜ռ, ճը՜ռ, ծղրիթները իրենց երգը կ՚երգեն, օդին մէջ վայրի թռչուններն ալ սո՜ւր սո՜ւր ճիչեր կը հանեն։ Հուտա երկու պզտիկներ կու լան, դառնապէս կու լան, ու անցնող բազէին, փչող թեթեւ հովին հարցումներ կ՚ընեն. Վար գացողը ալ չի՞ դառնար։

Ըսէ՛ք, ո՛վ քարեր, հայրերնիս ո՞ւր գնաց, հո՛ս, քիչ մը առաջ քարին վրայ նստեր էր, զինքը կը տեսնայինք որ վար կը նայէր. ո՞վ կանչեց վարէն զինքը, դուք չտեսա՞ք, պզտի՛կ ծղօտներ, որ իրեն քովը կամաց մը կը շարժէիք, ձեզի բան մը չըսա՞ւ մեզի ըսելու, բան մը չապսպրե՞ց։

Թառող թռչունը թռելու պահուն փետուրները կը հաւքէ, գլուխը քիչ մը առաջ կը ծռէ, թեւերը կիսատ մը վար կը կախէ ու վերջին թափով մը թեւ կու տայ ու կը սլանայ։

Կաղչնայի գօսացած ցօղունները շարժեցան իրենց տեղը՝ ծռելով ու շտկուելով անդադար, ու պզտիկները իրենց հարցումին գաղտնի պատասխանը հասկցան գուցէ այդ թեթեւ թրթռումներէն, իրարու պլլուեցան… վարը հայրիկը փնտռել կ՚երթային։

Արեւը այդ քարերը նորէն կը լուսաւորէ մաքուր, աղուոր ճառագայթներով. իր վճիտ պայծառութիւնը նորէն կ՚ողողէ առատ լոյսի հեղեղով այդ վայրերը, որոնք դժբաղդ հօր մը ու մանուկներու կառափնատը եղան. ու վայրի թթռկիչներու, քարէ—բանջարներու քով հիմա կարմիր ծաղիկներ կը բուսնին, կարմի՜ր՝ արիւնի՛ գոյն, որոնք սիւքի մը թեթեւ շունչովը կը դողդղան եւ շուքերու մէջ, քարերու տակ կ՚աճին, վախկո՜տ, գլխիկոր որբերու պէս։

Այդ վիհը հիմա մահուան անդունդն է որ սարսուռ կը պտտցնէ ճամբորդին երակներէն ներս, ուր նոյն իսկ ուլերը կը վախնան կճղակ դնել ու արածիլ անոնց վրայ. մինակ երկայն շարոց հարսնեւոր մրջիւններ՝ սեւ կամ կարմիր գիծեր կ՚երկնցնեն՝ հեւքոտ ելեւէջով իջնելով ու ելլելով անդադար՝ որոնք վարը ո՞վ գիտէ ո՛ւր բոյն ծակած են։ Ոչ ոք կը մօտենայ այդ տեղերուն։ Գիշերներուն լուսնկան կ՚ելլէ միայնակ՝ լռի՜ն ու տխուր, կու գայ իր խուզարկու նայուածքով կ՚անցնի այդ տեղերէն, լուսաւորելով հիւանդ լոյսով մը նոյն վայրի քարերը որոնք ա՛լ աւելի խռովալի կը դառնան կէս լոյս թեւատարած ստուերներու տակ. վարէն գետը կ՚անցնի խշրտալով՝ մէկ քանի արծաթի շողերէ փալփլուն, օձի լեզուով կը խածնէ իր ալիքներովը վար եկած քարերն ու ափունքը ծլած ջրի մամուռները, եւ ականջ կու տայ գորտերու բիւրաւոր կռկռուքներուն որ կը պոռա՛ն մութին մէջ. գե՜տը, մոռցած թէ իր աւազները խաւ շարեցին դժբաղդ հօր ու զաւակներու դիակներուն վրայ եւ հեռուները քշեցի՜ն։ Ու անդունդը բելիար խափշիկ կնոջ մը սեւ ուրուականովը՝ անգիտակ թէ մարդիկ մոլորեցուց ու կուլ տուաւ, իր պչրոտ շրթունքներով կարծես կը ժպտի դեռ լուսնկային, որ վերը մաքուր կապոյտին մէջէն իրեն կը նայի։