Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ ԱՐԹՈՒՆ ԵՆ


Յուսահատութեան չարագուշակ ուրուականը մոլորեցաւ օտար ափերէն դէպի ազատութեան պահակներ որ շղթայակապ կը հսկէին բանտերու եւ ամրոցներու անլոյս գաւիթին մէջ։

Եւ երեւցաւ անոնց՝ մահուան ոգիին պէս, դաժան, անողոք ու անկարեկիր։ Սառ շունչով հպեցաւ անոնց սրտին՝ որ կը բաբախէր, անոնց թեւերուն՝ որ ծանր ու աւելի ուժեղ դարձած էին պողպատին մշտնջենական բեռան տակ։

Հայրենիքի յուսահատութեան նենգամիտ ոգին ուզեց չափել առաքինութեան խորութիւնը բոլոր անոնց՝ որ զոհողութեան բանակին յառաջընթաց ճակատը կազմեր էին։

Եւ ահա շղթաները շառաչեցին մթութեան մէջէն, ակռաները կափկափեցին սարսռագին եւ թշուառութեան անարիւն բայց ազատութեան երդուեալ այդ հզօր շրթունքները բողոքեցին զարհուրանքով։

Զայրագին ու ահաւոր էր աղաղակը որ մթամած կամարներն ու վհատութեան նկուղները սասանեցուց։

Ինչպէս որ մատակ առիւծը իր քարանձաւին ցուրտ քարերուն կը քսէ կուրծքը եւ կը սողայ իր փորին վրայ՝ երկունքի տագնապին ատեն, այնպէս գալարուեցան բանտարկեալները՝ անէծքի ու մոռացութեան իրենց անկողիններուն վրայ, եւ բաշերնին ցցելով մութին ու թաց խաւարին մէջէն՝ եղերերգել սկսան։

Նախատի՜նք բոլոր անոնց որ տեղի կու տան օրհասական պայքարին մէջ եւ մեր բազուկներուն գերութենէն օգտուելով՝ կ՚արհամարհեն նաեւ մեր յաղթական հոգիներուն անսասան սպասումը։

Նախատի՜նք անոնց որ յառաջապահ դրօշակիրներուն վիրաւոր անկումէն օգտուելով՝ գլխիկոր ծունկի կու գան ազատութեան ճամբուն վրայ եւ դիւցազներուն փառքը սակարկելով՝ իրենց ողորմելի գոյութիւնը ապահովել կը ջանան. ո՛չ, կ՚աղաղակենք մենք մեր բոլոր ուժով, ո՛չ, թող չենք տար. եւ եթէ մեր բռունցքները անզօր են ու մեր կամքերը լուծի տակ, օ՜հ, կը բարձրանանք կախաղան եւ մահուան բարձունքէն մեր արիւնոտ շղթաները իբրեւ երկնային վրէժխնդրութիւն՝ կը նետենք ձեր եւ տուշմանին մէջտեղը, գերեվաճառութեան շուկան դարձեա՜լ փառքի տաճարի փոխելով։

Որո՞ւ անունով լեցուցինք բերդերու, ամրոցներու եւ բանտերու այս մթին, այս ահաւոր խորշերը, ի՞նչ աստուածային սէր էր որ ճառագայթեց մեր հոգիին մէջ՝ մինչեւ մոռնալու համար մեր մայրերուն կաթը, մեր կիներուն ու զաւակներուն կարօտը, երբ մեզմէ շատերուն նահատակ մարմինը սիրելիի մը ձեռքն իսկ չլոգցուց եւ հօրենական պատանք մը իսկ չունեցաւ, որպէս զի անարգանքի դագաղին մէջ իրեն ընկերանար՝ իբրեւ անո՜ւշ յիշատակ, իբրեւ յետի՜ն մխիթարութիւն։ Ա՜խ, որո՞ւ համար, որո՞ւ համար։

Եթէ չէք խնայեր ձեր պատիւին, գէթ յարգանքն ունեցէք մեր տառապանքին վեհութեանը, գէթ խղճահարեցէք մեր որբերէն ու այրիներէն՝ որոնց ձեռքերէն բռնեցինք ու խածնելով մեր շրթունքները, զանոնք փողոցները ձգեցինք՝ մուրալու համար։

Ամօ՜թ անարիներուն, նախատի՜նք անձնասէրներուն. մենք համբուրելով մեր գլխուն դրինք այս շղթաները՝ որպէս զի հայրենիքին աչքերը ազատութեան առաւօտը ողջունեն։

Եւ ահա կը հայհոյեն հայրենիքի սրբազան ուխտին։

***

Յուսահատութեան ոգին՝ ակնապիշ. տժգոյն ու սարսափահար, կը դողդոջէր, կը ընկնէր եւ կը դիտէր այդ վսեմ երազատեսները, որոնց կուրծքերէն կեանքի եւ իտէալի անհուն յորձանքը կը թաւալէր եւ սպանդային այդ վայրը եդեմական պայծառութեան մը կ՚այլափոխէր։

Եւ Ոգին, աղջի՜կը մահուան, ձեռքերը երեսին տարաւ ամօթահար, կրունկին վրայ ետ—ետ գնաց… ու լացաւ։

Եթերային լոյս մը ճառագայթեց յանկարծ, ինչպէս բեւեռային արծաթազօծ ցայգալոյս մը անիմանալի հորիզոնի մը խորէն, եւ դէմքերը մեծաշո՜ւք, եհովայական, դէմքե՜րը կալանաւոր դիւցազներուն, բարձրացան դարձեա՜լ դէպի վեր, ցցուեցան գիսախռիւ բաշերը եւ շղթաները ղօղանջեցին խրոխտապանծ։

Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ վհատութիւնն ու ամօթը մեզմէ եւ մեր եօթը սերունդէն. մենք ուխտաւո՜րն ենք արիւնածին տօնին, մեր անուրներուն ձայնը գիշերային շեփորն է՝ կարմրածագ արշալոյսն աւետող, համբերութիւնը մերն է միայն, որովհետեւ մեր ուսերուն վրայ երկաթ շալկած ենք։

Մեր երեսները մոռցած են ծիծաղը, ու արցունքը մարմարեայ բիւրեղի պէս քարացեր է մեր հոգւոյն խորը. սորվեցանք այս դագաղէ պարիսպներուն եւ այս մահահոտ զնտանին, եւ պարիսպները, եւ զնտանը, ժանգահար շունչը որ մեր կուրծքէն ներս կ՚անցնի՝ կծու թոյնի մը պէս, կ՚օրհնենք զանոնք, որովհետեւ մեր հայրենիքին փառքը անոնց թեւերուն վրայ կը բարձրանայ։

Հեռո՜ւ մեր օճախէն ու հայրենիքէն, հեռո՜ւ մեր աչքերէն, ո՜վ վհատութեան թշուառական տեսիլք, հեռո՜ւ, վա՛տ տկարութիւն, որ անգամ մըն ալ կու գաս շղթայի զարնել մեր շղթայակապ ձեռքերը, որ կը փորձես ծանականքի մուրը քսել հպարտ ճակատներուն…

Եւ վրէժխնդրութեան ահաւոր սաղմոսերգութիւնը կը դղրդէր բանտային մեռելական լռութիւնը։

Հայրենիքի Յուսահատութեան տժգոյն Ոգին դուրս ելաւ զարհուրանքով, թռաւ դէպի անորոշ ոլորտները եւ ինչպէս չղջիկ՝ վայելով՝ մութ գիշերուան մէջ.

Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ։