Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՀԱՊԱՆ ԴԻՑՈՒՀԻՆ


Միակ եղբօրս՝ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆին [1]

Լեռներն են, ա՜խ, այս լեռները հըմայիչ,

Որոնք ծուխի, մանուշակի գոյնով բաց

Աղջըկայ ու երազի մը չափ թովիչ՝

Հոգւոյս վայրի, այլ գիրգ քերթուածքն են եղած։

 

Արշալոյսի վարդ մըշուշի մը մէջէն՝

Որ կը թողու փախչող գիշերն ետեւը,

Անոնք հոգւոյս հըմայքն իրենց կը կանչեն

Խորհրդաւոր բայց կենդանի լեզուով մը։

 

Եւ ես ինչպէս արծիւը, որ թեւաբաց

Կ՚երգէ ըմբոստ իր տարփանքը սրտահալ,

Նայելով վեհ այս լեռներուն մըթամած,

Կը հիւսեմ իմ երգերս անզարդ ու մըռայլ։

 

Զանոնք գրկող մութ ու տարտամ կապոյտն այդ,

Ներշնչում մը, բան մը ունի անիմաց,

Ուր ինձ ծանօթ, բայց միշտ թաքուն ու անյայտ

Կը խըլըրտի խորհուրդ մը լուռ ու կամաց։

 

Երկա՜ր, երկար կ՚երկարէ լեռն իր շղթան

Եւ կապոյտն ալ կը թանձրանայ անկայուն,

Անուշնալով նայուածքին պէս աղջըկան՝

Դառնալով խոր, հըրապուրիչ ու անհուն։

 

Անծանօթը, կը փընտռեմ թէ ի՛նչ է՝

Ծածկըւած այս լեռներուն մէջ ամայի,

Որոնց վըրայ եղնիկ մ՚երկչոտ կը ննջէ,

Կամ ծաղիկ մը անցնող ամպին կը նայի։

 

Անծանօ՜թը, ինծի այնպէս կու գայ՝ թէ

Դիցուհի մ՚է, հին աստուածն այդ լեռներուն,

Հիմա անտես, սառած բիւրե՜ղ մըշուշէ,

Այս կապոյտին մէջ մարմնացած իրերուն։

 

Դիցուհի մը, որ կապոյտի է փոխուեր,

Կապոյտի մը անջրային, թափանցիկ,

Եւ ա՛լ ինքզինք մարդոց աչքէն չի պահեր,

Միշտ խուսափող, այլ միշտ չքնաղ, գեղեցիկ։

 

Եւ ա՛ն է, որ ինծի կ՚ըսէ ու կու տայ

Խոհեր, որոնք մեր լեզուովը չեն ըսուիր,

Օր մը ժըպիտ, երբեմն արցունք մարգարտեայ,

Առանց երբեք գիտնալու, թէ տրտմալիր,

 

Ինչո՞ւ յանկարծ ժպտած պահուս կ՚արտասուեմ,

Մանկան մը պէս, երբ փարած է մօր ծիծին,

այլեւ մէկէն պղտոր աչքով, տխրադէմ

Կու լայ սաստիկ, աղու ձայնով սաստկագին։

 

Օգոստոս 1897


[1]        Ահա իմ Արամ։ Քերթուած մը որ քու անուան կը ձօնեմ, խնդրելով որ պատեհ առիթով մը քու դիտողութիւններդ իմացնես այդ մասին եւ ըսես թէ ոտանաւորի մէջ կրնա՞մ յաջողիլ։ Որովհետեւ միտքս է յանգաւոր՝ հէքիաթ մը նիւթ առած՝ երկար պալլատ մը գրել։

Ռուբէն Զարդարեան

          «Շանթ»ի խմբագրութիւնը հետեւեալ ծանօթութիւնը կցած է այս քերթուծին. «Մասնաւոր գուրգուրանքով մամուլի կը յանձնենք հետեւեալ բանաստեղծութիւնը, զոր առաջին անգամ փորձած է գրել Ռուբէն Զարդարեան։ Այս ձեռագիրը մեզի յանձնած էր, ժամանակին, Արամ Անտոնեան, որուն ուղղուած է արդէն «Ցայգալոյս»ի սքանչելի արձակագիրին անդրանիկ ոտանաւորը։ «Պահապան Դիցուհին» պրատարակուած է Միք. Շամտանճեանի «Մասին»ին մէջ, 1898ին, էջ 22, «Լերան դիցուհին» վերնագիրով, մէկ քանի բառերու փոփոխումով եւ քերթուածին վերջի երկու տուները ամբողջովին յապաւուելով։ Նոյնութիւնով կը հրատարակենք զայն, նոյնիսկ պահելով ոտանաւորին ընկերացող ծանօթութիւնը»։