Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳԵՐ


Մեր հայրենի տընակէն շատ քիչ հեռու

Արեւծագի կողմը դաժան վայրենի՝

Ուրկէ լուսինն իր լըրման մէջ կը ծընի,

Գօտի մ՚երկայն կայ վիթխարի լեռներու

Մեր հայրենի տընակին մօտ, քիչ հեռու։

 

Հովն այդ լերանց վըրայ երբեք՝ տարփատանջ

Թերթ ու կոկոն, բողբոջ, տերեւ չէ սիրած,

Այգիներէն զատ, այն ցիրցան տըխրայած

Սօսաւիւնով զոր կը շարժէ մեծագանչ

Հովն՝ այդ լերանց մըռայլ տըղան ցաւատանջ։

 

Հոն հինաւուրց ծունկի իջած սար մը կայ,

Սիրտը ոսկոր, կուրծքն ալ շիրիմ ցան ու ցիր,

Դըրած գըլուխն՝ հորիզոնին լայն, անծիր,

Հին օրերու լեռներուն մէջ մեր հըսկայ՝

Ծունկի իջած՝ կողը փուշեր՝ սար մը կայ։

Գիշերնե՛ր կան, աշնան մաղձոտ գիշերներ,

Ուր ոչ լուսին, ոչ ալ շողեր դողդոջուն.

Քամիները ցաւած կու լան լոկ անքուն

Ու ձորերը կ՚արձագանգեն լեռնէ լեռ՝

Գիշերներո՛ւն, աշնան մաղձոտ գիշերներ։

 

Կը վախնամ թէ մեռելներն են որ կու լան

Երբ կը տեսնեն մեր ճըրագներն ընդ աղօտ,

Ու ծանր հողին խորունկներէն խուլ, աղօթ

Մ՚ուղղելեէ վերջ անկարեկիր բըռնութեան՝

Մեռելնե՛րը, հըսկայ ծերեր, ալ կու լան։

 

Հովին մէջէն, աշնան մէջէն դալկահար,

Ողբի ձայն մը, հոգւոյ երգ մը կը լսեմ,

Հըծծիւններու խըղդուկ տըրտունջ մը նըսեմ՝

Որ անցնելով տարիներէն անդադար,

Հովին, աշնան մէջէն կու գայ դալկահար։

 

Ու կը մարի լեռներուն մէջ վազելով

Հոգին տըխուր մեռելներուն՝ հովը հէք՝

Առջին ձըգած պաղ տերեւնե՛րը բեկբեկ

Այգիներուն մէկիկ—մէկիկ լալիւնով՝

Որ կ՚անհետին լեռներու մէջ վազելով։

 

Մեր հայրենի տընակէն շատ քիչ հեռու՝

Արեւծագի կողմը դաժան վայրենի,

Ուրկէ լուսինն իր լըրման մէջ կը ծընի,

Գօտի մ՚երկայն կայ վիթխարի լեռներու,

Մեր հայրենի տընակին մօտ, քիչ հեռու։

 

Դեկտեմբեր 1898