Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻ ԿԵԱՆՔԸ


Դէպի խեղճուկ գիւղերն աղքատ,

Դէպի հեռո՜ւն դուն անգանգատ,

Շտկէ երեսդ, ո՜վ հայ աղջին

Դէպի կեանքի Կարմիր Խաչին,

Եւ թող երգէ աշխարհ ետիդ.

Քեզ համար չեն ծիծաղ, ժըպիտ.

Քեզի՝ արցունք, քեզի՝ փորձանք,

Աշխատութիւն՝ որքան կայ կեանք։

Ա՜խ, ի՜նչ հաճոյք երբ մեռնի մարդ

Պարտքի ճամբուն վըրայ հըպարտ։

Դէպի խեղճուկ գիւղերն աղքատ

Գնա՛ հեռո՜ւն, դուն անգանգատ.

Թող ոսկորներդ, ո՜վ հայ աղջին,

Կարմիր Խաչին տակը հանգչին…։

 

Խարբերդ, 1902