Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Ը


Լըռեց աղօթքն ու ցրուեցաւ ամբոխն իսկոյն։

Բայց դեռ վիշտի ու զայրոյթի վանկեր բազում,

Դեռ հեծեծանք, խորունկ կրքոտ եւ դեռ յուզում

Կու լային հոն, կարծես մեհեան, տաճար ու սիւն։

Սար էր կըտրեր այն աշխարհին աղէտը, վա՜խ,

Արցունքը գետ եղեր կ՚երթար, գետն էր կարմիր.

Անապատի սուգն էր բըռներ այն սեւ երկիր,

Ուր կը տիրէր համատարած մոխիր ու վախ։

Եւ աստուածներն ալ հեռաւոր երկիր մ՚օտար

Վըրան շարած մըշուշի լուրթ բեհեզի տակ՝

Լոկ դառնութիւն, անէծք էին թողած կըտակ

Այն աշխարհին, որւկէ վաղուց քօղով խաւար

Ծածկեր էին դէմքերն իրենց եւ ցասումով

Կործանարար կ՚աւերէին, կը քանդէին

Փրկութեան գործն հասարակաց անհընարին։

Վատ այն դարուն ոչ գըթութիւն եւ ոչ գորով

Ծանօթ էր դից անմատչելի սըրտին հըպարտ.

Պէտք էր որ մարդ ինք բարձրանար արեան լիճէն,

Պէտք էր ցըցուէր ամպրոպին դէմ լոկ ինքնիրեն

Եւ խըրոխտալ, եւ ըսպառնալ գիտնար սոսկ մարդ։