Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՓԱՍՏ Կ՚ՈՒԶԷՔ, ՀՐԱՄՄԵՑԷՔ


Մուշի քուրդ երեսփոխան Հաճի Իլիաս էֆէնտի՝ որ իր ընտրական յաջողութիւնը կը պարտի կարգ մը զեղծարար եւ բռնութեանց ու յափշտակութեանց ամբաստանութեամբ ծանրաբեռնուած աղաներու եւ երեւելիներու անձնուէր աջակցութեանը, իր ճշմարիտ դերին եւ կոչմանը մէջ է՝ Թանին ի մէջ հերքել ջանալով Մշոյ դաշտին հայ ազգաբնակութեան կրած հարստահարութիւններն եւ առ հասարակ նոյն շրջանին հացազուրկ եւ սովատանջ թշուառութիւնը։

Իր դերին եւ կոչման մէջ է, որովհետեւ պարտաւոր է իր ընտրողներուն հատուցանել իր շնորհապարտութիւնը եւ գործնական ծառայութիւնը։

Իլիաս էֆէնտի հերքել կ՚աշխատի մայրաքաղաքի թերթերուն մէջ լոյս տեսած այն անհերքելի տեղեկութիւնները՝ որոնք մէկ կողմէն կ՚ապացուցեն Մուշի հայ ազգաբնակութեան վատթար ու անապահով դրութիւնը, միւս կողմէն, միւս կողմէն՝ կառավարութեան անզօր եւ անարդար ընթացքը։

Իլիաս էֆէնտի վաճառական, բացարձակ բան չի կրնար ըսել, բայց եւ այնպէս ջուրը կը պղտորէ կացութիւնը փրկելու աստիճան հնարամտութեան փորձեր կ՚ընէ։

Հայ աղջիկներու եւ հայ հարսերու բռնի առեւանգութիւնները սովորութեան կարգ անցած եղելութիւններ են եղեր, կ՚արժէ՞ր որ մասնաւոր նշանակութիւն տրուէր անոնց։ Եւ անպատճառ բաւական ալ զարմացած ըլլալու է նոյն շնորհալի երեսփոխանը՝ որ մայրաքաղաքի մարդիկ այդ կարգի աննշան, չքոտի դէպքերու կարեւորութիւն կուտան։

Հա՜յ աղջիկը եւ հա՜յ հարսը, ի՜նչ ոչնչութիւններ, որոնց ամբողջ գինը արիւնռուչտ ու արիւնկզակ չարագարծներու աչքին պակաս կը կռշէր՝ քան քոսոտ ոչխարի մը մորթին վրայէն քաղուելիք բուրդը։

Բայց նկատի ունեցէք հետեւեալ անառարկելի եւ բացարձակ փաստերը։

Սահմանադրութեան հրատարակումէն ետք միայն, այսինքն Յուլիս ամիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր ամիսը Մշոյ դաշտին մէջ կատարուած են բռնի յափշտակութեան եւ առեւանգումի սա դէպքերը.

1. Պուլանըգի Բրգաշէնցի Մխօյին աղջիկը։

2. Սասնոյ գայմագամութեան մօտակայ Մլքիշահ գիւղացի Խանումը, առեւանգուած Կէնճօ անուն հանրածանօթ յելուզակապետին կողմէ՝ որ սրէ անցուցած է նաեւ նոյն խանումին ծնողքը։

3. Խօշկէլտիցի (Պուլանըգ) հայու մը հարսը, առեւանգուած Չէրքէզ Իսմայիլէն։

4. Փերնէկցի Նուպար Ասմարեանը։

5. Համզաշեխցի Յակօյի աղջիկը՝ Պէզօն։

6. Թեղուտցի Ատլաս Մուրատեանը։

7. Օղնուտցի Համբարձում Մելգոնեանի հարսը, որ յետոյ խոյս տուած է իր առեւանգիչներէն եւ դեռ վերջերս տուն վերադարձած։

8. Նօրատինցի Ֆիտան Ղազարեանը՝ որ ապա փախած եւ ապաստանած է Ս. Դանիէլի վանքը։

9. Կոզակցի Եղօյի եղջիկ Նազլուն, որ նոյնպէս փախած եւ ապաստանած է նախ խոշկելտի գիւղը, յետոյ Կոբայ վանքը։

Եւ ասոնք սովորութեան կարգ անցած դէպքեր են հարկաւ Իլիաս էֆէնտիներու համար, որովհետեւ ո՛չ իրենց աղջիկներն են եւ ոչ իրենց հարսները։ Թանին ի խմբագրութիւնը կրնայ իր կողմէն ալ արտասովոր երեւոյթ մը չի գտնել այս ցանկին եւ այս վրդովիչ, երկրի մը անարդարութեան եւ անապահովութեան իբրեւ գրական ապացոյց ծառայող իրողութիւններուն մէջ, հոգ չէ որ ո՛չ մէկ քուրդ կամ թուրք կնկան առեւանգութիւն կարելի ըլլայ հակափաստ առաջ բերել, կատարուած հայ էշխիաներու կամ չարագործներու կողմէ…

Թողունք որ Իլիաս էֆ. ու Թանին աշխատին ինքնարդարացման եւ տեղական պաշիպօզուկ կառավարութեան պաշտպանութեանը նոր զէնքեր ճարել։

Անցնինք այս բարոյական թշուառութեան հետ զուգահեռաբար անցնող տնտեսական թշուառութեան միւս պատկերը նայելու։

Մուշի դաշտը՝ որ իր բնական պտղաբերութեամբ եւ յուռթի հողերով կարող էր իր ունեցած այժմեան բնակչութեան երկու անգամը կուշտ ու կուռ պահել՝ այսօր մի միայն քաղաքական հալածանքի, անապահովութեան եւ սիստէմաթիք կերպով սեփականազուրկ դարձուած հայ երկրագործութեան ծայրայեղ զրկանքին հետեւանքով՝ անօթութեան մատնած է հազարաւոր բազմութիւն։ Եւ երբ անդին մարդիկ սովատանջ՝ իրենց կողը կը բռնեն եւ իրենց փորին վրայ կը գալարուին, ցորենն ու հացահատիկը՝ լիառատ չափերով գուցէ կ՚ոջլոտի Աղաներու եւ Պէկերու շտեմարաններուն ու հորերուն մէջ։

Դիմենք դարձեալ թիւերուն։

Այս պահուս արդէն Սասունի 30է աւելի արկածաւոր ու քարուքանդ եղած գիւղերու կարօտեալները՝ 7660—7700 հոգի մը միայն ՆՊԱՍՏՈՎ կ՚ապրին։

Նոյնպէս դաշտի արկածաւոր գիւղերու՝ Բերդակ, Մնանիկ, Առվատինջ, Արգավանք, Դըրմիրտ, Զարդ, Վարդենիս, Պաղլու, Խէյպեան, Գոմս, Տէրիկ, Կուրավանօ, Ալիճան, Գոմեր, Պլէլ, Տատրագոմ, Կելախոլի, Փիթար, Սուլուխ, Մոկունք, Դերքեվանք եւ Առազի կարօտեալները, թուով 7200 հոգիէն աւելի, կ՚ապրին ՆՊԱՍՏՈՎ։

Ասոնց վրայ աւելցուցէք՝

Դաշտի մնացեալ 60 գիւղերու կարօտեալները՝ 4000 հոգի

Մշոյ քաղաքին կարօտեալները՝ 3000 հոգի

Կէնճ վիճակի կարօտեալները՝ 1100 հոգի

Խութ—Բռնաշէնի կարօտեալները՝ 500 հոգի

Պուլանըգի կարօտեալները՝ 3800 հոգի

Եւ ահա գումար մը որ կը հասնի մօտ 30, 000 թշուառներու՝ անօթի, հացակարօտ ու անսուաղ։

Սովատանջներու այս բանակը հասած չէ այս վիճակին՝ անոր համար որ ծոյլ է, անընդունակ է, աշխատութեան անվարժ է։

Չքաւորներու այս բազմութիւնը հասած չէ գթութեան ու մարդկային կարօտութեան այն վերջին յատակը՝ անոր համար որ աշխատութենէ աւելի ասպատակութեամբ ապրիլ սորված է եւ գործելէ աւելի՝ կողոպտել։

Առեւանգումները, ցեղային հալածանքը եւ սիստեմաթիք հարստահարութիւններն են միակ ու վերջնական պատճառը տնտեսական այս կործանման եւ արհաւիրքին։

Հասարակ ոճիրներ ու սովորական չարագործութիւններ չեն՝ ինչ որ կը կատարուին հայկական գաւառներու մէջ։ Ո՛չ. ժողովուրդի մը բնաջնջման եւ կորստեան համար նախամտածուած միջոցներ են գործադրուածները, որոնց դէմ ահա այսքան ւժգնութեամբ եւ զայրոյթով կը բողոքէ մամուլը եւ Հայ Ժողովուրդը։

Երկրի մը ընդհանուր կեանքին մէջ բացառաբար մեծ Ժողովուրդի համար ստեղծուած բացառիկ վիճակ մըն է ասիկա, որը պէտք է վերցուի մէջտեղէն եւ այդ բարձման համար խիստ ու անմիջական ուժի պէտք է դիմէ կառավարութիւնը։

Պաշտօնական կամ անպաշտօն հերքումները՝ թերթերու թէ Իլիաս էֆէնտիներու բերնով՝ կացութիւնը չեն փոխեր, իրողութիւնը՝ իրողութիւն ըլլալէ չեն կրնար արգիլել։

Վերջ պէտք է գտնեն բռնութիւնները, որպէս զի վերջ գտնէ անօթութիւնը։

22 Յունվար 1909

«Ժամանակ», 1909, թիւ 86, Երկուշաբթի, Յունուար 28—8 Փետրուար